Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
1995–ի Տարուան Համարը. ‘Սիրոյ մէջ ներդաշնակօրէն միացած եղէք’։—Կող. 2։2, ՆԱ
Նոյեմբեր 1—Գրուած է թէ «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ»։—Մատթ. 4։4, Դիտ. 10/1/94 5, 6
Նոյեմբեր 2—Ինչպէս եկեղեցին [ժողովքը] հնազանդ կ’ըլլայ Քրիստոսին, նոյնպէս ալ կիները՝ ամէն բանի մէջ իրենց այրերուն։ Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին [ժողովքը] ու իր անձը մատնեց անոր համար։ Նոյնպէս ալ պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։—Եփ. 5։24, 25, 28, Դիտ. 10/1/94 4, 5գ
Նոյեմբեր 3—Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնամտութիւնը։—Կող. 3։12, Դիտ. 12/1/93 9, 11, 12բ
Նոյեմբեր 4—Եւ իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք։—Եբր. 10։24, 25, Դիտ. 3/1/94 18, 19դ
Նոյեմբեր 5—Ո՛վ Աստուած։ Որչա՜փ մեծ է [քու խորհուրդներուդ] թիւը։ Եթէ համրեմ զանոնք՝ աւազէն շատ են։—Սաղմ. 139։17, 18, Դիտ. 1/1/94 8, 10ա
Նոյեմբեր 6—Միայն թէ կը վախնամ՝ որ ինչպէս օձը Եւան խաբեց իր խորամանկութիւնովը, նոյնպէս ալ ձեր մտքերը ապականին Քրիստոսին վրայ եղած միամտութենէն։—Բ. Կորնթ. 11։3, Դիտ. 7/1/94 12, 13
Նոյեմբեր 7—Զօրքերու Տէրը [Եհովա] այս լերան վրայ բոլոր ազգերուն կոչունք մը պիտի ընէ, պարարտ բաներու եւ հին գինիներու, ծուծով լեցուած պարարտ բաներու ու զտուած հին գինիներու կոչունք։—Եսայ. 25։6, Դիտ. 10/1/94 9, 10
Նոյեմբեր 8—Սէրը ... անիրաւութեան վրայ չի խնդար. հապա ճշմարտութեան խնդակից կ’ըլլայ։ Ամէն բանի կը զիջանի։—Ա. Կորնթ. 13։4, 6, 7, Դիտ. 1/1/94 17, 18գ
Նոյեմբեր 9—Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին։—Առ. 15։22, Դիտ. 10/1/94 10, 11գ
Նոյեմբեր 10—Քու ականջդ ինծի խոնարհեցուր, շուտով զիս ազատէ։ Ինծի ամրութեան վէմ մը եղիր եւ զիս ապրեցնելու համար՝ ապաստանի տուն մը։ Վասնզի իմ Վէմս ու բերդս դուն ես եւ քու անուանդ համար ինծի առաջնորդէ ու զիս կառավարէ։ Որոգայթէն զիս հանէ, որ ինծի համար գաղտուկ լարած են։ Վասնզի իմ զօրութիւնս դուն ես։—Սաղմ. 31։2–4, Դիտ. 2/1/94 10, 11բ
Նոյեմբեր 11—Ձեր հաւատքին վրայ ... համբերութիւն [աւելցուցէք] եւ համբերութեան վրայ՝ աստուածպաշտութիւն։—Բ. Պետր. 1։5, 6, Դիտ. 12/1/93 17, 18, 21դ
Նոյեմբեր 12—Երբ այս բաներուն հանդիպին՝ քիչ մը օգնութիւն պիտի գտնեն։—Դան. 11։33, Դիտ. 3/1/94 17, 18ա
Նոյեմբեր 13—Եթէ այն չար ծառան ... սկսի իր ծառայակիցները ծեծել ու գինովներուն հետ ուտել ու խմել։ Այն ծառային տէրը ... զանիկա մէջտեղէն պիտի կտրէ։—Մատթ. 24։48–51, Դիտ. 10/1/94 10–12
Նոյեմբեր 14—Խոհեմութեամբ վարուեցէք դուրսիններուն հետ՝ ժամանակը ծախու առնելով։—Կող. 4։5, Դիտ. 10/1/94 11, 12գ
Նոյեմբեր 15—Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած. բայց Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէսզի կարող ըլլաք համբերել։—Ա. Կորնթ. 10։13, Դիտ. 4/1/94 15, 16ա
Նոյեմբեր 16—Դուն անոնցմէ մէկդի՛ կեցիր։—Բ. Տիմ. 3։5, Դիտ. 7/1/94 21–23գ
Նոյեմբեր 17—Յիսուս ... սիրելով իրենները, որոնք աշխարհի մէջ էին, մինչեւ վերջն ալ սիրեց զանոնք։—Յովհ. 13։1, Դիտ. 4/1/94 12գ
Նոյեմբեր 18—Բոլոր տունով ուրախացան՝ Աստուծոյ հաւատալով։—Գործք 16։34, Դիտ. 3/1/94 15, 16դ
Նոյեմբեր 19—Տէրը [Եհովա] իմաստութիւնով հիմնեց երկիրը եւ հանճարով հաստատեց երկինքը։—Առ. 3։19, Դիտ. 2/1/94 14, 15ա
Նոյեմբեր 20—Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք։ Միթէ փուշերէն խաղող կը քաղե՞ն, կամ տատասկէն՝ թուզ։—Մատթ. 7։16, Դիտ. 10/1/94 13, 14
Նոյեմբեր 21—Ասկէ ետքը ձեզ ծառայ չեմ անուաներ, վասնզի ծառան չի գիտեր թէ իր տէրը ի՞նչ կ’ընէ։ Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի, վասնզի այն ամէն բաները որոնք իմ Հօրմէս լսեցի, ձեզի իմացուցի։—Յովհ. 15։15, Դիտ. 10/1/94 12–14գ
Նոյեմբեր 22—Մենք անպիտան ծառաներ ենք, քանզի ինչ որ պարտական էինք ընելու՝ ըրինք։—Ղուկ. 17։10, Դիտ. 4/1/94 10, 11գ
Նոյեմբեր 23—Զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ։—Մատթ. 19։6, Դիտ. 10/1/94 1, 3գ
Նոյեմբեր 24—Այն ատեն [Յիսուս Քրիստոս] իր հրեշտակները պիտի ղրկէ եւ իր ընտրեալները պիտի ժողվէ չորս հովերէն, երկրի ծայրէն մինչեւ երկնքի ծայրը։—Մարկ. 13։27, Դիտ. 5/1/94 23գ
Նոյեմբեր 25—Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրը [Եհովան], վասնզի իր զարմանալի ողորմութիւնը ցուցուց ինծի պարսպաւոր քաղաքի մէջ։—Սաղմ. 31։21, Դիտ. 2/1/94 3, 4բ
Նոյեմբեր 26—Ազգերը բարկացան, վասնզի եկաւ քու բարկանալու ժամանակդ, երբ պիտի դատես մեռելները, պիտի վարձատրես քու ծառաներդ, մարգարէներդ, սուրբերդ եւ քու անունէդ վախցողները։—Յայտն. 11։18, Դիտ. 8/1/94 9ա
Նոյեմբեր 27—Պօղոս ... ըսաւ. «Ես չեմ խելագարիր, ո՛վ պատուական Փեստոս, հապա ճշմարտութեան եւ զգաստութեան խօսքեր կը խօսիմ»։—Գործք 26։25, Դիտ. 10/1/94 9, 10ա
Նոյեմբեր 28—Ըսէ՛ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ ի՞նչ նշան պիտի ըլլայ այդ բաներուն կատարուելու ատենը։—Մարկ. 13։4, Դիտ. 5/1/94 1, 2գ
Նոյեմբեր 29—Ես խօսեցայ ու ես պիտի կատարեմ։ Ես խորհեցայ ու ես պիտի գործադրեմ։—Եսայ. 46։11, Դիտ. 6/1/94 6, 7գ
Նոյեմբեր 30—Այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր։—Բ. Օր. 6։6, 7, Դիտ. 10/1/94 9, 10դ