Ճշմարտութեամբ ազատագրուած
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ մէջ, աւելի քան մէկ միլիոն մարդիկ բանտարկուած են։ Ասոնցմէ գրեթէ երեք հազարը մահուան դատապարտուած են։ Դուք ձեզ այս վիճակին մէջ երեւակայեցէք։ Ի՞նչպէս պիտի զգայիք։ Արդարեւ, այսպիսի հեռանկարի մը գաղափարն իսկ դաժան է։ Սակայն, կերպով մը ամբողջ մարդկութիւնը նման պարագայի մէջ կը գտնուի։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան»։ (Հռովմայեցիս 3։23) Այո, Ադամէն սերած ըլլալով, մեղաւոր վիճակի մէջ «բանտարկուած» ենք։ (Հռովմայեցիս 5։12) Ամէն օր կը զգանք մեր արգելափակուած ըլլալը, Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալի նման, որ գրեց. «Ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ’ընէ մեղքի օրէնքին, որ իմ անդամներուս մէջ է»։—Հռովմայեցիս 7։23
Մեր մեղաւոր բնութեան որպէս հետեւանք, իւրաքանչիւրս կերպով մը մահուան դատապարտութեան տակ ենք, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մեղքին վարձքը մահ է»։ (Հռովմայեցիս 6։23) Սաղմոսերգու Մովսէս մեր կացութիւնը լաւ կերպով նկարագրած է. «Մեր կեանքին տարիները եօթանասուն են. եթէ զօրութիւնով ութսուն ալ ըլլան, տակաւին անոնց փառքը աշխատանք ու ցաւ է, վասն զի անոնք շուտով կ’անցնին ու մենք կը թռչինք»։—Սաղմոս 90։10. բաղդատել՝ Յակոբու 4։14։
Մարդկութեան մեղքի ու մահուան գերութիւնը ի մտի ունենալով էր որ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։ (Յովհաննու 8։32) Այս խօսքերով Յիսուս հռովմէական լուծէն ազատագրուելէն շա՜տ աւելի մեծ բան մը կը խոստանար իր հետեւորդներուն. մեղքէն թողութիւն եւ մահուընէ ազատագրում կը մատուցանէր։ Ասիկա ի՞նչպէս պիտի շնորհուէր անոնց։ «Եթէ Որդին ձեզ ազատ ընէ, ճշմարտապէս ազատ պիտի ըլլաք»։ (Յովհաննու 8։36) Այո, իր կեանքը տալով, «Որդին»՝ Յիսուս՝ որպէս քաւչական զոհ ծառայեց, Ադամի կորսնցուցածը վերագնելու համար։ (Ա. Յովհաննու 4։10) Ասիկա ճամբան բացաւ որ բոլոր հնազանդ մարդիկը մեղքի ու մահուան կապանքէն ձերբազատուին։ Աստուծոյ միածին Որդին մեռաւ, «որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։—Յովհաննու 3։16
Հետեւաբար, մեզ ազատագրող ճշմարտութեան առանցքը կը կազմէ Յիսուս Քրիստոս։ Իր քայլերուն հետեւողները կը յուսան մեղքէն ու մահէն ազատագրուիլ, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի գործերը լիովին ստանձնէ։ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը ընդունողները նոյնիսկ հիմա իրական ազատութիւն կը վայելեն։
Մեռելներու Վախէն Ազատագրում
Ներկայիս, միլիոնաւոր մարդիկ մեռելներու վախով կ’ապրին։ Ի՞նչու։ Քանի որ անոնց կրօնքները սորվեցուցած են որ մահուան ատեն հոգին մարմինը կը ձգէ եւ հոգեղէն աշխարհ կ’երթայ։ Անոր համար կարգ մը երկիրներու մէջ սովորութիւն է որ հանգուցեալին ազգականները օրերով, գիշեր–ցերեկ արթուն հսկեն։ Յաճախ ասոր կ’ընկերակցի բարձրաձայն երգեցողութիւն եւ թմբկահարութիւն։ Սգացողները կը հաւատան որ ասիկա պիտի հաճեցնէ հանգուցեալը եւ արգելք պիտի ըլլայ որ անոր հոգին վերադառնայ եւ անհանգստացնէ ապրողները։ Մեռելներու մասին Քրիստոնեայ Աշխարհի սուտ ուսուցումները, պարզապէս նպաստած են որ այս աւանդութիւնները շարունակուին։
Սակայն Աստուածաշունչը մեռելներու վիճակին մասին ճշմարտութիւնը կը յայտնէ։ Անիկա յստակօրէն կը նշէ որ ձեր հոգին դուք էք եւ ոչ թէ ձեր մէջ գտնուող խորհրդաւոր մաս մը, որ մահուան ատեն կը մեկնի։ (Ծննդոց 2։7. Եզեկիէլ 18։4) Ասկէ զատ, մեռելները չեն տանջուիր հրեղէն դժոխքի մը մէջ, ոչ ալ հոգեղէն աշխարհի մաս կազմելով կրնան ապրողներուն վրայ ազդեցութիւն ունենալ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մեռելները բան մը չեն գիտեր . . . քանզի գերեզմանիդ մէջ գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ»։—Ժողովողի 9։5, 10
Աստուածաշունչի այս ճշմարտութիւնները շատերը ազատագրած է մեռելներու վախէն։ Անոնք այլեւս սուղ զոհեր չեն մատուցաներ իրենց նախնիքները հանդարտեցնելու համար, ոչ ալ կը մտատանջուին որ իրենց սիրելիները անգութօրէն կը տանջուին իրենց սխալներուն համար։ Անոնք սորված են որ Աստուածաշունչը հոյակապ յոյս մը վերապահած է ննջեցեալներուն. անիկա կ’ըսէ որ Աստուծոյ որոշած ժամանակին, «մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ (Գործք 24։15. Յովհաննու 5։28, 29) Ուստի, մեռելները հիմա պարզապէս կը հանգչին, որպէս թէ խոր քունի մէջ ըլլան։—Բաղդատել՝ Յովհաննու 11։11-14։
Մեռելներու վիճակին եւ յարութեան յոյսին մասին ճշմարտութիւնը մեզ կ’ազատէ մահուան պատճառած յուսալքումէն։ Այս յոյսը նեցուկ կանգնեցաւ Միացեալ Նահանգներ ապրող ամոլի մը, երբ իրենց չորս տարեկան տղան արկածով մը մահացաւ։ «Մեր կեանքին մէջ պարապութիւն մը կայ որ չի կրնար լեցուիլ, մինչեւ որ մեր տղան յարութեան միջոցաւ դարձեալ տեսնենք։ Բայց գիտենք որ մեր վիշտը ժամանակաւոր է, քանի որ Եհովա կը խոստանայ մեր վշտի արցունքները չքացնել», կ’ընդունի մայրը։—Յայտնութիւն 21։3, 4
Ապագայի Վախէն Ազատագրում
Ապագան ի՞նչ վերապահած է։ Մեր երկիրը կորիզային ողջակիզութեամբ պիտի այրի՞։ Երկրի միջավայրին աւերումը մեր մոլորակը անբնակելի՞ պիտի դարձնէ։ Բարոյական անկումը անիշխանութեան եւ քաոսի՞ պիտի վերածուի։ Շատերու համար վախի իրական պատճառներ կան։
Սակայն, Աստուածաշունչը այսպիսի կրծող վախերէ ազատութիւն կը մատուցանէ։ Անիկա մեզ կը վստահեցնէ թէ «երկիրը միշտ կը կենայ»։ (Ժողովողի 1։4) Եհովա մեր մոլորակը չստեղծեց որ անիկա անպատասխանատու մարդոց կողմէ քանդուի։ (Եսայեայ 45։18) Այլ, Ան երկիրը ստեղծեց, որպէսզի մարդկային միակամ ընտանիքի մը համար դրախտանման բնակարան մը ըլլայ։ (Ծննդոց 1։27, 28) Եհովայի նպատակը չէ փոխուած։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Աստուած ‘պիտի ապականէ երկիրը ապականողները’։ (Յայտնութիւն 11։18) Անկէ ետք, «հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։—Սաղմոս 37։11
Այս խոստումը վստահելի է, քանի որ Աստուած չի ստեր։ Եհովա իր Եսայի մարգարէին միջոցաւ նշեց. «Իմ բերնէս ելած խօսքն ալ . . . ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի»։ (Եսայեայ 55։11. Տիտոս 1։2) Ուստի, վստահութեամբ կրնանք սպասել Բ. Պետրոս 3։13–ի մէջ արձանագրուած Աստուծոյ խոստումին կատարման. «Իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։
Մարդու Վախէ Ազատագրում
Աստուածաշունչը մեզի քաջարի տղամարդոց ու կիներու օրինակներ կու տայ, որ Աստուծոյ հանդէպ իրենց նուիրումը անվախօրէն ցուցաբերեցին։ Անոնցմէ քանի մը հատն են Գեդէօն, Բարակ, Դեբօրա, Դանիէլ, Եսթեր, Երեմիա, Աբիգիա եւ Յայէլ։ Այս հաւատարիմ այրերն ու կիները սաղմոսերգուին կեցուածքը յայտնաբերեցին, որ գրեց. «Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել»։—Սաղմոս 56։11
Առաջին դարուն, Պետրոս եւ Յովհաննէս նոյնանման քաջութիւն ցոյց տուին, երբ աշխարհային հեղինակութիւններ իրենց պատուիրեցին որ քարոզչութիւնը դադրեցնեն։ Անոնք պատասխանեցին. «Մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ»։ Անոնց հաստատ կեցուածքին որպէս արդիւնք, Պետրոս եւ Յովհաննէս ետքը բանտարկուեցան։ Հրաշքով ազատ արձակուելէ ետք, անոնք ետ գացին ու «Աստուծոյ խօսքը համարձակ կը խօսէին»։ Քիչ ետք, Պետրոս եւ ուրիշ առաքեալներ հրէական Սենետրիոնին առջեւ բերուեցան։ Քահանայապետը անոնց ըսաւ. «Չէ՞ որ սաստիկ պատուիրեցինք ձեզի, որ այս անունով չսորվեցնէք. բայց դուք Երուսաղէմը ձեր ուսմունքովը լեցուցիք»։ Պետրոս ու միւս առաքեալները պատասխանեցին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։—Գործք 4։16, 17, 19, 20, 31. 5։18-20, 27-29
Ներկայիս Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան մէջ Եհովայի Վկաները կը ջանան առաջին դարու Քրիստոնեաներուն եռանդը ընդօրինակել։ Անոնց մէջ նոյնիսկ անչափահասներ յաճախ անվախօրէն ուրիշներուն կը խօսին իրենց հաւատքին մասին։ Քանի մը օրինակներ նկատի առնենք։
Պատանուհի Սթասին բնաւորութեամբ ամչկոտ է։ Հետեւաբար իր հաւատքին մասին ուրիշներուն հետ խօսիլը սկիզբը դժուար թուեցաւ իրեն։ Իր ամչկոտութիւնը յաղթահարելու համար ան ի՞նչ ըրաւ։ Ան կ’ըսէ. «Աստուածաշունչը ուսումնասիրեցի եւ ուշադիր եղայ որ հասկնալով խօսիմ։ Ասիկա հարցը դիւրացուց եւ ինքզինքիս վրայ աւելի վստահութիւն ունեցայ»։ Սթասիին լաւ համբաւին մասին խօսուեցաւ տեղական լրագրին մէջ, ուր իր դպրոցի ուսուցիչներէն մէկը իր գրած յօդուածին մէջ կ’ըսէր. «Սթասիին հաւատքը իրեն ոյժ տուած է որ կարենայ պայքարիլ ընդհանրապէս պատանիներուն վրայ եղած ճնշումներուն դէմ։ . . . Ան կը խորհի որ Աստուծոյ ծառայութիւնը իր գլխաւոր մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ»։
Թոմին հինգ տարեկան էր, երբ իր ծնողքը սկսան Աստուածաշունչը սորվեցնել իրեն։ Իր մատղաշ հասակէն, ան դիրք բռնեց ճշմարիտ պաշտամունքին համար։ Մինչ իր դասընկերները տօնական նկարներ կը գծագրէին, Թոմին Աստուծոյ խոստացած Դրախտէն տեսարաններ կը գծագրէր։ Երբ պատանի եղաւ, ան նշմարեց որ աշակերտներէն շատեր հարց կու տային Եհովայի Վկաներու հաւատալիքներուն մասին։ Փոխանակ վախնալով ետ քաշուելու, ան իր ուսուցիչներէն մէկէն խնդրեց որ կարենայ իր դասարանին հետ հարց–պատասխանով զրոյց մը ունենալ, որպէսզի մէկ անգամէն անոնց բոլոր հարցումներուն պատասխանէ։ Այս առիթը տրուեցաւ իրեն եւ լաւ վկայութիւն մը կրցաւ տալ։
Երբ Մարգիէթթան 17 տարեկան էր, շատ լաւ առիթ մը գտաւ որ իր հաւատքին մասին խօսի իր դասընկերներուն։ Ան կ’ըսէ. «Մեզի ըսուեցաւ որ ճառ մը պատրաստենք։ Ես իմ նիւթս ընտրեցի՝ Երիտասարդները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ գրքէն։a Գրքէն հինգ գլուխներ ընտրեցի եւ գրատախտակին վրայ գրեցի։ Դասարանէն խնդրեցի որ կարեւորութեան շարքով շարեն զանոնք։ Ասոր յաջորդեց խօսակցութիւն մը, դասարանին մասնակցութեամբ։ Մարգիէթթան կ’ըսէ. «Դասարանին ցոյց տուի գիրքը եւ աշակերտներէն շատեր օրինակ մը ուզեցին։ Նոյնիսկ ուսուցիչս ըսաւ որ ինքն ալ օրինակ մը կ’ուզէր ունենալ»։
Ճշմարտութիւնը Կրնայ Ձեզ Ազատել
Ինչպէս տեսանք, Աստուածաշունչին մէջ գտնուած ճշմարտութիւնը ազատարար ազդեցութիւն մը ունի զայն սերտող ու անոր պատգամը սրտանց ընդունող ամէն տարիքի անհատներու վրայ։ Անիկա զիրենք կ’ազատագրէ մահուան, ապագայի ու մարդու վախէ։ Յիսուսի փրկանքը հնազանդ մարդկութիւնը վերջապէս պիտի ազատագրէ մեղքէ ու մահէ։ Ի՜նչ հաճելի պիտի ըլլայ յաւիտեան ապրիլ դրախտային երկրի մը վրայ, առանց մեր ժառանգական մեղաւոր վիճակին մէջ կաշկանդուած ըլլալու։—Սաղմոս 37։29
Աստուծոյ խոստացած օրհնութիւններուն մասին կ’ուզէ՞ք աւելին գիտնալ։ Եթէ այո, ի՞նչ պէտք է ընէք։ Յիսուս ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3) Ուստի, եթէ կը փափաքիք վայելել այն ազատութիւնը զոր Յիսուս խոստացաւ իր աշակերտներուն, պէտք է Եհովա Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն մասին սորվիք։ Պէտք է գիտնաք թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը եւ ապա կատարէք զայն, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։—Ա. Յովհաննու 2։17
[Ստորանիշ]
a Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ, Անգլերէնով։
[Նկար՝ էջ 7]
Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ մարդկութիւնը վերջապէս պիտի ազատագրուի մեղքէն ու մահէն