Եհովայի ոչխարները գորովալից հոգածութեան պէտք ունին
«Ճանչցէ՛ք թէ Եհովան է Աստուած ... մենք անոր ժողովուրդը ու անոր արօտին ոչխարներն ենք»։—ՍԱՂՄՈՍ 100։3
1. Եհովա ինչպէ՞ս կը վարուի իր ծառաներուն հետ։
ԵՀՈՎԱ Մեծագոյն Հովիւն է։ Եթէ մենք իր ծառաներն ենք, ան մեզ կը նկատէ որպէս իր ոչխարները եւ գորովանքով հոգ կը տանի մեզի։ Մեր երկնաւոր Հայրը մեզ կը մխիթարէ ու կը հանգստացնէ եւ «իր անուանը համար արդարութեան ճամբաներու մէջ կ’առաջնորդէ» մեզ։ (Սաղմոս 23։1–4) Բարի Հովիւը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ մեզ ա՛յնքան կը սիրէ որ իր կեանքը տուաւ մեզի համար։—Յովհաննու 10։7–15
2. Աստուծոյ ծառաներուն վիճակը ի՞նչ է։
2 Այս գորովալից հոգածութեան առարկան ըլլալով, մենք ալ սաղմոսերգուին հետ կրնանք ըսել. «Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը ուրախութեամբ. անոր առջեւ կեցէք ցնծութեամբ։ Ճանչցէ՛ք թէ Եհովան է Աստուած. անիկա ստեղծեց մեզ ու ո՛չ թէ մենք [մեզ]։ Մենք անոր ժողովուրդը ու անոր արօտին ոչխարներն ենք»։ (Սաղմոս 100։2, 3) Այո, մենք ուրախ ու ապահով ենք, քարեղէն բարձր պատեր ունեցող բակի մը մէջ յօշոտող գիշատիչներէն պահպանուածներու նման։—Թուոց 32։16. Ա. Թագաւորաց 24։3. Սոփոնեայ 2։6
Հօտին Յօժարակամ Հովիւները
3. Նշանակուած Քրիստոնեայ երէցները ինչպէ՞ս կը վարուին Աստուծոյ հօտին հետ։
3 Զարմանալի չէ որ մենք Աստուծոյ ուրախ ոչխարներն ենք։ Նշանակուած երէցներ մեզ կ’առաջնորդեն։ Անոնք «իշխաններ» չեն, մեր վրայ չեն տիրեր, ոչ ալ մեր հաւատքին կը տիրապետեն։ (Թուոց 16։13. Մատթէոս 20։25–28. Բ. Կորնթացիս 1։24. Եբրայեցիս 13։7) Այլ, անոնք սիրալիր հովիւներ են, որոնք Պետրոս առաքեալի խրատին կը հետեւին. «Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք, վերակացու ըլլալով ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ, ո՛չ թէ վիճակներուն վրայ տիրելով՝ հապա հօտին օրինակ ըլլալով»։ (Ա. Պետրոս 5։2, 3) Պօղոս առաքեալ իր ժամանակակից երէցներուն ըսաւ. «Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ սուրբ հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու զոր իր [Որդւոյն] արիւնովը ստացաւ»։ Իսկ ոչխարները որքա՜ն ուրախ են որ այդ մարդիկը ‘հօտին հետ գորովանքով կը վարուին’։—Գործք 20։28–30
4. Չարլզ Թ. Ռասըլ հօտին հետ իր ունեցած ի՞նչպիսի յարաբերութեան համար ծանօթ էր։
4 Յիսուս ‘մարդու ձեւով պարգեւներ’ տուաւ ժողովքին. անոնցմէ ոմանք «հովիւներ» են, որոնք Եհովայի հօտին հետ գորովանքով կը վարուին։ (Եփեսացիս 4։8, 11) Այդ մարդոցմէ մէկն էր Չարլզ Թ. Ռասըլ, Դիտարանի Ընկերութեան առաջին նախագահը։ Ան կոչուած էր հովիւ Ռասըլ, քանի որ սիրալիր ու կարեկից կերպով կը հովուէր, Գլխաւոր Հովիւին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ ներքեւ եղած հօտը։ Ներկայիս, Քրիստոնեայ երէցներ կը նշանակուին Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմնին կողմէ եւ հոգ կը տարուի որ «հովիւ», «երէց» կամ «ուսուցիչ» արտայայտութիւնները որպէս տիտղոս չգործածուին։ (Մատթէոս 23։8–12) Այսուհանդերձ, ներկայիս երէցները հովուական գործ մը կը կատարեն, Եհովայի արօտին մէջ գտնուող ոչխարներուն ի նպաստ։
5. Նորեկները ինչո՞ւ պէտք է ճանչնան ժողովքին նշանակուած երէցները։
5 Որպէս հովիւներ, երէցները յատկանշական դեր մը ունին նորեկներու յառաջդիմութեան մէջ։ Անոր համար Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ խորագրով նոր գիրքին 168–րդ էջին վրայ ըսուած է. «Ժողովքի նշանակուած երէցներուն հետ ծանօթացէք։ Անոնք Աստուծոյ գիտութիւնը կիրարկելու մէջ շատ փորձառութիւն ունին, քանի որ, Աստուածաշունչին մէջ տեսուչներու համար տրուած որակումները կը լեցնեն։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1–7. Տիտոս 1։5–9) Եթէ սովորութիւն մը, կամ Աստուծոյ պահանջներուն հակառակ եղող բնաւորութեան գիծ մը յաղթահարելու մէջ հոգեւոր օգնութեան կարիքը ունիք, անոնց մօտենալու մի՛ վարանիք։ Պիտի նկատէք որ երէցները Պօղոսի խրատին կը հետեւին, որ ըսաւ. ‘վատասիրտները մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնաիտ եղէք’։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 8. 5։14»։
Երբ Նորեկներ կ’Ուզեն Քարոզել
6. Եթէ Աստուծաշունչի աշակերտ մը փափաքի Թագաւորութեան հրատարակիչ մը ըլլալ, առնուելիք քայլերը ի՞նչ են։
6 Աստուածաշունչի աշակերտ մը գիտութիւն ստանալէ եւ որոշ ժամանակ մը ժողովներու յաճախելէ ետք, թերեւս փափաքի Թագաւորութեան հրատարակիչ մը, բարի լուրի քարոզիչ մը, ըլլալ։ (Մարկոս 13։10) Այս պարագային, ուսումնասիրութիւնը վարող Վկան պէտք է դիմէ վերակացու տեսուչին։ Ան իր կարգին կարգադրութիւն մը պիտի ընէ որ Ժողովքին Ծառայութեան Յանձնախումբէն երէց մը եւ ուրիշ երէց մը տեսակցութիւն ունենան Աստուածաշունչի աշակերտին եւ անոր ուսուցիչին հետ։ Խօսակցութիւնը պէտք է հիմնուի Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գրքին, 98 եւ 99–րդ էջերուն վրայ։ Եթէ երկու երէցները տեսնեն որ նորեկը կը հաւատայ Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումներուն եւ Աստուծոյ սկզբունքներուն համաձայն կ’ապրի, կրնան իրեն ըսել որ հանրային ծառայութեան համար որակելի է։a Երբ ան իր ծառայութեան տեղեկագիրը տայ, անիկա պէտք է դրուի իր անունով եղած Ժողովքի Հրատարակիչներուն Արձանագրութեան Քարտին վրայ։ Անկէ ետք, նորեկը կրնայ իր վկայութեան գործունէութիւնները տեղեկագրել այն միլիոնաւորներու նման, որոնք ուրախութեամբ ‘Աստուծոյ խօսքը կը քարոզեն’։ (Գործք 13։5) Ժողովքին պէտք է յայտարարուի որ այս անհատը չմկրտուած հրատարակիչ մըն է։
7, 8. Չմկրտուած հրատարակիչի մը ի՞նչ կերպով կարելի է օգնել ծառայութան մէջ։
7 Չմկրտուած հրատարակիչ մը երէցներուն եւ ուրիշ հասուն Քրիստոնեաներուն օգնութեան կարիքը ունի։ Օրինակի համար, անոր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը որոշ չափով կախեալ է իր յաճախած Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչին իրեն հանդէպ ունեցած հետաքրքրութենէն։ Նոր հրատարակիչ մը կրնայ տունէ տուն ծառայութեան մէջ ազդու կերպով խօսելու դժուարութիւն ունենալ։ (Գործք 20։20) Ուստի, իրեն մատուցուած օգնութիւնը վստահաբար պիտի գնահատէ, մանաւանդ երբ անիկա գայ այն անհատէն որ իրեն հետ Գիտութիւն գիրքը սերտած է։ Շատ տեղին է այսպիսի գործնական օգնութիւններ մատուցանել, քանի որ Յիսուս Քրիստոս ալ իր աշակերտները պատրաստեց ծառայութեան համար։—Մարկոս 6։7–13. Ղուկաս 10։1–22
8 Ծառայութեան մէջ ազդեցիկ ըլլալու համար, նախապատրաստութիւնը կենսական է։ Հետեւաբար, երկու հրատարակիչները՝ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան մէջ թելադրուած բացումները կրնան նախապէս փորձել։ Երբ ծառայութիւնը սկսին, փորձառու եղողը կրնայ առաջին մէկ կամ երկու դուռը ընել։ Բարեկամական բացում մը ընելէ ետք, երկու հրատարակիչներն ալ կրնան վկայութիւն տալ։ Քանի մը շաբաթ միասնաբար ծառայելէ ետք, թերեւս լաւ վերայցելութիւններու կամ նոյնիսկ՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքով՝ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութեան մը դուռ բացուի։ Աւելի փորձառու հրատարկիչը որոշ ատեն մը կրնայ ուսումնասիրութիւնը վարել եւ ապա յանձնել Թագաւորութեան նոր հրատարակիչին։ Երկուքն ալ որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլան, երբ Աստուածաշունչի աշակերտը Աստուծոյ գիտութեան հանդէպ գնահատութիւն ցոյց տայ։
9. Երբ հրատարակիչ մը կը փափաքի մկրտուիլ, ի՞նչ կարգադրութիւններ կ’ըլլան։
9 Մինչ չմկրտուած հրատարակիչ մը հոգեւորապէս կը յառաջդիմէ, ան կրնայ աղօթքով իր նուիրումը կատարել ու փափաքի մկրտուիլ։ (Բաղդատել Մարկոս 1։9–11։) Ան մկրտուելու իր ցանկութիւնը պէտք է գիտցնէ ժողովքի վերակացու տեսուչին, որ իր կարգին կարգադրութիւն պիտի ընէ, որպէսզի երէցներ հրատարակիչին հետ վերաքաղ ընեն՝ Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գրքին 175–218 էջերուն վրայ գտնուած հարցումները։ Հարցումները՝ որոնք չորս մասի բաժնուած են՝ պէտք է նկատի առնել երեք նիստով, երեք տարբեր երէցներու կողմէ, եթէ կարելի է։ Եթէ անոնք համաձայնին որ չմկրտուած հրատարակիչը տրամաբանական չափով գիտութիւն ունի Աստուածաշունչի ուսուցումներուն մասին եւ ուրիշ մարզերու մէջ ալ որակելի է, կրնան անոր ըսել որ կրնայ մկրտուիլ։ Իր նուիրումին ու մկրտութեան որպէս հետեւանք, ան փրկութեան «նշան»ը կը ստանայ։—Եզեկիէլ 9։4–6
Մասնաւոր Կարիքներ Լեցնել
10. Գիտութիւն գրքէն իր ուսումնասիրութիւնը վերջացնելէ եւ մկրտուելէ ետք, անհատ մը սուրբ գրային իր գիտութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ աւելցնել։
10 Անհատ մը Գիտութիւն գրքով իր ուսումնասիրութիւնը վերջացնելէ ու մկրտուելէ ետք, հարկ չկայ իր հետ կանոնաւոր գետնի վրայ ուսումնասիրութիւնը շարունակել ուրիշ գրքով մը, զոր օրինակ՝ Միացած՝ Միակ Ճշմարիտ Աստուծոյ Պաշտամունքին մէջ, գրքով։b Անշուշտ, նոր մկրտուած անհատ մը շատ բան պիտի սորվի, մինչ ժողովները կը պատրաստէ եւ կանոնաւորաբար անոնց կը յաճախէ։ Ան յաւելեալ գիտութիւն ձեռք պիտի ձգէ նաեւ, երբ ճշմարտութեան համար իր ծարաւը զինք մղէ որ Քրիստոնէական հրատարակութիւնները անհատապէս կարդայ ու զանոնք ուսումնասիրէ եւ սուրբ գրային այդ նիւթերուն մասին իր հաւատակիցներուն հետ խօսի։ Բայց եթէ մասնաւոր կարիք մը ունենայ, ի՞նչ կրնայ ընել։
11. (ա) Պրիսկիղան եւ Ակիւղասը ինչպէ՞ս օգնեցին Ապօղոսին։ (բ) Ի՞նչ օգնութիւն կարելի է տալ նոր մկրտուած երիտասարդի մը որ ամուսնութեան մասին կը մտածէ։
11 Ապողոս, որ «զօրաւոր էր սուրբ գրքերով» եւ Յիսուսի մասին շիտակը սորված էր, օգտուեցաւ, երբ փորձառու Քրիստոնեաներ՝ Պրիսկիղա եւ Ակիւղաս «զանիկա իրենց քով առին եւ աւելի ճիշդ Աստուծոյ ճամբան անոր հասկցուցին»։ (Գործք 18։24–26. տես Գործք 19։1–7։) Ենթադրենք որ վերջերս մկրտուած երիտասարդ մը դարպասումի ու ամուսնութեան մասին կը մտածէ։ Աւելի փորձառու Քրիստոնեայ մը կրնայ անոր օգնել որ Դիտարանի հրատարակութեանց մէջ այդ մասին տեղեկութիւններ գտնէ։ Այս մասին, զոր օրինակ, օգտակար նիւթեր կան՝ Երիտասարդները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ գրքին 7–րդ հատուածին մէջ։c Այն հրատարակիչը որ իր հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը վարած է, կրնայ իրեն հետ այս նիւթը նկատի առնել, բայց ո՛չ՝ կանոնաւոր ուսումնասիրութեան կերպով։
12. Խնդիր ունեցող նոր մկրտուած կողակիցներուն ի՞նչ օգնութիւն կարելի է մատուցանել։
12 Ուրիշ օրինակ մը նկատի առնենք։ Թերեւս նոր մկրտուած կողակիցներ աստուածային սկզբունքները կիրարկելու մէջ դժուարութիւն ունին։ Անոնք կրնան երէցի մը դիմել, որ մի քանի երեկոյ միասնաբար նկատի կ’առնէ կարգ մը համարներ եւ իրենց ուշադրութիւնը կը դարձնէ Դիտարանի հրատարակութեանց մէջ գտնուող տեղեկութիւններու վրայ։ Բայց երէցը այդ զոյգին հետ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն մը պէտք չէ հաստատէ։
Երբ Նոր Մկրտուած մը Սխալ մը Գործէ
13. Ժողովքի երէցները ինչո՞ւ պէտք է ողորմին նոր մկրտուած անհատի մը որ սխալ գործած բայց զղջացած է։
13 Երէցները կ’ընդօրինակեն Մեծագոյն Հովիւը՝ Եհովան՝ որ կ’ըսէ. «Ես պիտի արածեմ իմ ոչխարներս ... կոտրածը պիտի փաթթեմ ու հիւանդը պիտի առողջացնեմ»։ (Եզեկիէլ 34։15, 16. Եփեսացիս 5։1) Նոյն հոգիով, Յուդա աշակերտ յորդորեց որ կասկածներ ունեցող կամ մեղքի մէջ ինկած օծեալ Քրիստոնեաներուն հանդէպ ողորմութիւն ցոյց տրուի։ (Յուդա 22, 23) Քանի որ, տեղին ըլլալով շատ աւելին կ’ակնկալուի փորձառու Քրիստոնեաներէն, վստահաբար ողորմութիւն պէտք է ցոյց տրուի սխալ գործած՝ բայց զղջացած՝ նոր մկրտուած անհատի մը հանդէպ, որ տակաւին գառնուկ մըն է։ (Ղուկաս 12։48. 15։1–7) Հետեւաբար, երէցներ, որոնք ‘Եհովայի տեղ կը դատեն’, այդպիսի ոչխարներու գորովանքով պէտք է հոգ տանին եւ հեզութեան հոգիով զանոնք ուղղեն։—Բ. Մնացորդաց 19։6. Գործք 20։28, 29. Գաղատացիս 6։1d
14. Ի՞նչ պէտք է ընել երբ նոր մկրտուած հրատարակիչ մը լուրջ մեղք մը գործէ. ինչպէ՞ս կրնայ օգնութիւն ստանալ։
14 Ենթադրենք ուրեմն, որ նոր մկրտուած հրատարակիչ մը նախապէս գինեմոլութեան խնդիր ունէր եւ մէկ կամ երկու առիթներով խմելու մէջ չափը անցուց։ Կամ թերեւս երկար ժամանակ ծխախոտի գործածութեան սովորութիւնը յաղթահարեց, բայց մէկ կամ երկու անգամ գաղտուկ ծխելու փորձութեան մատնուեցաւ։ Նոյնիսկ երբ Աստուծմէ թողութիւն հայցած է, ան պէտք է երէցէ մը օգնութիւն խնդրէ, որպէսզի մեղքը սովորութիւն չդարձնէ։ (Սաղմոս 32։1–5. Յակոբու 5։14, 15) Երբ ան իր սխալին մասին խօսի երէցներէն մէկուն, երէցը պէտք է ջանայ այդ նորեկը ողորմածութեամբ ուղղութեան բերել։ (Սաղմոս 130։3) Սուրբ գրային խրատը կրնայ բաւարար ըլլալ որ անկէ ետք, ան իր քայլերը շտկէ։ (Եբրայեցիս 12։12, 13) Երէցը վերակացու տեսուչը տեղեակ պէտք է պահէ այս պարագայէն, որոշելու համար որ հետագային ի՛նչ օգնութիւն կարելի է մատուցանել։
15. Կարգ մը պարագաներուն, երբ նոր մկրտուած անհատ մը մեղք գործէ ի՞նչ բան հարկ կրնայ ըլլալ։
15 Կարգ մը պարագաներուն՝ այսքանը բաւարար չէ։ Եթէ սխալը հանրածանօթ է, հօտին կը սպառնայ, կամ ուրիշ լուրջ հարցեր կը պարունակէ, երէցներու մարմինը երկու երէց պէտք է նշանակէ, հարցը հետազօտելու համար։ Եթէ այս երէցները նկատեն որ հարցը բաւականին լուրջ է եւ դատական յանձնախումբի կարիքը կայ, ասիկա պէտք է տեղեկագրեն երէցներու մարմնին։ Այդ ժամանակ, երէցներու մարմինը դատական յանձնախումբ մը կը կազմէ՝ մոլորեալին օգնելու նպատակաւ։ Դատական յանձնախումբը գորովանքով պէտք է վարուի անոր հետ։ Անոնք պէտք է ջանան զայն ուղղել Սուրբ գրութիւններու օգնութեամբ։ Եթէ ան դատական յանձնախումբին ազնիւ ջանքերուն ընդառաջէ, այդ պարագային անոնք կ’որոշեն թէ Թագաւորութեան Սրահին մէջ ժողովներու ընթացքին բեմէն իր մասնակցութիւնը կրնա՞յ բերել, կամ ժողովներուն կրնա՞յ պատասխանել թէ՝ ոչ։
16. Երէցները ի՞նչ կրնան ընել յանցագործին օգնելու համար։
16 Եթէ մոլորեալը լաւ կերպով ընդառաջէ, դատական յանձնախումբէն մէկ կամ երկու երէց կրնան հովուական այցելութիւններու կարգադրութիւն ընել, իր հաւատքը հաստատելու եւ Աստուծոյ արդար չափանիշներուն նկատմամբ իր գնահատութիւնը կերտելու համար։ Անոնք կրնան իր հետ երբեմն ծառայութեան երթալ։ Անոր հետ կրնան սուրբ գրային կարգ մը խօսակցութիւններ ունենալ, հաւանաբար գործածելով Դիտարանի կամ Զարթի՛րի յարմար նիւթեր, բայց ո՛չ թէ կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն մը հաստատել։ Այսպիսի գորովալից հոգածութեամբ, թերեւս յանցագործը զօրանայ ու յառաջիկայ օրերուն իր մարմնին տկարութեան դէմ դնէ։
17. Ի՞նչ քայլեր կ’առնուին, եթէ մկրտուած յանցագործ մը չզղջայ եւ իր ընթացքը չփոխէ։
17 Անշուշտ, նոր մկրտուած ըլլալը ինքնին չքմեղանք մը չէ մեղքը սովորութիւն դարձնելու։ (Եբրայեցիս 10։26, 27. Յուդա 4) Եթէ մկրտուած յանցագործ մը չի զղջար եւ իր ընթացքը չի փոխեր, պէտք է ժողովքէն վտարուի։ (Ա. Կորնթացիս 5։6, 11–13. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։11, 12. Բ. Յովհաննու 9–11) Երբ այս քայլը առնելու հարկը տեսնուի, երէցներու մարմինը դատական յանձնախումբ մը պէտք է կազմէ։ Երբ վտարումը կատարուի, հետեւեալ կարճ ծանուցումը պէտք է կատարուի. « ....ը վտարուած է»։e
Անոնց Օգնեցէք որ ‘Հասունութեան Դիմեն’
18. Ինչո՞ւ կրնանք վատահ ըլլալ որ նոր մկրտուած Քրիստոնեաները եւ միւսները միշտ Եհովայի եւ իր կամքին մասին աւելին գիտնալու կարիքը ունին։
18 Աստուծոյ ծառաներուն մեծամասնութիւնը հօտին մէջ պիտի մնայ։ Բարեբախտաբար, ամէն մէկս կարող պիտի ըլլանք մեր երկնաւոր Հօրը աւելի մօտենալ, քանի որ միշտ իր եւ իր կամքին մասին աւելին պիտի սորվինք։ (Ժողովողի 3։11. Յակոբու 4։8) Հ.Դ. 33–ին մկրտուած հազարաւոր անհատները վստահաբար աւելին սորվելու կարիքը ունէին։ (Գործք 2։5, 37–41. 4։4) Նոյնն էր պարագան Հեթանոսներուն, որոնք Սուրբ Գրային կրթութիւն չունէին։ Օրինակ, այս էր պարագան անոնց՝ որոնք Աթէնքի Արիսպագոսի մէջ, Պօղոսի բանախօսութիւնը լսելէն ետք մկրտուեցան։ (Գործք 17։33, 34) Այսօր ալ, նոր մկրտուած անհատներ շատ բան ունին սորվելիք եւ Աստուծոյ աչքին շիտակը ընելու մէջ յարատեւելու համար, անոնք ժամանակի եւ օգնութեան կը կարօտին։—Գաղատացիս 6։9. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։13
19. Ինչպէ՞ս կարելի է օգնել նոր մկրտուածներուն որ ‘հասունութեան դիմեն’։
19 Ամէն տարի հազարաւորներ կը մկրտուին եւ օգնութեան կարիքը ունին, որպէսզի ‘հասունութեան դիմեն’։ (Եբրայեցիս 6։1–3, ՆԱ) Ձեր խօսքով, օրինակով եւ ծառայութեան մէջ գործնական օգնութեամբ կրնաք օգնել անոնց, որպէսզի նոր անձնաւորութիւնը հագնին եւ ‘ճշմարտութեան մէջ քալեն’։ (Գ. Յովհաննու 4. Կողոսացիս 3։9, 10) Եթէ փորձառու հրատարակիչ մըն էք, թերեւս երէցները ձեզմէ խնդրեն որ նոր հաւատակիցի մը օգնէք քարոզչութեան մէջ, կամ քանի մը շաբաթ իրեն հետ Սուրբ Գրային կարգ մը նիւթեր նկատի առնէք, որպէսզի Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատքը ու ժողովներուն հանդէպ իր գնահատութիւնը զօրանայ։ Հօտին հետ հովիւներուն յարաբերութիւնը կը նմանի յորդորող հօր մը կամ քնքշօրէն վարուող մօր մը։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 8, 11) Սակայն, մի քանի երէցներ եւ օգնական ծառաներ չեն կրնար ժողովքին ամէն բանին հոգ տանիլ։ Բոլորս ալ իրար օգնութեան հասնող ընտանիքի անդամներու պէս ենք։ Ամէն մէկս կրնանք բան մը ընել մեր հաւատակիցներուն օգնելու համար։ Դուք անձամբ կրնաք քաջալերել, մխիթարել եւ տկարին նեցուկ կանգնիլ։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14, 15
20. Անհատապէս ի՞նչ կրնաք ընել Աստուծոյ գիտութիւնը տարածելու եւ Եհովայի արօտին ոչխարներուն գորովալից հոգածութիւն ցոյց տալու համար։
20 Մարդկութիւնը կարիքը ունի Աստուծոյ գիտութեան եւ Եհովայի Վկայ մը ըլլալով, կրնաք զայն ուրախութեամբ տարածելու մէջ ձեր մասնակցութիւնը բերել։ Եհովայի ոչխարները գորովալից հոգածութեան պէտք ունին եւ դուք ասոր մէջ կրնաք սիրալիր կերպով ձեր դերը կատարել։ Եհովան ձեր ծառայութիւնը թող օրհնէ եւ իր արօտին ոչխարներուն օգնելու ձեր սրտանց ջանքերը վարձատրէ։
[Ստորանիշ]
a Այս կէտին հասնելէ ետք, նորեկ մը կրնայ՝ Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գրքէն օրինակ մը ստանալ։
b Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
c Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
d Չմկրտուած հրատարակիչներու համար այսպիսի կարգադրութեան մասին խօսուած էր, Դիտարանի 1 Մայիս 1989, 24–29–րդ էջերուն վրայ, հետեւեալ խորագրին ներքեւ. «Ուրիշներուն Օգնել որ Աստուած Պաշտեն»։
e Եթէ վտարումը որոշուած է բայց անհատը վերաքննութիւն պահանջէ, այդ պարագային ծանուցումը կ’առկախուի։ Տես՝ Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գրքին 147–8 էջերը։
Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէիք
◻ Եհովա ինչպէ՞ս կը վարուի իր ոչխարներուն հետ։
◻ Երբ նորեկներ կը փափաքին քարոզել, ի՞նչ քայլեր կ’առնուին։
◻ Հաւատակիցներ ինչպէ՞ս կրնան օգնել մասնաւոր կարիքներ ունեցող նորեկներուն։
◻ Երէցները ի՞նչ օգնութիւն կրնան տալ զղջացող յանցագործին։
◻ Ինչպէ՞ս կրնաք նոր մկրտուած անհատի մը օգնել որ ‘հասունութեան դիմէ’։
[Նկար՝ էջ 24]
Չարլզ Թ. Ռասըլ հանրածանօթ էր հօտին հանդէպ իր ունեցած սիրալիր հոգածութեան համար
[Նկար՝ էջ 26]
Կարեկից հովիւներ Աստուծոյ հօտին հետ քնքշութեամբ կը վարուին