Աւելի՛ լաւ կեանք մը խոստացուած է
ԿՈՒԶԷԻ՞Ք ձերբազատուիլ կեանքը դժուարացնող խնդիրներէն։ Կ’ուզէի՞ք ապրիլ աշխարհի մը մէջ, ուր կեանքը այս պարբերաթերթին առաջին եւ վերջին էջին վրայ նկարագրուած տեսարանին չափ հաճելի ըլլար։ Լաւ կերպով զննեցէք այդ պատկերը։ Մարդիկ առատ ուտելիք ունին։ Անոնք իրապէս կը վայելեն այդ համադամ ուտելիքները։ Ամէն մարդ ուրախ է։ Տարբեր ցեղի պատկանող անհատներ իրարու հետ խաղաղութեան մէջ են։ Անասուններն անգամ խաղաղ են։ Կռուող չկայ. աղքատ չկայ եւ հիւանդ չկայ։ Հաճելի մթնոլորտ մը, գեղեցիկ ծառեր ու մաքուր ու զուլալ ջուր։ Ի՜նչ սքանչելի միջավայր մը։
Երկիրը օր մը այս վիճակը պիտի ունենա՞յ արդեօք։ Այո, անիկա դրախտ մը պիտի ըլլայ։ (Ղուկաս 23։43) Աստուած, որ երկիրը ստեղծեց, իր նպատակն է որ մարդիկ դրախտային երկրի վրայ աւելի լաւ կեանք մը վայելեն։ Դո՛ւք ալ կրնաք հոն ըլլալ։
Ո՞ր Կեանքը Պիտի Նախընտրէիք
Ապագայ երկրային Դրախտը ինչպէ՞ս տարբեր պիտի ըլլայ մեր ներկայ աշխարհէն, որու մէջ կ’ապրինք։ Ներկայիս, ամէն օր մէկ միլիառ մարդ անօթութեան մէջ է։ Սակայն երկրին համար Աստուծոյ ծրագրած Դրախտին մէջ, ամէն մարդ առատ ուտելիք պիտի ունենայ։ Աստուծաշունչը կը խոստանայ. «Զօրքերուն Տէրը ... բոլոր ազգերուն կոչունք մը պիտի ընէ, ... ծուծով լեցուած պարարտ բաներու ու զտուած հին գինիներու կոչունք»։ (Եսայեայ 25։6) Ուտելիքի պակաս պիտի չըլլայ, քանի որ Աստուածաշունչը կը խոստանայ. «Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ։ Լեռներուն գլուխը»։—Սաղմոս 72։16
Այսօր, շատեր հիւղակներու կամ շատ աղքատիկ բնակարաններու մէջ կ’ապրին եւ կամ իրենց վարձքը վճարելու համար կը մարտնչին։ Ուրիշներ բնակարան չունին եւ փողոցը կը քնանան։ Ըստ Աշխարհի Առողջապահական Կազմակերպութեան, աշխարհի մէջ 100 միլիոն երախաներ տնազուրկ են։ Բայց մօտալուտ Դրախտին մէջ, ամէն մարդ իր անձնական տունը պիտի ունենայ։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն»։—Եսայեայ 65։21
Շատեր գործ մը կ’ընեն, զոր չեն սիրեր։ Յաճախ երկար ժամեր եւ տգնաջան կ’աշխատին, բայց փոխարէն քիչ հատուցում կը ստանան։ Աշխարհի բնակիչներէն 5–էն 1–ը, տարեկան 500 տոլարէն նուազ եկամուտով կ’ապրի։ Մօտալուտ Դրախտին մէջ, սակայն, մարդիկ պիտի սիրեն իրենց գործը եւ անոր արդիւնքը պիտի տեսնեն։ Աստուած կը խոստանայ՝ «Իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն։ Անոնք պարապ տեղ պիտի չաշխատին»։—Եսայեայ 65։22, 23
Հիմա հիւանդութիւնը համատարած է։ Շատեր կոյր են։ Ոմանք խուլ են։ Ուրիշներ չեն կրնար քալել։ Սակայն Դրախտին մէջ, մարդիկ հիւանդութենէ զերծ պիտի ըլլան։ Եհովա կ’ըսէ. «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ (Եսայեայ 33։24) Իսկ ներկայիս հաշմանդամ եղողներուն, հետեւեալ սրտապնդիչ խոստումը տրուած է. «Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին։ Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ»։—Եսայեայ 35։5, 6
Ներկայիս տառապանք ու ցաւ, վիշտ ու մահ կայ։ Բայց երկրային Դրախտին մէջ, այս բաները գոյութիւն պիտի չունենան։ Այո, նոյնիսկ մահը պիտի չքանայ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասնզի առաջուան բաները անցան»։—Յայտնութիւն 21։3, 4
Որոշ է ուրեմն, որ Եհովայի խոստացած երկրային Դրախտին մէջ մարդկութիւնը աւելի՛ լաւ կեանք մը պիտի ունենայ։ Բայց ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ անիկա պիտի գայ։ Ե՞րբ պիտի գայ եւ՝ ի՞նչպէս։ Հոն ըլլալու համար ի՞նչ պէտք է ընէք։