Վտանգաւոր շրջապատի մը մէջ ինչպէ՞ս կրնաք վերապրիլ
«ԱՄԷՆ ատեն կը վախնայի։ Վերելակին մէջ կը վախնայի։ Ինքնաշարժիս մէջ կը վախնայի։ Յարկաբաժնիս մէջ կը վախնայի։ Ամէնուրեք ոճիր կար։ Մարդիկ միշտ կը կողոպտուէին», կ’ըսէ Մարիա։ Դուք ալ Պրազիլիացի այս կնոջ նման ձեր շրջապատին մէջ կը վախնա՞ք, մանաւանդ երբ մութը կոխէ։
Գաղտնի ոստիկանական վէպեր կարդալը կրնայ գրաւիչ ըլլալ, բայց իրական կեանքին մէջ, պատմութիւնը ընդհանրապէս ուրախ վերջ մը չունենար։ Ոճիր մը կրնայ անլուծելի մնալ։ Կամ մարդասպանութեան պարագային, անհատ մը պէտք է շարունակէ ապրիլ առանց ամուսինի, հօր կամ որդիի մը, առանց կնոջ, մօր կամ աղջկայ մը։ Ձեր շրջանին մէջ վայրագ ոճիրները երթալով կ’աւելնա՞ն։ Հանդարտ վայրի մը կը տենչա՞ք, ուր ընտանիոք ապահով պիտի զգայիք։ Կամ ալ, եթէ ստիպուած էք ոճիրով լեցուն շրջանի մը մէջ մեծցնել ձեր զաւակները, ի՞նչ կրնաք ընել վերապրելու համար։
Ճիշդ է որ կան քաղաքներ, ուր քիչ ոճիրներ կը տեղեկագրուին։ Շատ մը երկիրներու մէջ, մարդիկ տակաւին գիւղական հանդարտութեան կամ հանգստաւէտ գիւղերու մէջ կ’ապրին։ Բայց նոյնիսկ նախապէս ոճիրէ զերծ կարծուած շրջաններու մէջ իրերը արագօրէն կը փոխուին։ Օրինակի համար, 50 տարի առաջ, Պրազիլիոյ մէջ, բնակչութեան 70 տոկոսը գիւղի մէջ կ’ապրէր։ Հիմա, բնակչութեան 70 տոկոսը քաղաքներու մէջ կ’ապրի։ Գործ գտնելու կարելիութիւններուն հետ յաւելեալ քաղաքային խնդիրներ ալ ծագած են, ինչպէս ոճիրը եւ բռնութիւնը։ Վտանգաւոր շրջանի մէջ ապրիք կամ ոչ, տակաւին տունէն դուրս պէտք է ելլէք գործի կամ դպրոց երթալու եւ շատ մը բաներ ընելու համար։
Տիրող «խուճապի ախտ»ին գիտակցելով, Ռիօ տը Ժանէյրոյէն ոստիկանապետ մը ընկերային անարդարութիւնը եւ կազմակերպուած ոճիրը կը թուէ որպէս անոր նպաստող ազդակներ։ Ան նաեւ կը խորհի որ լրագիրները եւ հեռատեսիլը համատարած վախին կը նպաստեն, «եղերական լուրերով բնակչութիւնը վհատեցնելով»։ Թմրեցուցիչի մոլութիւնը, ընտանեկան քայքայումը եւ կրօնական թերի դաստիարակութիւնն ալ կը նպաստեն անօրէնութեան շատնալուն։ Իսկ ապագան ի՞նչ պիտի բերէ։ Գրքերուն եւ շարժապատկերներուն մէջ ժամանց նկատուած վայրագ տեսարաններու կանոնաւոր քանակը պատճառ պիտի ըլլա՞յ որ մարդիկ ուրիշներու հանդէպ անզգայ դառնան։ Ոճիրէ զերծ նկատուած շրջաննե՞րն ալ վտանգաւոր պիտի ըլլան։
Քանի որ բռնութեան զոհ երթալը շատ տհաճ բան մըն է, մենք պաշտպանուելու զօրաւոր ցանկութիւն մը ունինք։ Զարմանալի չէ որ մտահոգ քաղաքացիներ փողոցներու մէջ յաւելեալ ոստիկանութիւն եւ բանտարկութեան աւելի խիստ վճիռներ կամ նոյնիսկ մահապատիժ կը պահանջեն։ Ոմանք, վտանգը աչք առնելով, հրազէններ կը գնեն ինքնապաշտպանութեան համար։ Ուրիշներ կ’ուզեն որ հեղինակութիւնները հրազէններու վաճառքը արգիլեն։ Բայց հակառակ ոճիրի աւելնալուն մասին գէշ լուրերուն, յուսալքուելու հարկ չկայ։ Ճոհաննէսպուրկի, Մեքսիքոյի, Նիւ Եորքի, Ռիօ տը Ժանէյրոյի եւ Սաօ Բաւլոյի նման մեծ քաղաքներու մէջ բնակողներէն շատեր բնաւ չեն կողոպտուած։ Քննենք թէ վտանգաւոր շրջապատի մը մէջ մարդիկ ի՛նչպէս գլուխ կ’ելլեն։
Դրական Կեցուածք մը Պահել
Ոճիրով պատուած շրջանի մը նկատմամբ, գրող մը «հազարաւոր Պրազիլիացիներու հանճարամտութիւնը եւ յարատեւութիւնը» կը բացատրէ, «որոնք որոշ չափով արժանապատուութեամբ ու պարկեշտութեամբ ապրելու կենցաղ մը որդեգրած են, հակառակ ապրուստի բիրտ պայմաններու»։ Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ 38 տարի ապրելէ ետք, Խորկէ կ’ըսէ. «Կարգ մը փողոցներէ եւ շրջաններէ կը զգուշանամ եւ որեւէ հետաքրքրութիւն չեմ ցուցաբերեր։ Նաեւ ուշ գիշեր փողոցը մնալէ կը խուսափիմ եւ չափազանց վախ չեմ յայտնաբերեր։ Թէեւ զգոյշ եմ, բայց մարդիկը կը նկատեմ որպէս պարկեշտ անհատներ եւ անոնց հետ արժանապատուութեամբ ու յարգանքով կը վարուիմ»։
Այո, անտեղի խնդիրներէ խուսափեցէք։ Դուք ձեր գործով զբաղեցէք։ Բնաւ մի՛ նսեմացնէք այն իրողութիւնը թէ չափազանց վախը կրնայ ձեր ջղերը խանգարել, պատճառ դառնալով որ նոյնիսկ բարեկիրթ անհատներ անտրամաբանական կերպով վարուին։ Օտէր վտանգաւոր շրջանի մէջ իր գործին մասին դիտել կու տայ. «Կը ջանամ դրական ըլլալ, միտքս պատահելիք գէշ բաներով չսնուցանելով, քանի որ ասիկա անտեղի լարուածութիւն եւ խուճապ կը պատճառէ։ Կը ջանամ բոլոր մարդոց հանդէպ յարգանք ցուցաբերել»։ Արթուն ըլլալէ եւ կասկածելի անհատներէ հեռու մնալէ զատ, ան իր զգացումները զսպելու համար ուրիշ օգնութիւն մըն ալ կը թուէ. «Ամէն բանէ աւելի, Եհովա Աստուծոյ վրայ վստահութիւն կը մշակեմ, յիշելով որ իր աչքէն բա՛ն մը չի վրիպիր եւ ամէն պատահար իր թոյլատուութեամբ է»։
Սակայն, ոչ ոք կը փափաքի անդադար վախի մէջ ապրիլ։ Ասկէ զատ, ո՛վ պիտի ժխտէ որ չափազանց վախը եւ ճնշումը վնասակար են ջղային եւ ֆիզիքական առողջութեան։ Արդ, ի՞նչ յոյս կայ անոնց համար, որոնք կը վախնան որ օր մը կրնան յարձակումի ենթարկուիլ։ Քանի որ շատեր կը վախնան որ տակաւին աւելի գէշ ոճիր կրնայ պատահիլ, բռնութեան վերջը բնաւ պիտի տեսնե՞նք։ Կը հրաւիրենք ձեզ որ յաջորդ յօդուածը կարդաք. «Վախը Ե՞րբ Վերջ Պիտի Գտնէ»։