Քաջասիրտ եղէք՝ մինչ ազատագրութիւնը կը մօտենայ
«Ես քեզի հետ եմ քեզ ազատելու համար»։—ԵՐԵՄԵԱՅ 1։19
1, 2. Մարդկային ընտանիքը ինչո՞ւ ազատագրութեան կը կարօտի։
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԻ՜ՒՆ։ Ի՜նչ մխիթարական բառ մը։ Ազատագրուիլ կը նշանակէ փրկուիլ, անհաճոյ, տխուր վիճակէ մը ազատիլ։ Ասիկա կը պարփակէ աւելի լաւ եւ աւելի ուրախ վիճակի մէջ բերուիլ։
2 Ներկայիս, մարդկային ընտանիքը որքա՜ն պէտք ունի այսպիսի ազատագրութեան։ Ամէնուրեք մարդիկ տնտեսական, ընկերային, ֆիզիքական, մտային եւ զգացական դժուար խնդիրներով ծանրաբեռնուած եւ յուսահատած են։ Մարդոց մեծամասնութիւնը աշխարհի ընթացքէն դժգոհ եւ յուսախաբ է ու կը նախընտրէ որ իրերը բարելաւուին։—Եսայեայ 60։2. Մատթէոս 9։36
«Չար Ժամանակներ»
3, 4. Հիմա ինչո՞ւ ազատագրութեան աւելի մեծ կարիք մը կայ։
3 Քանի որ այս Ի. դարը միւսներէն աւելի մեծ տառապանքներ տեսած է, անոր համար հի՛մա ազատագրութեան կարիքը որեւէ ատենէ աւելի մեծ է։ Ներկայիս, մէկ միլիառէ աւելի անհատներ չքաւոր վիճակի մէջ կ’ապրին, եւ այդ թիւին վրայ ամէն տարի 25 միլիոն կ’աւելնայ։ Ամէն տարի շուրջ 13 միլիոն երախաներ կը մեռնին թերի սննդառութենէն կամ աղքատութեան հետ առնչուած ուրիշ պատճառներէ. օրական 35,000–է աւելի։ Իսկ աւելի տարեց միլիոնաւորներ կանխահասօրէն կը մահանան զանազան հիւանդութիւններէ։—Ղուկաս 21։11. Յայտնութիւն 6։8
4 Պատերազմներն ու քաղաքացիական վերիվայրումները անպատում տառապանքներ պատճառած են։ Կառավարութեան Կողմէ Պատճառուած Մահ (Անգլերէն) խորագրով գիրքը կ’ըսէ, թէ պատերազմներով, ցեղային ու կրօնական պայքարներով եւ իրենց իսկ կառավարութեան կողմէ քաղաքացիներու զանգուածային սպանդով՝ «աւելի քան 203 միլիոն անհատներ սպաննուած են այս դարուս մէջ»։ Անիկա շարունակելով կ’ըսէ. «Մեռելներու թիւը մօտաւորապէս 360 միլիոնի կը հասնի։ Կարծես մեր ցեղը արդի Սեւ Պատուհասով մը փճացաւ։ Ա՛րդարեւ, այդպէս եղաւ, բայց Հեղինակութեան պատուհաս մըն էր եւ ոչ թէ՝ մանրէներու»։ Գրող մը՝ Ռիչըրտ Հարուուտ, դիտել տուաւ. «Անցեալ դարերու բարբարոսական պատերազմները, համեմատաբար աննշան էին»։—Մատթէոս 24։6, 7. Յայտնութիւն 6։4
5, 6. Ինչո՞ւ ներկայ օրերը այսքան տագնապալից են։
5 Վերջին տարիներուն, այս տագնապալից վիճակներուն վրայ կը բարդուին վայրագ ոճիրները, անբարոյութիւնը եւ ընտանեկան քայքայումը։ Միացեալ Նահանգներու նախկին Կրթական Նախարարը՝ Ուիլիըմ Պէնէթ, նշեց որ 30 տարուան մէջ, Միացեալ Նահանգներու բնակչութիւնը 41 տոկոս յաւելում ունեցած է, սակայն վայրագ ոճիրները՝ 560, ապօրինի ծնունդները՝ 400, ամուսնալուծումները՝ 300, իսկ պատանեկան անձնասպանութիւնը՝ 200։ Փրինսթըն Համալսարանի Ուսուցչապետ Ճոն Տիյուլիոյ, կը զգուշացնէ երիտասարդ «գեր–գիշատիչներու» շարքերուն հետզհետէ աւելնալուն դէմ, որոնք «կը սպաննեն, կատաղօրէն կը յարձակին, կը բռնաբարեն, կը գողնան, կը յափշտակեն եւ համայնքին մէջ լուրջ խանգարումներ կը պատճառեն։ Անոնց չի վախցներ ձերբակալութեան արատը, բանտարկութեան ցաւը, կամ խղճի խայթը»։ Այդ երկրին մէջ, ներկայիս 15–էն 19 տարեկան եղողներու մէջ անձնասպանութիւնը մահուան պատճառներուն երկրորդը կը դասուի։ Իսկ չորս տարեկանէն վար շատ երախաներ, աւելի կը մեռնին լլկումէ, քան՝ հիւանդութենէ։
6 Այսպիսի ոճիրներ եւ բռնութիւններ միայն մէկ ազգի վիճակուած չեն։ Շատ երկիրներու մէջ նման հակումներ կան։ Ասոր կը սատարէ միլիոնաւոր անհատներու աւրուելուն պատճառ եղող երթալով աւելցող թմրեցուցիչի անօրէն գործածութիւնը։ Աւստրալիոյ Սիտնի Մորնինկ Հէրըլտ լրագիրը կ’ըսէ. «Թմրեցուցիչի միջազգային մաքսանենգութիւնը զէնքերու վաճառքէն ետք, աշխարհի երկրորդ ամենէն շահաբեր առեւտուրը եղած է»։ Ուրիշ ազդակ մըն է բռնութիւնը եւ անբարոյութիւնը, որ այժմ պատած է հեռատեսիլը։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, երախայ մը մինչեւ 18 տարեկանի հասնի, հեռատեսիլի վրայ տասնեակ հազարաւոր բռնարարքներ եւ անհաշիւ անբարոյութիւններ տեսած կ’ըլլայ։ Ասիկա ապականիչ շատ զօրաւոր ազդեցութիւն մըն է, քանի որ մեր մտքերը կանոնաւորաբար ի՛նչ բանով որ սնուցանենք, մեր անձնաւորութիւնը ա՛յդպէս կը կերտուի։—Հռովմայեցիս 12։2. Եփեսացիս 5։3, 4
7. Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը ներկայ գէշ կացութիւնը ի՞նչպէս կը նախագուշակէր։
7 Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը ճըշգըրտօրէն նախագուշակեց մեր դարուն այս ահաւոր հոսանքը։ Անիկա ըսաւ որ համերկրային պատերազմներ, համաճարակներ եւ ուտելիքի պակաս պիտի ըլլային ու անօրէնութիւնը պիտի շատնար։ (Մատթէոս 24։7-12. Ղուկաս 21։10, 11) Իսկ երբ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ի մարգարէութիւնը նկատի առնենք, կարծէք երեկոյեան լուրերը կ’ունկնդրենք։ Անիկա մեր դարաշրջանը կը բնութագրէ որպէս «վերջին օրեր» եւ մարդիկը կը նկարագրէ որպէս ‘անձնասէր, արծաթասէր, ծնողներու անհնազանդ, անգութ, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր’։ Ներկայիս ճիշդ ա՛յս է աշխարհը։ Ինչպէս Ուիլիըմ Պէնէթ գիտակցեցաւ. «Քաղաքակրթութեան փտած ըլլալուն . . . փաստերը չափազանց շատ են»։ Նոյնիսկ ըսուած է որ քաղաքակրթութիւնը վերջ գտաւ առաջին աշխարհամարտով։
8. Աստուած Նոյի օրերուն ինչո՞ւ Ջրհեղեղը բերաւ, եւ ասիկա ի՞նչպէս կապ ունի մեր ժամանակին հետ։
8 Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն առաջ ‘երկիրը անիրաւութեամբ լեցուած էր’. բայց ներկայիս կացութիւնը անկէ գէշ է։ Այն ժամանակ ընդհանուր մարդկութիւնը մերժեց իր չար արարքներուն համար զղջալ։ Հետեւաբար, Աստուած ըսաւ. «Երկիրը անոնց միջոցաւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ, ուստի զանոնք երկրին հետ պիտի աւերեմ»։ Ջրհեղեղով վերջ գտաւ այդ վայրագ աշխարհը։—Ծննդոց 6։11, 13. 7։17-24
Մարդոց Ձեռքով Ազատագրութիւն Կարելի Չէ
9, 10. Փրկութիւնը ինչո՞ւ մարդոցմէ պէտք չէ յուսանք։
9 Մարդկային ջանքերը կրնա՞ն մեզ այս գէշ վիճակներէն ազատագրել։ Աստուծոյ Խօսքը կը պատասխանէ. «Մի՛ յուսաք իշխաններուն, մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ»։ «Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ (Սաղմոս 146։3. Երեմեայ 10։23) Հազարաւոր տարիներու պատմութիւնը այս ճշմարտութիւնները ապացուցանած է։ Մարդիկ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ամէն երեւակայելի դրութիւն փորձած են՝ բայց վիճակները կը վատթարանան։ Եթէ մարդկային լուծում մը գոյութիւն ունենար, մինչեւ հիմա բացայայտ պիտի ըլլար։ Ընդհակառակը, իրողութիւնները ցոյց կու տան թէ «մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար»։—Ժողովողի 8։9. Առակաց 29։2. Երեմեայ 17։5, 6
10 Մի քանի տարի առաջ, Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան նախկին խորհըրդատուն՝ Զպիկնիէվ Պրաժինսգի ըսաւ. «Համաշխարհային ձգտումին անաչառ վերլուծումը անխուսափելիօրէն մեզ այն եզրակացութեան կը յանգեցնէ, թէ ընկերային տուայտանքը, քաղաքական անկայունութիւնը, տնտեսական տագնապներն ու միջազգային վէճերը շատ հաւանաբար այս դարուս մնացեալ շրջանին մէջ շատ լայնատարած պիտի ըլլան»։ Ան աւելցուց. «Մարդկութիւնը կը դիմագրաւէ համաշխարհային անիշխանութեան սպառնալիքը»։ Աշխարհի վիճակներուն այս գնահատումը ներկայիս աւելի վաւերական է։ Բռնութեան յաւելումի այս ժամանակաշրջանին մասին խօսելով, Նիւ Հէյվընի (Գըննէգթիգաթ) Րէճիսդըր–ի խմբագրականը ըսաւ. «Այնպէս կը թուի որ շա՜տ հեռու գացած ենք. այլեւս կարելի չէ կանգ առնել»։ Ո՛չ, աշխարհի վատթարացումը կանգ պիտի չառնէ, քանի որ այս «վերջին օրեր»ու մասին եղած մարգարէութիւնը միեւնոյն ատեն կ’ըսէր. «Բայց չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան՝ մոլորեցնելով ու մոլորելով»։—Բ. Տիմոթէոս 3։13
11. Ինչո՞ւ մարդկային ջանքերը պիտի չկարենան յեղաշրջել վատթարացող վիճակները։
11 Մարդիկ չեն կրնար յեղաշրջել այս հոսանքը, քանի որ Սատանան «այս աշխարհի աստուած»ն է։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Այո, «բոլոր աշխարհ չարին մէջ [«զօրութեան ներքեւ», ՆԱ] է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19. տես նաեւ՝ Յովհաննու 14։30։) Տեղին ըլլալով, Աստուածաշունչը մեր օրերուն համար կ’ըսէ. «Վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։ (Յայտնութիւն 12։12) Սատանան գիտէ թէ իր աշխարհը եւ իր իշխանութիւնը վերջանալու վրայ են, ուստի ան «մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ»։—Ա. Պետրոս 5։8
Ազատագրութիւնը Մօտ Է —Որո՞նց Համար
12. Որո՞նց համար ազատագրութիւնը կը մօտենայ։
12 Երկրի երթալով վատթարացող վիճակները ջախջախիչ ապացոյց մըն են որ հսկայ փոփոխութիւն մը գալու վրայ է։ Որո՞նց համար։ Ազդանշաններուն ուշադրութիւն ընծայող եւ անոնց համաձայն քայլեր առնողներուն համար ազատագրութիւնը կը մօտենայ։ Առաջին Յովհաննու 2։17–ն ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ պէտք է ընել. «Աշխարհս [Սատանայի իրերու դրութիւնը] ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։—Տես նաեւ՝ Բ. Պետրոս 3։10-13։
13, 14. Յիսուս արթուն կենալու կարիքը ի՞նչպէս շեշտեց։
13 Յիսուս մարգարէացաւ որ ներկայ ապականած ընկերութիւնը մէջտեղէն պիտի վերցուի նեղութեան ժամանակով մը, «որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։21) Անոր համար ան ազդարարեց. «Դուք զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի. վասն զի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի։ Ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք»։—Ղուկաս 21։34-36
14 Անոնք որոնք ‘կը զգուշանան’ եւ ‘արթուն կը կենան’, պիտի հետաքրքրուին Աստուծոյ կամքով եւ պիտի կատարեն զայն։ (Առակաց 2։1-5. Հռովմայեցիս 12։2) Անո՛նք են որ պիտի կարենան ‘ազատիլ’ Սատանայի դրութեան վրայ շուտով գալիք կործանումէն։ Անոնք կրնան կատարեալ վստահութիւն ունենալ այս ազատագրութեան վրայ։—Սաղմոս 34։15. Առակաց 10։28-30
Գլխաւոր Ազատարարը
15, 16. Ո՞վ է գլխաւոր Ազատարարը, եւ ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ իր դատաստանը արդար պիտի ըլլայ։
15 Սատանան եւ իր համաշխարհային դրութիւնը պէտք է վերացուին, որպէսզի Աստուծոյ ծառաները ազատագրուին։ Ասիկա կը պահանջէ որ այս ազատագրութիւնը մարդոցմէ շատ աւելի բարձր աղբիւրէ մը գայ։ Այդ աղբիւրը Եհովա Աստուած, Գերիշխանը, ահաւոր տիեզերքին ամենակալ Արարիչն է։ Ա՛ն է գլխաւոր Ազատարարը. «Ես՝ ես եմ Եհովայ. եւ ինձանից ջոկ Փրկիչ չ’կայ»։—Եսայեայ 43։11, Արարատ. Առակաց 18։10
16 Եհովա գերագոյն զօրութիւնը, իմաստութիւնը, արդարութիւնը եւ սէրը ունի։ (Սաղմոս 147։5. Առակաց 2։6. Եսայեայ 61։8. Ա. Յովհաննու 4։8) Ուստի, երբ իր դատաստանը գործադրէ, վստահ կրնանք ըլլալ որ իր արարքը արդարութեամբ պիտի կատարէ։ Աբրահամ հարցուց. «Երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞»։ (Ծննդոց 18։24-33) Պօղոս բացագանչեց. «Միթէ Աստուծոյ քով անիրաւութի՞ւն կայ։ Քա՛ւ լիցի»։ (Հռովմայեցիս 9։14) Յովհաննէս գրեց. «Այո՛, Ամենակա՛լ Տէր Աստուած, քու դատաստաններդ արդար ու ճշմարիտ են»։—Յայտնութիւն 16։7
17. Եհովայի վաղեմի ծառաները ի՞նչպէս վստահած են իր խոստումներուն։
17 Երբ Եհովա ազատագրութիւն կը խոստանայ, անիկա անպայման կ’իրագործէ։ Յեսու ըսաւ. «Տէրը . . . որչափ բարի խօսքեր որ խօսեր էր, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. ամէնքն ալ կատարուեցան»։ (Յեսուայ 21։45) Սողոմոն նշեց. «[Իր] խօսած ամէն բարի խօսքերէն բնաւ խօսք մը գետինը չինկաւ»։ (Գ. Թագաւորաց 8։56) Պօղոս առաքեալ նկատի առաւ որ Աբրահամ «անհաւատութիւնով չտարակուսեցաւ . . . իր մտքին մէջ հաստատ պահեց թէ՝ ան [Աստուած] որ խօսք տուաւ, կարող է ընելու ալ»։ Սառա ալ «հաւատարիմ սեպեց [Աստուած] որ խոստացած էր»։—Հռովմայեցիս 4։20, 21. Եբրայեցիս 11։11
18. Ներկայիս, Եհովայի ծառաները ինչո՞ւ կրնան վստահ ըլլալ որ պիտի փրկուին։
18 Մարդոց հակառակը, Եհովա ի՛րապէս վստահելի ու իր խօսքին տէրն է։ «Զօրքերու Տէրը երդում ըրաւ ու ըսաւ. ‘Ինչպէս ծրագրեցի, անշուշտ այնպէս պիտի ըլլայ ու ինչ որ որոշեցի, ա՛ն պիտի կատարուի’»։ (Եսայեայ 14։24) Ուստի, երբ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել եւ անիրաւները տանջանքի [«բնաջնջումի», ՆԱ] համար դատաստանի օրուան պահել», կրնանք անվարան վստահիլ որ այսպէս պիտի ըլլայ։ (Բ. Պետրոս 2։9) Նոյնիսկ երբ հզօր թշնամիներ սպառնան, Եհովայի ծառաները անվեհեր կը մնան, ի տես այն յորդորին որ ան տուած է իր մարգարէներէն մէկուն միջոցաւ. «Անոնք քեզի դէմ պիտի պատերազմին, բայց պիտի չկրնան քեզի յաղթել. վասն զի ես քեզի հետ եմ քեզ ազատելու համար»։—Երեմեայ 1։19. Սաղմոս 33։18, 19. Տիտոս 1։2
Ազատագրութիւն՝ Անցեալին
19. Եհովա ի՞նչպէս ազատագրեց Ղովտը, եւ ասոր զուգահեռը ի՞նչ է մեր օրերուն։
19 Մեզի համար մեծապէս քաջալերական պիտի ըլլայ Եհովայի նախկին փրկարար արարքներէն ոմանք թուել։ Օրինակ, Ղովտ՝ Սոդոմ ու Գոմորի ամբարշտութիւնը տեսնելով «կը տանջուէր»։ Բայց Եհովա այդ քաղաքներուն դէմ եղած «աղաղակը» նկատի առաւ։ Յարմար ժամանակին, ան պատգամաբերներ ղրկելով յորդորեց որ Ղովտ ու իր ընտանիքը այդ շրջանէն անմիջապէս հեռանան։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Եհովա «ազատեց արդար Ղովտը», «Սոդոմ ու Գոմորի քաղաքները մոխիր դարձնելով»։ (Բ. Պետրոս 2։6-8. Ծննդոց 18։20, 21) Այսօր ալ Եհովա կը նշմարէ այս աշխարհի բացայայտ ամբարշտութեան դէմ եղած աղաղակները։ Երբ արդի պատգամաբերները իրենց վկայութեան ստիպողական գործը ամբողջացնեն, ան այս աշխարհի դէմ գործի պիտի լծուի ու պիտի ազատագրէ իր ծառաները, ինչպէս ըրաւ Ղովտի։—Մատթէոս 24։14
20. Եհովայի կողմէ վաղեմի Եգիպտոսէն Իսրայէլի ազատագրումը նկարագրեցէք։
20 Վաղեմի Եգիպտոսի մէջ, Աստուծոյ ծառաներէն միլիոնաւորներ գերեվարուած էին։ Եհովա անոնց մասին ըսաւ. «Անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի. վասն զի անոնց նեղութիւնները գիտեմ եւ զանոնք . . . ազատելու . . . եկայ»։ (Ելից 3։7, 8) Սակայն, թոյլ տալէ ետք որ Աստուծոյ ժողովուրդը մեկնի, Փարաւոն իր միտքը փոխեց եւ իր հզօր բանակով հետապնդեց զանոնք։ Այնպէս կը թուէր որ Իսրայելացիները ծուղակը ինկած էին Կարմիր Ծովու ափին։ Բայց Մովսէս ըսաւ. «Մի՛ վախնա՛ք, սպասեցէ՛ք ու տեսէք Տէրոջը փրկութիւնը, որ այսօր պիտի ընէ ձեզի»։ (Ելից 14։8-14) Եհովա Կարմիր Ծովը բաժնեց եւ Իսրայելացիները կրցան խոյս տալ։ Փարաւոնի բանակները անոնց ետեւէն ինկան, սակայն Եհովա իր զօրութիւնը գործածեց, այնպէս որ «ծովը զանոնք ծածկեց. զօրաւոր ջուրերուն մէջ կապարի պէս ընկղմեցան»։ Որմէ ետք Մովսէս բարձրաձայն երգելով, Եհովայի ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, աստուածներուն մէջ քեզի պէս ո՞վ կայ։ Սրբութեան մէջ փառաւորեալ, օրհնութեան մէջ սքանչելի, հրաշքներ ընող՝ ո՞վ կայ քեզի նման»։—Ելից 15։4-12, 19
21. Եհովայի ժողովուրդը ի՞նչպէս ազատագրուեցաւ Ամմոնէն, Մովաբէն եւ Սէիրէն։
21 Ուրիշ առիթով մը, Ամմոնի, Մովաբի ու Սէիրի (Եդովմ) թշնամի ազգերը սպառնացին Եհովայի ժողովուրդը կործանել։ Եհովա ըսաւ. «Դուք մի՛ վախնաք ու այս [թշնամի] մեծ բազմութեանը երեսէն մի՛ զարհուրիք, քանզի պատերազմը ձերը չէ, հապա Աստուծոյն է։ . . . Դուք պիտի չպատերազմիք . . . կեցէ՛ք, որպէս զի Տէրոջը ձեզի ըրած փրկութիւնը տեսնէք»։ Եհովա իր ժողովուրդը ազատագրեց, թշնամիին շարքերուն մէջ շփոթութիւն ձգելով, այնպէս որ անոնք իրար կոտորեցին։—Բ. Մնացորդաց 20։15-23
22. Եհովա Իսրայէլը ի՞նչպէս հրաշալիօրէն ազատագրեց Ասորեստանի ձեռքէն։
22 Երբ Ասորական Աշխարհակալ Ոյժը Երուսաղէմի վրայ յարձակեցաւ, Սենեքերիմ Թագաւորը Եհովան նախատեց, պարսպին վրայ եղող ժողովուրդին ըսելով. «Այս երկիրներուն [զորս նուաճեցի] աստուածներէն ո՞րը իր երկիրը իմ ձեռքէս ազատեց, որ Եհովան Երուսաղէմը իմ ձեռքէս ազատէ»։ Աստուծոյ ծառաներուն ան ըսաւ. «Եզեկիա թող ձեր յոյսը Եհովային վրայ չդնէ՝ ըսելով. Եհովան մեզ անշուշտ պիտի ազատէ»։ Ասոր վրայ Եզեկիա ջերմեռանդօրէն աղօթեց՝ փրկութեան համար, «որպէս զի երկրին բոլոր թագաւորութիւնները գիտնան թէ միայն դուն ես Տէրը»։ Եհովա 185,000 ասորեստանցի զինուոր կոտորեց, ազատագրելով իր ծառաները։ Անկէ ետք, երբ Սենեքերիմ իր չաստուածներուն պաշտամունք կը մատուցանէր, իր որդիները զինք սպաննեցին։—Եսայեայ 36 եւ 37–րդ գլուխները։
23. Ներկայիս ազատագրութեան մասին ո՞ր հարցումները պատասխանի կը կարօտին։
23 Երբ տեսնենք թէ Եհովա ի՛նչպէս անցեալին հոյակապ կերպով ազատագրած է իր ժողովուրդը, ասիկա կ’օգնէ որ քաջարի ըլլանք։ Ի՞նչ կրնանք ըսել այս ժամանակին մասին։ Իր ծառաները մօտ ապագային ի՞նչ վտանգաւոր կացութեան պիտի մատնուին որ իր հրաշարար ազատագրութեան կարիքը ունենան։ Ան ինչո՞ւ մինչեւ հիմա չէ ազատագրած զանոնք։ Յիսուսի հետեւեալ խօսքերը ի՞նչպէս պիտի կատարուին. «Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է»։ (Ղուկաս 21։28) Իսկ Աստուծոյ այն ծառաները որոնք արդէն մեռած են, անոնց փրկութիւնը ի՞նչպէս պիտի գայ։ Այս հարցումները պիտի քննենք յաջորդ յօդուածով։
Վերաքաղի Հարցումներ
◻ Ինչո՞ւ ազատագրութեան մեծ կարիք մը կայ։
◻ Ազատագրութեան համար ինչո՞ւ մարդոց պէտք չէ յուսանք։
◻ Որո՞նց համար ազատագրութիւնը մօտ է։
◻ Ինչո՞ւ կրնանք վստահիլ Եհովայի ազատագրութեան։
◻ Ազատագրութեան անցեալի ո՞ր դէպքերը կրնան մեզ քաջալերել։
[Նկար՝ էջ 9]
Աբրահամ՝ Եհովայի վրայ կատարեալ վստահութիւն ունեցողներէն մէկն էր