Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 1/1 էջ 17-21
  • Թող բոլորը Եհովա՛ն փառաբանեն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Թող բոլորը Եհովա՛ն փառաբանեն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Զօրքերու Տէրը» կը Խօսի
  • Փառահեղ Հոգեւոր Տաճարը
  • «Ես ձեզի հետ եմ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Ձեր ձեռքերը թող ուժովնան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Անգէի եւ Զաքարիայի գիրքերէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • «Բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 1/1 էջ 17-21

Թող բոլորը Եհովա՛ն փառաբանեն

«Արեւելեան կողմը փառաւորեցէ՛ք Տէրը»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 24։15

1. Ներկայ Քրիստոնեայ Աշխարհին հակառակը, Եհովայի մարգարէները ինչպէ՞ս կը նկատէին իր անունը։

ԵՀՈՎԱ՛. Աստուծոյ գերապանծ անունը։ Վաղեմի հաւատարիմ մարգարէներուն համար ի՜նչ մեծ ուրախութիւն էր այդ անունով խօսիլ։ Անոնք ցնծութեամբ փառաւորեցին իրենց Գերիշխան Տէրը, Եհովան, որու անունը զինք կը բնորոշէ որպէս Մեծ Նպատակադրողը։ (Եսայեայ 40։5. Երեմեայ 10։6, 10. Եզեկիէլ 36։23) Նոյնիսկ այդպէս կոչուած պզտիկ մարգարէները բացայայտօրէն կը փառաբանէին Եհովան։ Անոնցմէ մէկն էր Անգէ։ Անգեայ գիրքը՝ որ միայն 38 համարներէ կը բաղկանայ, 35 անգամ կը գործածէ Աստուծոյ անունը։ Այսպիսի մարգարէութիւն մը անկենդան կը դառնայ, երբ Եհովայի թանկարժէք անունը փոխարինուի «Տէր» տիտղոսով, ինչ որ Քրիստոնեայ Աշխարհի գերընտիր առաքեալները ըրած են իրենց թարգմանութիւններուն մէջ։—Բաղդատել Բ. Կորնթացիս 11։5։

2, 3. (ա) Իսրայէլի վերահաստատման մասին յատկանշական մարգարէութիւն մը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։ (բ) Հրեայ մնացորդը եւ իրենց ընկերակիցները ի՞նչ ուրախութեան մասնակից եղան։

2 Եսայեայ 12։2–ի մէջ, Աստուծոյ անուան երկու ձեւերն ալ գործածուած են։a Մարգարէն կ’ըսէ. «Ահա իմ փրկութիւնս Աստուած է։ Ես Անոր պիտի վստահիմ ու պիտի չվախնամ, քանզի իմ զօրութիւնս ու օրհնութիւնս Տէր [«Եահ», ՆԱ] Եհովան է ու անիկա է իմ փրկութիւնս»։ (Տես նաեւ՝ Եսայեայ 26։4, ՆԱ։) Ուստի, Բաբելոնի գերութենէն Իսրայէլի ազատագրումէն շուրջ 200 տարիներ առաջ, իր Եսայի մարգարէին միջոցաւ Եահ Եհովան երաշխաւորեց որ ինք իրենց հզօր Փրկիչն էր։ Այդ գերութիւնը պիտի տեւէր Հ.Դ.Ա. 607–էն մինչեւ Հ.Դ.Ա. 537։ Եսայի նաեւ գրեց. «Ե՛ս եմ Տէրը, որ բոլոր բաները ըրի։ . . . Եւ Կիւրոսին համար կ’ըսեմ ‘Իմ հովիւս է ու իմ ամէն կամքս պիտի կատարէ’։ Ու Երուսաղէմին կ’ըսեմ թէ ‘Պիտի շինուիս’ եւ տաճարին՝ թէ ‘Քու հիմերդ պիտի ձգուին’»։ Ո՞վ էր Կիւրոս։ Յատկանշականօրէն, ան Պարսկաստանի Կիւրոս թագաւորն էր, որ Բաբելոնը նուաճեց Հ.Դ.Ա. 539–ին։—Եսայեայ 44։24, 28

3 Եսայիի կողմէ արձանագրուած Եհովայի խօսքերուն առ ի կատարում, Կիւրոս գերեվարուած Իսրայելացիներուն ի նպաստ հրովարտակ մը հանեց. «Ձեր մէջ ով որ անոր ժողովուրդէն է, իր Աստուածը իրեն հետ ըլլայ, թող Յուդայի Երուսաղէմը երթայ եւ Իսրայէլին Եհովա Աստուծոյն, այն Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյն, տունը շինէ»։ Չափազանց ուրախ Հրեայ մնացորդ մը, Իսրայելացի չեղող Նաթանայիմներուն եւ Սողոմոնի ծառաներուն ընկերակցութեամբ, Երուսաղէմ վերադարձաւ։ Հ.Դ.Ա. 537–ի Տաղաւարահարաց Տօնին համար ճիշդ ժամանակին հասնելով, անոնք Եհովայի սեղանին վրայ զոհեր մատուցանեցին։ Յաջորդ տարին, երկրորդ ամսուն, անոնք երկրորդ տաճարին հիմը նետեցին, իրենց ձայները բարձրացնելով եւ Եհովան փառաբանելով։—Եզրասայ 1։1–4. 2։1, 2, 43, 55. 3։1–6, 8, 10–13

4. Եսայեայ 35 եւ 55–րդ գլուխները ինչպէ՞ս իրականացան։

4 Վերահաստատման մասին Եհովայի տուած մարգարէութիւնը փառաւոր կերպով պիտի կատարուէր Իսրայէլի մէջ. «Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի։ . . . Անոնք Տէրոջը փառքը, մեր Աստուծոյն վայելչութիւնը պիտի տեսնեն»։ «Ուրախութեամբ պիտի ելլէք ու խաղաղութեամբ պիտի առաջնորդուիք։ Լեռներն ու բլուրները ձեր առջեւէն ցնծութեամբ պիտի աղաղակեն . . . Ասիկա Տէրոջը անուանը փառքին համար անջինջ ու յաւիտենական նշան մը պիտի ըլլայ»։—Եսայեայ 35։1, 2. 55։12, 13

5. Իսրայէլի ուրախութիւնը ինչո՞ւ կարճատեւ էր։

5 Դժբախտաբար, այդ ուրախութիւնը կարճատեւ եղաւ։ Դրացի ժողովուրդները տաճարի շինութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար, ջանացին միջդաւանական ուխտ մը հաստատել։ Սկիզբը Հրեաները հաստատօրէն մերժեցին, ըսելով. «Չի վայլեր ձեզի որ մէկտեղ մեր Աստուծոյն տուն շինենք. հապա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տունը մինակ մենք պիտի շինենք, ինչպէս Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորը մեզի հրամայեց»։ Ասոր վրայ այդ դրացիները դառնապէս հակառակեցան։ Անոնք «Յուդայի ժողովուրդին ձեռքերը կը թուլցնէին ու անոնց շինութիւնը կը խափանէին»։ Անոնք հարցը ծուռ կերպով ներկայացուցին Կիւրոսի յաջորդին՝ Արտաշէսին, որ տաճարի շինութիւնը արգիլեց։ (Եզրասայ 4։1–24) Գործը ընդհատուեցաւ 17 տարի։ Դժբախտաբար, այդ ընթացքին Հրեաները նիւթապաշտութեան անձնատուր եղան։

«Զօրքերու Տէրը» կը Խօսի

6. (ա) Եհովա ինչպէ՞ս ընդառաջեց Իսրայէլի մէջ գոյութիւն ունեցող կացութեան։ (բ) Անգէի անուան իմաստը ինչո՞ւ շատ պատշաճ է։

6 Այսպէս ըլլալով հանդերձ, Եհովա Իսրայէլի հանդէպ ‘իր ուժը եւ զօրութիւնը’ ցոյց տուաւ իր մարգարէները ղրկելով, մասնաւորաբար Անգէն եւ Զաքարիան, որպէսզի Հրեաները գիտակցէին իրենց պատասխանատուութիւններուն։ Անգէի անունը տօնի հետ կապակցութիւն ունի, քանի որ անիկա կը նշանակէ «Տօնի մը Ծնած»։ Տեղին ըլլալով, ան սկսաւ մարգարէանալ Տաղաւարահարաց Տօնի ամսուան առաջին օրը. այն օրը, երբ Հրեաներուն ըսուեցաւ որ ‘ուրախութիւն ընեն’։ (Բ. Օրինաց 16։15) Անգէի միջոցաւ, Եհովա չորս պատգամներ ղրկեց 112 օրուան ընթացքին։—Անգեայ 1։1. 2։1, 10, 20

7. Անգէի բացման խօսքը ինչո՞ւ քաջալերական է մեզի համար։

7 Իր մարգարէութիւնը սկսելով, Անգէ ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը կը խօսի ու այսպէս կ’ըսէ»։ (Անգեայ 1։2ա) Արդեօք այդ «զօրքեր»ը որո՞նք են։ Անոնք Եհովայի հրեշտակային բանակներն են, որոնց երբեմն Աստուածաշունչին մէջ ակնարկուած է որպէս զինուորական ուժեր։ (Յոբայ 1։6. 2։1. Սաղմոս 103։20, 21. Մատթէոս 26։53) Մեզի համար քաջալերական չէ՞ գիտնալ թէ Գերիշխան Տէր Եհովա իր երկնային անպարտելի ուժերը կը գործածէ, երկրի վրայ ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատելու մեր գործը առաջնորդելու համար։—Բաղդատել Դ. Թագաւորաց 6։15–17։

8. Ի՞նչ տեսակէտ ազդեցութիւն ունեցաւ Իսրայէլի վրայ եւ ի՛նչ արդիւնքով։

8 Անգէի առաջին պատգամին բովանդակութիւնը ի՞նչ էր։ Ժողովուրդը ըսած էր. «Դեռ ժամանակը չէ հասած, Տէրոջը տունը վերաշինելու»։ Աստուածային պաշտամունքին վերահաստատումը ներկայացնող տաճարի կառուցումը այլեւս իրենց գլխաւոր մտահոգութիւնը ըլլալէ դադրած էր։ Անոնք սկսած էին իրենք իրենց համար դղեակներ կառուցանել։ Նիւթապաշտական հայեացքը Եհովայի պաշտամունքին հանդէպ իրենց եռանդը մարած էր, որու պատճառաւ Եհովայի հաճութիւնը անոնց վրայէն վերցուած էր։ Անոնց դաշտերը այլեւս արգասաբեր չէին եւ ձմեռուան ցուրտ եղանակներուն՝ յարմար հագուստներ չունէին։ Անոնց եկամուտը անբաւարար դարձած էր. կարծես թէ իրենց դրամը ծակ քսակի մէջ կը դնէին։—Անգեայ 1։2բ–6

9. Եհովա ի՞նչ զօրաւոր ու կերտիչ խրատ մը տուաւ։

9 Երկու անգամ Եհովա հետեւեալ ուժգին խրատը տուաւ. «Ձեր ճամբաներուն մասին մտածեցէ՛ք»։ Վստահաբար, Զօրաբաբէլ՝ Երուսաղէմի կառավարիչը, եւ Յեսու քահանայապետը ընդառաջեցին եւ բոլոր ժողովուրդը տոգորեցին որ ‘մտիկ ընեն իրենց Տէր Աստուծոյն ձայնին ու Անգէ մարգարէին խօսքերուն, ինչպէս իրենց Տէր Աստուածը զանիկա ղրկեր էր. եւ ժողովուրդը Տէրոջը երեսէն վախցաւ’։ Ասկէ զատ, «Անգէն՝ Տէրոջը ըսած պատգամները ժողովուրդին հաղորդեց ու ըսաւ. ‘Ես ձեզի հետ եմ’, կ’ըսէ Տէրը»։—Անգեայ 1։5, 7–14, Արեւմտահայերէն Թարգմանութիւն։

10. Եհովա իր զօրութիւնը ինչպէ՞ս գործածեց Իսրայէլի սիրոյն։

10 Երուսաղէմի ծերերէն ոմանք անդրադարձան որ վերաշինուած տաճարին փառքը «ոչինչ» էր նախկին տաճարին հետ բաղդատած։ Սակայն, շուրջ 51 օր ետք, Եհովա խրախուսեց Անգէն երկրորդ պատգամ մը հրատարակելու։ Ան ըսաւ. «Զօրացի՛ր, ո՛վ Զօրաբաբէլ, կ’ըսէ Տէրը եւ ո՛վ Յովսեդեկեան Յեսու՝ մեծ քահանայ՝ զօրացի՛ր ու դո՛ւք, ո՛վ երկրին բոլոր ժողովուրդը, զօրացէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը . . . մի՛ վախնաք»։ Եհովա, որ իր յարմար ատենին իր ամենակալ զօրութիւնը պիտի գործածէր ‘երկինքն ու երկիրը շարժելու’, հոգ տարաւ որ ամէն ընդդիմութիւն յաղթահարուի, մէջը ըլլալով՝ արքայական արգելքը։ Հինգ տարուան մէջ, տաճարին վերաշինութիւնը մեծ յաջողութեամբ աւարտեցաւ։—Անգեայ 2։3–7

11. Աստուած երկրորդ տաճարը ինչպէ՞ս ‘աւելի մեծ փառքով’ լեցուց։

11 Այդ ժամանակ յատկանշական խոստում մը կատարուեցաւ. «Բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ։ Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան եւ այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ»։ (Անգեայ 2։7) Այդ «ցանկալի բաները» ոչ–Իսրայելացիները եղան, որոնք եկան Աստուած պաշտելու այդ տաճարին մէջ, որ Իր վսեմ ներկայութեան փառքը կ’արտացոլացնէր։ Այս վերակառուցուած տաճարը ի՞նչպէս էր բաղդատած Սողոմոնի օրուան տաճարին հետ։ Աստուծոյ մարգարէն ըսաւ. «Վերջին տանը փառքը նախկինէն մեծ պիտի ըլլայ»։ (Անգեայ 2։9) Այս մարգարէութիւնը կատարուեցաւ, նախ վերակառուցուած տաճարին տեւողութիւնը առաջինէն աւելի երկար ըլլալով։ Անիկա տակաւին կանգուն կը մնար երբ Մեսիան երեւցաւ Հ.Դ. 29–ին։ Անկէ զատ, Հ.Դ. 33–ին իր հաւատուրաց թշնամիները զինք մահուան մատնելէն առաջ, Մեսիան անոր փառքը աւելցուց անոր մէջ անձամբ ճշմարտութիւնը քարոզելով։

12. Առաջին երկու տաճարները ի՞նչ նպատակի ծառայեցին։

12 Երուսաղէմի առաջին ու երկրորդ տաճարները կենսական նպատակի մը ծառայեցին, Մեսիայի քահանայական ծառայութեան կարեւոր երեսակները նախապատկերացնելով եւ մինչեւ Մեսիայի գալը, երկրի վրայ Եհովայի մաքուր պաշտամունքը պահպանելով։—Եբրայեցիս 10։1

Փառահեղ Հոգեւոր Տաճարը

13. (ա) Հոգեւոր տաճարի առնչութեամբ, ի՞նչ դէպքեր տեղի ունեցան Հ.Դ. 29–էն մինչեւ 33 թուականը։ (բ) Այս բոլորին մէջ, Յիսուսի քաւիչ զոհը հիմնական ի՞նչ դեր կը խաղայ։

13 Անգէի վերահաստատման մարգարէութիւնը մասնաւոր իմաստ մը պիտի ունենա՞ր հետագային։ Վստա՛հաբար։ Երուսաղէմի վերաշինուած տաճարը երկրի վրայ ճշմարիտ պաշտամունքին առանցքը կազմեց։ Բայց անիկա շատ աւելի փառահեղ հոգեւոր տաճար մը նախապատկերացուց։ Ասիկա ի զօրու եղաւ Հ.Դ. 29–ին, երբ, Յորդանան Գետին մէջ Յիսուսի մկրտութեան ժամանակ աղաւնիի կերպարանքով սուրբ հոգին եկաւ իր վրայ եւ Եհովա զինք օծեց որպէս Քահանայապետ։ (Մատթէոս 3։16) Յիսուս զոհաբերական մահով իր երկրային ծառայութիւնը ամբողջացնելէ ետք, յարուցուեցաւ երկինք, որ տաճարին Սրբութիւն Սրբոցով պատկերացուած էր, եւ հոն իր զոհագործութեան արժէքը Եհովայի ներկայացուց։ Ասիկա որպէս քաւութիւն ծառայեց, իր աշակերտներուն մեղքերը ծածկելով եւ ճամբան հարթեց որ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին անոնք որպէս Եհովայի հոգեւոր տաճարին ենթաքահանաներ օծուին։ Երկրի վրայ տաճարի գաւիթին մէջ մինչեւ մահ անոնց մատուցանած հաւատարիմ ծառայութիւնը զիրենք պիտի առաջնորդէր ապագայ երկնային յարութեան, որպէսզի իրենց քահանայական սպասարկութիւնը շարունակեն։

14. (ա) Քրիստոնէական նախկին ժողովքին եռանդուն գործունէութեան ի՞նչ ուրախութիւն կ’ընկերակցէր։ (բ) Այս ուրախութիւնը ինչո՞ւ կարճատեւ էր։

14 Զեղջի եկած հազարաւոր Հրեաներ, եւ հետագային հեթանոսներ, այդ քրիստոնէական ժողովքը խուժեցին եւ մասնակցեցան երկրի վրայ Աստուծոյ մօտալուտ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու գործին։ Մօտ 30 տարի ետք, Պօղոս առաքեալ կրցաւ ըսել որ բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ»։ (Կողոսացիս 1։2) Սակայն, առաքեալներուն մահուընէ ետք, մեծ հաւատուրացութիւն մը հաստատուեցաւ եւ ճշմարտութեան լոյսը սկսաւ աղօտիլ։ Հեթանոս ուսուցումներու եւ փիլիսոփայութիւններու վրայ հիմնուած Քրիստոնեայ Աշխարհի աղանդապաշտութիւնը, շուքի մէջ ձգեց ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը։—Գործք 20։29, 30

15, 16. (ա) Մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ 1914–ին։ (բ) Յատկանշական ի՞նչ հաւաքում տեղի ունեցաւ ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկիզբը։

15 Դարեր անցան։ Ապա, 1870–ական թուականներուն, խումբ մը անկեղծ Քրիստոնեաներ, Աստուածաշունչի խորաթափանց ուսումնասիրութեան ձեռնարկեց։ Անոնք Աստուածաշունչէն 1914 տարին ցցուն ըրին, որպէս «ազգերու սահմանուած ժամանակներ»ուն վախճանը նշող տարի մը։ Խորհրդանշական եօթը «ժամանակ»ը (մարդկային գազանանման իշխանութեան 2,520 տարիները) այդ ատենն էր որ վերջացաւ։ Մեսիական Թագաւորը ըլլալու «իրաւունք» ունեցող Միակ Անհատին՝ Քրիստոս Յիսուսի, երկնային գահակալութեամբ։ (Ղուկաս 21։24, ՆԱ. Դանիէլ 4։25. Եզեկիէլ 21։26, 27) Մասնաւորաբար 1919–էն ի վեր, այժմ որպէս Եհովայի Վկաներ ճանչցուած, Աստուածաշունչի այս Աշակերտները համայն աշխարհի մէջ մօտալուտ Թագաւորութեան բարի լուրը ժրաջանօրէն տարածելու գործին ձեռնարկած են։ 1919–ին, Օհայօ–ի Սիտըր Փոյնթ քաղաքի համաժողովին (Ա.Մ.Ն.), անոնցմէ քանի մը հազար անհատներ ընդառաջեցին գործի լծուելու կոչին։ Անոնց թիւը երթալով աւելցաւ մինչեւ 1935, երբ 56,153 անհատներ դաշտի ծառայութեան տեղեկագրութիւն տուին։ Այդ տարին, 52,465 հոգի Յիսուսի մահուան տարեկան Յիշատակատօնին, հացին ու գինիին մասնակցեցան, Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարին երկնային մասին մէջ Քրիստոս Յիսուսի հետ քահանաներ ըլլալու իրենց յոյսը խորհրդանշելով։ Անոնք իր Մեսիական Թագաւորութեան մէջ որպէս ընկերակից թագաւորներ ալ պիտի ծառայեն։—Ղուկաս 22։29, 30. Հռովմայեցիս 8։15–17

16 Սակայն, Յայտնութիւն 7։4–8 եւ 14։1–4–ը ցոյց կու տան որ օծեալ Քրիստոնեաներու այդ ընդհանուր թիւը սահմանափակ պիտի ըլլար՝ 144,000՝ որոնցմէ շատեր առաջին դարուն հաւաքուեցան, մեծ հաւատուրացութիւնը մուտք գործելէն առաջ։ ԺԹ. դարու վերջաւորութենէն մինչեւ Ի. դար, Եհովա կ’ամբողջացնէ բոլոր ազգերէն խումբ մը անհատներու հաւաքումը, որոնք իր Խօսքին ջուրովը կը մաքրուին, Յիսուսի քաւիչ զոհին հաւատք ընծայելով արդար կը յայտարարուին եւ վերջապէս որպէս օծեալ Քրիստոնեաներ կը կնքուին, ամբողջացնելու համար 144,000–ի լման թիւը։

17. (ա) Ի՞նչ հաւաք գործընթացի մէջ եղած է 1930–ական թուականներէն ի վեր։ (բ) Յովհաննու 3։30–ը ինչո՞ւ հետաքրքրական է հոս։ (Տես նաեւ՝ Ղուկաս 7։28։)

17 Երբ օծեալներու թիւը ամբողջանայ, անոր ի՞նչ կը յաջորդէ։ 1935–ին, Ամերիկայի Ուաշինկթըն Տի.Սի.–ի պատմական համաժողովին, բացատրուեցաւ որ Յայտնութիւն 7։9–17–ի «մեծ բազմութիւն»ը 144,000–էն «ետք» ուրիշ խումբ մըն էր եւ որու պիտի վիճակուի դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանք։ Օծեալ Յիսուսը յստակօրէն բնորոշելէ ետք, Յովհաննէս Մկրտիչ՝ որ երկրի վրայ պիտի յարուցանուի որպէս «ուրիշ ոչխարներ»էն մէկը, Մեսիայի համար ըսաւ. «Անիկա պէտք է որ մեծնայ, բայց ես պզտկնամ»։ (Յովհաննու 1։29. 3։30. 10։16. Մատթէոս 11։11) Մեսիայի աշակերտներ պատրաստելու Յովհաննէս Մկրտիչին գործը իր աւարտին հասնելու վրայ էր, երբ Յիսուս ինք սկսաւ 144,000–ի յաւելեալ անդամներուն ընտրութիւնը ընել։ 1930–ական թուականներուն, ասոր հակառակը պատահեցաւ։ 144,000–ին մաս կազմելու համար «կանչուած ու ընտրուած»ներուն թիւը երթալով կը նուազէր, մինչդեռ «ուրիշ ոչխարներ»ու ‘մեծ բազմութեան’ թիւը երթալով կ’աւելնար։ Մինչ աշխարհի ամբարիշտ դրութիւնը իր վախճանին կը մօտենայ Արմագեդոնին՝ մեծ բազմութիւնը կը շարունակէ աճիլ։—Յայտնութիւն 17։14բ

18. (ա) Ինչո՞ւ կրնանք վստահօրէն ակնկալել որ «Հիմա Ապրող Միլիոնաւորներ Բնաւ Պիտի Չմեռնին»։ (բ) Ինչո՞ւ պէտք է նախանձախնդրաբար անսանք Անգեայ 2։4–ի խրատին։

18 1920–ական թուականներուն սկիզբը, Եհովայի Վկաներու կողմէ տրուած հանրային դասախօսութեան մը խորագիրն էր՝ «Հիմա Ապրող Միլիոնաւորներ Բնաւ Պիտի Չմեռնին»։ Ասիկա թերեւս այդ ժամանակ չափազանց լաւատեսութիւն կը յայտնէր։ Բայց հիմա ամենայն վստահութեամբ կրնանք կրկնել այդ խօսքերը։ Թէ՛ Աստուածաշունչի մարգարէութեան յաւելեալ լուսաբանութիւնը եւ թէ այս մահացող աշխարհին անիշխանութիւնը կ’աղաղակեն որ Սատանայի աշխարհին վախճանը շա՛տ շատ մօտ է։ 1996–ի Յիշատակատօնի տեղեկագրութիւնը ցոյց կու տայ որ 12,921,933 անհատներ ներկայ գտնուեցան, որոնցմէ միայն 8,757 հոգի (0.068 տոկոսը) խորհրդանիշերուն մասնակցելով ցոյց տուին որ երկնային յոյս ունին։ Ճշմարիտ պաշտամունքի վերջնական վերահաստատումը մօտ է։ Ուստի, այդ գործին մէջ մեր ձեռքերը բնա՛ւ չթուլցնենք։ Այո, Անգեայ 2։4–ը կ’ըսէ. «‘Ո՛վ երկրին բոլոր ժողովուրդը, զօրացէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը ու աշխատեցէ՛ք. քանզի ես ձեզի հետ եմ’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը»։ Մենք ալ վճռենք որ նիւթապաշտական կամ աշխարհային որեւէ ձգտում, Եհովայի գործին հանդէպ մեր եռանդը չմարէ։—Ա. Յովհաննու 2։15–17

19. Ինչպէ՞ս կրնանք Անգեայ 2։6, 7–ի կատարման մասնակից ըլլալ։

19 Այս օրերուն, մեզի համար մեծ առանձնաշնորհում կը սեպենք Անգեայ 2։6, 7–ի կատարման մէջ մեր ունեցած մասնակցութիւնը. «Քիչ ատենէն նորէն երկինքն ու երկիրը, ծովն ու ցամաքը, բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ։ Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան եւ այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Այս Ի. դարուն, ընչաքաղցութիւնը, ապականութիւնը եւ ատելութիւնը անդադար վերելքի մէջ են։ Արդարեւ, այս աշխարհը իր վերջին օրերուն մէջ է եւ Եհովա արդէն սկսած է զայն ‘շարժել’, իր Վկաները ղրկելով, որպէսզի ‘իր վրէժխնդրութեան օրը հրատարակեն’։ (Եսայեայ 61։2) Այս նախապատրաստական շարժելը իր յանգումին պիտի հասնի Արմագեդոնին՝ աշխարհի կործանումով, բայց անկէ առաջ Եհովա իր ծառայութեան համար «բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները»՝ երկրի խոնարհ, ոչխարանման անհատները, կը հաւաքէ։ (Յովհաննու 6։44) Այս «մեծ բազմութիւն»ը հիմա Իր պաշտամունքի տան գաւիթին մէջ ‘սուրբ ծառայութիւն կը մատուցանէ’։—Յայտնութիւն 7։9, 15, ՆԱ։

20. Ամենէն արժէքաւոր գանձը ո՞ւր կարելի է գտնել։

20 Եհովայի հոգեւոր տաճարին մէջ ծառայութիւնը, նիւթական գանձէն շատ աւելի շահաւէտ է։ (Առակաց 2։1–6. 3։13, 14. Մատթէոս 6։19–21) Ասկէ զատ, Անգեայ 2։9–ն կը նշէ. «‘Վերջին տանը փառքը նախկինէն մեծ պիտի ըլլայ, այս տեղը խաղաղութիւն պիտի տամ’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը»։ Ի՞նչ է այս խօսքերուն իմաստը մեր օրերուն։ Յաջորդ յօդուածը պիտի պատասխանէ այս հարցումին։

[Ստորանիշ]

a «Եահ Եհովա» արտայայտութիւնը մասնայատուկ կերպով շեշտելու համար գործածուած է։ Տես՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր Ա., էջ 1248։

Վերաքաղի Հարցումներ

◻ Եհովայի անուան նկատմամբ մարգարէներուն ո՞ր օրինակին պէտք է հետեւինք։

◻ Վերահաստատուած Իսրայէլի ուղղած Եհովայի ազդու պատգամէն ի՞նչ քաջալերութիւն կը ստանանք։

◻ Ներկայիս հոգեւոր ի՞նչ փառահեղ տաճար մը գործընթացի մէջ է։

◻ Հերթականօրէն, ի՞նչ հաւաքումներ տեղի ունեցած են ԺԹ. եւ Ի. դարերու ընթացքին, եւ ի՞նչ հոյակապ հեռանկարով։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել