Երբ նախապաշարումը պիտի չքանա՛յ
ՏԵՂԵԿԱԳՐՈՒԹԵԱՆ մը համաձայն, առիթով մը գիտնական Ալպէր Այնըշթայն ըսած է որ այս տխուր աշխարհին մէջ աւելի դժուար է նախապաշարում մը յաղթահարել, քան թէ հիւլէ մը ճեղքել։ Նոյնպէս, լրագրող Էտուարտ Մըրօ, որ համբաւաւոր եղաւ Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին եւ հետագային՝ Մ. Ն. Տեղեկատուական Սպասարկութեան տնօրէն՝ նշեց որ «ոեւէ մէկը նախապաշարումը չի կրնար վանել, այլ միայն կ’ընդունի զայն»։
Այս արտայայտութիւնները շիտա՞կ են։ Անկարելի՞ է խտրականութիւնը եւ ցեղապաշտութիւնը վանել։ Աստուած ինչպէ՞ս կը նկատէ նախապաշարումը։
Աստուած Անաչառ է
Աստուածաշունչը աչառութեան դէմ է։ (Առակաց 24։23. 28։21) Ան կը նշէ որ «վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնակալ [անաչառ] ու անկեղծ»։ (Յակոբու 3։17) Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, այսպիսի իմաստութիւն մը պահանջուած էր Դատաւորներէն։ «Դատաստանի մէջ անիրաւութիւն մի՛ ընէք. աղքատին աչառութիւն մի՛ ընէք եւ մեծը մի՛ շողոքորթէք», պատուիրուած էր անոնց։—Ղեւտացւոց 19։15
Յիսուս Քրիստոս եւ Պետրոս ու Պօղոս առաքեալները աչառութեան եւ նախապաշարումի հանդէպ Աստուածաշունչի անյողդողդ կեցուածքը որդեգրեցին։ Յիսուս անաչառ էր ‘յոգնած ու ցիրուցան եղածներուն հանդէպ, որոնք հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին’։ (Մատթէոս 9։36) Անոր ուսուցումն էր՝ «Աչքի երեւցածին պէս դատաստան մի՛ ընէք, հապա արդար դատաստան ըրէք»։—Յովհաննու 7։24
Պետրոս եւ Պօղոս կը հաստատեն որ Եհովա Աստուած աչառութիւն չ’ըներ։ Պետրոս նշեց. «Ճշմարտութեամբ կը հասկնամ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։ (Գործք 10։34, 35) Իսկ Պօղոս առաքեալ մեզի կ’ըսէ. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ»։—Հռովմայեցիս 2։11
Աստուածաշունչի Ազդեցութիւնը
Աստուածաշունչը անով առաջնորդուողներուն կեանքը փոխելու զօրութիւնը ունի։ Եբրայեցիս 4։12–ը կ’ըսէ. «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ»։ Եհովայի օգնութեամբ, նախապաշարեալ անհատ մը կրնայ իր մտածելակերպը փոխել եւ ուրիշներու հետ անաչառութեամբ վարուիլ։
Առէք, Տարսոնցի Սօղոսի օրինակը։ Աստուածաշունչի պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ ժամանակ մը ան բուռն կերպով կը հակառակէր Քրիստոնէական ժողովքին, քանի որ կրօնական անթեք աւանդութիւններու կը հետեւէր։ (Գործք 8։1–3) Հրէական աւանդութիւնով տարուած ըլլալով, ան համոզուած էր որ Քրիստոնեաները հաւատուրաց եւ ճշմարիտ պաշտամունքի թշնամիներ են։ Իր նախապաշարումը զինք մղեց որ Քրիստոնեաներու սպաննութեան թիկունք կանգնի։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ան «Տէրոջը աշակերտներուն դէմ սպառնալիք եւ մահ [կը փչէր]»։ (Գործք 9։1) Ան կը խորհէր որ այսպէս վարուելով Աստուծոյ սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանէր։—Տես՝ Յովհաննու 16։2։
Սակայն, Տարսոնցի Սօղոս ձերբազատուեցաւ իր մոլեգին նախապաշարումէն։ Ան նոյնիսկ Քրիստոնեայ մը եղաւ։ Հետագային, Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը ըլլալով, Պօղոս գրեց. «Առաջ հայհոյիչ էի ու հալածող եւ թշնամանող. բայց ողորմութիւն գտայ, վասնզի անհաւատութեան մէջ եւ չգիտնալով ըրի»։—Ա. Տիմոթէոս 1։13
Պօղոս միակ անձը չէր որ այսպիսի արմատական փոփոխութիւն մը մտցուց իր մտածելակերպին մէջ։ Տիտոսի՝ ուրիշ աւետարանիչի մը՝ գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս խրատ տուաւ որ Քրիստոնեաները «մէկո՛ւն հայհոյութիւն չընեն, կռուարար չըլլան, հապա հեզահոգի, ամէն մարդու քաղցրութիւն ցուցնեն։ Վասնզի մենք ալ ատեն մը անմիտ էինք, անհնազանդ, մոլորեալ եւ զանազան ցանկութիւններու ու հեշտութիւններու կը ծառայէինք, չարութիւնով ու նախանձով կը վարուէինք, ատելի էինք եւ մէկզմէկ կ’ատէինք»։—Տիտոս 3։2, 3
Նախապաշարումի Պատերը Փլցնենք
Ներկայիս, անկեղծ Քրիստոնեաները այս խրատին հետեւելու համար ջանք կը թափեն։ Անոնք չեն ուզեր դրսերեւոյթով մարդիկը դատել։ Ասիկա զիրենք ետ կը պահէ ‘ուրիշներու հայհոյութիւն ընելէ’։ Անոնք միջազգային եղբայրութիւն մը կը վայելեն, որ այս աշխարհի ազգայնական ու ցեղային սահմաններէն անդին կ’անցնի։
Նկատի առէք Հէնրիգի փորձառութիւնը, որ թխադէմ Պրազիլիացի մըն է։ Անձամբ ցեղային խտրականութեան զոհ գացած ըլլալով, ճերմակամորթներուն հանդէպ արմատ կապած ատելութիւն մը զարգացուցած էր։ Ան կը բացատրէ. «Երկու ճերմակամորթ Վկաներ իմ տունս եկան, Աստուծոյ անուան մասին խօսելու համար։ Նախ չուզեցի մտիկ ընել, քանի որ ճերմակ մարդոց չէի վստահեր։ Բայց շուտով տեսայ որ անոնց պատգամը ճշմարտութեան դրոշմը ունէր։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեցի։ Առաջին հարցումս էր՝ ‘Ձեր եկեղեցիին մէջ սեւամորթ անհատներ կա՞ն’։ Անոնք ‘Այո’ պատասխանեցին։ Ապա ինծի ցոյց տուին Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյa գրքին վերջին պատկերը, ուր տարբեր ցեղի պատկանող երեխաներ ներկայացուած էին։ Անոնց մէջ կար նաեւ սեւամորթ տղեկ մը եւ ասիկա զիս քաջալերեց։ Հետագային, Եհովայի Վկաներու Թագաւորութեան Սրահը այցելեցի, ուր տարբեր ցեղի պատկանող անհատներ տեսայ, որոնք իրարու հետ յարգանքով կը վարուէին։ Ասիկա շա՛տ կարեւոր էր ինծի համար»։
Հիմա Եհովայի Վկայ մը ըլլալով, Հէնրիգ ուրախ է որ ճշմարիտ Քրիստոնեաներու եղբայրութեան կը պատկանի։ Ան կը գիտակցի որ ասոր վարկը մարդու մը չ’երթար։ Ան կ’ըսէ. «Հիմա Եհովայի եւ Յիսուսի երախտապարտ եմ, ինծի համար իրենց ըրած ամէն բանին համար։ Ամէն ցեղի, գոյնի եւ ծագումի պատկանող միլիոնաւոր Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն հետ կ’աշխատիմ, որոնք մէկ նպատակով իրար միացած են»։
Իր մանկութեան նախապաշարումի զոհ գացած ուրիշ անհատ մըն էր Տարիոն։ 16 տարեկանին, ան սկսաւ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ան դիտել կու տայ. «Նկատեցի որ Վկաներուն մէջ ցեղային գերակայութեան զգացում չկար»։ Ան անկեղծ սիրոյ մթնոլորտը տեսնելով տպաւորուեցաւ։ Ան մանաւանդ նշմարեց որ ժողովքին մէջ տարբեր ցեղի պատկանող անհատներ պատասխանատու դիրքերու վրայ կը ծառայեն։ Երբ ժողովքէն դուրս նախապաշարումի կամ խտրականութեան հանդիպի, Տարիոն կը յիշէ որ Եհովան ամէն ազգի, ցեղի եւ լեզուի պատկանող մարդիկը կը սիրէ։
Ինչպէ՛ս Դիմագրաւել
Բոլորս ալ կ’ուզենք որ մեզի հետ յարգանքով ու պատիւով վարուին։ Անոր համար, նախապաշարումի զոհ երթալը դժուար փորձառութիւն մըն է։ Քրիստոնէական ժողովքը այս չար աշխարհին կողմէ եկած նախապաշարեալ բոլոր կեցուածքներուն դէմ չի պաշտպաներ մեզ։ Այնքան ատեն որ Բանսարկու Սատանան այս աշխարհի գործերը կը ղեկավարէ, անիրաւութիւններ պիտի ըլլան։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Յայտնութիւն 12։12–ը մեզ կը զգուշացէ. «Վա՜յ երկրի ու ծովու, վասնզի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։ Իր նպատակը միայն մեզ անհանգստացնել չէ։ Ան գիշատիչ անասունի մը նմանցուած է։ Պետրոս առաքեալ կ’ըսէ. «Ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ»։—Ա. Պետրոս 5։8
Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ մեզի. «Հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ։ Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի»։ (Յակոբու 4։7) Նախապաշարումը դիմագրաւելու լաւագոյն կերպն է Աստուծոյ դիմել պաշտպանութեան համար, ինչպէս Դաւիթ Թագաւոր ըրաւ. «Ո՛վ իմ Աստուածս, ամբարիշտին ձեռքէն, անօրէնին ու բռնաւորին ձեռքէն զիս փրկէ»։ (Սաղմոս 71։4) Նոյնիսկ սաղմոսերգուին նման պէտք է աղօթենք. «Ո՛վ Աստուած, ողորմէ՛ ինծի, քանզի մարդը կ’ուզէ զիս կլլել. ամէն օր պատերազմ ընելով զիս կը նեղէ»։—Սաղմոս 56։1
Աստուած ի՞նչպէս պիտի պատասխանէ այսպիսի աղօթքներու։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի։ Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ»։ (Սաղմոս 72։12, 13) Որքա՜ն ամոքիչ է գիտնալ որ Եհովա յարմար ժամանակին պիտի հանգստացնէ անիրաւութեան զոհ գացած բոլոր անհատները։
«Անոնք Պիտի Չվնասեն»
Այս աշխարհի կառավարութիւնները իրենց օրէնքներով եւ ծրագիրներով կրնան նախապաշարումի դէմ իրենց պայքարը շարունակել եւ հաւասարութիւն ու արդարութիիւն խոստանալ։ Բայց պիտի չյաջողին։ (Սաղմոս 146։3) Միմիայն Աստուած կրնայ եւ բոլորվին պիտի ջնջէ նախապաշարեալ ամէն վերաբերմունք։ Ան մարդկութիւնը մէկ միացեալ ընտանիքի մը պիտի վերածէ։ ‘բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն մեծ բազմութիւն մը’ պիտի վերապրի այս ամբարիշտ աշխարհի վախճանէն եւ խաղաղ կեանք մը պիտի վայելէ։—Յայտնութիւն 7։9, 10
Եհովա պիտի ամոքէ ցեղային եւ ընկերային նախապաշարումին պատճառած վնասները։ Երեւակայեցէ՛ք որ ոեւէ մէկը անիրաւ վերաբերմունք պիտի չստանայ։ «Ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ»։ (Միքիայ 4։4) Իսկ Եսայեայ 11։9–ը կ’ըսէ. «Անոնք պիտի չվնասեն»։
Եթէ հիմա նախապաշարումի զոհ գացած էք, ապագայի այս հոյակապ յոյսը Եհովայի հետ ձեր յարաբերութիւնը պիտի զօրացնէ։ Անիկա պիտի օգնէ ձեզի որ այս ամբարիշտ աշխարհի անիրաւութիւններուն տոկաք։ Մինչ նախապաշարումի կը հանդուրժէք ու ապագային կը նայիք, Աստուածաշունչի հետեւեալ իմաստուն խրատին հետեւեցէք. «Կտրի՛ճ եղէք ու ձեր սիրտը թող զօրանայ, դուք ամէնքդ, որ [Եհովայի] կը յուսաք»։—Սաղմոս 31։24
[Ստորանիշ]
a Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։