Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 3/1 էջ 30-31
  • Անոնց ճրագը չհանգեցաւ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Անոնց ճրագը չհանգեցաւ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Երեմիայի նման քա՛ջ եղէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Երեմիայի գիրքէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Երեմիան Եհովային մասին խօսելէ չկեցաւ
    Զաւակներուդ սորվեցուր
  • Երեմիայի նման արթո՛ւն կեցիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 3/1 էջ 30-31

Անոնց ճրագը չհանգեցաւ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ժամանակներուն, կային Եհովայի հաւատարիմ Վկաներ, որոնք նուաստացումներ կրեցին ու դժուարութիւններու հանդիպեցան։ Անոնք հակառակութիւններ եւ ձախորդութիւններ դիմագրաւեցին։ Սակայն՝ չյուսահատեցան։ Այո, անոնց ճրագը չհանգեցաւ։

Օրինակ, Երեմիա Աստուծոյ կողմէ յանձնարարուեցաւ Յուդայի հաւատուրաց ազգին որպէս մարգարէ ծառայելու։ Ան Երուսաղէմի վրայ գալիք կործանման ազդարարութիւնը հնչեցուց։ (Երեմեայ 1։11–19) Որպէս հետեւանք, Երեմիա իր իսկ քաղաքացիներուն հետ բազմաթիւ բախումներ ունեցաւ, որոնք զինք կը նկատէին որպէս ողբասաց։

Փասուր քահանան, Աստուծոյ տան գլխաւոր վերակացուն, առիթով մը Երեմիային զարկաւ, իր կատարած մարգարէութեան համար ու զինք կոճղին մէջ դրաւ։ Այս նուաստացումին ի տես, Երեմիա ըսաւ. «Ամէն օր ծաղրանքի առարկայ եղայ. ամէնքը զիս կը ծաղրեն, քանզի կը խօսիմ, կ’աղաղակեմ եւ բռնութեան ու զրկանքի համար կը բողոքեմ։ Տէրոջը խօսքը ամէն օր նախատինք ու անարգանք եղաւ ինծի»։ Մարգարէն ա՛յն աստիճան յուսահատեցաւ, որ ըսաւ. «Զինք [Եհովան] պիտի չյիշեմ, կամ անգամ մըն ալ իր անունով պիտի չխօսիմ»։—Երեմեայ 20։1, 2, 7–9

Այսուհանդերձ, Երեմիա յուսալքութեան չմատնուեցաւ։ «Տէրոջը խօսք»ին մասին խօսելով, ան ըսաւ. «Այն ատեն սրտիս մէջ կրակ մը պիտի վառի, իմ ոսկորներուս մէջ պիտի բորբոքի, ես յոգնեցայ զանիկա կրելէն ու ա՛լ չեմ կրնար դիմանալ»։ (Երեմեայ 20։8, 9) Աստուծոյ դատաստանները ծանուցանելու զօրաւոր մղում մը ունենալով, Երեմիա զօրացաւ սուրբ հոգիով եւ իր պաշտօնը կատարեց։

Պօղոս առաքեալ ալ յուսալքուելու բազմաթիւ պատճառներ ունէր, եթէ անոնց առիթ տար։ Ան բնական աղետներու, նաւաբեկութեան, հալածանքի եւ ծեծի ենթարկուեցաւ։ ‘Ամէն օրուան զբաղումներէն զատ, բոլոր եկեղեցիներուն մտահոգութիւնը ունէր’։ (Բ. Կորնթացիս 11։23–28) Այո, ամէն օր խնդիրներ լուծելու ետեւէ էր, մտահոգուելով նոր ժողովքներով, որոնց հաստատման օգնած էր։ Ասկէ զատ, անկատար ըլլալով, «մարմնի խայթոց» մը ունէր, հաւանաբար տկար տեսողութիւն մը եւ անոր հետ պէտք էր բաւարարուէր։ (Բ. Կորնթացիս 12։7. Հռովմայեցիս 7։15. Գաղատացիս 4։15) Ոմանք նոյնիսկ Պօղոսին ետեւէն կը խօսէին եւ ասիկա իր ականջին հասած էր։—Բ. Կորնթացիս 10։10

Այսուհանդերձ, Պօղոս թոյլ չտուաւ որ յուսալքուի։ Բայց ինք միւս մարդոցմէ տարբեր չէր։ (Բ. Կորնթացիս 11։29, 30) Ի՞նչ բան իր ‘ներքին կրակը’ վառ պահեց։ Նախ, իրեն թիկունք կանգող ընկերներ ունէր, ոմանք մինչեւ Հռովմ իրեն ընկերակցեցան, ուր արգելափակուած տան մը մէջ մնաց։ (Գործք 28։14–16) Երկրորդ, առաքեալը հաւասրակշռուած տեսակէտ մը ունէր իր դիրքին նկատմամբ։ Զինք հալածողները եւ իրեն հակառակողները մեղաւոր էին, ոչ թէ՝ Պօղոս։ Իր երկրային կեանքին վերջաւորութեան, ան իր ծառայութեան մասին դրական կերպով արտայայտուեցաւ, երբ ըսաւ. «Ասկէ յետոյ կայ ու կը մնայ ինծի արդարութեան պսակը, որ Տէրը՝ արդար Դատաւորը՝ պիտի հատուցանէ ինծի այն օրը»։—Բ. Տիմոթէոս 4։8

Ամենէն կարեւորը, Պօղոս կանոնաւորաբար Եհովայի կը մօտենար աղօթքով եւ ‘Տէրը իր քով կայնեցաւ ու զինք զօրացուց»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։17) «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց», ըսաւ Պօղոս։ (Փիլիպպեցիս 4։13) Աստուծոյ եւ Քրիստոնեայ ընկերակիցներուն հետ իր հաղորդակցութիւնը, ինչպէս նաեւ իր ծառայութեան հանդէպ դրական կեցուածք մը, օգնեցին Պօղոսի որ Եհովայի ծառայութիւնը շարունակէ։

Աստուած ներշնչեց Պօղոսը որ գրէ. «Բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք»։ (Գաղատացիս 6։7–9) Ի՞նչ պիտի հնձենք։ Յաւիտենական կեանք։ Ուստի, Երեմիայի, Պօղոսի եւ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ յիշուած Եհովայի շատ մը ուրիշ հաւատարիմ վկաներուն նման ըլլանք։ Այո, անոնց նման ըլլանք ու բնա՛ւ յուսահատութեան չմատնուինք։ Թոյլ չտա՛նք որ մեր ճրագը հանգի։—Բաղդատել Մատթէոս 5։14–16

[Նկարներ՝ էջ 31]

Երեմիան եւ Պօղոսը իրենց ճրագը չհանգեցուցին

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել