Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 4/1 էջ 17-21
  • Խոնարհները ուրախ են

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Խոնարհները ուրախ են
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովայի Հանդէպ Հաւատք Ունենալը Մեզի կ’Օգնէ, որ Խոնարհ Ըլլանք
  • Խոնարհութիւն՝ Իմաստուն Ընթացք մը
  • Խոնարհութիւնը Ուրիշներու Հետ Լաւ Յարաբերութիւններ Ունենալուն կը Նպաստէ
  • Սէրը Պիտի Օգնէ Մեզի որ Խոնարհ Ըլլանք
  • Իսկական խոնարհութիւն մշակէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Ի՞նչպէս կրնաք իսկական խոնարհութիւն ցոյց տալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Եհովա իր փառքը խոնարհներուն կը յայտնէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Եհովան իր խոնարհ ծառաները կ’արժեւորէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 4/1 էջ 17-21

Խոնարհները ուրախ են

«Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։—Ա. ՊԵՏՐՈՍ 5։5

1, 2. Յիսուս իր Լերան Քարոզին մէջ ուրախ ըլլալը ինչպէ՞ս կապեց խոնարհ ըլլալուն հետ։

ԱՐԴԵՕՔ ուրախ ըլլալը եւ խոնարհ ըլլալը իրարու հետ կապակցութիւն ունի՞ն։ Շատ համբաւաւոր իր քարոզին մէջ, Յիսուս Քրիստոս՝ մեծագոյն մարդը որ ապրած է՝ կը նկարագրէ ինը ուրախութիւններ կամ երանութիւններ։ (Մատթէոս 5։1-12) Յիսուս ուրախ ըլլալուն եւ խոնարհ ըլլալուն միջեւ կապակցութիւն մը տեսա՞ւ։ Այո՛, քանի որ խոնարհ ըլլալը առնչութիւն ունի իր յիշած կարգ մը երանութիւններուն հետ։ Օրինակի համար, անհատ մը խոնարհ պէտք է ըլլայ, որպէսզի իր հոգեւոր կարիքին գիտակցի։ Միայն խոնարհները անօթի ու ծարաւ են արդարութեան համար։ Իսկ հպարտները հեզ ու ողորմած չեն, ոչ ալ խաղաղութիւն ընողներ են։

2 Խոնարհները ուրախ են, քանի որ խոնարհ ըլլալը շիտակ ու պարկեշտ կեցուածք մըն է։ Ասկէ զատ, խոնարհները ուրախ են, քանի որ իմաստութիւն է խոնարհ ըլլալ. անիկա Եհովա Աստուծոյ եւ Քրիստոնեայ ընկերակիցներու հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալուն կը նպաստէ։ Դարձեալ, խոնարհ անհատները ուրախ են, քանի որ խոնարհ ըլլալը իրենց կողմէ սիրոյ արտայայտութիւն մըն է։

3. Պարկեշտութիւնը ինչո՞ւ մեզմէ կը պահանջէ խոնարհ ըլլալ։

3 Պարկեշտութիւնը ինչո՞ւ կը պահանջէ մեզմէ որ խոնարհ ըլլանք։ Նախ, քանի որ բոլորս ալ անկատարութիւն ժառանգած ենք ու շարունակ սխալներ կը գործենք։ Պօղոս առաքեալ ինքն իր մասին ըսաւ. «Գիտեմ որ իմ ներսիդիս, այսինքն իմ մարմնիս մէջ, բարի բան մը չի բնակիր. վասընզի կամեցողութիւն կայ քովս, բայց բարին ի գործ դնելը չեմ կրնար»։ (Հռովմայեցիս 7։18) Այո, բոլորս ալ մեղք գործեցինք ու Աստուծոյ փառքէն պակսեցանք։ (Հռովմայեցիս 3։23) Ուղղամտութիւնը մեզ ետ պիտի պահէ հպարտ ըլլալէ։ Սխալ մը ընդունիլը խոնարհութիւն կը պահանջէ, իսկ պարկեշտութիւնը պիտի օգնէ մեզի որ, երբ սխալ մը գործենք, մեր յանցանքը ընդունինք։ Որովհետեւ շարունակաբար կը թերանանք այն բանին մէջ զոր կը մտադրենք ընել, լաւ պատճառ ունինք խոնարհ ըլլալու։

4. Ա. Կորնթացիս 4։7–ին մէջ խոնարհ ըլլալու ի՞նչ ստիպողական պատճառ կը տրուի։

4 Պօղոս առաքեալ ուրիշ պատճառ մը կու տայ թէ պարկեշտութիւնը ի՛նչու խոնարհ պէտք է դարձնէ մեզ։ Ան կ’ըսէ. «Ո՞վ է ան որ քեզ տարբեր կ’ընէ ուրիշներէն եւ ի՞նչ ունիս որ չես առեր եւ եթէ առիր, ինչո՞ւ չառածի պէս կը պարծենաս»։ (Ա. Կորնթացիս 4։7) Անկասկած, մեր կողմէ պարկեշտութիւն եղած պիտի չըլլար փառքը մեզի տալը, կամ մեր ստացուածքներով, կարողութիւններով կամ յաջողութիւններով հպարտանալը։ Պարկեշտութիւնը Աստուծոյ առջեւ բարի խղճմտանք մը ունենալու կը նպաստէ, որպէսզի մենք կարենանք ‘ամէն բանի մէջ աղէկ վարմունք ունենալ’։—Եբրայեցիս 13։18

5. Դարձեալ, պարկեշտութիւնը ինչպէ՞ս պիտի օգնէ մեզի, երբ սխալ մը գործենք։

5 Պարկեշտութիւնը կ’օգնէ մեզի որ խոնարհ ըլլանք, երբ սխալ մը գործենք։ Անիկա մեզ աւելի պատրաստակամ պիտի դարձնէ մեր յանցանքը ընդունելու, փոխանակ ջանալու մենք մեզ արդարացնել կամ անոր համար ուրիշ մը մեղադրել։ Ուստի, մինչ Ադամ մեղադրեց Եւան, Դաւիթ չմեղադրեց Բերսաբէն, ըսելով. ‘Ան ուրիշներու կողմէ տեսանելի կերպով պէտք չէր լուացուէր։ Ես ալ փորձութեան տեղի տուի’։ (Ծննդոց 3։12. Բ. Թագաւորաց 11։2-4) Իրապէս, կարելի է ըսել թէ մէկ կողմէն, պարկեշտ ըլլալը կ’օգնէ մեզի որ խոնարհ ըլլանք. իսկ միւս կողմէն, խոնարհ ըլլալը կ’օգնէ մեզի որ պարկեշտ ըլլանք։

Եհովայի Հանդէպ Հաւատք Ունենալը Մեզի կ’Օգնէ, որ Խոնարհ Ըլլանք

6, 7. Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ունենալը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ խոնարհ ըլլալու։

6 Եհովայի հանդէպ հաւատք ունենալն ալ մեզի պիտի օգնէ, որ խոնարհ ըլլանք։ Երբ գնահատենք Ստեղծիչին՝ Տիեզերքի Գերիշխանին՝ որքա՜ն մեծ ըլլալը, անիկա մեզ ետ պիտի պահէ մեր անձը շատ կարեւոր նկատելէ։ Եսայի մարգարէն ի՜նչ լաւ կերպով կը վերյիշեցնէ մեզի ասիկա։ Եսայեայ 40։15, 22–ին մէջ կը կարդանք. «Ահա ազգերը դոյլէն կաթած կաթիլի պէս են ու կշիռքին մէջի մանր փոշիին պէս կը սեպուին։ ... Ի՛նքն է երկրի շրջանակին վրայ նստողը ու անոր բնակիչները մարախներու պէս են»։

7 Եհովայի հանդէպ հաւատք ունենալն ալ պիտի օգնէ մեզի, երբ խորհինք թէ անարդարութեան զոհ գացած ենք։ Փոխանակ այս մասին վշտանալու, խոնարհաբար Եհովայի պիտի սպասենք, ինչպէս սաղմոսերգուն մեզի կը վերյիշեցնէ Սաղմոս 37։1-3, 8, 9–ին մէջ։ Պօղոս առաքեալ նոյն կէտը կը նշէ. «Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասնզի գրուած է. ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը»։—Հռովմայեցիս 12։19

Խոնարհութիւն՝ Իմաստուն Ընթացք մը

8. Խոնարհութիւնը ինչո՞ւ Եհովայի հետ լաւ յարաբերութիւն ունենալուն կը նպաստէ։

8 Շատ մը պատճառներով, խոնարհ ըլլալը իմաստուն ընթացք մըն է։ Անոնցմէ մէկն է, որու արդէն մատնանշեցինք, անիկա մեր Արարիչին հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալուն կը նպաստէ։ Աստուծոյ Խօսքը յստակօրէն կ’ըսէ Առակաց 16։5–ին մէջ. «Բոլոր սրտով հպարտները Տէրոջը առջեւ պիղծ են»։ Առակաց 16։18–ին մէջ ալ կը կարդանք. «Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ»։ Ուշ կամ կանուխ, հպարտները անոր վնասը կը կրեն։ Պարագան իրապէս այդպէս է, քանի որ Ա. Պետրոս 5։5–ին մէջ կը կարդանք. «Ամէնքդ ... խոնարհութիւն հագէք. վասնզի Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։ Նոյն միտքը կը գտնուի Յիսուսի տուած Փարիսեցիին եւ մաքսաւորին առակին մէջ, որոնք կ’աղօթէին։ Խոնարհ մաքսաւորն էր, որ աւելի արդար նկատուեցաւ։—Ղուկաս 18։9-14

9. Խոնարհութիւնը ի՞նչ կերպով կ’օգնէ, երբ մենք ձախորդութեան հանդիպինք։

9 Խոնարհութիւնը իմաստուն ընթացք մըն է, քանի որ անիկա կ’օգնէ մեզի որ Յակոբու 4։7–ի խրատին դիւրութեամբ հետեւինք. «Հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ»։ Եթէ խոնարհ ենք, պիտի չըմբոստանանք, երբ Եհովա թոյլատրէ որ մենք ձախորդութեան հանդիպինք։ Խոնարհութիւնը պիտի օգնէ մեզի որ մեր պարագաներով գոհ ըլլանք ու տոկանք։ Հպարտ անհատ մը դժգոհ է, միշտ աւելին կ’ուզէ եւ վշտալից պարագաներուն, ան կ’ըմբոստանայ։ Միւս կողմէն, խոնարհ անհատը դժուարութիւններուն եւ փորձութիւններուն կը տոկայ, Յոբի նման։ Յոբ իր ամբողջ ստացուածքը կորսնցուց եւ ցաւալի հիւանդութեամբ մը զարնուեցաւ, ապա իր կինը նոյնիսկ խրատեց զինք որ հպարտութեան կեցուածք մը որդեգրէ, ըսելով. «Աստուծոյ հայհոյէ ու մեռիր»։ Ան ինչպէ՞ս ընդառաջեց։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Յոբ ըսաւ անոր. ‘Դուն անզգամ կնոջ մը պէս կը խօսիս։ Աստուծոյ ձեռքէն միայն բարի՞ք ընդունինք ու չարիք չընդունի՞նք’։ Այս ամենուն մէջ Յոբ իր շրթունքներովը չմեղանչեց»։ (Յոբայ 2։9, 10) Քանի որ Յոբ խոնարհ էր, ան չըմբոստացաւ, այլ իմաստութեամբ ենթարկուեցաւ որեւէ բանի որ Եհովա թոյլատրեց, որ իր վրայ գայ։ Իսկ վերջաւորութեան, ան մեծապէս վարձատրուեցաւ։—Յոբայ 42։10-16. Յակոբու 5։11

Խոնարհութիւնը Ուրիշներու Հետ Լաւ Յարաբերութիւններ Ունենալուն կը Նպաստէ

10. Խոնարհութիւնը Քրիստոնեայ ընկերակիցներուն հետ մեր յարաբերութիւնները ինչպէ՞ս կը բարելաւէ։

10 Խոնարհութիւնը իմաստուն ընթացք մըն է, քանի որ անիկա մեր Քրիստոնեայ ընկերակիցներուն հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալուն կը նպաստէ։ Պօղոս առաքեալ տեղին ըլլալով հետեւեալ խրատը կու տայ. «Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք. միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ»։ (Փիլիպպեցիս 2։3, 4) Խոնարհութիւնը իմաստութեամբ մեզ ետ պիտի պահէ ուրիշներու հետ մրցակցութեան մէջ մտնելէ կամ ուրիշներէ առաջ անցնիլ փորձելէ։ Այսպիսի կեցուածքներ խնդիրներ կը յարուցանեն մեզի եւ մեր Քրիստոնեայ ընկերակիցներուն։

11. Խոնարհութիւնը ինչո՞ւ կրնայ օգնել մեզի որ սխալներ գործելէ խուսափինք։

11 Շատ յաճախ խոնարհութիւնը պիտի օգնէ մեզի որ սխալներ գործելէ խուսափինք։ Ինչպէ՞ս։ Քանի որ խոնարհութիւնը մեզ ետ պիտի պահէ չափազանց ինքնավստահ ըլլալէ։ Ընդհակառակը, պիտի գնահատենք Ա. Կորնթացիս 10։12–ին մէջ Պօղոսի խրատը. «Ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ»։ Հպարտ անհատը շատ ինքնավստահ է, հետեւաբար արտաքին ազդեցութիւններու կամ իր տկարութիւններուն պատճառաւ հակամէտ է սխալներ գործելու։

12. Խոնարհութիւնը պիտի մղէ մեզ որ սուրբ գրային ո՞ր պարտաւորութեան գոհացում տանք։

12 Խոնարհութիւնը պիտի օգնէ մեզի որ հնազանդ ըլլանք, ինչ որ հարկ է։ Եփեսացիս 5։21–ին մէջ մեզի խրատ կը տրուի. «Իրարու հնազանդ եղէ՛ք Աստուծոյ [Քրիստոսին (ՆԱ)] վախովը»։ Իրապէս, բոլորս ալ պարտադրուած չե՞նք հնազանդ ըլլալու։ Զաւակները հնազանդ պէտք է ըլլան իրենց ծնողներուն, կիները՝ իրենց այրերուն եւ այրերը՝ Քրիստոսի։ (Ա. Կորնթացիս 11։3. Եփեսացիս 5։22. 6։1) Ապա, Քրիստոնէական որեւէ ժողովքի մէջ, բոլորն ալ, ի ներառեալ օգնական ծառաները, պէտք է հնազանդին երէցներուն։ Նաեւ ճշմարիտ չէ՞ որ երէցները կը հնազանդին հաւատարիմ ծառայ դասակարգին, որ մասնաւորաբար ներկայացուած է շրջանային տեսուչով։ Իր կարգին, շրջանային տեսուչը պէտք է հնազանդի նահանգային տեսուչին, իսկ նահանգային տեսուչը՝ իր ծառայած երկրի Մասնաճիւղի Յանձնախումբին։ Ի՞նչ կրնանք ըսել Մասնաճիւղի Յանձնախումբի անդամներուն մասին։ Անոնք «իրարու հնազանդ» պէտք է ըլլան, ինչպէս Կառավարիչ Մարմինին որ կը ներկայացնէ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգը որ, իր կարգին, գահակալուած Թագաւորին՝ Յիսուսի՝ համարատու է։ (Մատթէոս 24։45-47) Ինչպէս երէցներու որեւէ մարմինի մէջ, Կառավարիչ Մարմինի անդամները պէտք է յարգեն ուրիշներու տեսակէտները։ Օրինակի համար, մէկը կրնայ խորհիլ թէ լաւ գաղափար մը ունի։ Բայց եթէ միւս անդամները բաւարար թիւով չընդունին անոր առաջարկը, ան հարցը մէկ կողմ պէտք է դնէ։ Իրապէս, բոլորս ալ խոնարհութեան կարիքը ունինք, քանի որ բոլորս ալ հպատակելու ենթակայ ենք։

13, 14. (ա) Ո՞ր մասնայատուկ պարագային խոնարհութիւնը պիտի օգնէ մեզի։ (բ) Պետրոս ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ խրատ ընդունելու առնչութեամբ։

13 Խոնարհութիւնը մասնաւորաբար կը տեսնուի իմաստուն ընթացք մը ըլլալ, քանի որ անիկա կ’օգնէ մեզի որ խրատն ու կրթութիւնը ընդունինք։ Բոլորս ալ երբեմն կրթութեան կարիքը ունինք եւ պէտք է հետեւինք Առակաց 19։20–ի խրատին. «Խրատը լսէ՛ եւ կրթութիւնը ընդունէ՛, որպէսզի ապագային իմաստուն ըլլաս»։ Տեղին ըլլալով ըսուած է որ խոնարհութիւնը կը մեղմացնէ յանդիմանութեան կամ կրթութեան խայթոցը։ Ասկէ զատ, Եբրայեցիս 12։4-11–ին մէջ, Պօղոս առաքեալ կը խրատէ որ խոնարհաբար կրթութեան ենթարկուիլը իմաստութիւն է։ Միայն այս կերպով կրնանք յուսալ մեր ապագայ ընթացքը իմաստութեամբ վարել եւ որպէս արդիւնք, յաւիտենական կեանքի մրցանակը ձեռք ձգել։ Ատիկա ի՜նչ ուրախ հետեւանք մը պիտի ըլլայ։

14 Այս գծով, կրնանք Պետրոս առաքեալի օրինակը նկատի առնել։ Ան Պօղոս առաքեալէն խիստ խրատ մը ստացաւ, ինչպէս կը տեղեկանանք Գաղատացիս 2։14–ի արձանագրութենէն. «Ես երբ տեսայ թէ աւետարանին ճշմարտութեանը մէջ շիտակ չեն քալեր, ամենուն առջեւ Պետրոսին ըսի. ‘Եթէ դուն, որ Հրեայ ես, հեթանոսի պէս ու ո՛չ թէ Հրեայի պէս կ’ապրիս, ինչպէ՞ս հեթանոսները կը ստիպես Հրեայի պէս վարուելու’»։ Արդեօք Պետրոս առաքեալ վշտացա՞ւ։ Ո՛չ, կամ թերեւս միայն ժամանակաւորապէս, երբ նկատի առնենք Բ. Պետրոս 3։15, 16–ին մէջ հետագային իր ըրած մէկ ակնարկը՝ «մեր սիրելի եղբայրը՝ Պօղոս»։

15. Խոնարհ ըլլալուն եւ ուրախ ըլլալուն միջեւ ի՞նչ կապակցութիւն կայ։

15 Կայ նաեւ ինքնաբաւ, գոհ ըլլալու հարցը։ Իրապէս, չենք կրնար ուրախ ըլլալ, եթէ մեր վիճակով, մեր առանձնաշնորհումներով, մեր ունեցած օրհնութիւններով գոհ չենք։ Խոնարհ Քրիստոնեան սա կեցուածքը կ’որդեգրէ. «Եթէ Աստուած զայն կ’արտօնէ, ուրեմն կրնամ զայն ընդունիլ», ճիշդ ինչ որ Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ Ա. Կորնթացիս 10։13–ին մէջ. «Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած. բայց Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէսզի կարող ըլլաք համբերել»։ Ուստի, դարձեալ կը տեսնենք թէ ի՛նչպէս խոնարհութիւնը իմաստուն ընթացք մըն է, որովհետեւ կ’օգնէ մեզի որ ուրախ ըլլանք ի՛նչ որ ալ ըլլայ մեր վիճակը։

Սէրը Պիտի Օգնէ Մեզի որ Խոնարհ Ըլլանք

16, 17. (ա) Սուրբ գրային ո՞ր օրինակը ցցուն կ’ընէ մեծագոյն յատկութիւնը որ մեզի կ’օգնէ խոնարհ ըլլալու։ (բ) Աշխարհային ո՞ր օրինակը նաեւ կը լուսաբանէ այս կէտը։

16 Ուրիշ որեւէ բանէ աւելի, անձնուրաց սէրը՝ ակաբէն՝ [Պաշտամունք էջ 14 պարբ. 6] մեզի պիտի օգնէ, որ խոնարհ ըլլանք։ Յիսուս ինչո՞ւ կարողացաւ այդքան խոնարհաբար տոկալ իր տանջանքի ցիցին փորձութեան զոր Պօղոս կը նկարագրէ Փիլիպպեցիներուն։ (Փիլիպպեցիս 2։5-8) Ան ինչո՞ւ չմտածեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալ։ Քանի որ, ինչպէս ան ըսաւ. «Ես Հայրը կը սիրեմ»։ (Յովհաննու 14։31) Անոր համար, ան ամէն ատեն փառքն ու պատիւը Եհովայի՝ իր երկնաւոր Հօրը՝ ուղղեց։ Ուրիշ առիթով մըն ալ, ան շեշտեց թէ միայն իր երկնաւոր Հայրը բարի էր։—Ղուկաս 18։18, 19

17 Ամերիկայի առաջին բանաստեղծներէն մէկուն՝ Ճոն Կրինլիֆ Ուիթայըրի կեանքին մէջ պատահած մէկ դէպքը կը լուսաբանէ այս կէտը։ Այս մարդը իր մանկութեան սիրուհի մը ունէր եւ անգամ մը, երբ բառեր հեգելու խաղ մը կ’ընէին, ան բառ մը շիտակ հեգեց, իսկ ինք՝ սխալ։ Աղջիկը շատ գէշ զգաց։ Ինչո՞ւ։ Բանաստեղծը կը վերյիշէ անոր ըսածը. «Կը ներես որ այդ բառը շիտակ հեգեցի։ Կ’ատեմ քեզ գերազանցել, ... քանի որ քեզ կը սիրեմ»։ Այո, եթէ կը սիրենք մէկը, պիտի ուզենք որ ան մեզմէ աւելի բարձր ըլլայ, ոչ՝ ցած, որովհետեւ սէրը խոնարհ է։

18. Խոնարհութիւնը պիտի օգնէ մեզի որ սուրբ գրային ո՞ր խրատին հետեւինք։

18 Ասիկա լաւ դաս մըն է բոլոր Քրիստոնեաներուն, մասնաւորաբար եղբայրներուն, համար։ Ծառայութեան մասնաւոր առանձնաշնորհումի պարագային, կ’ուրախանա՞նք երբ անիկա մեր եղբօրը տրուի, փոխանակ՝ մեզի, թէ ոչ որոշ նախանձ եւ ատելութիւն կը զգանք։ Եթէ իսկապէս կը սիրենք մեր եղբօր, պիտի ուրախանանք որ ան ստացաւ այդ ծառայութեան մասնաւոր նշանակումը կամ առանձնաշնորհումը։ Այո, խոնարհութեան շնորհիւ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ սա խրատին հետեւիլ. «Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։10) Ուրիշ թարգմանութիւն մը կ’ըսէ. «Մէկզմէկ պատուեցէք ձեր անձէն աւելի»։ (New International Version) Պօղոս առաքեալ դարձեալ կը խրատէ. «Սիրով իրարու ծառայութիւն ըրէք»։ (Գաղատացիս 5։13) Այո, եթէ սէր ունինք, մենք ուրախութեամբ մեր անձերը մեր եղբայրներուն տրամադրութեան տակ պիտի դնենք, անոնց ծառայելով, անոնց շահերը եւ բարօրութիւնը մերինէն առաջ դնելով, ինչ որ խոնարհութիւն կը պահանջէ։ Խոնարհութիւնը նաեւ մեզ ետ պիտի պահէ պարծենալէ եւ այսպիսով ուրիշներու մէջ նախանձ կամ ատելութիւն արթնցնելէ։ Պօղոս գրեց որ սէրը «չի գոռոզանար, չի հպարտանար»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ գոռոզանալու եւ հպարտանալու ետին անձնասէր անձնապաշտական շարժառիթ մը կը գտնուի, մինչդեռ սէրը անձնուրացութեան բուն ծուծն է։—Ա. Կորնթացիս 13։4

19. Աստուածաշունչի ո՞ր օրինակները կը լուսաբանեն թէ խոնարհութիւնն ու սէրը, ինչպէս հպարտութիւնն ու անձնասիրութիւնը, զուգահեռ կ’ընթանան։

19 Սաւուղ Թագաւորի եւ իր որդւոյն՝ Յովնաթանին՝ հետ Դաւիթի յարաբերութիւնը ուշագրաւ օրինակ մըն է թէ սէրն ու խոնարհութիւնը, ինչպէս նաեւ հպարտութիւնն ու անձնասիրութիւնը, ի՛նչպէս զուգահեռ կ’ընթանան։ Պատերազմի մէջ Դաւիթի յաջողութիւններուն պատճառաւ, Իսրայէլի կիները երգեցին. «Սաւուղ իր հազարաւորները զարկաւ, իսկ Դաւիթ՝ բիւրաւորները»։ (Ա. Թագաւորաց 18։7) Երբեք խոնարհ չըլլալով, այլ հպարտութեամբ վառուած ըլլալով, Սաւուղ անկէ ի վեր բուռն ատելութիւն մը սնուցանեց Դաւիթի հանդէպ։ Ասիկա որքա՜ն տարբեր էր իր որդւոյն՝ Յովնաթանին՝ դրսեւորած հոգիէն։ Կը կարդանք որ Յովնաթան Դաւիթը սիրեց իր անձին պէս։ (Ա. Թագաւորաց 18։1) Յովնաթան ինչպէ՞ս հակազդեց, երբ դէպքերու բերմամբ յայտնի եղաւ որ Եհովա կ’օրհնէր Դաւիթը եւ թէ ան եւ ոչ թէ Յովնաթանը Սաւուղին պիտի յաջորդէր որպէս Իսրայէլի թագաւոր։ Յովնաթան նախանձեցաւ կամ ծուռ աչքո՞վ նայեցաւ անոր։ Երբե՛ք։ Դաւիթին հանդէպ իր տածած մեծ սիրոյն պատճառաւ, ան կրնար ըսել ինչպէս կը կարդանք Ա. Թագաւորաց 23։17–ին մէջ. «Մի՛ վախնար, քանզի իմ հօրս Սաւուղին ձեռքը քեզ պիտի չգտնէ։ Դուն Իսրայէլի վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս ու ես քու երկրորդդ պիտի ըլլամ։ Այս բանը իմ հայրս Սաւուղ ալ գիտէ»։ Դաւիթի հանդէպ Յովնաթանի մեծ սէրը պատճառ եղաւ որ ան, ըստ իր հասկացողութեան, խոնարհաբար ընդունի Աստուծոյ կամքը թէ ո՛վ իր հօրը պիտի յաջորդէր որպէս Իսրայէլի թագաւոր։

20. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ սիրոյ ու խոնարհութեան միջեւ սերտ կապակցութիւն մը կար։

20 Սիրոյ եւ խոնարհութեան միջեւ եղող կապը աւելի կը շեշտուի, երբ նկատի առնենք ինչ որ տեղի ունեցաւ իր մահուընէ առաջ իր առաքեալներուն հետ Յիսուս Քրիստոսի անցուցած վերջին գիշերը։ Յովհաննու 13։1–ին մէջ կը կարդանք որ Յիսուս «սիրելով իրենները, որոնք աշխարհի մէջ էին, մինչեւ վերջն ալ սիրեց զանոնք»։ Անկէ ետք, կը կարդանք որ Յիսուս իր առաքեալներուն ոտքերը լուաց, հասարակ ծառայի մը գործը կատարելով։ Խոնարհութեան ի՜նչ զօրեղ դաս մը։—Յովհաննու 13։1-11

21. Առ ի ամփոփում, ինչո՞ւ խոնարհ պէտք է ըլլանք։

21 Իսկապէս, խոնարհ ըլլալու շատ պատճառներ կան։ Խոնարհ ըլլալը շիտակ ու պարկեշտ կեցուածք մըն է։ Անիկա հաւատքի ընթացք մըն է։ Անիկա Եհովա Աստուծոյ եւ մեր հաւատակիցներուն հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալուն կը նպաստէ։ Անիկա իմաստուն ընթացք մըն է։ Մանաւանդ անիկա սիրոյ ընթացք մըն է եւ իրական ուրախութիւն կը բերէ։

Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Պարկեշտութիւնը ի՞նչ կերպերով կ’օգնէ խոնարհ ըլլալու։

◻ Եհովայի հանդէպ հաւատք ունենալը ինչո՞ւ կրնայ օգնել մեզի որ խոնարհ ըլլանք։

◻ Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ խոնարհ ըլլալը իմաստուն ընթացք մըն է։

◻ Սէրը ինչո՞ւ մասնաւորաբար կ’օգնէ խոնարհ ըլլալու։

[Նկար՝ էջ 19]

Յոբ խոնարհաբար Եհովայի ենթարկուեցաւ։ Ան «Աստուծոյ հայհոյէ ու մեռիր» խօսքին մտիկ չըրաւ

[Նկար՝ էջ 20]

Պետրոս խոնարհաբար հնազանդեցաւ, երբ Պօղոս հրապարակաւ զինք խրատեց

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել