Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 1/1 էջ 17-21
  • Ճշմարիտ Աստուծմէ ինչո՞ւ վախնալ հիմա

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ճշմարիտ Աստուծմէ ինչո՞ւ վախնալ հիմա
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Զօրութեան Ապշեցուցիչ Ցուցադրութիւն մը
  • Աստուծոյ Հանդէպ Մեր Սէրը Ցուցաբերենք
  • Աստուծմէ Հիմա Վախնալուն Արդիւնքները
  • Եհովայէ վախնանք ու անոր սուրբ անունը փառաւորենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ձեր սիրտը մշակեցէք որ Եհովայէն վախնայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Եհովայէ վախցէ՛ք ու անոր պատուիրանքները պահեցէ՛ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Ո՛վ է ճշմարիտ Աստուածը
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 1/1 էջ 17-21

Ճշմարիտ Աստուծմէ ինչո՞ւ վախնալ հիմա

«Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասնզի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։—ԺՈՂՈՎՈՂԻ 12։13

1, 2. Ինչո՞ւ տեղին է Աստուծոյ հանդէպ պատշաճ վախ ունենալ։

ՄԱՐԴՈՒՆ համար օգտակար է Աստուծոյ հանդէպ առողջ ու ակնածու վախ մը ունենալ։ Այո, թէեւ մարդկային շատ մը վախեր զգացականօրէն կը խանգարեն մեզ, նոյնիսկ մեր բարօրութեանը համար վնասակար են, բայց մեզի համար օգտակար է Եհովա Աստուծմէ վախնալ։—Սաղմոս 112։1. Ժողովողի 8։12

2 Ստեղծիչը գիտէ ասիկա։ Իր ստեղծագործութեան հանդէպ սէրէ մղուած, ան բոլորիս կը պատուիրէ իրմէ վախնալ ու զինք պաշտել։ Կը կարդանք. «Ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին։ Ան մեծ ձայնով կ’ըսէր. ‘Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասնզի անոր դատաստանին ժամը եկաւ ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ [պաշտեցէք այն մէկը (ՆԱ)] որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու ջուրերուն աղբիւրները’»։—Յայտնութիւն 14։6, 7

3. Ստեղծիչը մեր առաջին ծնողներուն համար ի՞նչ ըրաւ։

3 Անկասկած պէտք չէ անտեսենք բոլոր բաներուն Ստեղծիչը, կեանքի Աղբիւրը, քանի որ մենք եւ այս մոլորակը իրեն կը պատկանինք։ (Սաղմոս 24։1) Եհովա իր մեծ սէրը արտայայտեց, իր երկրային զաւակներուն կեանք եւ հոյակապ բնակավայր մը՝ գեղեցիկ դրախտ մը՝ տալով։ Սակայն, այս սքանչելի պարգեւը առանց պայմանի չէր տրուած։ Իրականութեան մէջ, անիկա իրենց խնամակալութեան յանձնուած էր։ Մեր առաջին ծնողները իրենց տանը հոգ պէտք էր տանէին եւ զայն ընդլայնէին, մինչեւ որ անոնք ամբողջ երկիրը բնակչութեամբ լեցնէին ու անոր տիրէին։ Անոնք ցամաքի անասուններուն, թռչուններուն եւ ձուկերուն հանդէպ, ուրիշ խօսքով, իրենց ու իրենց սերունդին հետ երկիրը բաժնող մնացեալ բոլոր կենդանի արարածներուն հանդէպ առանձնաշնորհումներ ու պատասխանատուութիւններ ունէին։ Իր վրայ դրուած այս մեծ վստահութեան համար, մարդը համարատու պիտի ըլլար։

4. Մարդը Աստուծոյ ստեղծագործութեան ի՞նչ ըրած է։

4 Այսպիսի հոյակապ սկիզբ մը ունենալով հանդերձ, տեսէք թէ մարդիկ ի՛նչպէս իրենց երկրային գեղեցիկ բնակարանը ապականած են։ Աստուծոյ պատկանող այս գոհարին հանդէպ իրենց արհամարհական անտարբերութեամբ, մարդիկ երկիրը ապականած են։ Ապականութիւնը այնպիսի աստիճանի հասած է որ անիկա երթալով անասունի, թռչունի, ու ձուկի աւելի շատ տեսակներու գոյութեան կը սպառնայ։ Մեր արդար եւ սիրալիր Աստուածը անվերջ պիտի չհանդուրժէ ասոր։ Երկրի աւերումը հաշուետուութեան համար կ’աղաղակէ, բան մը որմէ շատեր վախնալու պատճառ ունին։ Իսկ միւս կողմէն, ակնածութեամբ Աստուծոյ վստահողներուն համար, մխիթարական է գիտնալ թէ ի՛նչ պիտի պատահի։ Եհովա հաշիւ պիտի պահանջէ, իսկ երկիրը առաջուան վիճակին պիտի դառնայ։ Ասիկա իսկապէս աւետիս մըն է երկրի վրայ գտնուող բոլոր արդարամիտ անհատներուն համար։

5, 6. Եհովա ինչպէ՞ս պիտի ընդառաջէ Իր ստեղծագործութեան հանդէպ մարդոց արարքին ի տես։

5 Աստուած որո՞ւ միջոցով պիտի գործադրէ իր դատաստանը։ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, որ հիմա գահակալուած է որպէս Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը։ Այդ երկնային Որդւոյն միջոցով, Եհովա ներկայ պիղծ, ըմբոստ դրութիւնը վախճանի մը պիտի բերէ։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6–9. Յայտնութիւն 19։11) Այս կերպով, ան իրմէ վախցողները պիտի հանգստացնէ եւ, միեւնոյն ատեն, մեր երկրային բնակարանը պիտի փրկէ ու պահպանէ։

6 Ասիկա ինչպէ՞ս պիտի պատահի։ Աստուածաշունչը վերահաս մեծ նեղութեան մը մասին կը խօսի, որ Արմագեդոնի պատերազմով իր յանգումին պիտի հասնի։ (Յայտնութիւն 7։14. 16։16) Ասիկա իրերու այս ապականած դրութեան եւ զայն ապականողներուն դէմ Աստուծոյ դատաստանը պիտի ըլլայ։ Ոեւէ մէկը ողջ պիտի մնա՞յ։ Այո. ողջ պիտի մնան անոնք որոնք Աստուծոյ հանդէպ ոչ թէ հիւանդագին, ապառողջ վախ մը կը զգան, այլ՝ յարգալից, ակնածու վախ մը։ Անոնք պիտի ազատագրուին։—Առակաց 2։21, 22

Զօրութեան Ապշեցուցիչ Ցուցադրութիւն մը

7. Աստուած Մովսէսի օրերուն ինչո՞ւ միջամտեց ի նպաստ Իսրայէլին։

7 Եհովա Աստուծոյ այս եղերական արարքը նախապատկերացուած էր մեր Հասարակ Դարաշրջանէն շուրջ 1,500 տարիներ առաջ, իր երկրպագուներուն ի նպաստ կատարած իր հզօր արարքով։ Եգիպտոսի զինուորական հսկայ ոյժը իր Իսրայելացի գաղթականները տաժանակիր աշխատանքի լծած էր. անոր կառավարիչը՝ Փարաւոն՝ բոլոր նորածին արու Իսրայելացիներուն մահը հրամայելով, նոյնիսկ տեսակ մը ջարդ կազմակերպած էր։ Եգիպտոսի վրայ Աստուծոյ յաղթանակը Իսրայէլը պիտի ազատագրէր այդ քաղաքական հարստահարիչ դրութենէն, այո, շատ մը աստուածներու պաշտամունքով ապականուած ազգէ մը։

8, 9. Մովսէս եւ Իսրայելացիները Աստուծոյ միջամտութեան ինչպէ՞ս ընդառաջեցին։

8 Ելից 15–րդ գլուխը կը տեղեկագրէ թէ ի՛նչ եղաւ Իսրայէլի հակազդեցութինը, երբ Եգիպտոսէ ազատագրուեցաւ։ Այս դէպքը վերլուծելը մեզի պիտի օգնէ գնահատելու թէ Քրիստոնեաները ի՛նչպէս կրնան ազատագրուիլ հոգեւորապէս եւ ֆիզիքապէս ապականած ներկայ դրութենէն։ Հիմա նկատի առնենք Ելից 15–րդ գլուխը, կարգ մը համարներու վրայ կեդրոնանալով, սորվելու համար թէ ի՛նչու պէտք է ընտրենք Եհովայէ՝ ճշմարիտ Աստուծմէ՝ վախնալ։ Սկսինք 1 եւ 2–րդ համարներով.

9 «Այն ատեն Մովսէս ու Իսրայէլի որդիները այս երգը երգեցին Տէրոջը. ‘Պիտի երգեմ Տէրոջը, քանզի փառքով փառաւորեալ է. ձին ու անոր հեծեալը ծովը նետեց։ Տէրն է իմ զօրութիւնս ու գովութիւնս եւ իմ փրկութիւնս եղաւ’»։

10. Ի՞նչ բան մղեց Աստուծոյ որ Եգիպտոսի բանակը կործանէ։

10 Համայն աշխարհի մարդոց ծանօթ է այն պատմութիւնը թէ Եհովա Իսրայէլը ի՛նչպէս Եգիպտոսէ ազատագրեց։ Ան այդ աշխարհակալ հզօր ոյժին վրայ պատուհասներ բերաւ մինչեւ որ Փարաւոն ի վերջոյ թոյլ տայ որ Իսրայելացիները մեկնին։ Բայց ետքը, Փարաւոնի բանակները այս անպաշտպան ժողովուրդին ետեւէն ինկան եւ այնպէս թուեցաւ որ Կարմիր Ծովու ափին զանոնք ծուղակի մէջ ձգեցին։ Թէեւ, ըստ երեւոյթին, Իսրայէլի որդիները շուտով պիտի կորսնցնէին իրենց նոր գտած ազատութիւնը, բայց Եհովա ուրիշ բան մը ի մտի ունէր։ Ան, հրաշքով մը, ծովուն մէջ անցք բացաւ եւ իր ժողովուրդը ապահով վայր մը տարաւ։ Երբ Եգիպտացիները անոնց հետեւեցան, ան Կարմիր Ծովը անոնց վրայ գոցեց, ու Փարաւոնն ու իր զինուորական ուժերը խեղդամահ ըրաւ։—Ելից 14։1–31

11. Եգիպտոսի դէմ Աստուծոյ արարքին արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

11 Եգիպտոսի զինուորական ուժերը կործանելով, ան իր երկրպագուներուն աչքին փառաւորուեցաւ, իսկ իր անունը լայնօրէն ճանչցուեցաւ։ (Յեսուայ 2։9, 10. 4։23, 24) Այո, իր անունը Եգիպտոսի անզօր, սուտ աստուածներէն վեր բարձրացաւ, որոնք չկրցան իրենց երկրպագուները ազատել։ Անոնց աստուածութիւններուն, մահկանացու մարդուն եւ զինուորական ուժին վրայ անոնց վստահութիւնը դառն յուսախաբութեան մատնեց զանոնք։ (Սաղմոս 146։3) Զարմանալի չէ որ Իսրայելացիները փառաբանութիւններ երգելու մղուեցան, որոնք իր ժողովուրդը հզօր կերպով ազատագրող կենդանի Աստուծոյ հանդէպ առողջ վախ մը կ’արտացոլացնէին։

12, 13. Կարմիր Ծովուն մօտ Աստուծոյ յաղթանակէն ի՞նչ պէտք է սորվինք։

12 Նոյնպէս, մենք պէտք է գիտակցինք որ մեր ժամանակներուն ո՛չ կեղծ աստուած մը եւ ո՛չ իսկ կորիզային զէնք ունեցող գերուժ կրնայ Եհովային հետ մրցիլ։ Ան կրնայ եւ պիտի ազատագրէ իր ժողովուրդը։ «Անիկա երկնքի զօրքերուն մէջ ու երկրի բնակիչներուն մէջ իր ուզածը կ’ընէ ու անոր ձեռքին դէմ դնող, կամ անոր ‘Ի՞նչ կ’ընես’ ըսող չկայ»։ (Դանիէլ 4։35) Երբ այս խօսքերուն իմաստը լիովին ըմբռնենք, մենք ալ իր փառաբանութիւնները ուրախութեամբ երգելու կը մղուինք։

13 Կարմիր Ծովուն յաղթանակի երգը կը շարունակուի. «Տէրը հզօր պատերազմող է. անոր անունը Եհովա է»։ Ուստի, այս անպարտելի Ռազմիկը, մարդկային երեւակայութեան պտուղը՝ անծանօթ մէկը չէ։ Ան անուն մը ունի։ Ան ‘կը պատճառէ ըլլալ’. ան Մեծ Արարիչն է. իր «անունը Եհովա» է. ան ‘Բարձրեալ է ամբողջ երկրի վրայ’։ (Ելից 3։14, ՆԱ. Ելից 15։3–5. Սաղմոս 83։18) Չէ՞ք համաձայնիր որ իմաստութիւն պիտի ըլլար որ այդ վաղեմի Եգիպտացիները Ամենակալին հանդէպ տրամաբանական, յարգալից վախի զգացում մը ունենային, քան թէ՝ անոր ասպարէզ կարդային։

14. Կարմիր Ծովուն մօտ աստուածավախութեան արժէքը ինչպէ՞ս ցոյց տրուեցաւ։

14 Որպէս Երկրին Արարիչը, ծովը Շինողը, ան ամբողջական հեղինակութիւն ունի ջուրի զանգուածին վրայ։ (Ելից 15։8) Հովին վրայ իր զօրութիւնն ալ գործածելով, ան երեւութապէս անկարելին իրագործեց։ Ան որոշ տեղ մը ջուրի խորութիւնը բաժնեց եւ ջուրի զանգուածները հակառակ ուղղութեամբ զսպեց, երկու կողմերը ջուրով պատուած նրբանցք մը շինելով, որպէսզի իր ժողովուրդը անկէ անցնի։ Պահ մը տեսարանը մտապատկերացուցէք. միլիոնաւոր թոներով ծովու ջուրեր զուգահեռ բարձր պարիսպներ կազմած, Իսրայէլի համար փախուստի ապահով ճամբայ մը բանալով։ Ուստի, Աստուծոյ հանդէպ առողջ վախ ցուցաբերողները պահպանուեցան։ Ապա Եհովա ջուրերը արձակեց, թոյլ տալով որ անոնք զօրաւոր հեղեղի մը նման վերամիանան, Փարաւոնին զօրքերը եւ անոնց բոլոր սարքերը ընկղմելով։ Անարժէք աստուածներու եւ մարդկային զինուորական ոյժին վրայ աստուածային զօրութեան ի՜նչ տպաւորիչ ցուցադրութիւն մը։ Վստահաբար, Եհովա Մէկն է որմէ պէտք է վախնալ, այնպէս չէ՞։—Ելից 14։21, 22, 28. 15։8

Աստուծոյ Հանդէպ Մեր Սէրը Ցուցաբերենք

15. Աստուծոյ փրկարար արարքներուն ինչպէ՞ս պէտք է ընդառաջենք։

15 Եթէ Մովսէսի կողքին անվնաս կայնած ըլլայինք, վստահաբար մենք ալ երգելու պիտի մղուէինք. «Ո՛վ Տէր, աստուածներուն մէջ քեզի պէս ո՞վ կայ։ Սրբութեան մէջ փառաւորեալ, օրհնութեան մէջ սքանչելի, հրաշքներ ընող՝ ո՞վ կայ քեզի նման»։ (Ելից 15։11) Անկէ ի վեր, այսպիսի զգացումներ արձագանգած են դարերու ընթացքին։ Աստուածաշունչի վերջին գրքին մէջ, Յովհաննէս առաքեալ կը նկարագրէ խումբ մը հաւատարիմ օծեալ ծառաներ, որոնք «Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսին՝ երգը կ’երգէին ու Գառնուկին երգը»։ Ի՞նչ է այս հոյակապ երգը։ «Մեծ ու զարմանալի են քու գործերդ, ո՛վ Տէր Աստուած Ամենակալ. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, ո՛վ Թագաւոր սուրբերու. Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ, վասընզի դո՛ւն միայն [հաւատարիմ (ՆԱ)] սուրբ ես»։—Յայտնութիւն 15։2–4

16, 17. Ներկայիս ի՞նչ սքանչելի փոփոխութիւն տեղի կ’ունենայ։

16 Այսօր ալ, ազատագրուած երկրպագուներ կան, որոնք ոչ միայն Աստուծոյ արարչագործութիւնները կը գնահատեն, այլ նաեւ՝ իր հրամանները։ Բոլոր ազգերէն անհատներ հոգեւոր գետնի վրայ ազատագրուած են, այս պիղծ աշխարհէն զատուած են, քանի որ Աստուծոյ արդար հրամանները կ’ընդունին եւ կը գործադրեն։ Ամէն տարի, հարիւր հազարաւորներ այս ապականած աշխարհէն կը փախչին Եհովայի երկրպագուներու մաքուր, ուղիղ կազմակերպութեան միանալու համար։ Շուտով, Աստուծոյ կրակոտ դատաստանները սուտ կրօնքին եւ այս ամբարիշտ դրութեան մնացեալ մասին դէմ գործադրուելէ ետք, անոնք արդար նոր աշխարհի մը մէջ յաւիտեան պիտի ապրին։

17 Յայտնութիւն 14։6, 7–ին համաձայն, մարդկութիւնը հիմա դատաստանի ազդարարական պատգամ մը կը լսէ, զոր Եհովայի Վկաները կը ծանուցանեն հրեշտակային առաջնորդութեան ներքեւ։ Անցեալ տարի, աւելի քան 230 երկիրներու մէջ, շուրջ հինգ միլիոն Վկաներ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը եւ իր դատաստանին ժամը ծանուցանեցին։ Իրենց նմաններուն վերապրումի կերպը սորվեցնելու համար։ Վկաները մարդոց տուները կանոնաւորաբար կ’այցելեն, Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութիւններ վարելով։ Այս կերպով, ամէն տարի հարիւր հազարաւորներ բաւարար չափով կը սորվին ճշմարիտ Աստուծմէ գիտակցաբար վախնալ, իրենց կեանքերը անոր նուիրել եւ մկրտուիլ։ Ի՜նչ հաճոյք է այսպիսի անհատներ տեսնել, որոնք սկսած են ճշմարիտ Աստուծմէ վախնալ։—Ղուկաս 1։49–51. Գործք 9։31. բաղդատել Եբրայեցիս 11։7։

18. Ի՞նչ իրողութիւն ցոյց կու տայ որ հրեշտակները մեր քարոզչութեան մէջ բաժին կը բերեն։

18 Ճի՞շդ է որ հրեշտակները այս քարոզչութեան մէջ բաժին կը բերեն։ Բացայայտօրէն հրեշտակային առաջնորդութիւնն է որ յաճախ Եհովայի Վկաները առաջնորդած է տուն մը, ուր ընկճուած հոգի մը հոգեւոր օգնութիւն ստանալու կը տենչար, թերեւս նոյնիսկ անոր համար կ’աղօթէր։ Օրինակի համար, երկու Եհովայի Վկայ կիներ, մանչ երախայի մը ընկերակցութեամբ, բարի լուրին մասին կը խօսէին Ղարիպեան կղզիի մը վրայ։ Քանի որ կէսօրը կը մօտենար, երկու չափահաս կիները որոշեցին այդ օր իրենց ծառայութիւնը դադրեցնել։ Բայց երախան արտասովոր կերպով կը փափաքէր յաջորդ տունը այցելել։ Երբ տեսաւ որ չափահասները այցելելու միտք չունէին, ինք անձամբ գնաց ու դուռը զարկաւ։ Երիտասարդ կին մը դուռը բացաւ։ Երբ ասիկա տեսան, չափահասները մօտեցան ու կնոջ խօսեցան։ Ան ներս հրաւիրեց զանոնք, բացատրելով որ ճիշդ այդ պահուն, երբ դրան զարկը լսեց, կ’աղօթէր որ Աստուած Վկաներ ղրկէր, որպէսզի իրեն Աստուածաշունչը սորվեցնէին։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը համար կարգադրութիւններ եղան։

19. Աստուծմէ վախնալէն առթող օգուտներէն մէկը ի՞նչ է, որու կրնանք մատնանշել։

19 Մինչ Աստուծոյ դատաստանի պատգամը հաւատարմօրէն կը ծանուցանենք, միեւնոյն ատեն իր արդար հրամաններն ալ կը սորվեցնենք։ Երբ անհատներ իրենց կեանքին մէջ կիրարկեն զանոնք, թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ հոգեւոր օգուտներ կը քաղեն։ Օրինակի համար, Աստուածաշունչը շատ յստակ կերպով կը դատապարտէ սեռային ամէն տեսակ անբարոյութիւն։ (Հռովմայեցիս 1։26, 27, 32) Ներկայիս, աշխարհի մէջ, աստուածային չափանիշները ընդհանրապէս անտեսուած են։ Ի՞նչ հետեւանքներով։ Ամուսնութիւններ կը քայքայուին։ Յանցագործութիւնը կ’աւելնայ։ Սեռային գետնի վրայ խեղանդամող տարափոխիկ հիւանդութիւններ՝ որոնք այս Ի. դարուն համաճարակի աստիճանի հասած են՝ կը տարածուին։ Արդարեւ, ահաւոր ԱԴԱ [AIDS] հիւանդութիւնը մեծաւ մասամբ սեռային անբարոյութեան պատճառաւ կը տարածուի։ Բայց Աստուծոյ հանդէպ յարգալից վախը մեծ պաշտպանութիւն մը չէ՞ եղած ճշմարիտ երկրպագուներուն համար։—Բ. Կորնթացիս 7։1. Փիլիպպեցիս 2։12. տես նաեւ՝ Գործք 15։28, 29։

Աստուծմէ Հիմա Վախնալուն Արդիւնքները

20. Ի՞նչ օրինակ ցոյց կու տայ որ ուրիշներ գիտեն Եհովայի Վկաներու համբաւը։

20 Աստուծմէ վախցողները ու անոր հրամաններուն հետեւողները առատապէս կ’օրհնուին։ Դէպք մը նկատի առէք, որ ցոյց կու տայ թէ երթալով մարդիկ կը գիտակցին որ Եհովայի Վկաները բարոյապէս ուղղամիտ Քրիստոնեաներու խաղաղ եղբայրակցութիւն մը կը կազմեն։ Բազմաթիւ Վկաներ, որոնք Հարաւային Ամերիկայի մէջ միջազգային համաժողովի մը ներկայ էին որպէս պատուիրակներ, պանդոկի մը մէջ կը մնային, որ գիշեր մը նաեւ գործածուեցաւ Վկայ չեղողներու հաւաքոյթի մը համար, որու ընթացքին երկրին նախագահը ուղերձ մը պիտի ներկայացնէր։ Մինչ ապահովութեան գործակալներ արտորնոք նախագահը վերելակին մէջ կ’ուղղէին, Վկայ կին մը անոնց հետ մտաւ առանց գիտնալու թէ վերելակին մէջ եղողը ո՛վ էր, ի զարմանք ապահովութեան գործակալներուն։ Իր ըրածին անդրադառնալով, Վկան ներողութիւն խնդրեց։ Ան իր Վկայ մը ըլլալը բնորոշող համաժողովի պատճը ցոյց տուաւ եւ բացատրեց որ ինք սպառնալիք մը չէր նախագահին համար։ Պահապան մը, ժպտալով, ըսաւ. «Եթէ բոլոր մարդիկ Եհովայի Վկաներու պէս ըլլային, այսպիսի ապահովութեան կարիքը պիտի չունենայինք»։—Եսայեայ 2։2–4

21. Ներկայիս մարդիկ ինչպէ՞ս գործելու առիթ ունին։

21 Եհովա հիմա այսպիսի անհատներ կը հաւաքէ եւ կը պատրաստէ, որպէսզի անոնք այս դրութեան վերջ դնելիք ‘մեծ նեղութենէն դուրս գան’։ (Յայտնութիւն 7։9, 10, 14) Այս վերապրումը բախտի ձգուած հարց մը պիտի չըլլայ։ Վերապրող մը ըլլալու համար, անհատ մը Եհովայէ պէտք է վախնայ, զինք ճանչնայ որպէս իրաւացի Գերիշխանը եւ իրեն նուիրուի։ Իրողութիւնը այդ է սակայն, որ շատեր այն վախը պիտի չմշակեն, որ պահպանութեան պիտի արժանացնէ։ (Սաղմոս 2։1–6) Ըստ բոլոր մատչելի իրողութիւններուն, Եհովայի ընտրեալ Իշխանը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ կ’իշխէ որպէս Թագաւոր 1914–ի ճակատագրական տարուընէ ի վեր։ Ասիկա կը նշանակէ որ մարդոց համար Եհովայի հանդէպ առողջ վախ զարգացնելու եւ ցուցաբերելու մնացեալ ժամանակը արագօրէն վերջանալու վրայ է։ Սակայն, մեր Ստեղծիչը առիթ կու տայ անհատներու, նոյնիսկ բարձր դիրքերու վրայ եղողներուն, որ ընդառաջեն. «Հիմա, ո՛վ թագաւորներ, մտքերնիդ առէք, երկրի՛ դատաւորներ, խրատուեցէ՛ք։ Երկիւղով ծառայեցէ՛ք Տէրոջը, ու դողալով անկէ վախցէ՛ք։ Որդին համբուրեցէք՝ որպէսզի չբարկանայ ու ճամբուն մէջ չկորսուիք, երբ անոր բարկութիւնը քիչ մը բորբոքի։ Երանի՜ այն ամենուն որոնք անոր կը յուսան»։—Սաղմոս 2։7–12

22. Ապագան ի՞նչ կը վերապահէ հիմա Աստուծմէ վախցողներուն համար։

22 Մենք ալ ըլլանք անոնց մէջ, որոնք մեր Ստեղծիչը պիտի փառաբանեն որպէս իրենց Ազատարարը։ Սակայն, ասիկա մեզմէ կը պահանջէ որ հիմա ճշմարիտ Աստուծմէ վախնանք։ (Բաղդատել Սաղմոս 2։11. Եբրայեցիս 12։28. Ա. Պետրոս 1։17) Մենք պէտք է շարունակենք իր արդար հրամանները սորվիլ եւ անոնց հնազանդիլ։ Մովսէսին ու Գառնուկին երգը, որ արձանագրուած է Յայտնութիւն 15։3, 4–ին մէջ, իր բարձրագոյն աստիճանին պիտի հասնի, երբ Եհովա երկրի վրայէն ամէն ամբարշտութիւն սրբէ ու սկսի մարդն ու իր երկրային բնակարանը մեղքի ապականիչ ազդեցութիւններէն մաքրել։ Այդ ատեն, մեր ամբողջ սրտովը պիտի երգենք. «Մեծ ու զարմանալի են քու գործերդ, ո՛վ Տէր Աստուած Ամենակալ, արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, ո՛վ Թագաւոր սուրբերու. Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ, ու քու անունդ չփառաւորէ»։

Կը յիշէ՞ք

◻ Եհովա ինչո՞ւ մեր առողջ վախին արժանի է։

◻ Կարմիր Ծովուն մօտ Աստուծոյ իրագործումներով ի՞նչ յայտնաբերուեցաւ։

◻ Եհովայի հանդէպ մեր յարգալից վախէն ի՞նչ օգուտներ կը քաղուին։

◻ Ի՞նչ ապագայ կը սպասէ հիմա ճշմարիտ Աստուծմէ վախցողներուն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել