Աստուծոյ ազդարարութեան ուշադրութիւն պիտի ընծայէ՞ք
ՄԱՐԴԻԿ յաճախ կ’անտեսեն կեանք փրկող ազդարարութիւնները։ Փոմփէյիի բնակիչներէն շատեր նախընտրեցին անտեսել Վեսուվ Լերան չարագուշակ դղրդիւնները։ Նոյն կերպով, ներկայիս շատեր կ’անտեսեն մօտալուտ համաշխարհային աղէտին մասին տրուած ազդարարութիւնները։ Սակայն իրողութիւնները դիմագրաւելու յօժար եղողներուն համար, ազդարարութիւնը նոյնքան իրական է որքան առաջին դարուն Վեսուվ Լեռնէն ժայթքած կայծակները եւ կրակը։ Երկու համաշխարհային պատերազմներ, հարիւրաւոր աւելի պզտիկ զինեալ պայքարներ, սովեր, մեծ երկրաշարժներ, համաճառակներ, ոճիրի եւ բռնութեան ալիքներ եւ քարոզչութեան համաշխարհային արշաւ մը, այս բոլորը կը կազմեն ահաւոր ազդարարութիւն մը թէ մարդկային ընկերութիւնը արագօրէն կը մօտենայ եղերական տագնապի մը։
Աստուածաշունչը հետեւեալ զգաստացուցիչ նախագուշակութիւնը կ’ընէ. «Այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։21) Փոմփէյիի աղէտին նման, անկէ ազատուողներ պիտի ըլլան. «մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն», պիտի վերապրի, այսինքն, ‘մեծ նեղութենէն դուրս պիտի գայ’։—Յայտնութիւն 7։9, 14
Բայց հարցը այն է որ այս կործանումը ե՞րբ պիտի գայ։ Պարտաւորիչ պատճառ կայ հաւատալու թէ այդ նեղութիւնը շատ մօտ է։ Հաւանաբար ժամանակը ի մտի ունենալով, Յիսուսի աշակերտները հարցուցին. «Քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։3) Նկատի առէք Յիսուս Քրիստոսի տուած պատասխանը։
Պատերազմ. Բաղադրեալ Նշանին Ակներեւ Երեսակը
Յիսուս միմիայն մէկ յատկանշական դէպք մը չնախագուշակեց։ Այլ, ան դէպքերու շարք մը տուաւ, որոնք միասնաբար պիտի կազմէին աստուածային ազդարարութիւնը. իրերու դրութեան վախճանին բաղադրեալ նշանը։ Նախագուշակուած առաջին դէպքը նկարագրուած է Մատթէոս 24։7–ին մէջ. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ»։ Յայտնութիւն 6։4–ի զուգահեռ մարգարէութեան մէջ, Աստուածաշունչը կը նախագուշակէր որ ‘խաղաղութիւնը երկրէ պիտի վերցուէր’։ Ասիկա կը նշանակէր աննախընթաց տարողութեամբ պատերազմ։
Պատմութիւնը մեզի կ’ըսէ որ համաշխարհային պատերազմի այս մարգարէութիւնը կատարուած է 1914–ի յիշատակելի տարուընէ ի վեր։ Գիրք մը (American Adventures) 1914–ի նախորդող տարիներուն մասին կ’ըսէ. «Շատ մը Ամերիկացիներ նոր դարը թեւակոխեցին յոյսերով լեցուն։ Անոնք ‘լաւ տարիներ’ էին եւ տեւեցին մինչեւ այդ դարուն երկրորդ տասնամեակը։ ... Ապա, Յուլիս 28, 1914–ին, այդ մթնոլորտը փոխուեցաւ մէկ բառով՝ պատերազմ»։ Այսպէս սկսաւ Ա. Աշխարհամարտը, որ տեւեց 1914–էն 1918, զոր ոմանք նշեցին որպէս «բոլոր պատերազմներուն վերջ դնող պատերազմ»ը։ Քսանըութ երկիրներ ուղղակիօրէն միջամուխ եղան անոր։ Իսկ եթէ հաշուենք այն երկիրները որոնք անոնցմէ կախեալ էին, պատերազմող ազգերը կը կազմէին աշխարհի բնակչութեան գրեթէ 90 տոկոսը։
Ա. Աշխարհամարտը նաեւ տեսաւ նոր եւ չափազանց մահացու ռազմական գործիքներ, ինչպէս թնթանօթները, թունաւոր կազերը, հրաձիգերը, հրասայլերը, օդանաւերը եւ ընդծովեաները։ Շուրջ տասը միլիոն զինուորներ սպաննուեցան. նախկին հարիւր տարուան ընթացքին բոլոր մեծ պատերազմներուն մէջ սպաննուած զինուորներէն աւելի։ Մօտաւորապէս 21 միլիոն զինուոր վիրաւորուեցաւ։ Արդարեւ, անիկա համաշխարհային պատերազմ մըն էր, որ 1914–ը նշեց որպէս «վերջին օրեր»ու սկիզբը։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Սակայն, պատերազմը Յիսուսի տուած նշանին միայն մէկ երեսակն էր։
Նշանին Ուրիշ Երեսակները
Յիսուս աւելցուց. «Տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան։ Սակայն ասոնք ցաւերուն սկիզբն են»։ (Մատթէոս 24։7, 8) Ա. Աշխարհամարտը վերջանալէն առաջ, Սպանական ինֆլուէնզայի մահտարաժամը սկսաւ պատել երկիրը։ Վերջապէս, անիկա աւելի քան 20 միլիոն անհատներ սպաննեց, պատերազմին մէջ բոլոր մեռնողներէն աւելի։
Միլիոնաւոր ուրիշներ սովէ մեռան, պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք։ Երկրաշարժներն ալ իրենց հարկը պահանջեցին։ 1915–ին, 30,000–է աւելի անհատներ սպաննուեցան Իտալիոյ մէջ. 1920–ին, շուրջ 200,000 մահացան Չինաստանի մէջ. 1923–ին, գրեթէ 143,000 հոգի մեռան Ճաբոնի մէջ։ Տակաւին, ասոնք բոլորը ցաւերուն սկիզբն էին, ինչպէս Յիսուս ըսած էր։ Այս աշխարհը 1914–էն ի վեր մէկ ցաւէն միւսին մէջ տապալած է, որոնք երթալով աւելի ուժգին եւ յաճախակի եղած են։ Օրինակի համար, Ա. Աշխարհամարտէն միայն 21 տարի ետք, երկրորդ համաշխարհային պատերազմը ծագեցաւ, որ 50 միլիոն զոհեր խլեց, մարդկութիւնը կորիզային դարուն մէջ թեւակոխել տալով։
Վերջին տարիներուն, շատ խօսուած է մտահոգութեան ուրիշ պատճառի մը մասին. միջավայրին կործանումը՝ մարդուն կողմէ։ Թէեւ Յիսուս մասնայատուկ կերպով չյիշեց ասիկա իր մարգարէութեան մէջ, բայց Յայտնութիւն 11։18–ն ցոյց կու տայ որ մօտալուտ կործանումէն առաջ, մարդը ‘երկիրը պիտի ապականէր’։ Ասիկա հաստատող ապացոյցները շատ են։ Նորմըն Մայըրզ, միջավայրային խորհրդատու մը, գրքի մը մէջ (State of the World 1988) փշաքաղող հետեւեալ պատգամը կը հաղորդէ. «Նախկին սերունդներէն ոչ մէկը զանգուածային բնաջնջումի ակնկալութեան մը դիմաց գտնուած է իր կեանքի տեւողութեան։ Ապագայ ո՛չ մէկ սերունդ նոյնանման սպառնալիք մը պիտի դիմագրաւէ. եթէ ներկայ սերունդը այս պարտականութիւնը յանձն առնելու համար իր թեւերը չսոթտէ, չարիքը կատարուած պիտի ըլլայ եւ ‘երկրորդ առիթ’ պիտի չըլլայ»։
Նկատի առէք Փետրուար 17, 1992–ի Նիուզուիք պարբերաթերթին մէջի տեղեկագրութիւնը մթնոլորտին մէջ օզոնի նօսրացումին մասին։ Կրինփիսի օզոնի մասնագէտ մը, Ալէքսանտրա Էլլըն, զգուշացուցած է որ օզոնի կորուստը «ներկայիս կը սպառնայ երկրի վրայ ապագայ ամէն կեանքի»։
Տեղ կը պակսի Յիսուսի մարգարէութեան բոլոր երեսակները մանրամասնօրէն ձեռք առնելու համար։ (Մարգարէական ուրիշ երեսակներ աչքէ անցնելու համար, տես էջ 5–ի ցուցակը։) Երեսակ մը՝ որ կարելի չէ անտեսել, նկարագրուած է Մատթէոս 24։14–ին մէջ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։ Կասկած չկայ թէ այս համաշխարհային քարոզչութիւնը որո՛նք կը կատարեն։ Եհովայի Վկաները միայն 1992–ին, 229 երկիրներու մէջ աւելի քան մէկ միլիառ ժամեր տրամադրած են այս գործին։ Անոնց գործը ամենէն տեսանելի ապացոյցն է թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։
Մի՛ Խաբուիք
Սակայն, ոմանք կրնան առարկել թէ «վերջին օրեր»ու մասին այս ամբողջ խօսակցութիւնը պարզ յոռետեսութիւն է։ Անոնք կը հարցնեն. ‘Ի՞նչ կրնաք ըսել վերջերս Արեւելեան Եւրոպայի մէջ Համայնավարութեան անկման, կամ խաղաղութիւն հաստատելու համար գերուժերուն թափած ջանքերուն մասին։ Ասիկա ապացոյց մը չէ՞ որ իրերը աւելի լաւ կ’ընթանան’։ Ո՛չ։ Նկատի ունեցէք թէ Յիսուս ոչ մէկ ատեն ըսաւ որ վերջին օրերուն ամբո՛ղջ աշխարհը մխրճուած պիտի ըլլար անվերջ պատերազմներու, երկրաշարժներու եւ սովերու մէջ։ Բարի լուրը համայն աշխարհի վրայ քարոզուելու համար, առնուազն յարաբերաբար խաղաղ ժամանակաշրջաններ պիտի ըլլային։
Յիշեցէք նաեւ որ Յիսուս վերջին օրերը բաղդատեց Նոյեան Ջրհեղեղին նախորդած օրերուն հետ։ Այդ ժամանակ, մարդիկ կեանքի բնականոն գործունէութիւններով՝ ուտելով, խմելով եւ ամուսնանալով՝ զբաղած էին։ (Մատթէոս 24։37–39) Ասիկա պիտի նշէր որ մինչ վերջին օրերուն դժուար վիճակներ պիտի գոյանային, իրերը այն աստիճան պիտի չվատթարանային որ կեանքի բնականոն հետապնդումները անկարելի դառնային։ Նոյի օրերուն նման, մարդկութեան մեծամասնութիւնը այնքան զբաղուած է ընթացիկ բաներով, որ ժամանակներուն լրջութիւնը չի նկատեր։
Հետեւաբար, վտանգաւոր պիտի ըլլար անտարբերութեան մէջ իյնալ, նպաստաւոր թուող քաղաքական կարգ մը փոփոխութիւններու պատճառաւ։ (Բաղդատել Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3։) Բացայայտ է այն իրողութիւնը թէ Յիսուսի մարգարէութիւնը հիմա կատարուելու վրայ է. ազդարարութիւն մը թէ կործանումը մօ՛տ է։
Փառաւոր Անդրադարձը
Փոմփէյիի կործանումը մահ եւ թշուառութիւն բերաւ։ Սակայն, ներկայ դրութեան վախճանը երկրի վրայ գեղեցիկ դրախտի մը մէջ յաւիտենական կեանքի ճամբան պիտի հարթէ։ (Յայտնութիւն 21։3, 4) Այլեւս մարդկային հակամարտ կառավարութիւններ երկիրը պատերազմներով պիտի չաւերեն։ Այլեւս ո՛չ մէկը պիտի դողայ կորիզային ողջակիզութեան սպառնալիքին դիմաց։ Մթնոլորտին մէջ քիմիական թունաւոր տարրեր նետող գործարաններ անէացած պիտի ըլլան։—Դանիէլ 2։44
Այդ ժամանակ, բոլոր ապրողները արդարութիւնը սիրողներ եւ իրական բարեկամներ պիտի ըլլան, ամբողջովին ենթարկուելով Թագաւորութեան իշխանութեան։ (Սաղմոս 37։10, 11) Հիւանդանոցները, յուղարկաւորութեան տուներն ու գերեզմանները անցեալին պիտի պատկանին։ Ամուսնալուծումը, բաժանումները, անձկութիւնը եւ երախաներու չարաշահութիւնն ալ այլեւս գոյութիւն պիտի չունենան։—Եսայեայ 25։8. 65։17
Կը փափաքի՞ք վերջին օրերէն վերապրիլ եւ տեսնել Աստուծոյ փառաւոր նոր աշխարհը։ Ուրեմն, «արթո՛ւն մնացէք ..., վասնզի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է»։ (Մարկոս 13։33) Այսուհանդերձ, աշխարհի դէպքերը կ’ապացուցանեն որ որոշուած ժամանակը կը մօտենայ. շատերուն համար՝ վտանգն ալ։ Կորսնցնելիք ժամանակ չկայ։ Ուստի, ձեր կեանքերը փրկելու համար քայլ առէք եւ փնտռեցէք անոնք որոնք ուշադրութիւն կ’ընծայեն վերջին օրերու համաշխարհային նշանին։ Շատ դիւրին է զանոնք ճանչնալ, քանի որ միայն անոնք կը հնազանդին համայն աշխարհի մէջ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու Յիսուսի պատուէրին։ Անոնց հետ դուք ալ շարքի կեցէք Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ կողքին, որու մասին ըսուած է. «Հեթանոսները անոր անուանը պիտի յուսան»։—Մատթէոս 12։18, 21
[Շրջանակ՝ էջ 5]
Նշանին Քսանըչորս Երեսակները
1. Աննախընթաց պատերազմներ։—Մատթէոս 24։6, 7. Յայտնութիւն 6։4
2. Երկրաշարժներ։—Մատթէոս 24։7. Մարկոս 13։8
3. Սովեր։—Մատթէոս 24։7. Մարկոս 13։8
4. Մահտարաժամներ։—Ղուկաս 21։22. Յայտնութիւն 6։8
5. Անօրէնութեան շատնալը։—Մատթէոս 24։12
6. Երկրի ապականութիւնը։—Յայտնութիւն 11։18
7. Սիրոյ պաղիլը։—Մատթէոս 24։12
8. Սոսկալի բաներ։—Ղուկաս 21։11
9. Դրամի չափազանց սէր։—Բ. Տիմոթէոս 3։2
10. Ծնողներու անհնազանդութիւն։—Բ. Տիմոթէոս 3։2
11. Աւելի հեշտասէր, քան՝ Աստուածասէր։—Բ. Տիմոթէոս 3։4
12. Անձնասիրութեան տիրապետութիւն։—Բ. Տիմոթէոս 3։2
13. Ընդհանուր անգթութիւն։—Բ. Տիմոթէոս 3։3
14. Անհաշտ մարդիկ։—Բ. Տիմոթէոս 3։3
15. Ընկերութեան բոլոր մարզերու մէջ ժուժկալութեան պակաս։—Բ. Տիմոթէոս 3։3
16. Բարութեան հանդէպ սիրոյ պակաս։—Բ. Տիմոթէոս 3։3
17. Շատեր կեղծաւորութեամբ կը դաւանին Քրիստոնեայ ըլլալ։—Բ. Տիմոթէոս 3։5
18. Ուտելու ու խմելու մէջ չափազանցութիւն։—Ղուկաս 21։34
19. Նշանը ծաղրանքով մերժողներ։—Բ. Պետրոս 3։3, 4
20. Գործի լծուած շատ մը սուտ մարգարէներ։—Մատթէոս 24։5, 11. Մարկոս 13։6
21. Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութեան բարի լուրին քարոզչութիւնը։—Մատթէոս 24։14. Մարկոս 13։10
22. Ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն հալածանքը։—Մատթէոս 24։9. Ղուկաս 21։12
23. Վերջին օրերը իր յանգումին հասցնող խաղաղութեան եւ ապահովութեան կոչը։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3
24. Վտանգը անտեսող մարդիկ։—Մատթէոս 24։39