Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ93 5/1 էջ 29
  • Հարցումներ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ասիկա «ձեզի յիշատակի համար ըլլայ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Ի՞նչ է Պասեքը
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Տէրունական ընթրիքը՝ Աստուած պատուող տօնակատարութիւն մը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
դ93 5/1 էջ 29

Հարցումներ ընթերցողներէն

Եթէ Քրիստոնեայ մը հիւանդութեան կամ ճամբորդութեան պատճառով չկարենայ ներկայ գտնուիլ Յիշատակատօնի տօնակատարութեան, պէ՞տք է տօնակատարէ զայն ամիս մը ետք։

Անցեալին, Իսրայէլի մէջ, Պասէքը կը տօնակատարուէր տարուան առաջին ամսուն՝ Նիսանի (կամ Ապիպ) 14–րդ օրը։ Բայց մասնաւոր կարգադրութիւն մը կը տեսնենք Թուոց 9։10, 11–ին մէջ. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛. ‘Եթէ ձեզմէ կամ ձեր սերունդէն մէկը մեռած մարմինէ մը պղծուի կամ հեռաւոր ճամբորդութեան մէջ ըլլայ, անիկա ալ զատիկը պէտք է ընէ Տէրոջը. երկրորդ ամսուան [Լիյար, կամ Զիվ] տասնըչորրորդ օրը՝ իրիկուան դէմ, բաղարջով ու լեղի խոտերով պէտք է ուտեն զայն’»։

Նկատի առէք որ ասիկա երկու տարբեր թուականներ չի տար Պասէքին համար (Նիսան 14 կամ Զիվ 14), որպէսզի ոեւէ Իսրայելացի կամ ընտանիք իր յարմարութեան համաձայն ազատօրէն ընտրէ որեւէ մէկը։ Երկրորդ ամսուն մէջ Պասէքը ուտելու կարգադրութիւնը որոշ պարագաներու սահմանուած էր։ Անիկա բացառութիւն մըն էր այն Իսրայելացիին համար, որ Նիսան 14–ին անմաքուր էր Օրէնքին համաձայն, կամ տօնակատարութեան վայրէն շատ հեռու կը գտնուէր։

Ըստ արձանագրութեան, միակ պարագան երբ այս կարգադրութիւնը մեծ չափով ի գործ դրուեցաւ, Եզեկիա հաւատարիմ Թագաւորին ժամանակն էր, երբ ան Բաղարջակերաց Տօնը վերահաստատեց։ Ժամանակը բաւարար չէր առաջին ամսուն պատրաստ ըլլալու համար (քահանաները պատրաստ չէին, ոչ ալ ժողովուրդը հաւաքուած էր), ուստի, անիկա երկրորդ ամսուն 14–րդ օրը տօնակատարուեցաւ։—Բ. Մնացորդաց 29։17. 30։1–5

Երբ այսպիսի բացառիկ պարագաներ չըլլային, Հրեաները Աստուծոյ նշանակած թուականին կը տօնէին Պասէքը։ (Ելից 12։17–20, 41, 42. Ղեւտացւոց 23։5) Յիսուս եւ իր աշակերտները Օրէնքին պահանջած թուականին տօնեցին, այդ թուականին հանդէպ անփոյթ չըլլալով։ Ղուկաս կը տեղեկագրէ. «Բաղարջակերաց օրը եկաւ, երբ պէտք էր զատիկը մորթել։ Յիսուս Պետրոսը եւ Յովհաննէսը ղրկեց ու ըսաւ. ‘Գացէք պատրաստեցէք մեզի զատիկը որպէսզի ուտենք’»։—Ղուկաս 22։7, 8

Այդ առիթով, Յիսուս տարեկան տօնակատարութիւնը հաստատեց, որ Քրիստոնեաներուն ծանօթ է որպէս Տիրոջ Ընթրիքը։ Շատ անհրաժեշտ է որ Քրիստոնեաները անոր ներկայ գտնուին։ Եհովայի Վկաներուն համար, ասիկա տարուան ամենէն կարեւոր դէպքն է։ Յիսուսի խօսքերը ասոր պատճառը ցոյց կու տան։ Ան ըսաւ. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ (Ղուկաս 22։19) Ուստի, իւրաքանչիւր Եհովայի Վկայ ամիսներ առաջուընէ պէտք է ծրագրէ որ այդ տօնակատարութեան թուականին ուրիշ որեւէ ժամադրութիւն չունենայ։

Շատ հազուագիւտ եւ աննախատեսելի պարագաներ, հիւանդութիւն կամ ճամբորդութեան բարդութիւններ, կրնան արգելք ըլլալ որ Քրիստոնեայ մը չկարենայ ներկայ գտնուիլ, ինչպէս ծրագրած էր։ Ի՞նչ պէտք է ընել այսպիսի պարագաներու։

Տօնակատարութեան ընթացքին, անխմոր հաց եւ կարմիր գինի կ’անցուի ձեռքէ ձեռք, որոնց կը մասնակցին երկնային կեանքի համար ընտրուած եւ Աստուծոյ սուրբ հոգիով օծուածները։ (Մատթէոս 26։26–29. Ղուկաս 22։28–30) Ամէն տարի անոնց մասնակցող անհատ մը եթէ անկողին իյնայ, ըլլայ տունը կամ հիւանդանոցը, տեղւոյն ժողովքի երէցները կարգադրութիւն պէտք է ընեն որ իրենցմէ մէկը հացը եւ գինին հիւանդին տանի, այդ նիւթին մասին Աստուածաշունչին պատշաճ համարները կարդայ եւ խորհրդանիշերը հրամցնէ։ Եթէ օծեալ Քրիստոնեայ մը իր ժողովքէն հեռու կը գտնուի, ան այդ թուականին իր գտնուած վայրին մէջ եղող ժողովքի մը պէտք է երթայ։

Հետեւաբար, միմիայն շատ բացառիկ պարագաներու, օծեալ Քրիստոնեայ մը Տիրոջ Ընթրիքը պէտք է տօնակատարէ 30 օր (մէկ լուսնային ամիս մը) ետք, Թուոց 9։10, 11–ի պատուէրին եւ Բ. Մնացորդաց 30։1–3, 15–ի օրինակին համաձայն։

Անոնք որոնք Յիսուսի «ուրիշ ոչխարներ»ու դասակարգէն են եւ դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին, հացին ու գինիին մասնակցելու պատուէր չեն ստացած։ (Յովհաննու 10։16) Կարեւոր է տարեկան տօնակատարութեան ներկայ գտնուիլ, բայց անոնք խորհրդանիշերուն չեն մասնակցիր։ Ուստի, եթէ անոնցմէ մէկը հիւանդութեան կամ ճամբորդութեան պատճառով այդ երեկոյ որեւէ ժողովքի մը հետ չէ, ան անձնապէս կրնայ կարդալ առիթին պատշաճող համարները (մէջը ըլլալով՝ Յիսուսի տօնակատարութիւնը հաստատելուն պատմութիւնը) եւ աղօթել որ Եհովա օրհնէ համայն աշխարհի մէջ այդ առիթը։ Բայց այս պարագային, հարկ չկայ ժողովի ուրիշ կարգադրութիւն մը ընել, կամ ամիս մը ետք սուրբ գրային մասնայատուկ տեսակցութիւն մը ունենալ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել