Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 8/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Շարունակէ համբերող ըլլալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Եհովային եւ Յիսուսին համբերութենէն սորվինք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Եհովայի համբերութիւնը ընդօրինակէ՛
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Երկայնմտութիւն. յոյս ունենալով տոկալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 8/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Սեպտեմբեր 1—Անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ։—Ա. Տիմոթէոս 6։9, Դիտ. 11/1/93 1, 2

Սեպտեմբեր 2—Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք, արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ։—Եփեսացիս 4։26, Դիտ. 11/1/93 7, 8գ

Սեպտեմբեր 3—Ես քու խօսքդ անոնց տուի ու աշխարհ զանոնք ատեց, վասնզի աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ։—Յովհաննու 17։14, Դիտ. 10/1/93 1, 2

Սեպտեմբեր 4—[Եհովա] ամենամեծ ու պատուական խոստումներ [տուաւ] մեզի։—Բ. Պետրոս 1։4, Դիտ. 10/1/93 1–3բ

Սեպտեմբեր 5—Անոնք այն քաղաքին մէջ աւետարանը քարոզելով ու շատերը աշակերտ ընելով՝ Լիւստրա եւ Իկոնիոն եւ Անտիոք դարձան, աշակերտներուն սրտերը հաստատելով եւ յորդորելով, որ հաստատ մնան հաւատքի մէջ եւ կ’ըսէին թէ՝ «Շատ նեղութիւն կրելով կրնաք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել»։—Գործք 14։21, 22, Դիտ. 12/1/92 19

Սեպտեմբեր 6—Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ, քանզի դուն ես իմ Աստուածս։ Թող քու բարի հոգիդ զիս ուղիղ երկիրը առաջնորդէ։—Սաղմոս 143։10, Դիտ. 12/1/92 8գ

Սեպտեմբեր 7—Վաթսունըերկու եօթնեակէն ետքը [որոնք եօթը եօթնեակին հետեւեցան] Օծուածը պիտի կտրուի, բայց ոչ իրեն համար։ Եկող իշխանին ժողովուրդը քաղաքն ու սրբարանը պիտի կործանէ։—Դանիէլ 9։26, Դիտ. 1/1/93 17, 18

Սեպտեմբեր 8—Ուստի ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. ... ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է։—Կողոսացիս 3։5, Դիտ. 11/1/93 3, 4

Սեպտեմբեր 9—Եւոդիային կ’աղաչեմ ու Սիւնտիքին կ’աղաչեմ, որ միեւնոյն խորհուրդը ունենան Տէրոջմով։—Փիլիպպեցիս 4։2, Դիտ. 11/1/93 11գ

Սեպտեմբեր 10—Բոլոր ջանքերնիդ դրած՝ ձեր հաւատքին վրայ առաքինութիւն աւելցուցէք։—Բ. Պետրոս 1։5, Դիտ. 10/1/93 4–6բ

Սեպտեմբեր 11—Ցիրուցան եղածները կը պտըտէին ու խօսքը կը քարոզէին։—Գործք 8։4, Դիտ. 10/1/93 17–19

Սեպտեմբեր 12—Ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք. եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ՝ անիկա կատարեալ մարդ է, որ կարող է բոլոր մարմինն ալ սանձել։—Յակոբու 3։2, Դիտ. 1/1/93 7գ

Սեպտեմբեր 13—Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան։—Բ. Տիմոթէոս 1։7, Դիտ. 2/1/93 12ա

Սեպտեմբեր 14—Ուրեմն Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէսզի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ։ Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասնզի անիկա ձեզի համար կը հոգայ։—Ա. Պետրոս 5։6, 7, Դիտ. 3/1/93 17, 18ա

Սեպտեմբեր 15—Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու, քանզի բարկութիւնը յիմարներուն ծոցին մէջ կը հանգչի։—Ժողովողի 7։9, Դիտ. 11/1/93 12, 13գ

Սեպտեմբեր 16—Չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Մի՛ խաբուիք։ Ո՛չ ... գողերը, ո՛չ ագահները, ... Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն։—Ա. Կորնթացիս 6։9, 10, Դիտ. 11/1/93 5–7

Սեպտեմբեր 17—Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի։—Յովհաննու 16։33, Դիտ. 10/1/93 19, 20ա

Սեպտեմբեր 18—Բոլոր ջանքերնիդ դրած՝ ձեր հաւատքին վրայ առաքինութիւն աւելցուցէք ու առաքինութեան վրայ՝ գիտութիւն եւ գիտութեան վրայ՝ ժուժկալութիւն ու ժուժկալութեան վրայ՝ համբերութիւն։—Բ. Պետրոս 1։5, 6, Դիտ. 10/1/93 4, 7, 8բ

Սեպտեմբեր 19—«Բոլոր տասանորդները գանձատունը բերէք, որպէսզի իմ տանս մէջ պաշար ըլլայ ...», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը [Եհովա]։—Մաղաքեայ 3։10, Դիտ. 4/1/93 10, 16, 17ա

Սեպտեմբեր 20—Դուն, ո՛վ Տէր [Եհովա], գթած ու ողորմած Աստուած ես, երկայնամիտ ու ողորմութիւնով եւ ճշմարտութիւնով լեցուն ես։—Սաղմոս 86։15, Դիտ. 2/1/93 13գ

Սեպտեմբեր 21—Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ սուրբ հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու զոր իր արիւնովը ստացաւ։—Գործք 20։28, Դիտ. 3/1/93 10, 11դ

Սեպտեմբեր 22—Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք ...։ Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք։ Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք։—Հռովմայեցիս 12։17–19, Դիտ. 11/1/93 15գ

Սեպտեմբեր 23—Ետիս գնա՛, Սա՛տանայ, ինծի գայթակղութիւն ես դուն. վասնզի Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները։—Մատթէոս 16։23, Դիտ. 9/1/93 2–4

Սեպտեմբեր 24—Ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է։—Ա. Յովհաննու 2։16, Դիտ. 11/1/93 8, 9

Սեպտեմբեր 25—Քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն։—Գաղատացիս 6։10, Դիտ. 10/1/93 17, 18ա

Սեպտեմբեր 26—Թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք։—Ա. Կորնթացիս 10։31, Դիտ. 4/1/93 20, 21դ

Սեպտեմբեր 27—Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասնզի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան։—Եբրայեցիս 13։17, Դիտ. 5/1/93 7–9ա

Սեպտեմբեր 28—Եթէ մէկը անոնց բռնութիւն ընէ, երկուքը կրնան անոր դէմ դնել։ Երեքպատիկ դերձանը դիւրաւ չի կտրուիր։—Ժողովողի 4։12, Դիտ. 5/1/93 19, 22գ

Սեպտեմբեր 29—Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ։—Ղուկաս 12։15, Դիտ. 11/1/93 10, 11

Սեպտեմբեր 30—Ձեր հաւատքին վրայ առաքինութիւն աւելցուցէք։—Բ. Պետրոս 1։5, Դիտ. 10/1/93 1–3գ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել