«Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է»
«Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13։4
1. Շատեր ի՞նչ սորված են յաջող ամուսնութեան մասին։
ՄԻԼԻՈՆԱՒՈՐ անհատներ տոկուն ամուսնութիւն մը կը վայելեն, նոյնիսկ այս ժամանակ, երբ շատ դիւրին է ամուսնալուծուիլ։ Հակառակ անձնաւորութիւններու եւ միջավայրի տարբերութիւններու, անոնք յաջողութեան բանաձեւ մը գտած են։ Եհովայի Վկաներուն մէջ այսպիսի ամուսնութիւններ գոյութիւն ունին։ Այդ զոյգերէն շատերը կ’ընդունին որ վերիվայրումներ ունեցած են, նոյնիսկ կարգ մը գանգատներ՝ իրարու դէմ։ Բայց անոնք սորված են պզտիկ փոթորիկներուն վրայէն անցնիլ եւ ձգել որ իրենց ամուսնական նաւը իր ընթացքը շարունակէ։ Ի՞նչ են կարգ մը ազդակներ որոնք օգտակար եղած են անոնց այս ուղղութեամբ։—Կողոսացիս 3։13
2. (ա) Ամուսնութիւնը պահպանող դրական ազդակներէն ոմանք ի՞նչ են։ (բ) Ամուսնութիւնը քանդող ազդակներէն ոմանք ի՞նչ են։ (Տես էջ 20–ի շրջագիծը։)
2 Ուրախ եւ մնայուն ամուսնութիւն մը ունեցող կարգ մը Քրիստոնեաներու արտայայտութիւնները շատ բան կը յայտնեն։ 16 տարիէ ամուսնացած ամուսին մը ըսաւ. «Ամէն անգամ որ խնդիր մը ծագած է, միշտ իրական ջանք մը թափած ենք իրարու տեսակէտը մտիկ ընելու»։ Ահաւասիկ շատ մը ամուսնութիւնները շաղախող ազդակներէն մէկը. բաց, անկեղծ հաղորդակցութիւն մը։ 31 տարիէ ամուսնացած կին մը նշեց. «Մեր միջեւ վիպային սէրը պահելու համար իրարու ձեռք բռնելու եւ իրարու հետ կատակելու կարեւորութիւն տուած ենք»։ Ասիկա ալ հաղորդակցութեան յաւելեալ մէկ երեսակն է։ Գրեթէ 40 տարիէ ամուսնացած ուրիշ զոյգ մը շեշտեց զուարթամտութեան կարեւորութիւնը. այսինքն կարենալ ինքնիր վրայ, ինչպէս նաեւ իրարու վրայ խնդալ։ Անոնք նաեւ ըսին որ օգտակար է իրարու մէջ լաւ եւ գէշ բաները տեսնել եւ ասով հանդերձ, իրարու հանդէպ հաւատարիմ սէր ցուցաբերել։ Ամուսինը յիշեց սխալները ընդունելու պատրաստակամութիւնը եւ ապա ներողութիւն խնդրելը։ Երբ համակերպող հոգի գոյութիւն ունենայ, ամուսնութիւնը դիւրաթեք կ’ըլլայ եւ ոչ թէ դիւրաբեկ։—Փիլիպպեցիս 2։1–4. 4։5
Փոխուած Մթնոլորտ մը
3, 4. Ամուսնութեան մէջ հաւատարմութեան նկատմամբ ի՞նչ փոփոխութիւններ եղած են։ Օրինակներ կրնա՞ք տալ։
3 Անցեալ քանի մը տասնամեակներուն, ամուսնութեան հաւատարմութեան նկատմամբ ըմբռնումները փոխուած են համայն աշխարհի մէջ։ Կարգ մը ամուսնացած անհատներ կը խորհին որ սեռային արկածախնդրութեան մէջ սխալ մը չկայ, մանաւանդ երբ մէկու մը կողակիցը տեղեակ է անկէ եւ կ’ընդունի զայն. շնութեան նկատմամբ արդի մեղմաբանութիւն մը։
4 Քրիստոնեայ տեսուչ մը պարագան այսպէս բացատրեց. «Աշխարհը իրապէս լքած է բարոյագիտական կանոնագրով մը ապրելու որեւէ լուրջ փորձ կատարելը։ Մաքուր վարքը հնաձեւ նկատուած է»։ Քաղաքական, մարմնամարզանքի եւ ժամանցի կարկառուն անձնաւորութիւններ բացէ ի բաց կը ոտնակոխեն Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշները եւ կը շարունակուին գովաբանուիլ։ Բարոյական որեւէ յանձագործութիւն կամ այլասիրութիւն արատաբեր չէ նկատուած։ Այդպէս կոչուած բարձր խաւի պատկանող ընկերութեան մէջ անարատութիւնը եւ ուղղամտութիւնը ընդհանրապէս անարժէք են։ Ուստի, այս կեցուածքը վարակիչ ըլլալով, մարդոց մնացեալ խաւն ալ այդ օրինակին կը հետեւի եւ կը չքմեղացնէ ինչ որ Աստուած կը դատապարտէ։ Ինչպէս Պօղոս արտայայտուեցաւ. «Որոնք անզգայ ըլլալով՝ ինքզինքնին ագահութիւնով անառակութեան տուին, ամէն կերպ պղծութիւն գործելու»։—Եփեսացիս 4։19. Առակաց 17։15. Հռովմայեցիս 1։24–28. Ա. Կորնթացիս 5։11
5. (ա) Աստուած ինչպէ՞ս կը նկատէ շնութիւնը։ (բ) Աստուածաշունչի «պոռնկութիւն» բառը ի՞նչ կը բովանդակէ։
5 Աստուծոյ չափանիշները չեն փոխուած։ Ըստ իրեն, առանց ամուսնութեան իրարու հետ կենակցիլը պոռնկութիւն է։ Ամուսնութեան մէջ անհաւատարմութիւնը տակաւին շնութիւն է։a Պօղոս առաքեալ պարզօրէն նշեց. «Չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Մի՛ խաբուիք։ Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները ... Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն։ Եւ դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք. բայց լուացուեցաք, բայց սրբուեցաք, բայց արդարացաք Տէր Յիսուսին անունովը ու մեր Աստուծոյն հոգիովը»։—Ա. Կորնթացիս 6։9–11
6. Պօղոս ի՞նչ քաջալերութիւն կու տայ Ա. Կորնթացիս 6։9–11–ին մէջ։
6 Այդ համարին քաջալերական կէտն է Պօղոսի սա արտայայտութիւնը՝ «Դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք. բայց լուացուեցաք»։ Այո, շատեր, որոնք անցեալին աշխարհի մեղկ «անառակութեան» մէջ կը վազէին, զգաստացան, Քրիստոսը եւ իր զոհագործութիւնը ընդունեցին եւ լուացուեցան։ Անոնք, բարոյական կեանքեր վարելով, ընտրեցին Աստուած հաճեցնել եւ որպէս հետեւանք՝ աւելի ուրախ են։—Ա. Պետրոս 4։3, 4
7. «Անբարոյութիւն» բառին հասկացողութիւնը ինչպէ՞ս հակաճառուած է, եւ Աստուածաշունչին տեսակէտը ի՞նչ է։
7 Իսկ միւս կողմէն, անբարոյութեան մասին արդի աշխարհային սահմանումը ա՛յնքան փոխուած է որ անիկա Աստուծոյ տեսակէտին չի համապատասխաներ։ Բառարան մը «անբարոյ» բառը կը սահմանէ որպէս «հաստատուած բարոյականութեան հակառակ»։ Ներկայ ‘հաստատուած բարոյականութիւն’ը, որ կը չքմեղացնէ նախամուսնական եւ յետամուսնական սեռը, ինչպէս նաեւ՝ միասեռականութիւնը, Աստուածաշունչի կողմէ դատապարտուած է որպէս անբարոյութիւն։ Այո, ըստ Աստուածաշունչին, անբարոյութիւնը Աստուծոյ բարոյական կանոնագրին լուրջ օրինազանցումն է։—Ելից 20։14, 17. Ա. Կորնթացիս 6։18
Քրիստոնէական Ժողովքը Ազդուած
8. Անբարոյութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել Քրիստոնէական ժողովքի անդամներուն։
8 Ներկայիս անբարոյութիւնը ա՛յնքան ընդհանրացած է որ անիկա կրնայ նոյնիսկ Քրիստոնէական ժողովքին մէջ եղողներուն վրայ ճնշում բանեցնել։ Անիկա կրնայ ազդեցութիւն բանեցնել հեռատեսիլի համատարած ու նուաստացուցիչ յայտագիրներով, վիտէօներով եւ պոռնկագրական գրականութիւններով։ Թէեւ համեմատաբար շատ քիչ Քրիստոնեաներ ասոնցմէ ազդուած են, բայց պէտք է ընդունիլ որ անզեղջ վարքի համար Եհովայի Վկաներու շարքերէն վտարուող Քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը որեւէ կերպ սեռային անբարոյութեան պատճառաւ է։ Բարեբախտաբար, այս վտարուածներէն շատերը վերջապէս կը գիտակցին իրենց սխալներուն, կը վերսկսին մաքուր ապրելակերպ մը ունենալ եւ ժամանակի ընթացքին կը վերընդունուին ժողովքին մէջ։—Բաղդատել Ղուկաս 15։11–32–ը։
9. Սատանան ինչպէ՞ս իր ճիրաններուն մէջ կ’առնէ անզգոյշները։
9 Կասկած չկայ թէ Սատանան մռնչող առիւծի մը պէս կը պտըտի, կլլելու համար անզգոյշները։ Իր հնարքները, կամ ‘ճարտար կերպերը’, ամէն տարի, որոգայթի մէջ կը ձգեն անզգոյշ Քրիստոնեաները։ Ամէն տեղ ներկայ է իր աշխարհին հոգին որ անձնասէր, հեշտապաշտ եւ լիրբ է։ Անիկա մարմինը կը յագեցնէ, ու ժուժկալութիւնը կը մերժէ։—Եփեսացիս 2։1, 2. 6։11, 12, ՆԱ–ի աստղանիշը, Ա. Պետրոս 5։8
10. Որո՞նք փորձութեան ենթակայ են եւ ինչո՞ւ։
10 Ժողովքին մէջ ո՞վ կրնայ անբարոյութեան փորձութիւններու ենթարկուիլ։ Քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը, ըլլան անոնք ժողովքի տեսուչներ, շրջուն տեսուչներ, Պէթէլականներ, ամէն ամիս քարոզչութեան շատ ժամեր տրամադրող ռահվիրաներ, ընտանիք մեծցնելով զբաղած ծնողներ եւ իրենց շրջապատէն ճնշումներ դիմագրաւող երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ։ Մարմնային փորձութիւնը սովորական բան մըն է բոլորիս համար։ Սեռային ախորժակը կրնայ գրգռուիլ գրեթէ չակնկալուած պահու մը։ Հետեւաբար, Պօղոս կրցաւ գրել. «Ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ։ Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած»։ Շատ ցաւալի է որ պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող կարգ մը Քրիստոնեաներ անբարոյութեան հրապոյրին անձնատուր եղած են։—Ա. Կորնթացիս 10։12, 13
Տարուած եւ Հրապուրուած
11–13. Ի՞նչ են կարգ մը պարագաները որոնք անբարոյութեան առաջնորդած են։
11 Ի՞նչպիսի փորձութիւններ եւ պարագաներ ոմանց շնութեան եւ պոռնկութեան յիմար ընթացքին առաջնորդած են։ Անոնք բազմաթիւ ու բարդ են եւ երկրէ երկիր կամ մշակոյթէ մշակոյթ մեծապէս կը տարբերին։ Սակայն, հիմնական որոշ պարագաներ կան, որոնք ի յայտ կու գան շատ մը երկիրներու մէջ։ Տեղեկագրուած է, զոր օրինակ, որ ոմանք հաւաքոյթներ կազմակերպած են, ուր ոգելից ըմպելին ազատօրէն գործածուած է։ Ուրիշներ, աշխարհային թելադրիչ երաժշտութիւնն ու գրգռիչ պարերը սիրած են։ Ափրիկէի կարգ մը շրջաններու մէջ, անհաւատ հարուստներ կան, որոնք հարճեր ունին. կարգ մը կիներ այսպիսիներու քով տնտեսական ապահովութիւն փնտռելու միտումով, անբարոյութեան մէջ ինկած են։ Ուրիշ շրջաններու մէջ, Քրիստոնեայ ամուսիններ իրենց ընտանիքներէն հեռացած են հանքերու մէջ կամ այլ տեղեր աշխատելու եւ ապրուստ ճառելու համար։ Այս պարագային, անոնց հաւատարմութիւնը ա՛յն աստիճան կամ ա՛յնպիսի կերպերով փորձի ենթարկուած է որ անոնք այսպիսի բանի մը փորձառութիւնը պիտի չունենային եթէ իրենց ընտանիքին մօտ ըլլային։
12 Զարգացած երկիրներու մէջ, ոմանք Սատանայի որոգայթին մէջ ինկած են հակառակ սեռի պատկանող անհատի մը հետ յաճախ մինակ գտնուելով. օրինակի համար, ինքնաշարժ վարելու դասեր առնելու ընթացքին կանոնաւորաբար առանձին գտնուելով վարորդին հետ։b Հովուական այցելութիւններ ընող երէցներն ալ զգոյշ պէտք է ըլլան, առանձին չգտնուելով քրոջ մը հետ, որու կը խրատեն։ Խօսակցութիւնը կրնայ զգացական բնոյթ ստանալ եւ շփոթեցուցիչ ըլլալ երկուքին համար ալ։—Բաղդատել Մարկոս 6։7. Գործք 15։40։
13 Վերոյիշեալ պարագաները պատճառ եղած են որ կարգ մը Քրիստոնեաներ իրենց արթնութիւնը նուազեցնեն ու անբարոյ արարքներ գործեն։ Ինչպէս պատահած էր առաջին դարուն, անոնք թոյլ տուած են որ ‘իրենց ցանկութիւններէն հրապուրուին ու խաբուին’, որոնք մեղքի առաջնորդած են զիրենք։—Յակոբու 1։14, 15. Ա. Կորնթացիս 5։1. Գաղատացիս 5։19–21
14. Շնութեան պարագաներուն, ինչո՞ւ անձնասիրութիւնը թաքուն ազդակ մըն է։
14 Երբ վտարումները մօտէն քննենք, կը տեսնենք որ անբարոյ արարքները հասարակաց որոշ թաքուն ազդակներ ունին։ Այսպիսի պարագաներուն, որոշ չափով անձնասիրութիւն կը տեսնուի։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Քանի որ շնութեան պարագային, անմեղ անհատ մը կամ անհատներ կը վիրաւորուին։ Անիկա կրնայ ըլլալ մէկու մը օրինաւոր կողակիցը։ Նաեւ՝ երախաները, եթէ կան, քանի որ եթէ շնութիւնը ամուսնալուծման առաջնորդէ, երախաները, որոնք միացեալ ընտանիքի մը ապահովութեան կը ցանկային, թերեւս շատ սուղ վճառեն։ Շնացողը գլխաւորաբար իր անձնական հաճոյքին եւ օգտին մասին կը խորհի։ Ասիկա անձնասիրութիւն է։—Փիլիպպեցիս 2։1–4
15. Ի՞նչ պատճառներ կրնան շնութեան առաջնորդել։
15 Սովորաբար, շնութիւնը տկարութեան անակնկալ արարք մը չէ։ Արդէն ամուսնութիւնը աստիճանաւոր, նոյնիսկ աննկատելի վատթարացում մը կրած կ’ըլլայ։ Թերեւս հաղորդակցութիւնը սովորական կամ նոյնիսկ անհետաքրքիր դարձած է։ Թերեւս գրեթէ զիրար չեն քաջալերեր։ Կրնայ ըլլալ որ իրար չեն գնահատեր։ Կամ ժամանակէ մը ի վեր, սեռային գետնի վրայ իրար չեն գոհացներ։ Երբ շնութիւն գործուի, վստահաբար Աստուծոյ հետ ալ անհատի մը ունեցած յարաբերութիւնը արդէն տկարացած ըլլալու է։ Այլեւս Եհովան չի նկատուիր որպէս մեր բոլոր խորհուրդները եւ արարքները գիտցող կենդանի Աստուած մը։ Կրնայ ըլլալ որ շնացողին մտքին մէջ «Աստուած» պարզ բառ մը դառնայ, վերացական էութիւն մը՝ որ առօրեայ կեանքին հետ առնչութիւն չունի։ Այդ պարագային, աւելի դիւրին կ’ըլլայ Աստուծոյ դէմ մեղանչել։—Սաղմոս 51։3, 4. Ա. Կորնթացիս 7։3–5. Եբրայեցիս 4։13. 11։27
Ընդդիմութեան Բանալին
16. Քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ դիմադրել անհաւատարիմ ըլլալու փորձութեան։
16 Եթէ Քրիստոնեայ մը անհաւատարմութեան փորձութիւն մը դիմագրաւէ, ի՞նչ ազդակներ նկատի պէտք է առնէ։ Ամէն բանէ առաջ, ան Քրիստոնէական սիրոյ իմաստին մասին պէտք է խորհի, որ զօրաւոր կերպով հաստատուած է Աստուածաշունչի սկզբունքներուն վրայ։ Ան բնաւ թոյլ պէտք չէ տայ որ մարմնաւոր կամ տռփական սէրը զինք կլանէ եւ անձնասիրութեան մէջ ձգէ, ուրիշները տառապեցնելով։ Այլ, ան պարագան Եհովայի տեսանկիւնէն պէտք է դիտէ։ Իր տեսողութեան դաշտը ընդարձակելով, ան պէտք է նայի որ գէշ ընթացք մը որքա՜ն պիտի անպատուէ ժողովքը եւ Եհովայի անունը։ (Սաղմոս 101։3) Ան կրնայ աղէտին առաջքը առնել, այս հարցին շուրջ Քրիստոսի միտքը ունենալով եւ ապա անոր համաձայն գործելով։ Մի՛ մոռնաք որ Քրիստոնէական անձնուրաց սէրը բնաւ չ’իյնար։—Առակաց 6։32, 33. Մատթէոս 22։37–40. Ա. Կորնթացիս 13։5, 8
17. Հաւատարմութեան ի՞նչ կերտիչ օրինակներ ունինք։
17 Ընդդիմութեան բանալիներէն մէկը կը կայանայ մեր հաւատքը եւ մեր դիմաց եղող յոյսը զօրացնելու մէջ։ Ասիկա կը նշանակէ մեր սրտին խորքը ունենալ անցեալի հաւատարիմ այրերու եւ կիներու, նոյնիսկ Յիսուսի ձգած ուղղամտութեան օրինակները։ Պօղոս գրեց. «Ուստի մենք ալ, որ այսչափ վկաներու բազմութեամբ շրջապատուած ենք, ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։ Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին, որ իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ։ Արդ՝ միտք բերէք զանիկա, որ այսպէս համբերեց մեղաւորներուն իրեն դէմ հակառակ խօսելուն, որ չըլլա՛յ թէ ձեր անձովը յոգնիք ու թուլնաք»։ (Եբրայեցիս 12։1–3) Փոխանակ ամուսնական նաւը ընկղմել տալու, իմաստուն անհատ մը վնասը դարմանելու կերպեր պիտի փնտռէ, որպէսզի զայն ազատէ, խուսափելով դաւաճանութեան եւ կեղծիքի որոգայթներէն։—Յոբ 24։15
18. (ա) Շնութիւնը նկարագրելու համար, դաւաճանութիւն բառը ինչո՞ւ շատ զօրաւոր չէ։ (բ) Աստուած ինչպէ՞ս կը նկատէ ուխտեր կատարելը։
18 Անբարոյութեան համար դաւաճանութիւն բառը գործածելը արդեօք շա՞տ զօրաւոր է։ Դաւաճանութիւնը դրուած վստահութեան մը հանդէպ անհաւատարիմ գտնուիլ է։ Վստահաբար ամուսնական ուխտը կը բովանդակէ վստահութիւն եւ լաւ ու վատ օրերու զիրար սիրելու եւ իրարու վրայ գուրգուրալու խոստում մը։ Անիկա կը բովանդակէ նաեւ բան մը՝ որ մեր օրերուն շատեր ժամանակավրէպ կը նկատեն. ամուսնական ուխտին մէջ արտայայտուած պատուոյ խօսքը։ Այդ վստահութեան անհաւատարիմ գտնուիլը կերպով մը կողակիցին դաւաճանել է։ Ուխտերու նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը պարզօրէն նշուած է Աստուածաշունչին մէջ. «Երբ Աստուծոյ ուխտ ընես, զանիկա կատարելը մի՛ ուշացներ, քանզի Աստուած անմիտներուն չի հաճիր։ Ըրած ուխտդ կատարէ՛»։—Ժողովողի 5։4
19. Որո՞նց հակառակը, Սատանան կ’ուրախանայ երբ Վկայ մը թերանայ։
19 Այս մասին կասկած չկայ։ Ճիշդ ինչպէս որ երկնքի մէջ մեծ ուրախութիւն կ’ըլլայ մէկ մեղաւորի համար, որ կը փրկուի, նոյնպէս երկրի վրայ մեծ ուրախութիւն կ’ըլլայ Սատանայի տեսանելի եւ անտեսանելի գործակիցներուն մէջ, երբ Եհովայի Վկայ մը իր ուղղամտութեան մէջ թերանայ։—Ղուկաս 15։7. Յայտնութիւն 12։12
Ընթացիկ Փորձութիւններ
20. Ինչպէ՞ս կրնանք ընդիմանալ փորձութեան։ (Բ. Պետրոս 2։9, 10)
20 Կարգ մը պարագաներու, արդեօք անբարոյութիւնը անխուսափելի՞ է։ Մարմինը եւ Սատանան այնքան զօրաւո՞ր են որ Քրիստոնեաները չեն կրնար դիմադրել եւ իրենց ուղղամտութիւնը պահել։ Պօղոս սա խօսքերով մեզ կը յորդորէ. «Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէսզի կարող ըլլաք համբերել»։ Ներկայ աշխարհին մէջ չենք կրնար բոլորովին զերծ մնալ փորձութիւններէ, բայց աղօթքով Աստուծոյ դիմելով, վստահաբար կրնանք որեւէ փորձութեան տոկալ եւ զայն յաղթահարել։—Ա. Կորնթացիս 10։13
21. Մեր յաջորդ ուսումնասիրութեան մէջ, ո՞ր հարցումներուն պիտի պատասխանենք։
21 Աստուած ի՞նչ օգնութիւն կը մատուցանէ մեզի որ փորձութիւններուն տոկանք եւ անոնցմէ յաղթական դուրս գանք։ Անհատապէս ի՞նչ բանի կարիքը ունինք, մեր ամուսնութիւնը, մեր ընտանիքները, ինչպէս նաեւ Եհովայի անուան եւ ժողովքին համբաւը պահպանելու համար։ Յաջորդ յօդուածը պիտի պատասխանէ այս հարցումներուն։
[Ստորանիշ էջ 19]
a «‘Պոռնկութիւն’ը, ընդարձակ իմաստով եւ ինչպէս որ գործածուած է Մատթէոս 5։32–ին եւ 19։9–ին մէջ, բացայայտօրէն կ’ակնարկէ ամուսնութենէ դուրս անօրէն կամ ապօրինի սեռային յարաբերութիւններու տարբեր տեսակներու։ Բոռնէան [այդ համարներուն մէջ գործածուած Յունարէն բառը] իր մէջ կը բովանդակէ սեռային անդամին կամ (անդամներուն) գործածութիւնը առնուազն անհատի մը կողմէ (բնական կամ այլասերուած ձեւով). թէեւ այս անբարոյութեան կրնայ ուրիշ մըն ալ մասնակից ըլլալ՝ ուրիշ սեռի պատկանող մէկը, կամ անասուն մը»։ (Դիտարան, Մարտ 15, 1983, էջ 30, Անգլ.) Շնութիւն. «Սեռային յարաբերութիւն, որ յօժարակամօրէն տեղի կ’ունենայ ամուսնացած անհատի մը եւ օրինաւոր ամուսինը կամ կինը չեղող մէկու մը միջեւ»։—The American Heritage Dictionary of the English Language.[4]
[Ստորանիշ էջ 21]
b Անշուշտ, երբեմն հարկ կ’ըլլայ որ եղբայր մը իր ինքնաշարժով տեղ մը հասցնէ քրոջ մը. այսպիսի պարագաներ սխալ պէտք չէ մեկնուին։
Կը Յիշէ՞ք
◻ Ամուսնութիւնը զօրացնող ազդակներէն ոմանք ի՞նչ են։
◻ Բարոյականութեան մասին աշխարհի տեսակէտը ինչո՞ւ պէտք է մերժենք։
◻ Ի՞նչ են կարգ մը փորձութիւններն ու պարագաները որոնք կրնան անբարոյութեան առաջնորդել։
◻ Մեղքին դիմադրելու գլխաւոր բանալին ի՞նչ է։
◻ Աստուած ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի փորձութեան ժամանակ։
[Շրջանակ՝ էջ 20]
ԴԻՄԱՑԿՈՒՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՍՏՈՂ ԱԶԴԱԿՆԵՐ
◻ Զօրաւոր կերպով կառչիլ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն
◻ Երկու կողակիցներն ալ Եհովայի հետ զօրաւոր յարաբերութիւն մը ունին
◻ Ամուսինը կը յարգէ իր կինը, անոր զգացումներն ու կարծիքները
◻ Ամէն օր իրարու հետ լաւ հաղորդակցութիւն ունին
◻ Կը ջանան իրարու հաճոյք պատճառել
◻ զուարթամտութիւն ունենալ. ինքն իր վրայ խնդալու կարող ըլլալ
◻ Յանցանքները ընդունելու պատրաստակամ ըլլալ. ներելու պատրաստակամ ըլլալ
◻ Վիպային սէրը վառ պահել
◻ Զաւակները մեծցնելու եւ կրթելու մէջ համաձայն ըլլալ
◻ Կանոնաւորաբար Եհովայի աղօթել միասին
ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՎՆԱՍՈՂ ԺԽՏԱԿԱՆ ԱԶԴԱԿՆԵՐ
◻ Անձնասիրութիւն եւ յամառութիւն
◻ Իրարու հետ գործելու մէջ թերացում
◻ Խեղճ հաղորդակցութիւն
◻ Կողակիցներու միջեւ իրարու կարծիքը հարցնելու պակաս
◻ Եկամուտի սխալ վարչութիւն
◻ Զաւակներ եւ–կամ խորթ–զաւակներ մեծցնելու մէջ տեսակէտի տարբերութիւններ
◻ Ուշ ժամեր աշխատող կամ ուրիշ պատասխանատուութիւններու համար իր ընտանիքը անտեսող ամուսին մը
◻ Ընտանիքին հոգեւոր կարիքներուն հոգ տանելու մէջ թերացում
[Նկար՝ էջ 21]
Ամուսնութիւնը պատուական պահելը մնայուն ուրախութիւն կը բերէ