Յոբ համբերեց, մենք ալ կրնանք համբերել
«Ահա համբերողներուն երանի՜ կու տանք»։—ՅԱԿՈԲՈՒ 5։11
1. Տարեց Քրիստոնեայ մը ի՞նչ ըսաւ իր փորձութիւններուն մասին։
ԲԱՆՍԱՐԿՈՒՆ կը հետապնդէ զիս։ Ճիշդ Յոբին պէս կը զգամ ’։ Այս խօսքերով է որ Աղեքսանդր Հ. Մէգմիլըն իր զգացումները արտայայտեց Եհովայի Վկաներու կեդրոնատեղիին մէջ մտերիմ բարեկամի մը։ Եղբայր Մէգմիլըն իր երկրային ընթացքը աւարտեց 89 տարեկանին, Օգոստոս 26, 1966–ին։ Ան գիտէր թէ իրեն նման օծեալ Քրիստոնեաներու հաւատարիմ ծառայութեան վարկը ‘իրենց ետեւէն պիտի երթար’։ (Յայտնութիւն 14։13) Արդարեւ, անոնք առանց ընդմիջումի կը շարունակեն Եհովայի ծառայութիւն մատուցանել երկնքի մէջ անմահ կեանքի մը յարուցանուելով։ Եղբայր Մէգմիլընի բարեկամները ուրախացան որ ան այդ վարձատրութիւնը ստացաւ։ Սակայն, երկրի վրայ իր վերջին տարիներուն, ան բազմաթիւ փորձութիւններ ունեցաւ, մէջը ըլլալով՝ առողջութեան խնդիրները որոնք իրեն շատ լաւ գիտակցիլ տուած էին Աստուծոյ հանդէպ իր ուղղամտութիւնը բեկանելու համար Սատանայի յարձակումները։
2, 3. Ո՞վ էր Յոբ։
2 Երբ կ’ըսէր որ ճիշդ Յոբին պէս կը զգար, Եղբայր Մէգմիլըն կ’ակնարկէր մարդու մը որ հաւատքի մեծ փորձերու համբերած էր։ Յոբ կ’ապրէր «Հուս երկրին մէջ», հաւանաբար հիւսիսային Արաբիոյ մէջ։ Նոյի Սէմ որդւոյն սերունդէն ըլլալով, ան Եհովան կը պաշտէր։ Յոբի փորձերը, ըստ երեւոյթին, տեղի ունեցան Յովսէփի մահուան եւ այն ժամանակին միջեւ, երբ Մովսէս իր ուղղամտութիւնը փաստեց։ Այդ ժամանակամիջոցին, երկրի վրայ Յոբին նման բարեպաշտ մէկը չկար։ Եհովա Յոբը կը նկատէր որպէս կատարեալ, արդար, աստուածավախ մարդ մը։—Յոբ 1։1, 8
3 «Բոլոր արեւելքցիներէն մեծ» ըլլալով, Յոբ շատ ծառաներ ունէր եւ իր ստացուածքը 11,500–ի կը հասնէր։ Սակայն, իրեն համար, հոգեւոր հարստութիւնները շատ աւելի կարեւոր էին։ Ներկայ բարեպաշտ հայրերուն նման, Յոբ շատ հաւանաբար իր եօթը տղոց եւ երեք աղջիկներուն Եհովայի մասին կը սորվեցնէր։ Նոյնիսկ երբ անոնք այլեւս իր յարկին տակ չէին ապրեր, ան կը գործէր որպէս ընտանեկան քահանայ, անոնց ի նպաստ զոհեր մատուցանելով, այն պարագային թէ մի գուցէ մեղանչած ըլլային։—Յոբ 1։2–5
4. (ա) Հալածուած Քրիստոնեաները ինչո՞ւ նկատի պէտք է առնեն Յոբը։ (բ) Յոբի մասին ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
4 Հալածուած Քրիստոնեաներուն համար, Յոբը նկատի առնուելիք մէկն է, որպէսզի համբերութեամբ տոկալու մէջ ամրանան։ «Ահա», գրեց Յակոբոս աշակերտ, «համբերողներուն երանի՜ կու տանք։ Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք, որ Տէրը բազմագութ ու ողորմած է»։ (Յակոբու 5։11) Յոբին նման, Յիսուսի օծեալ հետեւորդները եւ այժմու «մեծ բազմութիւն»ը համբերութեան կարիքը ունին հաւատքի փորձերուն հետ գլուխ ելլելու համար։ (Յայտնութիւն 7։1–9) Ուստի, Յոբ ի՞նչպիսի փորձութիւններու համբերեց։ Անոնք ինչո՞ւ պատահեցան։ Իսկ ինչպէ՞ս կրնանք իր փորձառութիւններէն օգուտ քաղել։
Տաք Հարց մը
5. Երկնքի մէջ ի՞նչ տեղի կ’ունենար, որմէ Յոբ անտեղեակ էր։
5 Երկնքի մէջ մեծ հարց մը ծագելու վրայ էր, որմէ Յոբ անտեղեակ էր։ Օր մը, «Աստուծոյ որդիները գացին Տէրոջը առջեւ կայնելու»։ (Յոբ 1։6) Աստուծոյ միածին Որդին՝ Բանը՝ ներկայ էր։ (Յովհաննու 1։1–3) Ներկայ էին նաեւ արդար հրեշտակները եւ Աստուծոյ անհնազանդ հրեշտակային «որդիները»։ (Ծննդոց 6։1–3) Սատանան հոն էր, քանի որ երկնքէն իր դուրս ձգուիլը 1914–ին՝ Թագաւորութիւնը հաստատուելէ ետք՝ տեղի պիտի ունենար։ (Յայտնութիւն 12։1–12) Յոբի օրերուն, Սատանան տաք հարց մը մէջտեղ պիտի բերէր։ Ան Եհովայի բոլոր արարածներուն վրայ Իր գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալը հարցի տակ դնելու վրայ էր։
6. Սատանան ի՞նչ կը ջանար ընել, եւ ան ինչպէ՞ս զրպարտեց Եհովան։
6 «Ուրկէ՞ կու գաս», հարցուց Եհովա։ Սատանան պատասխանեց. «Երկրի վրայ շրջելէն ու անոր վրայ պտըտելէն»։ (Յոբ 1։7) Ան մէկը փնտռած էր, որ կլլէր։ (Ա. Պետրոս 5։8, 9) Եհովայի ծառայող անհատներուն ուղղամտութիւնը բեկանելով, Սատանան կը ջանար փաստել թէ ոչ ոք սէրէ մղուած լիովին պիտի հնազանդէր Աստուծոյ։ Հարցը ձեռք առնելով, Եհովա Սատանային հարցուց. «Իմ Յոբ ծառայիս աղէկ ուշադրութիւն ըրի՞ր։ Երկրի վրայ անոր պէս կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ չկայ»։ (Յոբ 1։8) Յոբ աստուածային չափանիշներուն գոհացում կու տար, որոնք իր անկատարութիւնները նկատի կ’առնէին։ (Սաղմոս 103։10–14) Բայց Սատանան պատասխանեց. «Միթէ Յոբ ձրի՞ Աստուած կը պաշտէ։ Չէ՞ որ դուն անոր ու անոր տանը եւ անոր ամէն ունեցածներուն շուրջը ցանկով պատեցիր, անոր ձեռքերուն գործերը օրհնեցիր ու անոր ստացուածքը երկրի վրայ շատցաւ»։ (Յոբ 1։9, 10) Այս խօսքերով, Բանսարկուն զրպարտեց Եհովան ըսել ուզելով թէ ոչ մէկը Աստուած կը սիրէ ու կը պաշտէ Իր դիրքին եւ յատկութիւններուն հանդէպ գնահատանքէ մղուած, այլ թէ Ան իր արարածները կը կաշառէ, որ Իրեն ծառայեն։ Սատանան պնդեց որ Յոբ Աստուծոյ կը ծառայէր անձնասիրական շահերէ մղուած եւ ոչ թէ սէրէ։
Սատանան կը Յարձակի
7. Բանսարկուն ի՞նչ կերպով ասպարէզ կարդաց Աստուծոյ, եւ Եհովա ինչպէ՞ս ընդառաջեց։
7 Սատանան ըսաւ. «Հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ամէն ունեցածին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։ Աստուած ինչպէ՞ս պիտի ընդառաջէր այսպիսի նախատական մարտահրաւէրի մը։ «Ահա», ըսաւ Եհովա, «անոր ամէն ունեցածը քու ձեռքդ կու տամ. միայն թէ իրեն վրայ ձեռք չերկնցնես»։ Բանսարկուն ըսած էր որ Յոբի ամբողջ ստացուածքը օրհնուած, շատցած եւ որպէս թէ ցանկով մը պատուած էր։ Աստուած թոյլ պիտի տար որ Յոբ տառապէր, թէեւ անոր մարմնին վնաս պիտի չհասցուէր։ Չարութիւն ընելու հակամէտ ըլլալով, Սատանան մեկնեցաւ համաժողովէն։—Յոբ 1։11, 12
8. (ա) Յոբ նիւթական ի՞նչ կորուստ ունեցաւ։ (բ) «Աստուծոյ կրակ»ին մասին ճշմարտութիւնը ի՞նչ էր։
8 Սատանայական յարձակումը շուտով սկսաւ։ Յոբի ծառաներէն մէկը իրեն հետեւեալ գուժը տալու եկաւ. «Երբ եզները կը հերկէին ու մատակ էշերը անոնց քով կ’արածուէին, Սեբայեցիները յարձակեցան ու զանոնք առին ու ծառաները սուրի բերնէ անցուցին»։ (Յոբ 1։13–15) Յոբի ստացուածքին շուրջէն պահպանիչ ցանկը վերցուած էր։ Գրեթէ անմիջապէս, դիւային զօրութիւնը գործի լծուած էր, քանի որ ուրիշ ծառայ մը տեղեկագրելու եկաւ. «Երկնքէն Աստուծոյ կրակը իջաւ ու հօտերը եւ ծառաները այրեց ու զանոնք սպառեց»։ (Յոբ 1։16) Որքա՜ն սատանայական էր այնպէս երեւցնել թէ Աստուած պատասխանատու էր այսպիսի աղէտի որ կու գար նոյնիսկ իր ծառային վրայ։ Քանի որ շանթը երկնքէն կու գայ, Եհովան կրնար շատ դիւրութեամբ այպանուիլ, բայց իրականութեան մէջ, կրակը դիւային աղբիւրէ էր։
9. Տնտեսական փլուզումը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Աստուծոյ հետ Յոբի յարաբերութեան վրայ։
9 Մինչ Սատանան իր յարձակումը կը շարունակէր, ուրիշ ծառայ մը տեղեկագրեց որ Քաղդէացիները Յոբի ուղտերը առած ու մնացեալ բոլոր ծառաները սպաննած էին։ (Յոբ 1։17) Թէեւ Յոբ այսպիսով տնտեսական փլուզումի ենթարկուած էր, սակայն ասիկա Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնը չքանդեց։ Դուք պիտի կարենայի՞ք նիւթական մեծ կորուստի համբերել առանց բեկանելու Եհովայի հանդէպ ձեր ուղղամտութիւնը։
Աւելի Մեծ Ողբերգութիւն մը կը Հարուածէ
10, 11. (ա) Յոբի տասը զաւակներուն ի՞նչ պատահեցաւ։ (բ) Իր զաւակներուն եղերական մահէն ետք, Յոբ ինչպէ՞ս կը նկատէր Եհովան։
10 Բանսարկուն Յոբին հետ չէր վերջացած։ Ուրիշ ծառայ մըն ալ տեղեկագրեց. «Երբ տղաքդ ու աղջիկներդ իրենց մեծ եղբօրը տանը մէջ կ’ուտէին ու գինի կը խմէին, ահա անապատէն մեծ հով մը եկաւ ու այնպէս զարկաւ տանը, որ անոնց վրայ փլաւ ու անոնք մեռան։ Միայն ե՛ս ազատեցայ ու եկայ, որպէսզի քեզի պատմեմ»։ (Յոբ 1։18, 19) Տեղեկութիւն չունեցող մը կրնար ըսել թէ այդ հովէն պատճառուած աւերումը ‘Աստուծոյ մէկ արարք’ն էր։ Սակայն, դիւային զօրութիւնը Յոբին մասնաւորաբար զգայուն մասին դպած էր։
11 Վշտահար Յոբ «իր պատմուճանը պատռեց եւ գլխուն մազերը կտրեց ու գետինը իյնալով երկրպագութիւն ըրաւ»։ Սակայն, նկատեցէք իր խօսքերը. «Տէրը տուաւ ու Տէրը առաւ, օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը»։ Պատմութիւնը կ’աւելցնէ. «Այս ամենուն մէջ Յոբ չմեղանչեց ու Աստուծոյ դէմ անզգամութիւն չըրաւ»։ (Յոբ 1։20–22) Սատանան անգամ մը եւս պարտութիւն կրած էր։ Իսկ մենք՝ Աստուծոյ ծառաներս՝ ինչպէ՞ս պիտի հակազդէինք, եթէ սուգ կամ վիշտ ունենայինք։ Եհովայի հանդէպ մեր անձնուրաց նուիրումը եւ իր վրայ մեր վստահութիւնը կրնան օգնել մեզի որ, Յոբին նման, համբերենք որպէս ուղղամիտ անհատներ։ Օծեալները եւ երկրային յոյս ունեցող անոնց ընկերակիցները կրնան վստահաբար կազդուրուիլ եւ ամրանալ Յոբի համբերութեան այս պատմութենէն։
Հարցը Աւելի կը Տաքնայ
12, 13. Երկնքի մէջ ուրիշ համաժողովի մը ընթացքին, Սատանան ի՞նչ պահանջեց, եւ Աստուած ինչպէ՞ս հակազդեց։
12 Եհովա շուտով երկնային ատեանին մէջ ուրիշ համաժողով մը գումարեց։ Յոբ անզաւակ, աղքատ մէկը դարձած էր, ըստ երեւոյթին, ան Աստուծոյ կողմէ հարուածուած էր, բայց իր ուղղամտութիւնը անշեղ էր։ Անշուշտ, Սատանան պիտի չընդունէր որ Աստուծոյ ու Յոբին դէմ իր ամբաստանութիւնները սուտ էին։ Արդ, «Աստուծոյ որդիները» լսելու վրայ էին առարկութիւններ եւ հերքումներ, մինչ Եհովա այնպէս մը կ’ընէր որ Բանսարկուն մէջտեղ բերէ ծագած հարցը։
13 Սատանան հաշւի կանչելով, Եհովա հարցուց. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Պատասխանը ի՞նչ եղաւ։ «Երկրի վրայ շրջելէն ու անոր մէջ պտըտելէն»։ Եհովա դարձեալ ուշադրութիւն հրաւիրեց իր կատարեալ, արդար, աստուածավախ ծառային վրայ, որ տակաւին իր ուղղամտութեան կը կառչէր։ Բանսարկուն պատասխանեց. «Մորթի տեղ՝ մորթ, նաեւ մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ։ Բայց հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ոսկորին ու մարմնին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։ Ուստի Աստուած ըսաւ. «Ահա զանիկա քու ձեռքդ կու տամ. միայն թէ անոր կեանքը պահէ»։ (Յոբ 2։2–6) Անուղղակիօրէն ըսելով թէ Եհովա տակաւին Յոբին շուրջէն ամբողջովին չէր վերցուցած պահպանիչ ցանկը, Սատանան կը պահանջէր անոր ոսկորին ու մարմնին դպչիլ։ Բանսարկուն Յոբը սպաննելու արտօնութիւն չստացաւ. բայց ան գիտէր որ ֆիզիքական հիւանդութիւնը ցաւ պիտի պատճառէր Յոբին եւ այդ տպաւորութիւնը պիտի տար թէ Աստուած կը պատժէր զինք գաղտնի մեղքերու համար։
14. Սատանան ի՞նչ բանով հարուածեց Յոբը, եւ ինչո՞ւ ոչ մէկ անհատ կրնար տառապեալը ամոքել։
14 Այդ համաժողովէն դուրս ելլելով, Սատանան ճիւաղային հաճոյքով գործի լծուեցաւ։ Ան «Յոբը ոտքին թաթէն մինչեւ գագաթը՝ գէշ պալարներով զարկաւ»։ Ի՜նչ թշուառութեան կը համբերէր Յոբ, երբ մոխիրի մէջ նստած, խեցիի կտորով մը ինքզինք կը քերէր։ (Յոբ 2։7, 8) Ոչ մէկ մարդկային բժիշկ կրցած պիտի ըլլար այս ահռելի, ցաւոտ, զզուելի եւ նուաստացուցիչ նեղութենէն ամոքել զինք, քանի որ անիկա սատանայական զօրութիւնով պատճառուած էր։ Միմիայն Եհովան կրնար Յոբը բուժել։ Եթէ դուք հիւանդութեան մէջ եղող Աստուծոյ ծառայ մըն էք, բնաւ մի՛ մոռնաք որ Աստուած կրնայ օգնել ձեզի որ համբերէք, նաեւ կրնայ հիւանդութենէ զերծ նոր աշխարհի մը մէջ կեանք տալ ձեզի։—Սաղմոս 41։1–3. Եսայեայ 33։24
15. Յոբի կինը ի՞նչ ընելու մղեց զինք, եւ Յոբ ինչպէ՞ս հակազդեց։
15 Վերջապէս, Յոբի կինը ըսաւ. «Դուն տակաւին քու կատարելութեանդ [ուղղամտութեանդ (ՆԱ)] մէջ հաստատ կը կենա՞ս. Աստուծոյ հայհոյէ ու մեռիր»։ «Ուղղամտութիւն» բառը կը նշանակէ անմեղադրելի նուիրում. Յոբին կինը թերեւս հեգնական կերպով խօսեցաւ, որպէսզի մղէր Յոբը որ Աստուծոյ հայհոյէր։ Բայց ան պատասխանեց. «Դուն անզգամ կնոջ մը պէս կը խօսիս։ Աստուծոյ ձեռքէն միայն բարի՞ք ընդունինք ու չարիք չընդունի՞նք»։ Սատանայի նոյնիսկ այս հնարքը իր նպատակին չհասաւ, քանի որ մեզի կ’ըսուի. «Այս ամենուն մէջ Յոբ իր շրթունքներովը չմեղանչեց»։ (Յոբ 2։9, 10) Ենթադրենք որ ճշմարիտ պաշտամունքին հակառակող ընտանիքի անդամներ մեզի ըսեն որ մենք յիմարաբար մենք մեզ կը մաշեցնենք Քրիստոնէական գործունէութիւններու մէջ եւ քաջալերեն մեզ որ Եհովա Աստուած ուրանանք։ Մենք ալ կրնանք, Յոբին նման, համբերել այսպիսի փորձի մը, քանի որ Եհովան կը սիրենք եւ կը փափաքինք իր սուրբ անունը գովաբանել։—Սաղմոս 145։1, 2. Եբրայեցիս 13։15
Երեք Ամբարտաւան Նենգամիտներ
16. Որո՞նք եկան ենթադրաբար Յոբը մխիթարելու համար, բայց Սատանան ինչպէ՞ս ձեռնավարեց զանոնք։
16 Երեք «բարեկամներ» եկան ենթադրաբար Յոբը մխիթարելու համար, բայց յայտնի եղաւ որ ասիկա սատանայական ուրիշ ծրագիր մըն էր։ Անոնցմէ մէկը Եղիփազն էր, հաւանաբար Աբրահամի սերունդ մը՝ Եսաւէն։ Քանի որ Եղիփազ խօսելու նախապատուութիւն ունեցաւ, հաւանաբար ան ամենէն տարեցն էր։ Հոն ներկայ էր նաեւ Բաղդատը, Սովէեի սերունդ մը, որ Աբրահամի որդիներէն մէկն էր Քետուրայէն։ Երրորդը Սոփարն էր, Նաամացի կոչուած՝ իր ընտանիքը կամ բնակավայրը բնորոշելու համար, թերեւս հիւսիս–արեւմտեան Արաբիոյ մէջ։ (Յոբ 2։11. Ծննդոց 25։1, 2. 36։4, 11) Ճիշդ անոնց նման, որոնք ներկայիս կը ջանան Եհովայի Վկաները Աստուած ուրացնել տալ, այս երեքը Սատանայի կողմէ ձեռնավարուած էին այն ջանքով թէ համոզեն Յոբը որ ընդունի այն ոճիրները որոնցմով անոնք նենգութեամբ կը մեղադրէին եւ թէ իր ուղղամտութիւնը բեկանեն։
17. Երեք այցելուները ի՞նչ ըրին, եւ անոնք եօթը օր ու եօթը գիշեր ի՞նչ չըրին։
17 Այս երեքը իրենց ցաւակցութիւնը ցոյց տուին թատերական ձեւով. լալով, իրենց պատմուճանները պատռելով եւ իրենց գլուխներուն վրայ հող ցանելով։ Ապա անոնք Յոբին հետ եօթը օր ու եօթը գիշեր նստեցան, առանց մխիթարական խօսք մը արտասանելու։ (Յոբ 2։12, 13. Ղուկաս 18։10–14) Այս երեք ամբարտաւան նենգամիտները հոգեւորապէս այնքան չքաւոր էին, որ Եհովայի եւ իր խոստումներուն մասին մխիթարական ըսելիք մըն իսկ չունէին։ Սակայն, անոնք սխալ եզրակացութիւններու կը հանգէին եւ կը պատրաստուէին զանոնք Յոբին դէմ գործածել, անմիջապէս որ հանրային ցաւակցութեան ձեւակերպութիւնները վերջանային։ Հետաքրքրականօրէն, լռութեան եօթը օրերը լմննալէ առաջ, երիտասարդ Եղիուսը խօսակցութիւնը լսելու հեռաւորութեան մը վրայ տեղ գրաւեց։
18. Յոբ ինչո՞ւ մահուան մէջ խաղաղութիւն կը փնտռէր։
18 Յոբ վերջապէս լռութիւնը խզեց։ Այս երեք այցելուներէն որեւէ մխիթարութիւն քաղած չըլլալով, ան իր ծնած օրը անիծեց եւ հարց տուաւ որ իր այս թշուառ կեանքը ի՛նչու կ’երկարէր։ Ան մահուան մէջ խաղաղութիւն կը փնտռէր, նոյնիսկ չերեւակայելով որ կրնար դարձեալ իրական ուրախութիւն ունենալ մեռնելէ առաջ, հիմա որ ան այլեւս չքաւոր, սգաւոր եւ ծանրօրէն հիւանդ էր։ Բայց Աստուած թոյլ պիտի չտար որ Յոբ մահուան աստիճան վնասուի։—Յոբ 3։1–26
Յոբը Մեղադրողները կը Յարձակին
19. Եղիփազ ո՞ր մարզերուն մէջ նենգութեամբ մեղադրեց Յոբը։
19 Նախ Եղիփազ խօսք առաւ բանավէճի երեք նիստերուն իւրաքանչիւրին մէջ, որ Յոբի ուղղամտութիւնը յաւելեալ փորձի պիտի ենթարկէր։ Իր առաջին ճառին մէջ, Եղիփազ հարցուց. «Ո՞ր անմեղը կորսուեցաւ»։ Ան եզրակացուց որ Յոբ չար բան մը ըրած էր, որու համար կը պատժուէր Աստուծոյ կողմէ։ (Յոբ 4–րդ եւ 5–րդ գլուխները։) Իր երկրորդ ճառին մէջ, Եղիփազ Յոբի իմաստութիւնը ծաղր ըրաւ եւ հարցուց. «Ի՞նչ գիտես դուն, որ մենք չենք գիտեր»։ Ան ըսել կ’ուզէր որ Յոբ կը փորձէր ինքզինք Ամենակալէն գերիվեր դասել։ Իր երկրորդ յարձակողականը աւարտելով, ան Յոբը նկարագրեց որպէս կեղծաւորութեան, կաշառակերութեան ու խաբէութեան համար յանցաւոր մէկը։ (Յոբ 15–րդ գլուխ։) Իր վերջին ճառին մէջ, Եղիփազ շատ մը ոճիրներու համար նենգութեամբ մեղադրեց Յոբը. ան մէկը կեղեքած էր, չքաւորէն հացն ու ջուրը վերցուցած էր, որբեւարին ու որբը հարստահարած էր։—Յոբ 22–րդ գլուխ։
20. Յոբի վրայ Բաղդատի յարձակումներուն բնոյթը ի՞նչ էր։
20 Բանավէճի երեք նիստերուն իւրաքանչիւրին խօսելու մէջ երկրորդը ըլլալով, Բաղդատ ընդհանրապէս Եղիփազի ձգած ընդհանուր բնաբանին հետեւեցաւ։ Բաղդատի ճառերը աւելի կարճ եղան, բայց աւելի խայթիչ։ Ան նոյնիսկ Յոբի զաւակները մեղադրեց որպէս չարագործ անհատներ եւ հետեւաբար մահուան արժանացած։ Սխալ տրամաբանութեամբ, ան հետեւեալ օրինակը գործածեց. Ինչպէս որ պրտուն եւ կնիւնը առանց ջուրի կը չորնան ու կը մեռնին, նոյնը կը պատահի բոլոր անոնց «որոնք Աստուած կը մոռնան»։ Այս խօսքերը ճիշդ են, բայց Յոբին չէին կիրարկուեր։ (Յոբ 8–րդ գլուխ։) Բաղդատ Յոբին նեղութիւնները կը դասէր անոնց հետ, որոնք կու գան ամբարիշտներուն վրայ։ (Յոբ 18–րդ գլուխ։) Իր երրորդ ու կարճ ճառին մէջ, Բաղդատ պատճառաբանեց որ մարդը «որդ» եւ «ճճի մըն է» եւ հետեւաբար ան անմաքուր է Աստուծոյ առջեւ։—Յոբ 25–րդ գլուխ։
21. Սոփար ի՞նչ բանով մեղադրեց Յոբը։
21 Բանավէճին մէջ Սոփարը երրորդն էր, որ խօսք առաւ։ Ընդհանուր առմամբ, իր խորհուրդները հետեւեցան Եղիփազի ու Բաղդատի մտքերուն։ Սոփար Յոբը մեղադրեց ամբարըշտութեան համար եւ յորդորեց զինք որ իր մեղաւոր սովորութիւններէն ձերբազատուի։ (Յոբ 11–րդ եւ 20–րդ գլուխները։) Երկրորդ նիստէն ետք, Սոփար խօսք չառաւ։ Երրորդ նիստին, ան աւելցնելիք բան մը չունեցաւ։ Սակայն, այս ամբողջ բանավէճին ընթացքին, Յոբ խիզախօրէն պատասխան տուաւ իր մեղադրողներուն։ Օրինակի համար, որոշ կէտի մը ընթացքին, ան ըսաւ. «Ամէնքդ ալ ձանձրացնող մխիթարիչներ էք։ Դատարկ խօսքերը վերջ ունի՞ն»։—Յոբ 16։2, 3
Կրնանք Համբերել
22, 23. (ա) Յոբի պարագային նման, Բանսարկուն ինչպէ՞ս կրնայ ջանալ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը բեկանել։ (բ) Թէեւ Յոբ բազմատեսակ փորձութիւններու կը համբերէր, բայց իր մտավիճակին մասին ի՞նչ հարցումներ կրնանք ընել։
22 Յոբին նման, կրնայ ըլլալ որ մենք միեւնոյն ատեն մէկէ աւելի փորձութիւններ դիմագրաւենք եւ Սատանան կրնայ յուսախաբութիւնը կամ ուրիշ ազդակներ գործածել մեր ուղղամտութիւնը բեկանելու ջանքերով։ Երբ տնտեսական դժուարութիւններ ունենանք, ան կրնայ ջանալ մեզ Եհովայի դէմ հանել։ Եթէ սիրելի մը կորսնցնենք կամ հիւանդանանք, Սատանան կրնայ ջանալ մեզ մղել, որ Աստուած մեղադրենք։ Յոբի բարեկամներուն նման, անհատ մը կրնայ նոյնիսկ նենգութեամբ մեղադրել մեզ։ Ինչպէս Եղբայր Մէգմիլըն նշեց, Սատանան կրնայ ‘հետապնդել մեզ’, բայց մենք կրնանք համբերել։
23 Ինչպէս տեսանք մինչեւ հոս, Յոբ իր բազմատեսակ փորձութիւններուն կը համբերէր։ Սակայն, արդեօք ան պարզապէ՞ս կը համբերէր։ Իր սիրտը իրապէս կոտրա՞ծ էր։ Տեսնենք թէ Յոբ իրապէս ամէն յոյս կորսնցուցած էր, թէ՝ ո՛չ։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Յոբի օրերուն, Սատանան ի՞նչ մեծ հարց մէջտեղ բերաւ։
◻ Յոբ ի՞նչ կերպերով ծայր աստիճան փորձի ենթարկուեցաւ։
◻ Յոբի երեք «բարեկամները» ի՞նչ բաներու համար մեղադրեցին զինք։
◻ Յոբի պարագային նման, Սատանան ինչպէ՞ս կրնայ ջանալ Եհովայի հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը բեկանել։
[Նկար՝ էջ 17]
Աղեքսանդր Հ. Մէգմիլըն