Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ95 4/1 էջ 19-23
  • Եհովայի ուրախութիւնը մեր ամրոցն է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի ուրախութիւնը մեր ամրոցն է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Ուրախութիւն Ըրէ»
  • Աստուծոյ Հետ Յարաբերութիւն՝ Քրիստոսի Միջոցով
  • Կրօնական Ազատագրում եւ Լուսաւորում
  • Թագաւորութեան Յոյսը եւ Յաւիտենական Կեանքը
  • Օրհնեալ Եղբայրակցութիւն մը
  • Իմաստալից Կեանք մը
  • Անխախտելի Ամրոց մը
  • Եհովայի ծառայենք սրտի ուրախութիւնով
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Աստուածատուր ազատութիւնը ուրախութիւն կը բերէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Խնդութիւն. աստուածատուր յատկութիւն մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Եհովայի ուրախութիւնը
    Եհովային գովերգենք
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
դ95 4/1 էջ 19-23

Եհովայի ուրախութիւնը մեր ամրոցն է

«Այս օրը մեր Տէրոջը սուրբ օրն է ու մի՛ տրտմիք. վասնզի Տէրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն [ամրոցն (ՆԱ)] է»։—ՆԷԵՄԵԱՅ 8։10

1, 2. (ա) Ամրոց մը ի՞նչ է։ (բ) Դաւիթ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ ինք Եհովայի կ’ապաւինէր։

ԵՀՈՎԱ անբաղդատելի ամրոց մըն է։ Իսկ ամրոց մը ի՞նչ է։ Անիկա ամրացուած տեղ մըն է, ապահովութեան կամ վերապրումի տեղ մը։ Վաղեմի Իսրայէլի ժամանակ, Դաւիթ Աստուած կը սեպէր որպէս իր ամրոցը։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, այն երգը զոր Դաւիթ ուղղեց Բարձրեալին «այն օրը, երբ Եհովա զինք ազատած էր իր բոլոր թշնամիներուն ափէն եւ Սաւուղի ձեռքէն», որ Իսրայէլի թագաւորն էր։—Սաղմոս 18, ՆԱ, մակագրութիւնը։

2 Դաւիթ այդ սրտայոյզ երգը սկսաւ հետեւեալ խօսքերով. «Ո՛վ Տէր, իմ զօրութի՛ւնս, քեզ պիտի սիրեմ։ Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է։ Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ [կ’ապաւինիմ (ՆԱ)]։ Անիկա իմ վահանս ու իմ փրկութեանս եղջիւրը ու իմ բարձր աշտարակս է»։ (Սաղմոս 18։1, 2) Սաւուղ Թագաւորին կողմէ անիրաւօրէն անօրէն նկատուած ու հալածուած ըլլալով, արդար Դաւիթ Եհովայի ապաւինեցաւ, ճիշդ ինչպէս որ անհատ մը ամրացուած տեղ մը կը վազէ չարիքէ մը վերապրելու համար։

3. Եզրասի օրուան Հրեաները ինչո՞ւ «մեծ ուրախութիւն» ունեցան։

3 Այն ուրախութիւնը, զոր Եհովա կու տայ, անխախտելի ամրոց մըն է Իր ճամբուն մէջ ուղղամտութեամբ քալողներուն համար։ (Առակաց 2։6–8. 10։29, ՆԱ) Անշուշտ, աստուածատուր ուրախութիւն ունենալու համար, մարդիկ աստուածային կամքը պէտք է կատարեն։ Այս առնչութեամբ, նկատի առնենք թէ Երուսաղէմի մէջ ի՛նչ տեղի ունեցաւ, Հ.Դ.Ա. 468–ին։ Եզրաս դպիրը եւ ուրիշներ Օրէնքը յստակ կերպով կարդացին եւ անոր իմաստը հասկցուցին։ Ապա ժողովուրդը հետեւեալ յորդորը ստացաւ. «Գացէ՛ք, պարարտ բաներ կերէ՛ք ու անոյշ բաներ խմեցէ՛ք ու պատրաստութիւն չունեցողներուն բաժիններ ղրկեցէ՛ք, քանզի այս օրը մեր Տէրոջը սուրբ օրն է ու մի՛ տրտմիք. վասնզի Տէրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն [ամրոցն (ՆԱ)] է»։ «Մեծ ուրախութիւն» եղաւ, երբ Հրեաները իրենց ստացած գիտութիւնը կիրարկեցին եւ ուրախ Տաղաւարներու Տօն մը կատարեցին։ (Նէեմեայ 8։1–12) Անոնք, որոնք ‘Եհովայի ուրախութիւնը ունէին որպէս իրենց ամրոցը’, ոյժ հաւաքեցին իր պաշտամունքին ու ծառայութեանը համար։ Քանի որ Եհովայի ուրախութիւնը անոնց ամրոցն էր, պէտք է ակնկալենք որ Աստուծոյ ներկայ ծառաներն ալ ուրախ ըլլան։ Արդ, անոնց ուրախութեան այժմու պատճառներէն քանի մը հատը ի՞նչ են։

«Ուրախութիւն Ըրէ»

4. Եհովայի ծառաներուն համար, ուրախութեան ակներեւ աղբիւր մը ի՞նչ է։

4 Ուրախութեան ակներեւ պատճառ մըն է այն համախմբումները զորս Եհովա կը կարգադրէ։ Եհովայի Վկաներուն կազմակերպած համաժողովները այսօր ուրախութիւն կը պատճառեն իրենց, ճիշդ ինչպէս որ Իսրայելացիներուն կատարած տարեկան տօնախմբութիւնները անոնց սրտերը կ’ուրախացնէին։ Իսրայէլի ժողովուրդին ըսուեցաւ. «Քու Տէր Աստուածդ քու բոլոր բերքերդ ու ձեռքիդ բոլոր գործերը օրհնելուն համար, Տէրոջը ընտրած տեղը քու Տէր Աստուծոյդ եօթը օր [տաղաւարահարաց] տօն պահելով ուրախութիւն ըրէ»։ (Բ. Օրինաց 16։13–15) Այո, Աստուած կ’ուզէր որ անոնք ‘ուրախութիւն ընեն’։ Նոյնն է Քրիստոնեաներուն պարագան, քանի որ Պօղոս առաքեալ իր հաւատակիցներուն հետեւեալ յորդորը տուաւ. «Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ, ուրա՛խ եղէք»։—Փիլիպպեցիս 4։4

5. (ա) Ուրախութիւնը ի՞նչ է, եւ Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս ձեռք կը ձգեն զայն։ (բ) Հակառակ փորձութիւններու, ինչպէ՞ս կրնանք ուրախութիւն ունենալ։

5 Քանի որ Եհովա կ’ուզէ որ մենք ուրախ ըլլանք, ան մեզի ուրախութիւն կու տայ որպէս իր սուրբ հոգիին պտուղներէն մէկը։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Իսկ ուրախութիւնը ի՞նչ է։ Անիկա բարի բան մը ակնկալելէն կամ ձեռք ձգելէն առթած բերկրալի զգացում մըն է։ Ուրախութիւնը իրական երջանկութեան, նոյնիսկ ցնծութեան վիճակ մըն է։ Աստուծոյ սուրբ հոգիին այս պտուղը փորձութեան ներքեւ զօրավիգ կը կանգնի մեզի։ «[Յիսուս] իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ»։ (Եբրայեցիս 12։2) Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Ե՛ղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք, գիտնալով որ ձեր հաւատքին փորձառութիւնը համբերութիւն կը ներգործէ»։ Բայց ինչպէ՞ս վարուիլ, երբ չենք գիտեր ի՛նչ ընել որոշ փորձութեան մը դիմաց։ Այդ պարագային իմաստութիւն ունենալու համար, կրնանք վստահութեամբ աղօթել, որպէսզի անոր հետ գլուխ ելլենք։ Երկնային իմաստութեան հետ ներդաշնակ գործելը կարող պիտի դարձնէ մեզ որ խնդիրները լուծենք կամ յարատեւող փորձութիւններուն հետ գլուխ ելլենք առանց Եհովայի ուրախութիւնը կորսնցնելու։—Յակոբու 1։2–8

6. Ուրախութեան եւ ճշմարիտ պաշտամունքին միջեւ ի՞նչ յարակցութիւն գոյութիւն ունի։

6 Այն ուրախութիւնը, զոր Եհովա կու տայ, մեզ կ’ուժովցնէ մաքուր պաշտամունքը յառաջ տանելու համար։ Այս է որ պատահեցաւ Նէեմիայի ու Եզրասի օրերուն։ Այն Հրեաները, որոնք այդ ատեն Եհովայի ուրախութիւնը ունէին որպէս իրենց ամրոցը, զօրացան ճշմարիտ պաշտամունքին շահերը յառաջ տանելու համար։ Իսկ մինչ անոնք Եհովայի պաշտամունքը յառաջ կը տանէին, անոնց ուրախութիւնը կ’աւելնար։ Նոյնն է պարագան այսօր։ Մենք՝ Եհովայի երկրպագուներս՝ մեծապէս ուրախանալու պատճառներ ունինք։ Արդ հիմա նկատի առնենք ուրախութեան մեր բազմաթիւ պատճառներէն ուրիշներ։

Աստուծոյ Հետ Յարաբերութիւն՝ Քրիստոսի Միջոցով

7. Եհովային հետ կապակցաբար, Քրիստոնեաները ուրախութեան ի՞նչ պատճառ ունին։

7 Եհովային հետ մեր սերտ յարաբերութիւնը երկրին ամենէն ուրախ մարդիկը կը դարձնէ մեզ։ Քրիստոնեաներ ըլլալէ առաջ, մենք մարդկային անիրաւ ընկերութեան մաս կը կազմէինք, որու «իմացականութիւնը խաւարած է» եւ անիկա «օտարացած [է] Աստուծոյ կեանքէն»։ (Եփեսացիս 4։18) Որքա՜ն ուրախ ենք որ այլեւս մենք Եհովայէ չենք օտարացած։ Անշուշտ, իր հաճութեան մէջ մնալը ջանք կը պահանջէ։ Մենք պէտք է շարունակենք «հաւատքին մէջ հիմնուած ու հաստատ [կենալ] եւ առանց խախտելու աւետարանին յոյսէն»։ (Կողոսացիս 1։21–23) Կրնանք ուրախանալ որ Եհովա մեզ իր Որդւոյն քաշեց, Յիսուսի խօսքերուն համաձայն. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ»։ (Յովհաննու 6։44) Եթէ իրապէս կը գնահատենք Քրիստոսի միջոցով Աստուծոյ հետ մեր թանկագին յարաբերութիւնը, պիտի զգուշանանք ո՛րեւէ բանէ որ կրնայ զայն խզել։

8. Յիսուս ինչպէ՞ս նպաստած է մեր ուրախ վիճակին։

8 Յիսուսի քաւիչ զոհին հաւատք ընծայելով, մեղքերու թողութիւն ստանալը ուրախութեան մեծ պատճառ մըն է, քանի որ ասիկա Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը կարելի կը դարձնէ։ Մեր նախահայրը՝ Ադամ, կամաւ մեղանչելով, ամբողջ մարդկութեան վրայ մահ բերաւ։ Սակայն Պօղոս առաքեալ բացատրեց. «Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք։ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ»։ Պօղոս նաեւ գրեց. «Ինչպէս մէկուն յանցանքովը բոլոր մարդոց դատապարտութեան վճիռ եղաւ, այնպէս՝ մէկուն արդարութիւնովը բոլոր մարդոց կեանքի արդարութեան շնորհք եղաւ. վասնզի ինչպէս մէկ մարդու անհնազանդութիւնովը շատեր մեղաւոր եղան, այնպէս մէկուն հնազանդութիւնովը շատեր արդար պիտի ըլլան»։ (Հռովմայեցիս 5։8, 9, 18, 19) Որքա՜ն ուրախ կրնանք ըլլալ գիտնալով որ Եհովա Աստուած կը հաճի Ադամի սերունդէն փրկել անոնք որոնք այս սիրալիր կարգադրութենէն օգուտ կը քաղեն։

Կրօնական Ազատագրում եւ Լուսաւորում

9. Կրօնական տեսանկիւնէն դիտուած, մենք ինչո՞ւ ուրախ ենք։

9 Մեծն Բաբելոնէն՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութենէն՝ ազատագրուիլը ուրախ ըլլալու ուրիշ պատճառ մըն է։ Աստուածային ճշմարտութիւնն է, որ մեզ ազատագրած է։ (Յովհաննու 8։32) Իսկ այս կրօնական պոռնիկէն մեր ազատագրումը կը նշանակէ որ մենք անոր մեղքերուն հաղորդակից չենք, անոր հարուածներէն բաժին չենք առներ եւ անոր հետ կործանումի պիտի չերթանք։ (Յայտնութիւն 18։1–8) Այդ բոլորէն խոյս տալը տխրութիւն չ’պատճառեր։

10. Մենք՝ Եհովայի ծառաներս՝ ի՞նչ լուսաւորում կը վայելենք։

10 Աստուծոյ Խօսքը հասկնալը եւ կեանքի մէջ զայն գործադրելը մեծ ուրախութեան ուրիշ պատճառներ են։ Սուտ կրօնքի ազդեցութենէն ազատագրուած ըլլալով, մենք երթալով աւելի յստակ հոգեւոր ներատեսութիւն կը վայելենք, զոր մեր երկնաւոր Հայրը կը հայթայթէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցով։ (Մատթէոս 24։45–47) Երկրի վրայ բոլոր ապրողներէն միմիայն Եհովայի բացարձակապէս նուիրուած անհատները իր սուրբ հոգին եւ իր Խօսքին ու կամքին օրհնեալ հասկացողութիւնը ունին։ Ինչպէս Պօղոս ըսաւ. «Աստուած մեզի յայտնեց [այն բաները զորս ան զինք սիրողներուն համար պատրաստած է] իր հոգիովը, վասնզի հոգին ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ»։ (Ա. Կորնթացիս 2։9, 10) Մենք կրնանք թէ՛ երախտապարտ եւ թէ ուրախ ըլլալ որ մեր հասկացողութիւնը աստիճանաբար կ’աւելնայ, ինչպէս ցոյց կու տան Առակաց 4։18–ի խօսքերը. «Արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ»։

Թագաւորութեան Յոյսը եւ Յաւիտենական Կեանքը

11. Թագաւորութեան ուրախ յոյսը ինչպէ՞ս ուրիշներուն ծանուցանուած է։

11 Թագաւորութեան մեր յոյսն ալ մեզ կ’ուրախացնէ։ (Մատթէոս 6։9, 10) Մենք՝ Եհովայի Վկաներս՝ երկար ատենէ կը ծանուցանենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ամբողջ մարդկութեան միակ յոյսն է։ Օրինակի համար, նկատի առնենք 1931 տարին, երբ ուրախօրէն բացագանչուած որոշումով մը Եհովայի Վկաներ անունը որդեգրեցինք համայն աշխարհի մէջ տեղի ունեցած 51 համաժողովներու ընթացքին։ (Եսայեայ 43։10–12) Այդ որոշումը եւ Ռատըրֆորտի (այն ատեն Դիտարանի Ընկերութեան նախագահը) տուած համաժողովի իմաստալից դասախօսութիւնը հրատարակուեցան Թագաւորութիւնը՝ Աշխարհին Յոյսը խորագրով գըրքոյկին մէջ (Անգլ.)։ Այդ գրքոյկը կը բովանդակէր այդ համաժողովին որդեգրուած ուրիշ որոշում մը որ կը դատապարտէր Քրիստոնեայ Աշխարհը իր հաւատուրացութեանը եւ Եհովայի խրատները արհամարհելուն համար։ Անիկա նաեւ կը ծանուցանէր. «Աշխարհին յոյսը Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է եւ ուրիշ ոչ մէկ յոյս կայ»։ Քանի մը ամսուան մէջ, Եհովայի Վկաները այս գրքոյկէն հինգ միլիոնէ աւելի օրինակներ ցրուեցին երկրին ամէն կողմը։ Անկէ ի վեր, միշտ հաստատած ենք որ Թագաւորութիւնը մարդկութեան միակ յոյսն է։

12. Եհովայի ծառայողներուն դիմաց կեանքի ի՞նչ ուրախալի հեռանկարներ դրուած են։

12 Նաեւ կ’ուրախանանք Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ յաւիտենական կեանքի հեռանկարով։ Օծեալ Քրիստոնեաներու «պզտիկ հօտ»ը երկնային ուրախ յոյսը ունի։ «Օրհնեալ է Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը», գրեց Պետրոս առաքեալ, «որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ նորէն ծնաւ կենդանի յոյսին համար՝ Յիսուս Քրիստոսին մեռելներէն յարութիւն առնելովը, անեղծ ու անարատ եւ անթառամ ժառանգութեանը համար՝ որ երկինքը պահուած է մեզի»։ (Ղուկաս 12։32. Ա. Պետրոս 1։3, 4) Այսօր, Եհովայի Վկաներու հսկայ մեծամասնութիւնը ակնկալութեամբ կը սպասէ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու։ (Ղուկաս 23։43. Յովհաննու 17։3) Երկրի վրայ ոեւէ մէկը մեր ուրախալի հեռանկարներուն հետ բաղդատուելիք յոյս մը չունի։ Անոնց վրայ որքա՜ն պէտք է գուրգուրանք։

Օրհնեալ Եղբայրակցութիւն մը

13. Մեր միջազգային եղբայրակցութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։

13 Աստուածահաճ միակ միջազգային եղբայրակցութեան մէկ մասը ըլլալն ալ մեծ ուրախութեան աղբիւր մըն է։ Իսկապէս, երկրի վրայ ամենէն ցանկալի ընկերակիցները ունինք։ Եհովա Աստուած անձամբ մեր ժամանակին մատնանշեց ու ըսաւ. «Բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ։ Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան եւ այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ»։ (Անգեայ 2։7) Ճիշդ է որ բոլոր Քրիստոնեաներն ալ անկատար են։ Սակայն, Եհովա այս անհատները իրեն քաշած է Յիսուս Քրիստոսի միջոցով։ (Յովհաննու 14։6) Քանի որ Եհովա իրեն քաշած է այն անհատները զորոնք ինք ցանկալի կը նկատէ, մեր ուրախութիւնը պիտի աւելնայ, եթէ անոնց հանդէպ եղբայրական սէր ցուցաբերենք, զանոնք մեծապէս յարգենք, աստուածային գործունէութիւններուն մէջ անոնց հետ համագործակցինք, իրենց փորձութիւններուն մէջ անոնց զօրավիգ կանգնինք եւ անոնց ի նպաստ աղօթենք։

14. Ա. Պետրոս 5։5–11–էն ի՞նչ քաջալերութիւն կրնանք քաղել։

14 Այս բոլորը մեր ուրախութեան պիտի նպաստէ։ Արդարեւ, Եհովայի ուրախութիւնն է որ ամբողջ երկրին վրայ մեր հոգեւոր եղբայրակցութեան ամրոցն է։ Այո, բոլորս ալ հալածանքէ կը տառապինք եւ ուրիշ նեղութիւններ կ’ունենանք։ Բայց ասիկա մեզ իրար պէտք է քաշէ եւ մեզի միութեան զգացում մը տայ որպէս երկրի վրայ Աստուծոյ միակ եւ իրական կազմակերպութեան մէկ մասը։ Ինչպէս Պետրոս ըսաւ, Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ պէտք է խոնարհինք մեր ամէն մտահոգութիւնը անոր վրայ ձգելով, գիտնալով որ ան մեզի համար կը հոգայ։ Արթուն պէտք է ըլլանք, քանի որ Բանսարկուն կը փնտռէ մեզ կլլել, բայց ասոր մէջ առանձին չենք, քանի որ Պետրոս կ’աւելցնէ. «Անոր դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած, գիտնալով որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն»։ Իսկ այս ուրախ միջազգային եղբայրակցութիւնը բնաւ պիտի չքանդուի, քանի որ հաւաստիք ունինք որ ‘քիչ մը ատեն նեղութիւն կրելէ ետքը, Աստուած մեզ կատարեալ պիտի ընէ [մեր մարզումը պիտի ամբողջացնէ (ՆԱ)] եւ մեզ պիտի հաստատէ՛ ու պիտի զօրացնէ՛’։ (Ա. Պետրոս 5։5–11) Պահ մը խորհեցէք. մեր ուրախ եղբայրակցութիւնը յաւիտեան պիտի գոյատեւէ։

Իմաստալից Կեանք մը

15. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Եհովայի Վկաները իմաստալից կեանք մը կը վարեն։

15 Այս տագնապալից աշխարհին մէջ ուրախութիւն ունինք, քանի որ իմաստալից կեանք մը կը վարենք։ Մեզի ծառայութիւն մը վստահուած է, որ թէ՛ մեզ եւ թէ ուրիշները կ’ուրախացնէ։ (Հռովմայեցիս 10։10) Աստուծոյ գործակիցները ըլլալը վստահաբար ուրախ առանձնաշնորհում մըն է։ Այս մասին Պօղոս ըսաւ. «Ո՞վ է Պօղոս կամ ... Ապօղոս։ Պաշտօնեաներ են, որոնցմով հաւատացիք եւ ինչպէս Տէրը տուաւ անոնց ամէն մէկուն։ Ես տնկեցի, Ապօղոս ջուր տուաւ, բայց Աստուած աճեցուց։ Ուստի ո՛չ տնկողը բան մըն է եւ ո՛չ ջուր տուողը, հապա Աստուած՝ որ աճեցուց։ Տնկողը ու ջուր տուողը մէկ են եւ ամէն մէկը իր վարձքը պիտի առնէ իր աշխատութեան չափովը։ Վասնզի մենք Աստուծոյ գործակից ենք. դուք Աստուծոյ մշակութիւնն էք, Աստուծոյ շինութիւնն էք»։—Ա. Կորնթացիս 3։5–9

16, 17. Ի՞նչ օրինակներ կրնանք յիշել, փաստելու համար որ Եհովայի ծառաները իմաստալից ուրախ կեանքեր կը վարեն։

16 Կարելի է բազմաթիւ օրինակներ յիշել, ցոյց տալու համար որ Եհովայի հաւատարմօրէն ծառայելուն արդիւնքը իմաստալից կեանք մըն է, որ մեզ ուրախութեամբ կը լեցնէ։ Ահաւասիկ տիպական արտայայտութիւն մը. «[Նաւակատիքի յայտագրին օրը] Թագաւորութեան լեցուն Սրահին մէջ շուրջս նայեցայ եւ տեսայ որ ընտանիքէս ութ անհատներ ներկայ էին. ես, կինս, մեր երեք զաւակներն ու անոնց կողակիցները։ ... Կինս ու ես իրապէս ուրախ, իմաստալից կեանք մը վարած ենք Աստուծոյ ծառայութեան մէջ»։

17 Սրտապնդիչ է նաեւ գիտակցիլ որ որեւէ տարիքով անհատ մը կրնայ Եհովայի ծառայութեան մէջ իրական իմաստալից կեանքի մը ձեռնարկել։ Օրինակի համար, կին մը որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվեցաւ խնամատան մը մէջ, 102 տարեկանին մկրտուեցաւ որպէս Եհովայի Վկայ մը։ Այսպիսով, ան իր կեանքը վերջացուց ուրախ յոյսով, ‘Աստուծմէ վախնալով ու անոր պատուիրանքները պահելով’։—Ժողովողի 12։13

Անխախտելի Ամրոց մը

18. Ի՞նչ կարելի է ընել վհատութեան յաղթահարելու եւ մեր ուրախութիւնը աւելցնելու համար։

18 Եհովայի ուրախութիւնը անխախտելի ամրոց մըն է հաւատարիմին համար։ Բայց, այս ուրախութիւնը ունենալը չի նշանակեր որ մենք բնաւ տխուր պահեր պիտի չունենանք, այն պահերուն նման որոնք մղեցին Յիսուսը որ Գեթսեմանիին մէջ ըսէ. «Իմ անձս մեռնելու չափ տրտում է»։ (Մարկոս 14։32–34) Ենթադրենք որ վհատութեան մատնուած ենք անձնասէր հետապնդումներու տեղի տուած ըլլալով։ Ուստի մեր ապրելակերպը փոխե՛նք։ Եթէ մեր ուրախութիւնը նուազած է, քանի որ սուրբ գրային պատասխանատուութիւններ անձնուրացօրէն կը կրենք այնպէս որ ծանրաբեռնուած ենք, թերեւս կրնանք վերաճշդումներ ընել, որոնք մեր վրայէն պիտի թեթեւցնեն ճնշումը ու վերահաստատեն մեր ուրախ հոգին։ Ասկէ զատ, Եհովա մեզ ուրախութիւնով պիտի օրհնէ, եթէ կը ջանանք զինք հաճեցնել, մեր մեղաւոր մարմնին, ամբարիշտ աշխարհին եւ Բանսարկուին ուժգին դիմադրելով։—Գաղատացիս 5։24. 6։14. Յակոբու 4։7

19. Ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ որեւէ առանձնաշնորհում զոր ունինք։

19 Ցարդ յիշուած եւ տակաւին բազմաթիւ ուրիշ պատճառներու համար, մեծ ուրախութիւն ունինք։ Ըլլանք ժողովքի հրատարակիչներ կամ լման ժամանակով ծառայութեան որեւէ մէկ մարզին ձեռնարկողներ, բոլորս ալ կրնանք շատ ընելիք ունենալ Տէրոջը գործին մէջ եւ ասիկա վստահաբար մեր ուրախութեան կը նպաստէ։ (Ա. Կորնթացիս 15։58) Եհովայի կազմակերպութեան մէջ ի՛նչ առանձնաշնորհում ալ ունենանք, անոր համար երախտապարտ ըլլանք եւ շարունակենք ուրախութեամբ սրբազան ծառայութիւն մատուցանել մեր սիրալիր, ուրախ Աստուծոյ։—Ա. Տիմոթէոս 1։11, ՆԱ։

20. Մեր մեծագոյն առանձնաշնորհումը ի՞նչ է, եւ ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

20 Ուրախանալու մասնայատուկ պատճառ մը ունինք. Իր Վկաները ըլլալով, Եհովայի մեծ անունը կրելու մեր առանձնաշնորհումը։ Այո, մենք անկատար ենք եւ բազմաթիւ փորձութիւններ կը դիմագրաւենք, բայց միշտ մեր միտքը պահենք որպէս Եհովայի Վկաներ մեր հոյակապ օրհնութիւնները։ Նաեւ չմոռնանք որ մեր սիրելի երկնաւոր Հայրը բնաւ պիտի չխաբէ մեզ։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ միշտ պիտի օրհնուինք, եթէ Եհովայի ուրախութիւնը մեր ամրոցն է։

Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք

◻ «Եհովայի ուրախութիւնը» ի՞նչ է։

◻ Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս իրական ուրախութիւնը ձեռք կը ձգեն։

◻ Եհովայի Վկաներուն ուրախ ըլլալու պատճառներէն քանի մը հատը ի՞նչ են։

◻ Եհովայի ուրախութիւնը ինչո՞ւ անխախտելի ամրոց մըն է։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել