Ո՞ւր կրնաք վստահելի առաջնորդութիւն գտնել
«ԳԻՏԵՄ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ։ Ո՛վ Տէր, զիս խրատէ»։—Երեմեայ 10։23, 24
Աստուածաշունչի գրող Երեմիա այս խօսքերը գրի առաւ շուրջ 25 դարեր առաջ։ Հազարամեակներէ ի վեր մարդկային առաջնորդութեամբ ընթացող մարդկութեան ողբալի վիճակը անժխտելիօրէն կը փաստէ այս խօսքին ճշմարիտ ըլլալը։ Բայց դուք կրնաք հարց տալ. ‘Ո՞ւր կրնանք վստահելի առաջնորդութիւն գտնել’։
Վերոյիշեալ համարը մարդէն գերիվեր եղող վստահելի առաջնորդութեան եւ ուղղութեան աղբիւրի մը կը մատնանշէ. մարդուն Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ։ Վստահաբար ոչ մէկ անհատ մեր Ստեղծիչէն աւելի լաւ գիտէ մարդուն կազմուածքը եւ կարիքները։ Այսուհանդերձ, Աստուած մեզի այսպիսի առաջնորդութիւն եւ ուղղութիւն տալով հետաքրքրուա՞ծ է։ Եթէ այո, ան ինչպէ՞ս կ’ընէ զայն։ Ատիկա գործնակա՞ն է մեր օրերուն։
Ծրագրուած՝ Աստուածային Առաջնորդութիւն Ստանալու Համար
Բոլորս ալ գիտենք որ մարդը անասուններէն զատորոշող գլխաւոր տարբերութիւնը մարդկային ուղեղի կառոյցին, կարողութեան եւ անոր գործառնութիւններուն մէջ կը կայանայ։ Անասուններուն մէջ, ուղեղային գրեթէ բոլոր գործառնութիւնները յայտագրուած են ինչ որ կոչուած է բնազդական իմաստութիւն։ Մարդոց պարագան նոյնը չէ։—Առակաց 30։24–28
Անասուններուն ուղեղին հակառակը, մարդկային ուղեղին մեծ մասը նախածրագրուած յայտագիրներէ զերծ է։ Աստուած մարդիկը օժտած է ազատ կամքի կարողութիւնով, կարելի դարձնելով որ անոնք խելացի որոշումներ տան եւ գերակայ յատկութիւններ ցուցաբերեն, ինչպէս առատաձեռնութիւն, անձնուրացութիւն, արդարութիւն եւ իմաստութիւն։
Տրամաբանակա՞ն է խորհիլ որ Աստուած մարդը ստեղծած ըլլար մտային այսպիսի կարողութեամբ, առանց անոր որոշ առաջնորդութիւն մը տալու թէ ան ի՛նչպէս կրնայ լաւագոյն կերպով գործածել զայն։ Մարդկային առաջին զոյգը ուղղակիօրէն Աստուծոյ կողմէ առաջնորդուած էր։ (Ծննդոց 2։15–17, 19. 3։8, 9) Մարդը մեղքի մէջ իյնալէ ետք իսկ, Եհովա շարունակեց հաւատարիմ այրեր ու կիներ առաջնորդել, մասնաւորաբար իր ներշնչեալ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ միջոցաւ։ (Սաղմոս 119։105) Ասիկա թոյլ տուաւ մարդոց որ յաջողութեամբ դիմագրաւեն կեանքի առօրեայ խնդիրները, իրենց ազատ կամքը իմաստուն կերպով գործածելով։
Աստուած Է Աստուածաշունչի Հեղինակը
Ի՞նչ բան Աստուածաշունչը առաջնորդութեան վստահելի աղբիւր մը կը դարձնէ։ Նախ, անիկա այնպիսի տեղեկութիւններ կը մատուցանէ, զորս միայն Ստեղծիչը կրնար հայթայթել։ Անիկա իրադարձութիւններու պատմականը կ’ընէ, որոնք մարդկային կեանքը գոյութիւն ունենալէն շա՜տ առաջ տեղի ունեցած են։ Օրինակի համար, անիկա կը պատմէ թէ երկիրը ի՛նչպէս աստիճանաբար պատրաստուեցաւ մինչեւ որ անիկա մարդկային կեանք ընդունելու յարմար ըլլայ։ (Ծննդոց գլուխ 1 եւ 2։) Թէեւ ասիկա Աստուածաշունչին մէջ աւելի քան 3,000 տարիներ առաջ արձանագրուած էր, սակայն գիտական արդի ըմբռնումներուն հետ ներդաշնակ է։
Ընդհանուր մարդկութիւնը երկրին կլոր ըլլալը ընդունելէն շատ առաջ, Աստուածաշունչը կ’ըսէր. «[Աստուած] հիւսիսը պարապ տեղին վրայ կը տարածէ ու երկիրը ոչնչին վրայ կը կախէ»։ (Յոբ 26։7) Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կը յայտնէ որ «Ինքն է երկրի շրջանակին վրայ նստողը ու անոր բնակիչները մարախներու պէս են»։ (Եսայեայ 40։22) Միայն Աստուած, Ստեղծիչը, կրնար այսպիսի մանրամասնութիւններ հայթայթած ըլլալ։
Մարդը չէ պարգեւատրուած ապագան նախատեսելու կարողութիւնով։ Սակայն, Աստուածաշունչի էջերուն մէջ, Աստուած կը գուշակէ ապագան։ Ան Եսայի մարգարէն ներշնչեց, որ Իր մասին գրէ. «Ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծմէ ուրիշը՝ չկայ. Ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծի պէս մէ՛կը չկայ, որ վերջինը՝ սկիզբէն ու դեռ չեղածը առաջուընէ պատմեցի»։—Եսայեայ 46։9, 10
Աստուածաշունչը ցոյց տուած է, որ կրնայ ապշեցուցիչ ճշգրտութեամբ վերջինը առաջուընէ ըսել։ Օրինակի համար, անիկա մարդկային պատմութեան հազարամեակներու ընթացքին աշխարհակալ գլխաւոր ուժերուն բարձրացումը, անկումը եւ յատկանիշները նախագուշակեց։ Այս յատկանշական մարգարէութիւնները իրենց կատարումէն դարեր առաջ գրուած էին, իսկ կարգ մը պարագաներուն՝ հազարաւոր տարիներ առաջ։ Այս կերպով, Աստուածաշունչը ճշգրտօրէն կը նախագուշակէ արդի անցուդարձերը, ինչպէս նաեւ անոնց վախճանը։ Աստուածաշունչը ուրիշ կերպով մըն ալ անզուգական է, քանի որ ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կարելի է վերապրիլ մարդակերտ անկատար կառավարութիւններու կործանումէն որ տեղի պիտի ունենայ Արմագեդոնին՝ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին»։—Յայտնութիւն 16։14, 16. 17։9–18. Դանիէլ գլուխ 2 եւ 8։
Միշտ Օգտակար Է, Ոչ՝ Վնասակար
Զուտ մարդկային իմաստութիւնը անկատար է. հետեւաբար, մարդկային խրատը միշտ օգտակար չէ, նոյնիսկ երբ լաւ միտումով տրուի։ Չենք կրնար նոյնը ըսել Աստուածաշունչի խրատին մասին։ Աստուած անձամբ կ’ըսէ. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ։ Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար»։—Եսայեայ 48։17, 18
Աստուածային առաջնորդութիւնը կ’օգնէ մեզի որ կեանքի մէջ աւելի բարձր արժէքներու նախապատուութիւն տանք։ Մինչ արդի ընկերութիւնը նիւթական իրագործումներու եւ նպատակակէտերու վրայ շեշտ կը դնէ, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ մեզի համար որքան օգտակար է «երեւցած բաներուն [չնայիլ], հապա չերեւցածներուն. քանզի երեւցած բաները ժամանակաւոր են, բայց չերեւցածները՝ յաւիտենական»։ (Բ. Կորնթացիս 4։18) Այս կերպով քաջալերութիւն կը ստանանք մեր կեանքին մէջ վեհ նպատակակէտեր, այսինքն, Աստուծոյ կամքը կատարելու կապակցաբար հոգեւոր նպատակակէտեր ունենալու, վերջնագոյն նպատակակէտը ըլլալով՝ արդար նոր դրութեան մէջ յաւիտենական կեանք։
Մինչ Քրիստոնեան ջանք կը թափէ այս վեհ նպատակակէտերը հետապնդելու մէջ, Աստուածաշունչի խրատը կ’օգնէ իրեն որ այս ամբարիշտ դրութեան մէջ կարելի եղածին չափ լաւորակ կեանք մը վարէ։ Մարդկային արդի իմաստութիւնը քիչ աշխատելու եւ շատ շահելու փիլիսոփայութիւնը կը քաջալերէ։ Իսկ Աստուածաշունչը, իր կարգին, մեզի կ’ըսէ որ «ծոյլ ձեռքով բանողը աղքատ կ’ըլլայ, բայց ժիր մարդոց ձեռքը հարստութիւն կը բերէ»։ Պօղոս առաքեալ Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն գրեց. «Մենք համոզուած ենք թէ մաքուր խիղճ ունինք եւ ամէն բանի մէջ կ’ուզենք աղէկ վարմունք ունենալ»։—Առակաց 10։4. Եբրայեցիս 13։18
Աստուածաշունչը ընտանեկան կարգադրութեան շուրջ ալ գործնական խրատներ կու տայ։ Անիկա ամուսնական կարգադրութեան մէջ կը մասնաւորէ թէ՛ ամուսինին եւ թէ կնկան դերը, ինչպէս նաեւ՝ զաւակներ մեծցնելու եւ զանոնք դաստիարակելու շիտակ կերպը։ Անիկա կ’ըսէ. «Այրերը իրենց կիները [պէտք է] սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ ... Կինը իր այրէն [պէտք է] ակնածի։ Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք ...։ Դո՛ւք, հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։—Եփեսացիս 5։21–6։4
Ապահով Ապագայ մը՝ Աստուծոյ Առաջնորդութեան Հետեւողներուն Համար
Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը ցոյց կու տայ թէ մարդկութեան բոլոր խնդիրներուն համար Աստուած ի՛նչ լուծում ունի։ Շատ շուտով, Եհովա Աստուած մէջտեղէն պիտի վերցնէ իրերու ներկայ դրութիւնը, անոր բոլոր ցաւով, անարդարութիւնով եւ տառապանքով, զայն փոխարինելով իր արդար նոր դրութիւնով։ Աստուածաշունչը ասիկա կը նկարագրէ Բ. Պետրոս 3։7–10–ին մէջ, իսկ 13–րդ համարը կ’ըսէ. «Իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։ Ասիկա լաւագոյն բարի լուրն է, որ կրնայ տրուիլ մարդկային ընտանիքին։ Ճիշդ այս պատգամն է զոր Աստուածաշունչը կը ներկայացնէ եւ զոր Եհովայի Վկաները կը քարոզեն աւելի քան 200 երկիրներու եւ կղզիներու մէջ։
Երբ Աստուծոյ կամքը ի գործ դրուի ամբողջ երկրին վրայ, ամբողջ մարդկային ընտանիքը պիտի օգտուի իր Ստեղծիչին՝ Եհովայի՝ հոյակապ առաջնորդութեան հետեւելով։ Այլեւս աղքատութեան, ոճիրի եւ թմրեցուցիչի խնդիրներ գոյութիւն պիտի չունենան։ Այլեւս մարդկութիւնը հիւանդութեամբ, ծերութեամբ եւ մահով պիտի չտանջուի։ Մարդկային ընտանիքը պիտի բարձրացուի ա՛յն կատարելութեան զոր մեր առաջին ծնողները ունէին Աստուծոյ առաջնորդութեան դէմ ըմբոստանալէ առաջ։
Աստուածաշունչի վերջին գիրքը որքա՜ն լաւ կերպով կ’ամփոփէ իրենց վստահութիւնը աստուածային առաջնորդութեան վրայ դնող անհատներուն ունենալիք ուրախ վիճակը։ Յայտնութիւն 21։4, 5–ը կ’ըսէ. «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասնզի առաջուան բաները անցան»։ Մեր Ստեղծիչը կ’երաշխաւորէ ասիկա, ըսելով. «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ»։ Ան կ’աւելցնէ. «Այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են»։
Եթէ կ’ուզենք այս օրհնութիւնները ստանալ, Աստուած ի՞նչ կ’ակնկալէ մեզմէ։ Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ որ Աստուծոյ կամքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4) Եհովայի Վկաները սրտագին կը հրաւիրեն ձեզ այդ ճշգրիտ գիտութիւնը ստանալու, Աստուածաշունչի խոր ուսումնասիրութեան մը շնորհիւ։ Աստուածային կամքը ջանադրութեամբ սորվելով, դուք ալ կրնաք փորձառաբար տեսնել որ աստուածային իմաստութիւնը միակ վստահելի առաջնորդութիւնն է այս վտանգաւոր ժամանակներուն։ Ստիպողական ժամանակներու մէջ ըլլալով, որեւէ ատենէ աւելի պայման է անոր հետեւիլ։