Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 11/1 էջ 3-4
  • Հոգին անմա՞հ է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հոգին անմա՞հ է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Շփոթեցուցիչ Հարցումներ
  • Մահուընէ ետք կեանք կա՞յ
    Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք
  • Մահուընէ ետք կեանք՝ ի՞նչ է մարդոց հաւատքը այս մասին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Յարութեան վրայ ձեր հաւատքը ո՞րքան զօրաւոր է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Հոգիի համար աւելի լաւ յոյս մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 11/1 էջ 3-4

Հոգին անմա՞հ է

ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ եւ ընտանիքի անդամներ բաց դագաղին ետեւէն համրաքայլ կը քալեն, իրենց աչքերը սեւեռած 17 տարեկան տղուն դիակին։ Անիկա իր դասընկերներուն անճանաչելի դարձած է։ Քիմիական դարմանումը ցանցառ դարձուցած է գլխուն մազերը. խլիրթը հալեցուցած է զինք։ Ասիկա իրապէս իրենց ընկե՞րն է։ Տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ գաղափարներով, հարցումներով, եռանդով՝ կեանքով լեցուն տղայ մըն էր։ Իսկ մայրը արտասուալից աչքերով անդադար կը կրկնէ. «Թոմին հիմա աւելի ուրախ է։ Աստուած Թոմին իր քով՝ երկինք առաւ»։

Այս վշտահար մօր յոյս եւ մխիթարութիւն կու տար այն գաղափարը թէ իր որդին տակաւին կերպով մը կ’ապրէր։ Ան եկեղեցիէն սորված էր որ հոգին անմահ է եւ թէ անիկա անձնաւորութեան, խորհուրդներու եւ յիշատակներու կայանն է, անհատին «էութիւն»ն է։ Ան կը հաւատար որ իր որդւոյն հոգին չէր մեռած. անիկա ապրող հոգի մը ըլլալով, մահուան ատեն մարմինը ձգած եւ երկինք գացած էր Աստուծոյ եւ հրեշտակներուն քով։

Ողբերգութեան մը պարագային, մարդուն սիրտը յուսահատօրէն կը կառչի յոյսի որեւէ նշոյլի, անոր համար, դժուար չէ տեսնել թէ այս հաւատալիքը ի՛նչու այսքան ժողովրդական է։ Նայեցէք թէ աստուածաբան Փէթըրսին–Սմիթ ի՛նչպէս արտայայտուեցաւ իր գրքին (The Gospel of the Hereafter) մէջ. «Մահը աննշան բան մը է, երբ բաղդատենք անկէ ետք եկածին հետ. մահը մեզ կ’առաջնորդէ հոյակապ, շա՛տ հոյակապ աշխարհ մը»։

Համայն աշխարհի շատ մը կրօնքներու ու մշակոյթներու մէջ, կը հաւատան որ մարդը իր մէջ անմահ հոգի մը ունի, գիտակից ոյժ մը որ մարմնին մեռնելէն ետք կը շարունակէ ապրիլ։ Այս հաւատալիքը Քրիստոնեայ աշխարհի հազարաւոր կրօնքներուն եւ աղանդներուն մէջ գոյութիւն ունի։ Անիկա Յուդայականութեան ալ պաշտօնական վարդապետութիւնն է։ Հինտուները կը հաւատան որ աթման կամ հոգին որ վաղուց ստեղծուած է, ծնունդի ժամանակ մարմնին մէջ կը բանտարկուի եւ մահուան ատեն ուրիշ մարմնի մէջ կը փոխադրուի, հոգեփոխութեան անվերջ շրջան մը կատարելով։ Իսկ Մահմետականները կը հաւատան որ հոգիին գոյութիւնը կը սկսի մարմինով եւ մարմինը մեռնելէ ետք կը շարունակէ ապրիլ։ Գրեթէ միւս բոլոր կրօնքներն ու աղանդները՝ ինչպէս, Ափրիկեան անիմիսթները, Շինթոյականները եւ նոյնիսկ պուտտայականները նոյնաման բաներ կը սորվեցնեն։

Շփոթեցուցիչ Հարցումներ

Հոգիի անմահութեան գաղափարը որքան ալ համերկրային ու ժողովրդական ըլլայ, անիկա կարգ մը շփոթեցուցիչ հարցումներ կը յարուցանէ։ Մարդիկ հարց կու տան. Ո՞ւր կ’երթայ սիրելիի մը հոգին, եթէ անիկա շատ օրինակելի կեանք չէ վարած։ Անիկա աւելի ստորին կեանքի՞ կը փոխուի։ Արդեօք քաւարա՞ն կ’երթայ, ուր կրակով կը մաքրուի, մինչեւ որ երկինք երթալու արժանի գտնուի։ Կամ աւելի վատ, կրակոտ դժոխքի մը մէջ յաւիտեան կը տանջուի՞։ Կամ ինչպէս շատ մը անիմիսթ կրօնքներ կը սորվեցնեն, անիկա ոգի մը կը դառնայ որու պէտք է հանդարտեցնել։

Այսպիսի հաւատալիքներ ծանր բեռ մը կը դնեն ապրողներուն վրայ։ Մեր ննջեցեալներուն հոգիները պէ՞տք է հանդարտեցնենք որպէսզի մեզմէ վրէժ չառնեն։ Արդեօք պէ՞տք է ջանանք զանոնք ազատել ահաւոր քաւարանէ մը։ Կամ, մտածելով որ դժոխքին մէջ կը տանջուին, ահաբեկուած պիտի սարսռա՞նք։ Թէ ոչ ապրող անասուններուն հետ այնպէս մը պիտի վարուինք, որպէս թէ անոնք մեռած անհատներու հոգիները կը կրեն....

Աստուծոյ մասին յարուցուած հարցերը նուազ խռովեցուցիչ չեն։ Օրինակ, շատ ծնողներ՝ վերոյիշեալ մօր նման՝ սկիզբը կը մխիթարուին որ Աստուած իրենց զաւկին անմահ հոգին «առաւ» որպէսզի երկնքի մէջ իր հետ ըլլայ։ Բայց շատեր շատ չանցած կը սկսին հարց տալ թէ ի՛նչպիսի Աստուած մը այսքան սոսկալի հիւանդութիւն մը կրնայ տալ անմեղ երեխայի մը, զայն խլելով վշտահար ծնողէ մը, պարզապէս ժամանակէն առաջ երկինք տանելու համար։ Ո՞ւր է այս Աստուծոյ արդարութիւնը, սէրը եւ ողորմութիւնը։ Ոմանք նոյնիսկ այսպիսի Աստուծոյ իմաստութեան վրայ կը կասկածին։ Անոնք կը հարցնեն թէ իմաստուն Աստուած մը ի՛նչու այս բոլոր հոգիները նախ երկրի վրայ կը դնէ, եթէ զանոնք վերջապէս երկինք պիտի առնէ։ Ասիկա չի՞ նշանակեր որ երկրին ստեղծագործութիւնը ի՛րապէս սին աշխատանք մը եղած է։—Բաղդատել Բ. Օրինաց 32։4. Սաղմոս 103։8. Եսայեայ 45։18. Ա. Յովհաննու 4։8

Շատ որոշ է ուրեմն, որ հոգիի անմահութեան վարդապետութիւնը՝ ի՛նչ կերպով ալ ուսուցուի՝ կնճռոտ, նոյնիսկ հակասական հարցեր կը յարուցանէ։ Ի՞նչու։ Գլխաւորաբար այս ուսուցումին ծագումին պատճառաւ։ Անոր ծագումին վրայ հակիրճօրէն աչք մը նետելը կրնայ ձեզ լուսաբանել։ Իսկ հոգիի մասին ինչ որ կ’ըսէ Աստուածաշունչը, կրնայ ձեզ զարմացնել։ Անիկա մահուընէ ետք շատ աւելի լաւ կեանքի յոյսը կու տայ, քան ինչ որ աշխարհի կրօնքները սովորաբար կը սորվեցնեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել