Աստուածաշունչը ճակատագրի հաւատալ կը սորվեցնէ՞
ՊԱՐՍԱՒԱ՛ՆՔ. ԶՐՊԱՐՏՈՒԹԻ՛ՒՆ։ Երբ համայնքի մը յարգուած մէկ անձնաւորութիւնը խորհի որ իր անունը կամ համբաւը արատաւորուած է կեղծ տեղեկագրութեամբ, ան հարցը շտկելու պահանջքը կը զգայ։ Ան նոյնիսկ օրինական քայլեր կ’առնէ այս պարսաւանքին հեղինակներուն դէմ։
Այո, ճակատագրի հաւատալն ալ Ամենակալ Աստուծոյ դէմ զրպարտութիւն է։ Ճակատագրի տեսութիւնը այդ է որ Աստուած անձնապէս պատասխանատու է մարդկութեան վրայ եկած ողբերգութիւններուն եւ ձախորդութիւններուն։ Եթէ ճակատագրի հաւատացող մըն էք, թերեւս կ’երեւակայէք որ Տիեզերքի Գերիշխանը յուշատետր մը ունի, որու մէջ այսպիսի բաներ գրած է. ‘Այսօր, Յովհաննէսը ինքնաշարժի արկածի մը ենթարկուելով պիտի վիրաւորուի, Անահիտը մալարեայով պիտի բռնուի, Կարապետին տունը փոթորիկի մը հետեւանքով փուլ պիտի գայ’։ Դուք այսպիսի Աստուծոյ մը ծառայել պիտի փափաքէի՞ք։
Ճակատագրի հաւատացող մը կրնայ հարցնել. ‘Եթէ Աստուած չէ դժբախտութիւններու պատասխանատուն, ուրեմն ո՞վ է’։ Ուսման անունով անհատի մը համար ասիկա հարց էր։ Բայց ճշմարտութիւնը գիտնալու համար փոխանակ ենթադրութիւններ ընելու, Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ ուսուցումներուն դիմեց եւ սորվեցաւ որ Աստուած իր անունը մաքրած է այսպիսի զրպարտութենէ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Ուստի, տեսնենք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ այս նիւթին շուրջ։
Զո՞վ Այպանել
Հեղեղներ, փոթորիկներ, երկրաշարժներ. յաճախ այսպիսի աղէտներ Աստուծոյ գործերը կոչուած են։ Բայց Աստուածաշունչի համաձայն, Աստուած այսպիսի աղէտներ չի պատճառեր։ Դարեր առաջ, Միջին Արեւելքի մէջ պատահած ողբերգութիւն մը նկատի առէք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ այս աղէտէն միակ վերապրողը հետեւեալ տեղեկագրութիւնը ըրաւ. «Երկինքէն Աստուծոյ կրակը [Եբրայերէն արտայայտութիւն մը որ յաճախ կը նշանակէ՝ կայծակ] իջաւ ու հօտերը եւ առօտները այրեց ու զանոնք սպառեց»։—Յոբայ 1։16
Թերեւս այս ահաբեկուած մարդը խորհեցաւ որ կրակը Աստուծոյ կողմէ էր, բայց Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ չենք կրնար զինք այպանել։ Կարդացէ՛ք Յոբայ 1։7–12–ը եւ պիտի հասկնաք թէ ո՛չ թէ Աստուած էր այդ կայծակին հեղինակը, այլ՝ Հակառակորդը, Բանսարկու Սատանան։ Ճիշդ է որ բոլոր դժբախտութիւնները ուղղակիօրէն Սատանային գործը չեն։ Բայց որոշ է որ անոնց համար Աստուած ալ չենք կրնար այպանել։
Իրականութեան մէջ, ձախորդութիւններու պատճառը յաճախ մարդիկ իրենք են։ Դպրոցի, գործի կամ ընկերային յարաբերութեանց մէջ ձախորդութիւնները կրնան գալ ջանքի եւ լաւ մարզումի, կամ թերեւս ուրիշներու հանդէպ նկատողութեան, պակասէ։ Նոյնպէս, հիւանդութիւնները, արկածները եւ մահերը կրնան անտարբերութեան հետեւանքը ըլլալ։ Օրինակ, ինքնաշարժին մէջ պարզապէս ապահովութեան գօտին կապելը արկածի ընթացքին մահանալու հաւանականութիւնը կրնայ զգալիօրէն նուազեցնել։ Ապահովութեան գօտին որեւէ տարբերութիւն պէտք չէ ընէ, եթէ անփոփոխելի «ճակատագիր» մը գոյութիւն ունի։ Բժշկական եւ առողջապահական պատշաճ խնամքն ալ կրնայ մեծապէս նուազեցնել կանխահաս մահերը։ «Աստուծոյ գործը» կոչուած կարգ մը աղէտներ կարելի է իրապէս մարդուն վերագրել, որպէս մարդուն կողմէ երկիրը սխալ կերպով կառավարելուն տխուր կտակը։—Համեմատել Յայտնութիւն 11։18–ի հետ։
«Ժամանակ ու Դիպուած»
Ճիշդ է որ շատ տխուր դէպքեր կը պատահին առանց բացայայտ պատճառներու։ Նկատի առէք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ Ժողովողի 9։11–ի մէջ. «Դարձայ ու արեւուն տակ տեսայ, թէ ճամբան վազողներուն չէ, պատերազմը զօրաւորներուն չէ նաեւ հացը իմաստուններունը չէ, հարստութիւնն ալ հանճարեղներունը չէ, նաեւ շնորհքը գիտուններունը չէ. հապա ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն»։ Հետեւաբար ո՛չ մէկ պատճառ ունինք հաւատալու որ Ստեղծիչը պատասխանատու է արկածներուն, եւ թէ՝ արկածի զոհ գացողները կերպով մը իրենց պատիժը կը ստանան։
Յիսուս Քրիստոս ալ ճակատագրի գաղափարին դէմ առարկեց։ Իր ունկնդիրներուն ծանօթ եղող ողբերգութեան մը ակնարկելով, Յիսուս հարցուց. «Այն տասնըութը հոգին, որոնց վրայ Սելովամի աշատարակը ինկաւ եւ զանոնք մեռցուց. կը կարծէ՞ք թէ անոնք Երուսաղէմի մէջ բնակած բոլոր մարդոցմէ աւելի պարտաւոր էին։ Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ոչ’»։ (Ղուկաս 13։4, 5) Յիսուս այդ աղէտը բացայայտօրէն վերագրեց ո՛չ թէ Աստուծոյ, այլ՝ ‘ժամանակին ու դիպուածին’։
Անկատարութեան Վնասները
Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել անբացատրելի մահերու ու հիւանդութիւններու մասին։ Մարդկութեան կացութեան մասին Աստուածաշունչը հետեւեալ պարզ բացատրութիւնը կու տայ. «Ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան»։ (Ա. Կորնթացիս 15։22) Մեր նախահայրը Ադամ անհնազանդութեան ուղին բռնելէն ի վեր, մահը հարուածած է մարդկութիւնը։ Ճիշդ ինչպէս Աստուած կանխազգուշացուցած էր, Ադամ իր սերունդին մահ կտակեց։ (Ծննդոց 2։17. Հռովմայեցիս 5։12) Հետեւաբար, մեր բոլոր հիւանդութիւնները կարելի է վերագրել մեր հասարակաց նախահօր՝ Ադամին։ Մեր բնածին անկատարութիւնն ալ մեծ դեր կը խաղայ կեանքի մէջ մեր ունեցած յուսախաբութիւններուն եւ ձախորդութիւններուն մէջ։—Սաղմոս 51։5
Աղքատութեան պարագան նկատի առէք։ Անկէ տառապողները ճակատագրի հաւատալով յաճախ հաշտուած են իրենց դժուարին կացութեան հետ։ ‘Ասիկա մեր ճակատագիրն է’, կ’ըսեն անոնք։ Սակայն, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ պէտք է մեղադրել մարդկային անկատարութիւնը եւ ո՛չ թէ՝ ճակատագիրը։ Ոմանք կ’աղքատանան, ‘հնձելով ինչ որ ցանած են’ իրենց ծուլութեամբ եւ սխալ տնտեսութեամբ։ (Գաղատացիս 6։7, 8. Առակաց 6։10, 11) Միլիոնաւոր անհատներ աղքատութեան մէջ կ’ապրին հեղինակութիւն ունեցող ագահ անհատներու զոհ դառնալով։ (Համեմատել Յակոբու 2։6–ի հետ։) «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Ժողովողի 8։9) Բնաւ չենք կրնար ամէն աղքատութիւն Աստուծոյ, կամ ճակատագրին, վերագրել։
Ճակատագրի Հաւատալուն Վնասները
Ճակատագրի հաւատացողներուն վրայ անոր ունեցած ազդեցութիւնը անոր դէմ վկայող ուրիշ համոզիչ առարկութիւն մըն է։ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ամէն բարի ծառ բարի պտուղ կու տայ եւ չար ծառ չար պտուղ կու տայ»։ (Մատթէոս 7։17) Ճակատագրի «պտուղ»ներէն մէկը նկատի առնենք. տեսնելու համար թէ անիկա ի՛նչ ազդեցութիւն ունի մարդոց պատասխանատուութեան գիտակցութեան վրայ։
Անձնական պատասխանատուութեան ողջախոհ գիտակցութիւնը կարեւոր է։ Ի միջի այլոց՝ անիկա է որ կը մղէ ծնողները որ իրենց ընտանիքին պէտքերը հոգան, գործաւորները իրենց պարտաւորութիւնները խղճմտօրէն կատարեն, գործարանատէրեր ընտիր ապրանքներ հայթայթեն։ Ճակատագրի հաւատալը այդ զգացումը կը բթացնէ։ Երեւակայենք որ մէկու մը ինքնաշարժին ղեկը խնդիր ունի։ Եթէ ան պատասխանատուութեան իրական զգացում մը ունի, իր կեանքին եւ միւս անցորդներուն կեանքին մասին մտածելով շինել կու տայ զայն։ Սակայն, ճակատագրի հաւատացող մը կրնայ վտանգը անտեսել, պատճառաբանելով որ ձախորդութիւն մը կը պատահի, միայն եթէ անիկա ‘Աստուծոյ կամք’ն է։
Այո, ճակատագրի հաւատալը շատ հեշտութեամբ անհոգութեան, ծուլութեան, իր արարքներուն հանդէպ անպատասխանատու կեցուածքի եւ բազմաթիւ ուրիշ բացասական յատկանիշներու կրնայ առաջնորդել։
Աստուծոյ Հետ Մեր Յարաբերութեան Արգելք կը Հանդիսանա՞յ
Ամենէն վնասակարը, ճակատագրի հաւատալը պատճառ կ’ըլլայ որ անհատ մը Աստուծոյ հանդէպ իր ունեցած պատասխանատուութիւնը անտեսէ։ (Ժողովողի 12։13) Սաղմոսերգուն կը յորդորէ որ ամբողջ մարդկութիւնը ‘ճաշակեն ու տեսնեն որ Եհովան բարի է’։ (Սաղմոս 34։8) Աստուած որոշ պահանջներ կը դնէ իր բարիքները վայելել փափաքողներուն դիմաց։—Սաղմոս 15։1–5
Այդ պահանջներէն մէկը՝ զղջումն է։ (Գործք 3։19. 17։30) Անիկա իր մէջ կը պարփակէ մեր սխալները ընդունիլ եւ հարկ եղած փոփոխութիւնները ընել։ Անկատար անհատներ ըլլալով, բոլորս ալ զղջալու շատ պատճառներ ունինք։ Բայց երբ անհատ մը հաւատայ որ ինք ճակատագրի անօգնական զոհ մըն է, այդ պարագային զղջալու, կամ իր սխալներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնելու կարիքը չ’զգար։
Ճակատագրի Բռնակալէն Ձերբազատուիլ
Ուսմանը, որու մասին խօսեցանք սկիզբը, ժամանակ մը ճակատագրի հաւատալով անոր գերին դարձած էր։ Բայց երբ Եհովայի Վկաները իրեն օգնեցին որ իր մտածելակերպը Աստուածաշունչի լոյսով քննէ, ան ճակատագրի հաւատալէ դադրեցաւ։ Որպէս արդիւնք, հանգստութեան խոր զգացում մը եւ կեանքի հանդէպ նոր, դրական տեսակէտ մը ունեցաւ ան։ Աւելի կարեւորը, ան ճանչցաւ Եհովան, որպէս «Ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով» Աստուած մը։—Ելից 34։6
Ուսմանը նաեւ ըմբռնեց որ թէեւ Աստուած մեր կեանքի բոլոր մանրամասնութիւնները չի ծրագրեր, բայց ապագայի համար նպատակ մը ունի։a Բ. Պետրոս 3։13–ը կ’ըսէ. «Իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։ Եհովայի Վկաները միլիոնաւորներու օգնած են որ յաւիտեան ապրելու յոյսը մշակեն եւ այս խոստացուած «նոր երկրի»ն մէկ մասը ըլլան։ Անոնք կը փափաքին նաեւ ձեզի օգնել։
Մինչ Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութեան մէջ կ’աճիք, պիտի հասկնաք որ ձեր ապագան կախեալ չէ նախասահմանեալ ճակատագրէ մը, որու վրայ իշխանութիւն չունիք։ Վաղեմի Իսրայելացիներուն ըսած Մովսէսի խօսքերը լաւ կերպով կը կիրարկուին հոս. «Կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեանքը ընտրէ որպէսզի ապրիք՝ դուն եւ քու սերունդդ. քու Տէր Աստուածդ սիրելով, անոր խօսքին հնազանդութիւն ըրէ՛ ու անոր յարէ՛»։ (Բ. Օրինաց 30։19, 20) Այո, ձեր ապագային համար դուք ալ ըսելիք խօսք մը ունիք, անիկա ճակատագրին ձեռքը չէ։
[Ստորանիշ]
a Աստուծոյ կանխագիտութեան մասին ամբողջական գաղափար մը ունենալու համար, տես՝ 15 Յուլիս 1984–ի Դիտարանը, էջ 3–7, Անգլերէնով։
[Նկարներ՝ էջ 5]
Այս աղէտները ‘Աստուծոյ գործը’ չեն