‘Աստուծոյ քով կարեւորութիւն ունի՞մ’
«Ես Կարեւորութիւն Ունի՞մ. Աստուած հոգ կը տանի՞»։ Ասիկա պարբերաթերթի մը (Christianity Today) յօդուածներէն մէկուն խորագիրն էր։ Այս յօդուածին հեղինակը՝ Ֆիլիփ Ենասի՝ կը նշէ. «Որպէս գրող իմ ասպարէզիս մեծամասնութիւնը ցաւի խնդրին շուրջ դարձած է»։ «Ես նոյն հարցումները կրկին ու կրկին կու տամ, կարծես հին վէրքի մը կը դպչիմ, որ բնաւ չապաքինիր։ Իմ գիրքերս կարդացողները ինծի նամակ կը գրեն եւ անոնց մտատանջութիւնները իմ կասկածներս կը հաստատեն»։
Թերեւս դուք ալ հարց տուած էք որ Աստուած ո՛րքանով կը հետաքրքրուի ձեր կեանքով։ Կրնայ ըլլալ որ ձեզի ծանօթ է Յովհաննու 3։16–ը, ուր կը նշէ որ «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ»։ Կամ թերեւս Մատթէոս 20։28–ն կարդացած էք, ուր կ’ըսէ որ Յիսուս եկաւ, «իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։ Այսուհանդերձ, կրնաք տակաւին հարց տալ՝ ‘Աստուած կը նշմարէ՞ զիս։ Որպէս անհատ հոգ կը տանի՞ ինծի’։ Ինչպէս պիտի տեսնենք, լաւ պատճառ ունինք այս հարցումներուն դրականօրէն պատասխանելու։