Արթուն կեցողները ուրա՛խ են
«Ահա գողի պէս կու գամ. երանի՜ անոր որ արթուն կը կենայ ու իր հանդերձները կը պահէ»։—ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 16։15
1. Քանի որ Եհովայի օրը մօտ է, ի՞նչ կրնանք ակնկալել։
ԵՀՈՎԱՅԻ մեծ օրը մօտ է եւ անիկա պատերա՛զմ կը նշանակէ։ Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքի մէջ տեսաւ «դեւերու կողմէ ներշնչուած արտայայտութիւններ» գորտերու նման, որ երկրի բոլոր «թագաւորներուն», կամ կառավարիչներուն քով կ’երթային։ Ի՞նչ ընելու համար։ «Որպէս զի զանոնք Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին համար հաւաքեն»։ Յովհաննէս աւելցուց. «Զանոնք տեղ մը հաւաքեցին, որ Եբրայեցերէն Արմագեդոն կը կոչուի»։—Յայտնութիւն 16։13-16, ՆԱ։
2. Ո՞վ է Մագոգի Գոգը եւ ի՞նչ պիտի պատահի, երբ ան Եհովայի ժողովուրդին վրայ յարձակի։
2 Եհովա շուտով այս դրութեան քաղաքական տարրերը պիտի դրդէ որ կործանեն Մեծն Բաբելոնը, սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը։ (Յայտնութիւն 17։1, 5, 15-17) Ապա, Մագոգի Գոգը՝ երկրի շրջակայքը նետուած Բանսարկու Սատանան՝ իր բանակին գլուխը պիտի անցնի եւ Եհովայի խաղաղասէր, երեւութապէս անպաշտպան ժողովուրդին վրայ ամբողջական յարձակում մը պիտի կատարէ։ (Եզեկիէլ 38։1-12) Սակայն Աստուած իր ժողովուրդին փրկութեան պիտի հասնի։ Ատով պիտի նշուի Եհովայի «մեծ ու ահեղ օր»ուան սկիզբը։—Յովելեայ 2։31. Եզեկիէլ 38։18-20
3. Եզեկիէլ 38։21-23–ի մէջ նախագուշակուած դէպքերը ի՞նչպէս կրնաք նկարագրել։
3 Այո, երբ Արմագեդոն կոչուած համաշխարհային կացութեան հասնինք, Եհովա պիտի փրկէ իր ժողովուրդը եւ Սատանայի դրութեան վերջին հետքերը պիտի փճացնէ։ Կարդացէք Եզեկիէլ 38։21-23–ի խօսքերը եւ մտապատկերացուցէք տեսարանը։ Եհովա իր զօրութիւնը կը գործածէ, որպէսզի ողողումներ պատճառող տեղատարափներ, քանդիչ կարկուտներ, հրդեհներ, մահտարաժամներ բերէ։ Ամէն մարդ խուճապի կը մատնուի, երբ Գոգի հրոսակախումբերուն մէջ շփոթութիւն կը ստեղծուի եւ իրարու դէմ կը կռուին։ Մինչ Եհովա իր ծառաները փրկելու համար գերբնական միջոցներ կը գործածէ, Ամենակալ Աստուծոյ մնացեալ բոլոր թշնամիները կը բնաջնջուին։ Երբ նախագուշակուած «մեծ նեղութիւն»ը աւարտի, Սատանայի ամբարիշտ դրութենէն բա՛ն մը մնացած պիտի չըլլայ։ (Մատթէոս 24։21) Իրենց մահուան երկունքին մէջ իսկ, ամբարիշտները պիտի գիտնան թէ իրենց գլխուն եկած չարիքին պատասխանատուն ո՛վ է։ Մեր յաղթական Աստուածը կ’ըսէ. «Պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը»։ Այս արտակարգ դէպքերը մեր օրերուն, Յիսուսի ներկայութեան ընթացքին, տեղի պիտի ունենան։
Գողի Պէս Կու Գայ
4. Յիսուս ի՞նչ կերպով պիտի գայ իրերու այս չար դրութիւնը կործանելու համար։
4 Փառաւորեալ Տէր Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ահա գողի պէս կու գամ»։ Գողի նման գալը, անսպասելի, անակնկալօրէն կ’ըլլայ, երբ մարդոց մեծամասնութիւնը քնացած է։ Երբ Յիսուս այս ամբարիշտ դրութիւնը կործանելու համար գողի մը պէս գայ, ան պիտի պահպանէ անոնք որոնք ի՛րապէս արթուն կեցած են։ Ան Յովհաննէսի ըսաւ. «Երանի՜ անոր որ արթուն կը կենայ ու իր հանդերձները կը պահէ, որպէս զի մերկ չպտըտի ու իր ամօթը չերեւնայ»։ (Յայտնութիւն 16։15) Այս խօսքերուն իմաստը ի՞նչ է եւ ի՞նչպէս կրնանք հոգեւորապէս արթուն կենալ։
5. Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, տաճարի սպասարկութեան ի՞նչ կարգադրութիւն առկայ էր։
5 Սովորաբար, պահակի մը հագուստը վրայէն հանելով զինք չեն մերկացներ, երբ ան իր պաշտօնին վրայ քնացած գտնեն։ Բայց Յիսուս երկրի վրայ եղած ժամանակ ասիկա կ’ընէին Երուսաղէմի տաճարին մէջ, ուր քահանաներու եւ Ղեւտացիներու դասերը կը ծառայէին։ Հ.Դ.Ա. տասնըմէկերորդ դարուն էր որ Դաւիթ Թագաւոր կազմակերպեց որ Իսրայէլի հարիւրաւոր քահանաներն ու անոնց օգնական հազարաւոր Ղեւտացիները 24 դասի բաժնուին։ (Ա. Մնացորդաց 24։1-18) Աւելի քան հազար մարզուած աշխատաւորներէ բաղկացած իւրաքանչիւր դաս, փոխնիփոխ լման շաբաթ մը կը սպասարկէր տաճարին մէջ, առնուազն տարին երկու անգամ։ Տաղաւարահարաց Տօնին, սակայն, 24 դասն ալ պաշտօնի վրայ կ’ըլլար։ Պասեքի տօներուն ալ յաւելեալ աշխատաւորներու հարկը կը տեսնուէր։
6. Յիսուս ի՞նչ բանի ակնարկած ըլլալու էր, երբ ըսաւ. «Երանի՜ անոր որ արթուն կը կենայ ու իր հանդերձները կը պահէ»։
6 Երբ Յիսուս ըսաւ՝ «Երանի՜ անոր որ արթուն կը կենայ ու իր հանդերձները կը պահէ», հաւանաբար ան ակնարկութիւն կ’ընէր այդ ատեն տաճարի պահակներուն առնչութեամբ առնուած քայլերուն։ Հրէական Միշնան կ’ըսէ. «Քահանաները Տաճարին երեք վայրերուն մէջ կը հսկէին՝ Ապթինասի Սենեակին մէջ, Բոցի Սենեակին մէջ եւ Կրակարանի Սենեակին մէջ. իսկ Ղեւտացիները՝ քսանըմէկ այլ տեղեր. հինգ հոգի Տաճարի Բարձունքին հինգ դռներուն, չորսը՝ ներքին չորս անկիւններուն, հինգ հատը՝ Տաճարի Գաւիթին հինգ դռներուն, չորսը՝ անոր դուրսի չորս անկիւններուն, մէկը՝ Զոհերու Սենեակին, մէկը՝ Վարագոյրի Սենեակին, իսկ ուրիշ մը՝ Ողորմութեան Աթոռի յետսամասին [Սրբութիւն Սրբութեանցին յետսապատին դուրսը]։ Տաճարի Բարձունքին իշխանը իր առջեւ վառուած ջահերով կ’այցելէր իւրաքանչիւր պահակի, եւ եթէ պահակ մը ոտքի կանգնելով իրեն չըսէր՝ ‘Ո՜վ Տաճարի Բարձունքի պաշտօնեայ, խաղաղութիւն քեզի’, ու յայտնի ըլլար որ ան քնացած էր, իր ձեռքի գաւազանով զինք կը ծեծէր եւ անոր հանդերձները այրելու իրաւունք ունէր»։—Միշնա, Միտոթ («Չափեր»), 1, պարբերութիւն 1-2, Հրպըրթ Տէնպիի կողմէ թարգմանուած։
7. Ի՞նչու տաճարին մէջ գիշերապահութիւն ընող քահանաներն ու Ղեւտացիները պէտք էր արթուն կենային։
7 Սպասարկող դասի Ղեւտացիներէն եւ քահանաներէն շատեր ամբողջ գիշերը արթուն կը կենային, պահակութիւն ընելու եւ տաճարի գաւիթէն ներս պիղծ մէկու մը մուտքը արգիլելու համար։ Քանի որ «տաճարի Բարձունքին պաշտօնեան», կամ «տաճարին իշխանը», գիշերուան հսկումի պահերուն 24 դիրքերն ալ կ’այցելէր, հարկ էր որ իւրաքանչիւր գիշերապահ իր դիրքին վրայ արթուն կենար, եթէ չէր ուզեր իր պաշտօնը անտեսող նկատուիլ։—Գործք 4։1
8. Քրիստոնեային այլաբանական հանդերձները ի՞նչ են։
8 Օծեալ Քրիստոնեաները եւ անոնց ծառայակիցները պէտք է հոգեւորապէս արթուն կենան եւ իրենց այլաբանական հանդերձները պահեն։ Ասոնք արտաքին ապացոյցներ են թէ մենք Եհովայի հոգեւոր տաճարին մէջ ծառայելու նշանակում մը ունինք։ Ասոր գիտակցելով, Աստուծոյ սուրբ հոգին, կամ գործօն ոյժը, մեզի կ’օգնէ որ մեր պարտականութիւնները ու որպէս Թագաւորութեան հրատարակիչներ մեր առանձնաշնորհումները՝ կատարենք։ Եթէ որպէս Աստուծոյ ծառաներ մեր դիրքին վրայ քնացած գտնուինք, վտանգ կայ որ հոգեւոր մեծ տաճարին Իշխանը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ մեզ այդ վիճակին մէջ բռնէ։ Եթէ այդ ատեն հոգեւորապէս քնացած ըլլանք, այլաբանօրէն պիտի մերկացուինք եւ մեր խորհրդանշական հանդերձները պիտի այրուին։ Արդ, ի՞նչպէս կրնանք հոգեւորապէս արթուն կենալ։
Ի՛նչպէս Կրնանք Արթուն Կենալ
9. Քրիստոնէական գրականութիւններուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը ինչո՞ւ շա՛տ կարեւոր է։
9 Քրիստոնէական գրականութիւններու օգնութեամբ Աստուածաշունչը ժրաջանօրէն ուսումնասիրելը հոգեւոր արթնութեան կը սատարէ։ Այսպիսի ուսումնասիրութիւն մեզ պիտի զինէ ծառայութեան համար, մեզի պիտի օգնէ դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ ցոյց պիտի տայ յաւիտենական ուրախութեան ճամբան։ (Առակաց 8։34, 35. Յակոբու 1։5-8) Մեր ուսումնասիրութիւնը պէտք է ամբողջական եւ յառաջդիմական ըլլայ։ (Եբրայեցիս 5։14–6։3) Կանոնաւորաբար լաւ սնուցանուիլը կրնայ մեզի օգնել որ արթուն եւ զգաստ ըլլանք։ Անիկա արգելք կը հանդիսանայ քնախտութեան, որ կրնայ թերի սննդարութեան նշան մը ըլլալ։ Պատճառ չունինք հոգեւորապէս թերի սնուած եւ քնոտ ըլլալու, քանի որ Աստուած օծեալ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ առատ հոգեւոր կերակուր կը հայթայթէ։ (Մատթէոս 24։45-47) Անձնական եւ ընտանեկան ուսումնասիրութեան միջոցաւ կանոնաւորաբար հոգեւոր սնունդ ստանալը արթուն կենալու եւ ‘հաւատքի մէջ առողջ մնալու’ կերպերէն մէկն է։—Տիտոս 1։13
10. Քրիստոնէական ժողովներն ու համաժողովները արթուն կենալու ի՞նչպէս կ’օգնեն։
10 Քրիստոնէական ժողովներն ու համաժողովները հոգեւորապէս արթուն մնալու կ’օգնեն։ Անոնք քաջալերութիւն տալու եւ իրար «սիրոյ եւ բարեգործութեան մղել»ու պատեհութիւններ են։ Մանաւանդ ‘որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնենք’, կանոնաւորաբար պէտք է իրարու քով հաւաքուինք։ Այդ օրը ի՛րապէս մօտ է։ Անիկա ‘Եհովայի օրն’ է, երբ իր գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովէ։ Եթէ այդ օրը իրապէս կարեւոր է մեզի համար՝ եւ պէ՛տք է այդպէս ըլլայ՝ ‘մէկտեղ հաւաքուիլը չենք թողուր’։—Եբրայեցիս 10։24, 25. Բ. Պետրոս 3։10
11. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ քրիստոնէական ծառայութիւնը կենսական է հոգեւորապէս արթուն կենալու համար։
11 Քրիստոնէական ծառայութեան բոլորանուէր կերպով մասնակցիլը՝ հոգեւորապէս արթուն կենալու համար կենսական է։ Բարի լուրի քարոզչութեան մէջ կանոնաւոր եւ նախանձախնդիր մասնակցութիւն մը մեզ արթուն կը պահէ։ Մեր ծառայութիւնը մեզի բազմաթիւ պատեհութիւններ կու տայ Աստուծոյ Խօսքին, իր Թագաւորութեան եւ իր նպատակներուն մասին մարդոց խօսելու։ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին նման գրականութիւններով տունէ տուն վկայելը, վերայցելութիւններ ընելը եւ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարելը՝ գոհունակութիւն կու տայ։ Նախկին Եփեսոսի երէցները կրնային վկայել որ Պօղոս իրենց սորվեցուցած էր «հրապարակաւ եւ տունէ տուն»։ (Գործք 20։20, 21, ՆԱ) Անշուշտ, Եհովայի հաւատարիմ Վկաներէն ոմանք առողջապահական լուրջ խնդիրներ ունին, որ որոշ չափով իրենց արգելք կը հանդիսանան ծառայութեան մասնակցելու, բայց Եհովայի եւ իր թագաւորութեան մասին ուրիշներուն խօսելու համար անոնք կերպեր կը գտնեն եւ ասկէ մեծ ուրախութիւն կը ստանան։—Սաղմոս 145։10-14
12, 13. Ի՞նչ պատճառներով ուտելու ու խմելու մէջ չափազանցութեան երթալէ պէտք է խուսափինք։
12 Չափազանցութիւններէ խուսափիլն ալ պիտի օգնէ որ արթուն կենանք։ Երբ իր ներկայութեան մասին կը խօսէր, Յիսուս իր առաքեալներուն հետեւեալ յորդորը տուաւ. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի. վասն զի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի»։ (Ղուկաս 21։7, 34, 35) Շատակերութիւնն ու գինովութիւնը Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հակառակ են։ (Բ. Օրինաց 21։18-21) Առակաց 23։20, 21–ը կ’ըսէ. «Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն ու իրենց մարմինը մաշողներուն վասն զի գինեմոլն ու շռայլը աղքատ կ’ըլլան եւ շատ քունը՝ պատռտած հանդերձներ կը հագցնէ»։—Առակաց 28։7
13 Չափազանց ուտելն ու խմելը եթէ նոյնիսկ այդ աստիճանի չեն հասած, անոնք կրնան անհատ մը թմրեցնել, Աստուծոյ կամքը կատարելու համար նոյնիսկ ծոյլ եւ անտարբեր դարձնելով։ Բնական է որ ընտանեկան կեանքի, առողջութեան եւ այլ բաներու համար մտահոգուինք։ Սակայն, եթէ Թագաւորութեան շահերը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք եւ վստահութիւն ունենանք որ մեր երկնաւոր Հայրը հոգ պիտի տանի մեզի՝ ուրախ պիտի ըլլանք։ (Մատթէոս 6։25-34) Ապա թէ ոչ, ‘այդ օրը’ «որոգայթի մը», թերեւս ծածկուած ծուղակի մը պէս մեր վրայ պիտի գայ ու մեզ՝ անզգուշներս՝ իր մէջ ձգէ, կամ խայծ դրուած թակարդի մը պէս գայ, որ նախ կը հրապուրէ, ապա վտանգէն անտեղեակ եղող անասունները կը բռնէ։ Ասիկա մեզի չի՛ պատահիր, եթէ արթուն կենանք, լիովին գիտակից, որ «վերջին ժամանակ»ին մէջ կ’ապրինք։—Դանիէլ 12։4
14. Ինչո՞ւ ջերմեռանդ աղօթքներ պէտք է մատուցանենք։
14 Ջերմեռանդ աղօթքը հոգեւորապէս արթուն կենալու ուրիշ օժանդակութիւն մըն է։ Իր մեծ մարգարէութեան մէջ, Յիսուս շարունակեց ըսել. «Ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք»։ (Ղուկաս 21։36) Այո, աղօթենք որ միշտ Եհովայի կողմը մնանք եւ ընդունելի դիրքի մը մէջ գտնուինք, երբ Յիսուս՝ Որդի մարդոյ՝ գայ իրերու ամբարիշտ դրութիւնը կործանելու համար։ Մեր ու մեր հաւատակիցներու օգտին համար՝ որոնց համար կ’աղօթենք՝ պէտք է ‘աղօթքի մէջ արթուն մնանք’։—Կողոսացիս 4։2. Եփեսացիս 6։18-20
Ժամանակը Վերջանալու Վրայ Է
15. Որպէս արդարութեան քարոզիչներ, մեր ծառայութեամբ ի՞նչ կ’իրագործուի։
15 Մինչ Եհովայի մեծ օրը կը սպասենք, անկասկած պիտի ուզենք իր ծառայութեան մէջ մեր կարելին ընել։ Եթէ այս մասին ջերմեռանդօրէն աղօթենք իրեն, թերեւս «մեծ ու արդիւնաւոր դուռ մը» բացուի մեր դիմաց։ (Ա. Կորնթացիս 16։8, 9) Աստուծոյ որոշած ժամանակին, Յիսուս դատաստան պիտի գործադրէ եւ յաւիտենական կեանքի արժանի եղող արդար «ոչխարները» պիտի զատէ յաւիտենական կործանումի արժանի եղող ամբարիշտ «այծեր»էն։ (Յովհաննու 5։22) Մենք չենք որ ոչխարները այծերէն կը զատենք։ Բայց որպէս արդարութեան քարոզիչներ, մեր ծառայութիւնը մարդոց պատեհութիւն կ’ընծայէ որ ընտրեն Աստուծոյ ծառայել եւ երբ Յիսուս «իր փառքովը գայ»՝ կեանքի համար զատուելու յոյսը ունենան։ Իրերու այս դրութեան համար մնացած կարճ ժամանակը, աւելի բոլորանուէր գործունէութեան կարեւորութիւնը կը շեշտէ, մինչ կը փնտռենք «յաւիտենական կեանքի սահմանուած»ները։—Մատթէոս 25։31-46. Գործք 13։48
16. Ինչո՞ւ Թագաւորութիւնը եռանդուն կերպով ծանուցանողներ պէտք է ըլլանք։
16 Նոյի օրուան աշխարհին համար՝ ժամանակը վերջ գտաւ, եւ անիկա վերջ պիտի գտնէ իրերու այս դրութեան համար ալ։ Հետեւաբար, Թագաւորութիւնը եռանդուն կերպով ծանուցանողներ ըլլանք։ Մեր քարոզչութիւնը կը բարգաւաճի, քանի որ ամէն տարի հարիւր հազարաւորներ իրենց կեանքը Աստուծոյ նուիրելով՝ կը մկրտուին։ Անոնք Եհովայի օրհնեալ կազմակերպութեան մէկ մասը՝ «անոր ժողովուրդը ու անոր արօտին ոչխաներ»ը կ’ըլլան։ (Սաղմոս 100։3) Ի՜նչ ուրախութիւն է Թագաւորութեան քարոզչութեան մասնակցիլ որ շատերուն առջեւ յոյսի դուռ մը կը բանայ, ‘Եհովայի մեծ ու ահեղ օրուընէ’ առաջ։
17, 18. (ա) Մինչ կը քարոզենք, ոմանց կողմէ ի՞նչ հակազդեցութիւն կրնանք ակնկալել։ (բ) Ծաղրողներուն վստահաբար ի՞նչ պիտի պատահի։
17 Նոյի նման, մենք ալ Աստուծոյ աջակցութիւնն ու պաշտպանութիւնը ունինք։ Այո, մարդիկ, նիւթականացած հրեշտակները եւ Նեֆիլիմները ծաղրեցին Նոյի տուած պատգամը, բայց անիկա զինք չկասեցուց։ Այսօր ալ ոմանք կը ծիծաղին, երբ անոնց առջեւ կը դնենք այն բազմաթիւ ապացոյցները թէ «վերջին օրեր»ու մէջ կ’ապրինք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Այս ծաղրանքը Քրիստոսի ներկայութեան մասին Աստուածաշունչի տուած մէկ մարգարէութեան կատարումն է։ Պետրոս գրեց. «Վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ պիտի քալեն եւ պիտի ըսեն. ‘Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը, վասն զի թէեւ մեր հայրերը քնացան, բայց դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր’»։—Բ. Պետրոս 1։16. 3։3, 4
18 Արդի ծաղրողները կրնան խորհիլ. ‘Ստեղծագործութենէն ի վեր բա՛ն մը չէ փոխուած։ Ուտելով, խմելով, ամուսնանալով եւ ընտանիք մեծցնելով կեանքը կը շարունակուի։ Եթէ նոյնիսկ Յիսուս ներկայ է, ան իմ օրերուս չէ որ դատաստան պիտի գործադրէ’։ Որքա՜ն սխալ է այսպէս խորհիլ։ Եթէ Եհովայի ահեղ օրուընէ առաջ անոնք ուրիշ պատճառներով չմեռնին, այդ օրը պիտի կործանէ զանոնք, ինչպէս որ Նոյի օրուան ամբարիշտ սերունդը աղիտաբեր Ջրհեղեղով կործանեցաւ։—Մատթէոս 24։34
Ամէն Գնով Արթո՛ւն Կենանք
19. Աշակերտելու մեր գործունէութիւնը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։
19 Եթէ Եհովայի նուիրուած ենք, անպատեհ մտածումներով բնաւ չմրափենք։ Հիմա արթո՛ւն կենալու, աստուածային մարգարէութեան հաւատք ընծայելու եւ ‘բոլոր ազգերը աշակերտելու’ մեր յանձնարարութիւնը կատարելու ժամանակ է։ (Մատթէոս 28։19, 20) Մինչ այս դրութիւնը իր վախճանը կը դիմագրաւէ, մեծագոյն առանձնաշնորհումն է Յիսուս Քրիստոսի առաջնորդութեան ներքեւ Եհովա Աստուծոյ ծառայել եւ վերջը գալէն առաջ, «արքայութեան այս աւետարանը» քարոզելու համաշխարհային գործին մասնակցիլ։—Մատթէոս 24։14. Մարկոս 13։10
20. Քաղէբ եւ Յեսու ի՞նչպիսի օրինակներ հանդիսացան եւ անոնց ընթացքը ի՞նչ ցոյց կու տայ։
20 Եհովայի ծառաներէն ոմանք տասնեակ տարիներէ ի վեր, թերեւս իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեան, Եհովայի ծառայած են։ Իսկ եթէ մենք տակաւին միայն վերջերս ճշմարտութիւնը ողջունած ենք, թող որ Իսրայելացի Քաղէբին նմանինք, որ «կատարելապէս Տէրոջը հետեւեցաւ»։ (Բ. Օրինաց 1։34-36) Ինք եւ Յեսու պատրաստ էին Աւետեաց Երկիրը մտնելու, Եգիպտոսի կապանքէն Իսրայելացիներու ազատագրումէն կարճ ժամանակ ետք։ Սակայն, չափահաս Իսրայելացիները ընդհանուր առմամբ հաւատքի պակաս ցուցուցին եւ 40 տարի անապատին մէջ անցուցին՝ ուր մահացան։ Այդ բոլոր շրջանին, Քաղէբ եւ Յեսու անոնց հետ նոյն դժուարութիւնները կրեցին, բայց այս երկուքը վերջապէս խոստացեալ երկիրը մտան։ (Թուոց 14։30-34. Յեսուայ 14։6-15) Եթէ ‘կատարելապէս Եհովայի հետեւինք’ եւ հոգեւորապէս արթուն կենանք, Աստուծոյ խոստացեալ նոր աշխարհը մտնելու ուրախութիւնը պիտի ունենանք։
21. Եթէ հոգեւորապէս արթուն կենանք, ի՞նչ բանի փորձառութիւնը պիտի ունենանք։
21 Իրողութիւնները յստակօրէն կը փաստեն որ վերջին ժամանակին մէջ կ’ապրինք եւ թէ Եհովայի մեծ օրը մօտ է։ Հիմա ժամանակը չէ որ Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ մրափենք, կամ անտարբեր ըլլանք։ Պիտի օրհնուինք միմիայն, երբ հոգեւորապէս արթուն կենանք եւ որպէս քրիստոնեայ քարոզիչներ եւ Եհովայի ծառաներ բնորոշող մեր հանդերձները պահենք։ Ուստի վճռենք ‘արթո՛ւն եւ հաւատքի մէջ հաստա՛տ կենալ, ժի՛ր ըլլալ, զօրանալ’։ (Ա. Կորնթացիս 16։13) Որպէս Եհովայի ծառաներ, թող որ բոլորս ալ հաստատ եւ քաջ ըլլանք։ Այն ատեն պիտի գտնուինք անոնց մէջ, որոնք պատրաստ են երբ Եհովայի օրը հարուածէ եւ արթուն կեցող ուրախ անհատներու շարքին մէջ հաւատարմութեամբ կը ծառայեն։
Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ի՞նչպէս կը սահմանէք մեր այլաբանական հանդերձները եւ ի՞նչպէս կրնանք զանոնք պահել։
◻ Հոգեւորապէս արթուն կենալու կարգ մը կերպերը ի՞նչ են։
◻ Ինչո՞ւ ծաղրողները մեզ չեն զարմացներ եւ զանոնք ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։
◻ Այս վերջին օրերուն, աշակերտելու մեր գործունէութիւնը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։
[Մէջբերում՝ էջ 14]
Քրիստոնեաները Աստուծոյ սուրբ հոգին ունին, որ արթուն կենալու եւ իրենց պարտականութիւնները կատարելու կ’օգնէ
[Նկար՝ էջ 13]
Վճռա՞ծ էք հոգեւորապէս արթուն կենալ եւ ձեր այլաբանական հանդերձները պահել