Ուրիշներու վստահելէ կը վախնա՞ք
‘ՄԷԿԸ չկայ որու հետ կարենամ խօսիլ։ Մարդիկ չեն հասկնար զիս։ Ամէն մարդ իր խնդիրներով զբաղած է։ Անոնք իմ խնդիրներուս համար ժամանակ չունին’։ Շատեր այս զգացումը ունին, ուստի իրենց խնդիրները իրենք իրենց կը պահեն։ Երբ ուրիշներ իրենց որպիսութիւնը հարցնեն, անոնք յաճախ կը փափաքին ըսել, բայց չեն համարձակիր։ Անոնք իրենց սիրտը չեն կրնար բանալ։
Ճիշդ է որ կան անհատներ, որոնք չեն ուզեր ուրիշներէ օգնութիւն ստանալ։ Սակայն, շատեր օգնութեան անհրաժեշտ կարիքը ունին, բայց կը վախնան իրենց շատ անձնական խորհուրդները, զգացումները եւ փորձառութիւնները յայտնել։ Դո՞ւք ալ անոնցմէ մէկն էք։ Իրապէս չկա՞յ մէկը, որու կրնաք վստահիլ։
Վախը Հասկնալ
Արդի աշխարհին մէջ, անվստահութեան մթնոլորտ մը կայ։ Երիտասարդներ իրենց ծնողներուն չեն խօսիր։ Ծնողներ իրարու հետ չեն կրնար խօսիլ։ Քիչեր հեղինակութիւն ունեցող անհատներու կը փափաքին խօսիլ։ Չկարենալով իրենց գաղտնիքը ուրիշներու յայտնել, ոմանք խմիչքի, թմրեցուցիչներու կամ արտառոց կենցաղի կը դիմեն, փորձելով իրենց խնդիրներէն խոյս տալ։—Առակաց 23։29-35. Եսայեայ 56։12
Հեղինակաւոր անհատներու՝ կղերներու, բժիշկներու, ախտաբուժերու եւ ուսուցիչներու՝ վրայ դրուած վստահութիւնը խախտած է, անպարկեշտութեան եւ անբարոյութեան անհամար յայտնութիւններով։ Օրինակի համար, հաշիւի մը համաձայն, կղերներուն աւելի քան 10 տոկոսը սեռային սխալ վարմունք ունեցած է։ Գրող մը կը նշէ. «Այս վստահութիւն բեկանողները, մարդկային փոխյարաբերութեանց մէջ կիրճեր, հերձեր եւ ճեղքեր կը փորեն»։ Ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենայ հաւատացեալներու բազմութեան վրայ։ Անիկա վստահութիւնը կը քանդէ՛։
Բարոյականի համատարած քայքայումն ալ տագնապ յառաջացուցած է ընտանիքներէ ներս, այդ աստիճան որ ներկայիս բացառութիւն չեն կազմեր ձախող ընտանիքներ, անոնք բնական դարձած են։ Ժամանակին՝ տունը հոգատարութեան վայր մըն էր։ Ներկայիս անիկա պարզապէս փորը լեցնելու տեղ մըն է։ Երբ երախայ մը մեծնայ տան մը մէջ, ուր ‘գուրգուրանք չկայ’, սովորաբար ան չափահաս ըլլալէ ետք, չի կրնար ուրիշներու վստահիլ։—Բ. Տիմոթէոս 3։3, ՆԱ։
Ասկէ զատ, մինչ աշխարհի վիճակները կը վատթարանան, երթալով աւելի ենթակայ կ’ըլլանք հոգեբանօրէն յուսախաբիչ փորձառութիւններու։ Միքիա մարգարէն նոյն վիճակին մէջ գտնուելով, գրեց. «Մտերիմ բարեկամի մի՛ ապաւինիք»։ (Միքիայ 7։5) Դուք ալ նոյն զգացումը կրնաք ունենալ, երբ պզտիկ յուսախաբութիւն մը, վստահութեան բեկանում մը կամ կեանքի սպառնացող դէպք մը պատահի։ Թերեւս անգամ մը եւս ուրիշներու վստահելու դժուարութիւն ունենաք եւ ձեր զգացումներուն հանդէպ համր դառնաք, ամէն օր զգացական պատի մը ետին ապրելով։ (Բաղդատել՝ Սաղմոս 102։1-7։) Ճիշդ է որ այսպիսի կեցուածք մը կրնայ օգնել որ շարունակէք գործել, բայց ձեր ‘սրտին տրտմութիւնը’ կեանքի մէջ ձեր ուրախութիւնը կը խլէ։ (Առակաց 15։13) Իրականութիւնը այդ է որ, հոգեւոր, զգացական, մտային եւ ֆիզիքական գետնի վրայ առողջ ըլլալու համար, պէտք է սորվիք ուրիշներու վստահիլ։ Կարելի՞ է։ Այո՛։
Ինչո՛ւ Պէտք Է Փլել Պատը
Ուրիշներու վստահիլը՝ ալեկոծուած սրտին հանդարտութիւն կու տայ։ Աննան այս փորձառութիւնը ունեցաւ։ Ան լաւ ամուսնութիւն մը, ապահով տուն մը ունէր, բայց խոր կերպով վշտացած էր։ Թէեւ անոր ‘հոգին տրտում’ էր, բայց իմաստուն գտնուելով, այնքան սրտանց «Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրաւ», որ շրթները կը դողային։ Այո, ան Եհովայի ապաւինեցաւ։ Ապա ան իր սիրտը բացաւ Աստուծոյ ներկայացուցիչին՝ Հեղիի՝ առջեւ։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ «[Աննան] իր ճամբան գնաց ու կերաւ ու երեսը անգամ մըն ալ չտրտմեցաւ»։—Ա. Թագաւորաց 1։1-18
Ընդհանրապէս մշակոյթներ կ’ընդունին իրարու գաղտնիք վստահելուն օգուտները։ Օրինակ, նոյն վիճակի մէջ գտնուած անհատներու հետ գաղափարի եւ փորձառութեան փոխանակութիւն ունենալը կրնայ օգտաշատ ըլլալ։ Հետախոյզներ կ’եզրակացնեն. «Զգացական մեկուսացումը հիւանդութիւններ կը յառաջացնէ. առողջ մնալու համար մեր գաղտնիքը յայտնելու պէտք ունինք»։ Հետզհետէ գիտական անձնակազմեր կը հաստատեն ներշնչեալ առակին ըսածը. «Զատուող մարդը իր ցանկութիւնը կը փնտռէ եւ ամէն խորհուրդի դէմ կը կենայ»։—Առակաց 18։1
Եթէ ուրիշներու չբանաք ձեր սիրտը, անոնք ի՞նչպէս կրնան օգնել ձեզի։ Թէեւ Եհովա Աստուած սրտերը կը կարդայ, բայց ձեր ընտանիքին ու բարեկամներուն համար, ձեր ներքին խորհուրդները եւ զգացումները գոց գիրք մըն են, մինչեւ որ դուք չբանաք զայն։ (Ա. Մնացորդաց 28։9) Երբ խնդրին արմատը Աստուծոյ օրէնքին բեկանումն է, խոստովանութիւնը յետաձգելը՝ միայն կը բարդացնէ հարցը։—Առակաց 28։13
Վստահաբար մեր նեղութիւնները ուրիշներու վստահելէն եկած օգուտը աւելի գերազանց է, քան անկէ վնասուելու վտանգը։ Անշուշտ, ասիկա չի նշանակեր որ ձեր անձնական բաները անխտրաբար ամենայն մանրամասնութեամբ պիտի յայտնէք։ (Բաղդատել՝ Դատաւորաց 16։18. Երեմեայ 9։4. Ղուկաս 21։16։) «Բարեկամներ կան, որոնք իրար կը պատառեն» (ՆԱ), կը զգուշացնէ Առակաց 18։24–ը, բայց կ’աւելցնէ. «Եղբօրմէն աւելի մտերիմ բարեկամ կայ»։ Ո՞ւր կրնաք գտնել այսպիսի բարեկամ մը։
Ձեր Ընտանիքին Վստահեցէք
Եթէ խնդիր մը ունիք, փորձա՞ծ էք ձեր կողակիցին կամ ձեր ծնողքին հետ խօսիլ։ «Հարկ եղած միակ բանն է խնդիրներու մասին խորունկ խօսակցութիւն մը ունենալ», ըսաւ փորձառու խորհրդատու մը։ (Առակաց 27։9) ‘Իրենց կինը իրենց անձին պէս սիրող’ քրիստոնեայ ամուսիններ, «իրենց այրերուն հնազանդ» կիներ եւ իրենց զաւակները «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» մեծցնելու աստուածատուր նշանակումը լուրջի առնող ծնողներ, պէտք է ծանր աշխատին, որպէսզի կարեկցաբար մտիկ ընողներ եւ օգտակար խրատատուներ ըլլան։ (Եփեսացիս 5։22, 33. 6։4) Թէեւ Յիսուս ոչ կին եւ ոչ ալ մարմնաւոր զաւակներ ունէր, բայց այս ուղղութեամբ հոյակապ օրինակ մը կը հանդիսանայ։—Մարկոս 10։13-16. Եփեսացիս 5։25-27
Բայց եթէ խնդիրը կարելի չէ լուծել ընտանեկան շրջանակէն ներս, ի՞նչ պէտք է ընել։ Քրիստոնէական ժողովքին մէջ բնաւ առանձին չենք։ «Ո՞վ կը տկարանայ ու ես չեմ տկարանար», ըսաւ Պօղոս առաքեալ։ (Բ. Կորնթացիս 11։29) Ան խրատեց. «Իրարու նեղութիւնները կրեցէք»։ (Գաղատացիս 6։2. Հռովմայեցիս 15։1) Մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն մէջ կը գտնենք շատ անհատներ, որոնք «նեղութեան ատենուան համար ծնած» եղբայր են։—Առակաց 17։17
Ժողովքին Վստահեցէք
Համայն աշխարհի Եհովայի Վկաներու աւելի քան 80,000 ժողովքներուն մէջ հեզ տղամարդիկ կան, որոնք որպէս ‘ձեր ուրախութեան գործակից’ կը ծառայեն։ (Բ. Կորնթացիս 1։23) Ասոնք երէցներն են, որոնք, ինչպէս Եսային կը նշէ, «հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս, չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս եւ ծարաւուտ երկրի մէջ մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս» են։ Երէցները կը ջանան այս նկարագրութեան յարմարիլ։—Եսայեայ 32։2. 50։4. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14
Երէցները ‘սուրբ հոգիին կողմէ տեսուչ դրուելէ’ առաջ, սուրբ գրային պահանջներուն գոհացում կու տան։ Ասիկա գիտնալը անոնց վրայ ձեր վստահութիւնը կ’աւելցնէ։ (Գործք 20։28. Ա. Տիմոթէոս 3։2-7. Տիտոս 1։5-9) Երէցի մը հետ ի՛նչ որ խօսիք, անիկա բացարձակապէս գաղտնի պիտի մնայ։ Անոր որակումներէն մէկն է՝ վստահելի ըլլալ։—Բաղդատել՝ Ելից 18։21. Նէեմեայ 7։2։
Ժողովքի երէցները «ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան»։ (Եբրայեցիս 13։17) Ասիկա ձեզ չի՞ մղեր որ այս մարդոց վրայ վստահութիւն ունենաք։ Բնականաբար, բոլոր երէցներն ալ նոյն յատկութիւններու մէջ գերազանց չեն։ Անոնցմէ ոմանք միւսներէն աւելի դիւրամերձ, ազնիւ եւ հասկացող են։ (Բ. Կորնթացիս 12։15. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 8, 11) Մօտեցէք երէցի մը, որու հետ աւելի հանգիստ կը զգաք։
Ասոնք վճարուած արհեստավարժներ չեն։ Այլ, Եհովայի կողմէ հայթայթուած «տղամարդիկ [են]՝ որպէս պարգեւներ», ձեզի օգնելու համար։ (Եփեսացիս 4։8, 11-13, ՆԱ. Գաղատացիս 6։1) Ի՞նչպէս։ Անոնք Աստուածաշունչը ճարտարութեամբ գործածելով, անոր բուժիչ զօրութիւնը կը կիրարկեն ձեր անձնական պարագային։ (Սաղմոս 107։20. Առակաց 12։18. Եբրայեցիս 4։12, 13) Անոնք ձեզի հետ եւ ձեզի համար կ’աղօթեն։ (Փիլիպպեցիս 1։9. Յակոբու 5։13-18) Այսպիսի սիրալիր խրատատուներու կողմէ մատուցուած օգնութիւնը մեծապէս կրնայ բուժել ընկճուած սիրտ մը եւ մտքի խաղաղութիւնը վերահաստատել։
Ի՞նչպէս Վստահելի Փոխյարաբերութիւններ Կերտել
Օգնութիւն, խրատ կամ մտիկ ընող ականջ մը փնտռելը՝ տկարութեան կամ թերացումի նշան չէ։ Անիկա իրապաշտ գիտակցութիւն մըն է որ անկատար ենք եւ թէ ոեւէ մէկը ամէն բանի պատասխան չունի։ Անշուշտ, մեր մեծագոյն խրատատուն եւ գաղտնեկիցը մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովա Աստուած է։ Սաղմոսերգուին հետ համամիտ ենք, որ ըսաւ. «Տէրը զօրութիւնս ու ասպարս է. իմ սիրտս անոր յուսաց ու ես օգնութիւն գտայ»։ (Սաղմոս 28։7) Որեւէ ժամանակ, կրնանք աղօթքով ‘մեր սիրտը իր առջեւ բանալ’, վստահ ըլլալով որ մեզի կը լսէ ու հոգ կը տանի մեզի։—Սաղմոս 62։7, 8. Ա. Պետրոս 5։7
Բայց ի՞նչպէս կրնաք սորվիլ երէցներուն եւ ժողովքի միւս անդամներուն վստահիլ։ Նախ, ինքնաքննութիւն մը կատարեցէք։ Ձեր վախերը հիմնաւորուա՞ծ են։ Ուրիշներու շարժառիթներուն վրայ կը կասկածի՞ք։ (Ա. Կորնթացիս 13։4, 7) Վիրաւորուելու վտանգը նսեմացնելու կերպ մը կա՞յ։ Այո՛։ Ի՞նչպէս։ Ուրիշներու հետ անձնապէս ծանօթացէք հոգեւոր ծիրի մէջ։ Ժողովներու մէջ անոնց հետ խօսեցէք։ Միասնաբար տունէ տուն ծառայեցէք։ Վստահութիւնը յարգանքի նման՝ պէտք է շահիլ։ Ուստի, համբերատար եղէք։ Օրինակ, երբ հոգեւոր հովիւ մը ճանչնաք, անոր հանդէպ ձեր վստահութիւնը պիտի աւելնայ։ Աստիճանաբար յայտնեցէք ձեր մտավախութիւնները։ Եթէ պատշաճ կերպով, կարեկցութեամբ եւ խոհեմութեամբ ընդառաջէ, անկէ ետք կրնաք աւելին յայտնել։
Մեր հաւատակիցները, մասնաւորաբար քրիստոնեայ երէցները ծանր կ’աշխատին, որպէսզի ուրիշներու հետ իրենց յարաբերութեանց մէջ Աստուծոյ սիրալիր յատկութիւնները ընդօրինակեն։ (Մատթէոս 5։48) Ասիկա ժողովքին մէջ վստահութեան մթնոլորտ մը կը ստեղծէ։ Երկար ժամանակէ երէց եղող մը կ’ըսէ. «Բան մը կայ որ եղբայրները պէտք է գիտնան. Անհատ մը ի՛նչ ալ ընէ, երէցը անոր հանդէպ իր քրիստոնէական սէրը չի կորսնցներ։ Թերեւս ան չախորժի եղած բանէն, բայց տակաւին կը սիրէ իր եղբայրը եւ կ’ուզէ օգնել անոր»։
Ուստի, խնդրի մը հետ առանձին զգալու կարիքը չունիք։ «Հոգեւոր» որակումներ ունեցող մէկու մը խօսեցէք, որ ձեր բեռը տանելու կրնայ օգնել։ (Գաղատացիս 6։1) Մի՛ մոռնաք որ «մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ», բայց «վայելուչ [«հաճելի», ՆԱ] խօսքերը մեղրի խորիսխին պէս են, հոգիին՝ քաղցր ու ոսկորներուն բժշկութիւն են»։—Առակաց 12։25. 16։24
[Շրջանակ՝ էջ 29]
Ոեւէ Քրիստոնեայէ կրնայ խնդրուիլ որ անձնական խնդիր ունեցող ազգականի մը, բարեկամի մը կամ հոգեւոր եղբօր մը օգնէ։ Գիտէ՞ք ինչպէս օգնել։
ԱԶԴԵՑԻԿ ԽՐԱՏԱՏՈՒ ՄԸ
դիւրամերձ է. Մատթէոս 11։28, 29. Ա. Պետրոս 1։22. 5։2, 3
յարմար առիթը կ’ընտրէ. Մարկոս 9։32-36
կը ջանայ խնդիրը հասկնալ. Ղուկաս 8։18. Յակոբու 1։19
չի բորբոքիր. Կողոսացիս 3։12-14
վշտագին զգացումներ ունեցողներուն կ’օգնէ. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14. Ա. Պետրոս 3։8
իր սահմանափակումներուն գիտակից է. Գաղատացիս 6։3. Ա. Պետրոս 5։5
մասնայատուկ խրատներ կու տայ. Սաղմոս 19։7-9. Առակաց 24։26
գաղտնապահ է. Առակաց 10։19. 25։9