Աստուածային ուսուցումը դեւերու ուսմունքներու դէմ
«Մէկ քանիները հաւատքէն պիտի ապստամբին եւ մոլորեցուցիչ ոգիներու ու դեւերու ուսմունքներու ուշադրութիւն պիտի ընեն»։—Ա. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 4։1
1. Քրիստոնեաները ո՞ր կռիւին մէջ պարփակուած են։
ԵՐԵՒԱԿԱՅԵՑԷՔ որ ձեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան, կ’ապրիք պատերազմի գօտիի մը մէջ։ Ի՞նչ վիճակ պիտի ունենայիք, երբ հրացանաձգութեան աղմուկով քնանայիք եւ թնդանօթներու ձայնով արթննայիք։ Դժբախտաբար, աշխարհի կարգ մը շրջաններու մէջ, արդարեւ մարդիկ այդ կերպով կ’ապրին։ Սակայն, հոգեւոր առումով մը, բոլոր Քրիստոնեաները այս կերպով կ’ապրին։ Անոնք պարփակուած են մեծ կռիւի մը մէջ, որ շուրջ 6,000 տարիներէ ի վեր կը մղուի, իսկ մեր օրերուն, անիկա սաստկացած է։ Ի՞նչ է այս դարաւոր պատերազմը։ Ճշմարտութեան պայքարն է ստութիւններու դէմ, աստուածային ուսուցումը՝ դեւերու ուսմունքներու դէմ։ Չափազանցութիւն չէ—առնուազն հակամարտ կողմերէն մէկուն կողմէ—զայն կոչել մարդկային պատմութեան ամենէն անողորմ եւ ամենէն մահաբեր կռիւը։
2. (ա) Ըստ Պօղոսին, ճակատող երկու կողմերը որո՞նք են։ (բ) Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց «հաւատք» արտայայտութեամբ։
2 Պօղոս առաքեալ այդ կռիւին մասնակցող երկու կողմերն ալ յիշեց, երբ Տիմոթէոսի գրեց. «Հոգին յայտնի կ’ըսէ թէ՝ վերջին ատենները մէկ քանիները հաւատքէն պիտի ապստամբին եւ մոլորեցուցիչ ոգիներու ու դեւերու ուսմունքներու ուշադրութիւն պիտի ընեն»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։1) Նկատեցէք որ դեւերու ուսմունքները յատկապէս ազդու պիտի ըլլային «վերջին ատենները»։ Պօղոսի օրերուն հետ բաղդատած՝ մենք կ’ապրինք այսպիսի ժամանակի մը մէջ։ Նաեւ նկատեցէք ի՛նչ բան դեւերու ուսմունքներուն կը հակառակի՝ «հաւատք»ը։ Հոս, «հաւատք»ը կը ներկայացնէ աստուածային ուսուցումը որ հիմնուած է Աստուածաշունչին մէջ բովանդակուած Աստուծոյ ներշնչուած խօսքերուն վրայ։ Այսպիսի հաւատք մը կենսատու է։ Ատիկա Քրիստոնեայի մը կը սորվեցնէ Աստուծոյ կամքը կատարել։ Անիկա յաւիտենական կեանքի առաջնորդող ճշմարտութիւնն է։—Յովհաննու 3։16. 6։40
3. (ա) Ճշմարտութեան եւ ստութիւններու միջեւ եղած կռիւին մէջ, զոհերուն ի՞նչ կը պատահի։ (բ) Դեւերու ուսմունքներուն ետին ո՞վ կը գտնուի։
3 Իրենց հաւատքին դէմ բոլոր ապստամբողները յաւիտենական կեանքը կը կորսընցնեն։ Անոնք պատերազմին զոհերն են։ Ի՜նչ եղերական արդիւնք մը այն անհատին համար, որ իր անձին թոյլ կու տայ դեւերու ուսմունքներով մոլորուելու։ (Մատթէոս 24։24) Ինչպէ՞ս կրնանք անհատապէս խուսափիլ զոհեր ըլլալէ։ Ամբողջովին մերժելով այս սուտ ուսմունքները որոնք կը ծառայեն միայն «դեւերուն ... իշխան»ին՝ Բանսարկու Սատանային՝ նպատակին։ (Մատթէոս 12։24) Սատանայի ուսմունքներուն ստութիւններ ըլլալը կ’ակնկալուի, քանի որ Սատանան ‘ստութեան հայրն է’։ (Յովհաննու 8։44) Նկատի առէք թէ ան ի՛նչպէս ճարտարօրէն ստութիւններ գործածեց մեր առաջին ծնողները մոլորեցնելու համար։
Դեւերու Ուսմունքները Յայտնուած
4, 5. Սատանան Եւայի ի՞նչ սուտ խօսեցաւ, եւ ատիկա ինչո՞ւ չարախօսութիւն էր։
4 Դէպքերը արձանագրուած են Աստուածաշունչին Ծննդոց 3։1-5–ին մէջ։ Օձ մը գործածելով, Սատանան մօտեցաւ կնոջը՝ Եւայի՝ ու անոր հարցուց. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ ‘Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք’»։ Այս հարցումը կը թուի անվնաս ըլլալ, բայց դարձեալ անոր նայեցէք։ «Իրա՞ւ»։ Սատանան զարմացած կը թուի, կարծես ըսել կ’ուզէ. ‘Աստուած ինչո՞ւ այդպիսի բան մը պիտի ըսէր’։
5 Եւա Անմեղօրէն ցոյց տուաւ որ պարագան այդ էր։ Ան գիտէր աստուածային ուսուցումը այս հարցին առնչութեամբ, գիտէր թէ Աստուած Ադամի ըսած էր որ անոնք պիտի մեռնէին, եթէ բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն ուտէին։ (Ծննդոց 2։16, 17) Սատանայի հարցումը բացայայտօրէն անոր հետաքրքրութիւնը շարժեց, ուստի ան մտիկ ըրաւ մինչեւ որ Սատանան իր բուն կէտին հասնի. «Օձը կնոջ ըսաւ. ‘Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք’»։ Ի՜նչ չարախօսութիւն։ Սատանան ամբաստանեց որ Եհովան՝ ճշմարտութեան Աստուածը, սիրոյ Աստուածը, Ստեղծիչը՝ կը ստէր Իր մարդկային զաւակներուն։—Սաղմոս 31։5. Ա. Յովհաննու 4։16. Յայտնութիւն 4։10
6. Սատանան ինչպէ՞ս հարցի տակ դրաւ Եհովայի բարութիւնն ու գերիշխանութիւնը։
6 Բայց Սատանան աւելին ըսաւ։ Ան շարունակեց. «Քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։ Ըստ Սատանային, Եհովա Աստուած, որ ա՛յսքան առատաձեռնութեամբ հայթայթումներ ըրած էր մեր առաջին ծնողքին համար, կ’ուզէր զիրենք զրկել հիանալի բանէ մը։ Ան կ’ուզէր զիրենք ետ պահել աստուածներու պէս ըլլալէ։ Հետեւաբար, Սատանան հարցի տակ դրաւ Աստուծոյ բարութիւնը։ Ան նաեւ քաջալերեց ինքնահագեցումը եւ Աստուծոյ օրէնքները կանխամտածութեամբ անտեսելը, ըսելով որ այս կերպով վարուիլը օգտակար պիտի ըլլար։ Իրականութեան մէջ, Սատանան հարցի տակ դրաւ Իր ստեղծագործութեան վրայ Աստուծոյ գերիշխանութիւնը, նշելով որ Աստուած իրաւասութիւն չունէր մարդուն գործերուն սահման դնելու։
7. Դեւերու ուսմունքները նախ ե՞րբ լսուեցան, եւ անոնք ինչպէ՞ս նոյնանման են այսօր։
7 Սատանայի այդ խօսքերով, դեւերու ուսմունքները սկսան տարածուիլ։ Այս չար ուսմունքները տակաւին յառաջ կը մղեն նոյնանման ամբարիշտ սկզբունքներ։ Ճիշդ ինչպէս որ Եդեմի պարտէզին մէջ ըրաւ, Սատանան, որու հիմա միացած են ուրիշ ըմբոստ հոգիներ, տակաւին ասպարէզ կը կարդայ գործելու չափանիշներ դնելու Աստուծոյ իրաւասութեան։ Ան տակաւին Եհովայի գերիշխանութեան կը հակառակի եւ կը փորձէ մարդոց ազդել, որ իրենց երկնաւոր Հօր անհնազանդ գտնուին։—Ա. Յովհաննու 3։8, 10
8. Ադամն ու Եւան Եդեմին մէջ ի՞նչ կորսնցուցին, բայց Եհովայի ճշմարիտ ըլլալը ինչպէ՞ս փաստուեցաւ։
8 Աստուածային ուսուցումին եւ դեւերու ուսմունքներուն միջեւ եղած կռիւի այդ առաջին ճակատումին մէջ, Ադամ ու Եւա սխալ որոշում տուին եւ յաւիտենական կեանքի իրենց յոյսը կորսնցուցին։ (Ծննդոց 3։19) Մինչ տարիները անցան եւ իրենց մարմինները սկսան քայքայուիլ, անոնք հաստատօրէն հասկցան թէ Եդեմին մէջ ո՛վ ստած էր եւ ո՛վ՝ ճշմարտութիւնը ըսած։ Սակայն, ֆիզիքապէս մեռնելէ հարիւրաւոր տարիներ առաջ, անոնք ճշմարտութեան եւ ստութիւններուն միջեւ եղած կռիւին առաջին զոհերը եղան, երբ ապրելու անարժան դատուեցան իրենց Ստեղծիչին՝ կեանքի Աղբիւրին՝ կողմէ։ Այդ ատեն էր որ անոնք հոգեւոր առումով մեռան։—Սաղմոս 36։9. բաղդատել Եփեսացիս 2։1։
Դեւերու Ուսմունքները Այսօր
9. Դեւերու ուսմունքները որքա՞ն ազդեցիկ եղած են դարերու ընթացքին։
9 Ինչպէս Յայտնութեան գրքին մէջ արձանագրուած է, Յովհաննէս առաքեալ ներշնչմամբ փոխադրուեցաւ ‘Տէրունական օրը’ որ սկսաւ 1914–ին։ (Յայտնութիւն 1։10) Այդ ժամանակ Սատանան ու իր դեւերը երկնքէն վար ձգուեցան դէպի երկրին շրջակայքը—ջախջախիչ պարտութիւն մը՝ մեր Մեծ Ստեղծիչին այս հակառակորդին համար։ Երկընքին մէջ, այլեւս Եհովայի ծառաներուն դէմ յարատեւ չարախօսութիւն ընող իր ձայնը չէր լսուեր։ (Յայտնութիւն 12։10) Սակայն, Եդեմէն ի վեր, դեւերու ուսմունքները ի՞նչ յառաջդիմութիւն կատարած են երկրի վրայ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց»։ (Յայտնութիւն 12։9) Ամբողջ աշխարհ մը ենթարկուած է Սատանայի ստութիւններուն։ Զարմանալի չէ որ Սատանան կոչուած է «այս աշխարհին իշխանը»։—Յովհաննու 12։31. 16։11
10, 11. Սատանան եւ իր դեւերը ի՞նչ կերպերով գործունեայ են այսօր։
10 Երկնքէն վռնտուելէ ետք, Սատանան իր պարտութիւնը ընդունե՞ց։ Վստահաբար ո՛չ։ Ան վճռած է շարունակել կռուիլ աստուածային ուսուցումին եւ անոր կառչողներուն դէմ։ Երկնքէն դուրս ձգուելէ ետք, Սատանան շարունակեց իր կռիւը. «Վիշապը [Սատանան] բարկացաւ կնոջ դէմ եւ գնաց պատերազմելու անոր միւս զաւակներուն հետ, որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները կը պահէին ու Յիսուսին վկայութիւնը ունէին»։—Յայտնութիւն 12։17
11 Աստուծոյ ծառաներուն դէմ պայքարելէ զատ, Սատանան աշխարհը կ’ողողէ իր պրոպականտով, ջանալով մարդկութիւնը իր ճիրաններուն մէջ պահել։ Տէրունական օրուան իր Յայտնութեան տեսիլքներէն մէկուն մէջ, Յովհաննէս առաքեալ երեք գազաններ տեսաւ, որոնք կը խորհրդանշէին Սատանան, իր երկրային քաղաքական կազմակերպութիւնը եւ մեր ժամանակին տիրապետող աշխարհակալ ոյժը։ Այս երեքին բերաններէն գորտեր կ’ելլէին։ Ատոնք ի՞նչ կը խորհրդանշէին։ Յովհաննէս կը գրէ. «Անոնք դեւերու ոգիներ էին՝ որ նշաններ կ’ընէին ու բոլոր աշխարհի թագաւորներուն քով կ’երթային, որպէսզի զանոնք Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին համար հաւաքեն»։ (Յայտնութիւն 16։14) Յստակօրէն, դեւերու ուսմունքները շատ ազդու են երկրի վրայ։ Սատանան եւ իր դեւերը տակաւին կը պայքարին աստուածային ուսուցումին դէմ եւ անոնք պիտի շարունակեն ասիկա ընել մինչեւ որ պարտադրուին դադրեցնել, Յիսուս Քրիստոսի՝ Մեսիական Թագաւորին՝ կողմէ։—Յայտնութիւն 20։2
Դեւերու Ուսմունքները Բնորոշել
12. (ա) Ինչո՞ւ կարելի է դեւերու ուսմունքներուն ընդդիմանալ։ (բ) Աստուծոյ ծառաներուն նկատմամբ, Սատանան ինչպէ՞ս կը փորձէ իր նպատակը իրագործել։
12 Աստուածավախ մարդիկ կրնա՞ն ընդդիմանալ դեւերու ուսմունքներուն։ Այո, անոնք արդարեւ կրնան եւ երկու պատճառներով։ Նախ, քանի որ աստուածային ուսուցումը աւելի զօրեղ է. իսկ երկրորդ, քանի որ Եհովա քօղազերծած է Սատանայի ռազմավարութիւնները, որպէսզի կարենանք անոնց դիմադրել։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ ըսաւ, «անոր խորհուրդները գիտենք»։ (Բ. Կորնթացիս 2։11) Գիտենք որ Սատանան հալածանքը կը գործածէ որպէս իր նպատակին հասնելու միջոց մը։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12) Սակայն, շատ աւելի խորամանկօրէն, ան կը փորձէ ազդել Աստուծոյ ծառայողներուն մտքերուն ու սրտերուն։ Ան Եւան մոլորեցուց եւ անոր սրտին մէջ սխալ ցանկութիւններ դրաւ։ Ան նոյն բանը կը փորձէ այսօր։ Պօղոս Կորնթացիներուն գրեց. «Կը վախնամ՝ որ ինչպէս օձը Եւան խաբեց իր խորամանկութիւնովը, նոյնպէս ալ ձեր մտքերը ապականին Քրիստոսին վրայ եղած միամտութենէն»։ (Բ. Կորնթացիս 11։3) Նկատի առէք թէ ան ի՛նչպէս ընդհանուր մարդկութեան միտքը ապականած է։
13. Եդեմէն ի վեր, Սատանան ի՞նչ ստութիւններ ըսած է մարդկութեան։
13 Եւային քով, Սատանան Եհովան ամբաստանեց որպէս ստախօս եւ ըսաւ որ մարդիկ կրնային աստուածներու պէս ըլլալ, եթէ իրենց Ստեղծիչին անհնազանդ գտնուէին։ Մարդկութեան ներկայ ինկած վիճակը կը փաստէ որ ստախօսը Սատանան էր, ոչ թէ՝ Եհովան։ Մարդիկ այսօր աստուածներ չեն։ Սակայն, Սատանան այդ առաջին ստութեան կցորդեց ուրիշ ստութիւններ։ Ան սկիզբ տուաւ այն գաղափարին թէ մարդկային հոգին անմահ է, մահկանացու չէ։ Այսպիսով, ան մարդկութեան ներկայացուց ուրիշ կերպով մը աստուածներու պէս ըլլալու կարելիութիւնը։ Ետքը, հիմնուելով այդ սխալ վարդապետութեան վրայ, ան յառաջ մղեց դժոխքի կրակի, քաւարանի, ոգեհարցութեան եւ նախնիքներու պաշտամունքի ուսուցումները։ Միլիոնաւոր մարդիկ տակաւին կաշկանդուած են այս ստութիւններով։—Բ. Օրինաց 18։9–13
14, 15. Մահուան եւ ապագային վերաբերեալ մարդուն յոյսին նկատմամբ ճշմարտութիւնը ի՞նչ է։
14 Անշուշտ, ինչ որ Եհովա Ադամին ըսաւ ճշմարտութիւն էր։ Ադամ իսկապէս մեռաւ, երբ Աստուծոյ դէմ մեղանչեց։ (Ծննդոց 5։5) Երբ Ադամ եւ իր զաւակները մեռան, անոնք մեռած հոգիներ եղան, անգիտակից եւ անգործունեայ։ (Ծննդոց 2։7. Ժողովողի 9։5, 10. Եզեկիէլ 18։4) Ադամէն ժառանգուած մեղքին պատճառաւ, մարդկային բոլոր հոգիները կը մեռնին։ (Հռովմայեցիս 5։12) Սակայն, Եդեմին մէջ, Եհովա խոստացաւ սերունդի մը գալը, որ Բանսարկուին գործերուն դէմ պիտի մաքառէր։ (Ծննդոց 3։15) Այդ Սերունդը Յիսուս Քրիստոսն էր, Աստուծոյ միածին Որդին։ Յիսուս առանց մեղքի մեռաւ եւ իր զոհուած կեանքը որպէս փրկանք ծառայեց, մարդկութիւնը իր մահկանացու վիճակէն գնելու համար։ Անոնք որոնք հնազանդութեամբ հաւատք կ’ընծայեն Յիսուսի, Ադամի կորսնցուցած յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգելու պատեհութիւնը ունին։—Յովհաննու 3։36. Հռովմայեցիս 6։23. Ա. Տիմոթէոս 2։5, 6
15 Մարդկութեան համար իրական յոյսը փրկանքն է եւ ոչ թէ այն տարտամ գաղափարը թէ հոգին մահուընէ կը վերապրի։ Փրկանքը աստուածային ուսուցում մըն է։ Ան ճշմարտութիւն է։ Անիկա նաեւ Եհովայի սիրոյն ու իմաստութեան հոյակապ մէկ ապացոյցն է։ (Յովհաննու 3։16) Որքա՜ն երախտապարտ պէտք է ըլլանք որ այս ճշմարտութիւնը սորվեցանք եւ այս հարցերուն նկատմամբ դեւերու ուսմունքներէն ազատագրուեցանք։—Յովհաննու 8։32
16. Մարդկային իմաստութեան հետեւելուն երկարատեւ հետեւանքները ի՞նչ են։
16 Եդեմի պարտէզին մէջ իր ստութիւններով, Սատանան Ադամն ու Եւան քաջալերեց, որ Աստուծմէ անկախ ըլլալ տենչան եւ իրենց իմաստութեան ապաւինին։ Այսօր, աշխարհին մէջ մեր տեսած ոճիրները, տնտեսական նեղութիւնները, պատերազմները եւ ընկերային ահռելի անհաւասարութիւնը անոր երկարատեւ հետեւանքներն են։ Զարմանելի չէ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է»։ (Ա. Կորնթացիս 3։19) Այսուհանդերձ, մարդոց մեծամասնութիւնը յիմարօրէն կը նախընտրէ տառապիլ, քան թէ՝ ուշադրութիւն ընծայել Եհովայի ուսմունքներուն։ (Սաղմոս 14։1-3. 107։17) Աստուածային ուսուցումը ընդունած Քրիստոնեաները կը խուսափին այդ որոգայթէն։
17. Սատանան ի՞նչ ‘սուտանուն գիտութիւն’ յառաջ մղած է, եւ անոր պտուղները ի՞նչ են։
17 Պօղոս Տիմոթէոսի գրեց. «Ո՜վ Տիմոթէոս, քեզի տրուած աւանդը պահէ, փախչելով պիղծ ունայնաբանութիւններէ եւ սուտանուն գիտութեան հակառակութիւններէ։ Մէկ քանիները զանոնք դաւանելով՝ հաւատքէն մոլորեցան»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։20, 21) Այդ ‘գիտութիւն’ը նաեւ կը ներկայացնէ դեւերու ուսմունքները։ Պօղոսի օրերուն, անիկա հաւանաբար կ’ակնարկէր հաւատուրաց գաղափարներու զորս ոմանք ժողովքին մէջ յառաջ կը տանէին։ (Բ. Տիմոթէոս 2։16-18) Հետագային, սուտանուն գիտութիւնը, ինչպէս՝ Գնոստիկութիւնը եւ Յունական փիլիսոփայութիւնը, ժողովքը ապականեց։ Ներկայ աշխարհին մէջ, անաստուածութիւնը, երեւութապաշտութիւնը, բարեշրջութեան տեսութիւնները եւ Աստուածաշունչի բարձրագոյն քննադատութիւնը սուտանուն գիտութեան օրինակներ են, ինչպէս՝ արդի հաւատուրացներուն յառաջ մղած ոչ–սուրբ գրային գաղափարները։ Այս ամբողջ սուտանուն գիտութեան պտուղները կը տեսնուին Սատանայի իրերու դրութիւնը յատկանշող բարոյական անկումէն, հեղինակութեան հանդէպ լայնատարած անպատկառութենէն, անպարկեշտութենէն եւ անձնասիրութենէն։
Աստուածային Ուսուցումին Կառչիլ
18. Որո՞նք այսօր աստուածային ուսուցումը կը փնտռեն։
18 Հակառակ անոր որ Եդեմի օրերէն ի վեր Սատանան երկիրը ողողած է դեւերու ուսմունքներով, միշտ եղած են անհատներ որոնք աստուածային ուսուցումը փնտռած են։ Ներկայիս անոնք միլիոնաւորներ են։ Անոնք կը պարփակեն օծեալ Քրիստոնեաներու մնացորդը որ Յիսուսին հետ իր երկնային Թագաւորութեան մէջ իշխելու հաստատ յոյս ունի եւ «ուրիշ ոչխարներ»ու աճող մեծ բազմութիւնը որու յոյսն է այդ Թագաւորութեան երկրային ծիրը ժառանգել։ (Մատթէոս 25։34. Յովհաննու 10։16. Յայտնութիւն 7։3, 9) Այսօր, ասոնք հաւաքուած են երկրածաւալ մէկ կազմակերպութեան մէջ, որու վրայ Եսայիի խօսքերը կը կիրարկուին. «Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ [Եհովայէ (ՆԱ)] պիտի սորվին ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ»։—Եսայեայ 54։13
19. Եհովայէ սորված ըլլալը ի՞նչ կը պարփակէ։
19 Եհովայէ սորված ըլլալը ճշմարիտ վարդապետութիւնը գիտնալէն աւելի կը նշանակէ—թէեւ ատիկա կարեւոր է։ Եհովա մեզի կը սորվեցնէ ի՛նչպէս ապրիլ, աստուածային ուսուցումը ի՛նչպէս կիրարկել մեր անձնական կեանքին մէջ։ Օրինակի համար, անձնասիրութեան, անբարոյութեան եւ անկախութեան հոգիին կ’ընդդիմանանք, որոնք շատ տարածուած են մեզ շրջապատող աշխարհին մէջ։ Կը գիտակցինք որ այս աշխարհին մէջ հարստութեան անխոնջ հետապնդումը միայն մահուան կ’առաջնորդէ։ (Յակոբու 5։1-3) Երբեք չենք մոռնար Յովհաննէս առաքեալի խօսքերուն մէջ արտայայտուած աստուածային ուսուցումը. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ»։—Ա. Յովհաննու 2։15, 16
20, 21. (ա) Սատանան ի՞նչ կը գործածէ մարդիկ կուրցնելու իր ջանքերուն մէջ։ (բ) Ի՞նչ օրհնութիւններ կու գան անոնց որոնք աստուածային ուսուցումին կը կառչին։
20 Իրենց զոհերուն վրայ դեւերու ուսմունքներուն ազդեցութիւնը կը տեսնուի Կորնթացիներուն ուղղած Պօղոսի խօսքերէն. «[Սատանան] անհաւատներուն մտքերը կուրցուց, որպէսզի Քրիստոսին աւետարանին փառքին լոյսը անոնց վրայ չծագի, որ է Աստուծոյ պատկերը»։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Սատանան պիտի ուզէր այս կերպով կուրցնել ճշմարիտ Քրիստոնեաներն ալ։ Եդեմին մէջ, ան օձ մը գործածեց Աստուծոյ ծառաներէն մէկը մոլորեցնելու համար։ Այսօր, ան կը գործածէ վայրագ կամ անբարոյ շարժապատկերներ եւ հեռատեսիլի յայտագիրներ։ Ան կը շահագործէ ձայնասփիւռը, գրականութիւնները եւ երաժըշտութիւնը։ Ան իր տրամադրութեան ներքեւ ունի զօրաւոր զէնք մը. սխալ ընկերակցութիւնը։ (Առակաց 4։14. 28։7. 29։3) Միշտ գիտակցինք որ այս բաները դեւերու գործիքներ ու ուսմունքներ են։
21 Մի մոռնաք որ Եդեմին մէջ Սատանայի խօսքերը ստութիւններ էին. Եհովայի խօսքերը ճշմարիտ ելան։ Այդ սկիզբի օրերէն ի վեր, պարագան շարունակած է նոյնը ըլլալ։ Միշտ փաստուած է որ Սատանան ստախօս մըն է, իսկ աստուածային ուսուցումը անվրէպօրէն ճշմարիտ եղած է։ (Հռովմայեցիս 3։4) Եթէ Աստուծոյ Խօսքին կառչինք, ճշմարտութեան եւ ստութիւններուն միջեւ եղած պայքարին մէջ միշտ յաղթող կողմը պիտի ըլլանք։ (Բ. Կորնթացիս 10։4, 5) Հետեւաբար, վճռենք դեւերու բոլոր ուսմունքները մերժել։ Այդ կերպով պիտի տոկանք մինչեւ այն ժամանակը, երբ ճշմարտութեան եւ ստութեան միջեւ պատերազմը վերջ գտնէ։ Ճշմարտութիւնը յաղթած պիտի ըլլայ։ Սատանան մէջտեղէն վերցուած պիտի ըլլայ եւ միայն աստուածային ուսուցումը պիտի լսուի երկրի վրայ։—Եսայեայ 11։9
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Առաջին անգամ դիւային ուսմունքները ե՞րբ լսուեցան։
◻ Սատանային ու իր դեւերուն յառաջ մղած կարգ մը ստութիւնները ի՞նչ են։
◻ Ի՞նչ կերպերով Սատանան չափազանց գործունեայ է այսօր։
◻ Սատանան ի՞նչ կը գործածէ դեւերու ուսմունքները յառաջ մղելու համար։
◻ Ի՞նչ օրհնութիւններ կը պատկանին անոնց որոնք աստուածային ուսուցումին կը կառչին։
[Նկար՝ էջ 10]
Առաջին անգամ դիւային ուսուցումը լսուեցաւ Եդեմի պարտէզին մէջ
[Նկար՝ էջ 12]
Փրկանքի եւ Թագաւորութեան մասին Աստուածային
ուսուցումը մարդկութեան միակ յոյսն է