Իրական պատգամաբերները բնորոշել
«Իմ ծառայիս խօսքը կը հաստատեմ եւ դեսպաններուս խորհուրդը կը կատարեմ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 44։26
1. Եհովա ի՞նչպէս կը բնորոշէ իրական պատգամաբերները եւ ան ի՛նչպէս կը քօղազերծէ կեղծերը։
ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ հոյակապ կերպով իր ճշմարիտ պատգամաբերները կը բնորոշէ։ Զանոնք կը բնորոշէ՝ անոնց միջոցաւ իր տուած պատգամները իրականացնելով։ Եհովա կեղծ պատգամաբերները մեծապէս կը քօղազերծէ։ Ի՞նչպէս։ Ան կը ձախողեցնէ անոնց նշաններն ու գուշակութիւնները։ Այս կերպով ցոյց կու տայ որ անոնք ինքնագլուխ կանխագուշակողներ են եւ անոնց պատգամները իրենց սխալ տրամաբանութենէն կը բխին, այո՝ իրենց յիմար, մարմնաւոր խորհուրդներէն։
2. Իսրայէլի ժամանակ, պատգամաբերներուն միջեւ ի՞նչ բախում կար։
2 Եսային եւ Եզեկիէլը դաւանեցան Եհովա Աստուծոյ պատգամաբերները ըլլալ։ Բայց պարագան ա՞յս էր։ Տե՛սնենք։ Եսային մարգարէացաւ Երուսաղէմի մէջ, Հ.Դ.Ա. 778–ի ժամանակէն մինչեւ Հ.Դ.Ա. 732–էն քիչ ետք։ Եզեկիէլ Բաբելոն գերի տարուեցաւ Հ.Դ.Ա. 617–ին։ Ան հոն գտնուող իր հրեայ եղբայրներուն մարգարէութիւն ըրաւ։ Երկու մարգարէներն ալ խիզախօրէն ծանուցանեցին որ Երուսաղէմ պիտի կործանէր։ Ուրիշ մարգարէներ ըսին որ Աստուած թոյլ պիտի չտար որ այսպիսի բան մը պատահէր։ Որո՞նք փաստեցին իրական պատգամաբերներ ըլլալ։
Եհովա կը Քօղազերծէ Սուտ Մարգարէները
3, 4. (ա) Բաբելոնի մէջ Իսրայելացիներուն ի՞նչ երկու հակասական պատգամներ տրուեցան եւ Եհովա ի՞նչպէս քօղազերծեց կեղծ պատգամաբերը։ (բ) Ըստ Եհովայի, ի՞նչ պիտի պատահէր կեղծ պատգամաբերներուն։
3 Մինչ Եզեկիէլ Բաբելոն կը գտնուէր, Երուսաղէմի տաճարին մէջ կատարուած բաներուն շուրջ անոր տեսիլք մը տրուեցաւ։ Արեւելեան դրան մուտքին 25 մարդիկ կային, որոնց մէջ էին երկու իշխաններ՝ Յեզոնիան եւ Փաղատիան։ Եհովա ի՞նչպէս նկատեց զանոնք։ Եզեկիէլ 11։2, 3–ը կը պատասխանէ. «Որդի՛ մարդոյ, ասոնք են այն մարդիկը, որ անօրէնութիւն կը մտածեն ու չար խորհուրդ կու տան այս քաղաքին ու կ’ըսեն. ‘Մօտ չէ ժամանակը, տուներ շինենք’»։ Խաղաղութեան այս յաւակնոտ պատգամաբերները կ’ըսէին. ‘Ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ Երուսաղէմի։ Այո՛, շուտով պիտի սկսինք աւելի շատ տուներ շինել անոր մէջ’։ Ուստի, Եհովա ըսաւ Եզեկիէլի որ այս ստախօս մարգարէներուն մարգարէութիւնը հերքէ։ 11–րդ գլուխին, 13–րդ համարին մէջ, Եզեկիէլ կ’ըսէ թէ անոնցմէ մէկուն ի՛նչ պատահեցաւ. «Իմ մարգարէութիւն ըրած ատենս Բանեայի որդին Փաղատիան մեռաւ»։ Հաւանաբար ասոր պատճառը այն էր որ Փաղատիան ամենէն կարկառուն եւ ազդեցիկ իշխանն էր եւ կռապաշտութեան մէջ մխրճուած էր։ Անոր յանկարծակի մահը փաստե՛ց որ ան սուտ մարգարէ մըն էր։
4 Փաղատիայի վրայ եկած Եհովայի դատավճիռը, միւս սուտ մարգարէները ետ չկեցուց Աստուծոյ անունով սուտեր խօսելէ։ Այդ խաբեբաները Աստուծոյ կամքին հակառակ եղող բաներ գուշակելու իրենց յիմար ընթացքը շարունակեցին։ Ուստի, Եհովա Աստուած ըսաւ Եզեկիէլի. «Վա՜յ անզգամ մարգարէներուն, որոնք իրենց հոգիին ետեւէն կ’երթան ու բան մը տեսած չեն»։ Փաղատիային նման, անոնք ալ «ոչինչ» պիտի ըլլան, որովհետեւ Երուսաղէմի վրայով յոխորտանքով ‘խաղաղութեան տեսիլքներ կը տեսնէին, երբ խաղաղութիւն չկար’։—Եզեկիէլ 13։3, 15, 16
5, 6. Հակառակ բոլոր կեղծ պատգամաբերներուն, Եսային ի՞նչպէս ջատագովուեցաւ որպէս ճշմարիտ մարգարէ։
5 Իսկ ինչ կը վերաբերի Եսայիի, Երուսաղէմի մասին Աստուծոյ կողմէ տուած իր բոլոր պատգամները կատարուեցան։ Հ.Դ.Ա. 607–ի ամրան, Բաբելոնացիները կործանեցին քաղաքը եւ հրեայ մնացորդ մը Բաբելոն գերի տարին։ (Բ. Մնացորդաց 36։15-21. Եզեկիէլ 22։28. Դանիէլ 9։2) Այս չարիքները սուտ մարգարէները ետ կեցուցի՞ն Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ շաղակրատութիւններ տեղացնելէ։ Ո՜չ, այդ ստախօս պատգամաբերները շարունակեցին ասիկա ընել։
6 Որպէս թէ ասիկա բաւարար չըլլար, Իսրայելացի աքսորեալները Բաբելոնի սնապարծ բախտագուշակներուն, կախարդներուն եւ աստղաբաշխներուն հետ դէմ յանդիման գտնուեցան։ Սակայն, Եհովա այդ կեղծ պատգամաբերները շփոթեցուց, պատահելիքին հակառակը մարգարէացնել տալով։ Ան հետագային ցոյց տուաւ որ Եզեկիէլ, ինչպէս նաեւ Եսային իր ճշմարիտ պատգամաբերներն էին։ Եհովա անոնց միջոցաւ իր ըսած բոլոր խօսքերը իրագործեց, ինչպէս խոստացած էր. «Ստախօսներուն նշանները պարապը կը հանեմ եւ գուշակողները կը յիմարացնեմ, իմաստունները ե՛տ կը դարձնեմ ու անոնց գիտութիւնը յիմարութեան կը փոխեմ։ Իմ ծառայիս խօսքը կը հաստատեմ եւ դեսպաններուս խորհուրդը կը կատարեմ»։—Եսայեայ 44։25, 26
Բաբելոնի եւ Երուսաղէմի Մասին Ապշեցուցիչ Պատգամներ
7, 8. Եսայի ներշնչուած ի՞նչ պատգամ ունէր Բաբելոնի համար եւ անոր խօսքերը ի՞նչ կը նշանակէին։
7 Յուդան եւ Երուսաղէմը պիտի կործանէին, 70 տարի անոնց մէջ մարդկային բնակութիւն չըլլալով։ Բայց, Եհովա՝ Եսայիի ու Եզեկիէլի միջոցաւ ծանուցանեց, որ քաղաքը պիտի վերաշինուէր եւ երկիրը իր նախագուշակած ճշգրիտ ժամանակին՝ պիտի վերաբնակուէր։ Ասիկա ապշեցուցիչ գուշակութիւն մըն էր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Բաբելոնը իր բանտարկեալները բնաւ ազատ չարձակելու համբաւը կը վայելէր։ (Եսայեայ 14։4, 15-17) Ուստի, ո՞վ կրնար իրապէս ազատագրել այդ գերիները։ Ո՞վ կրնար վիթխարի պարիսպներով եւ գետային պաշտպանութեան դրութեամբ օժտուած հզօր Բաբելոնը տապալել։ Ամենակալ Եհովա՛ն կրնար։ Ան ըսաւ որ պիտի ընէր. «Անդունդին [այսինքն, քաղաքը պաշտպանող ջուրերուն] կ’ըսեմ թէ ‘Չորցի՛ր ու քու գետերդ պիտի ցամքեցնեմ’։ Եւ Կիւրոսին համար կ’ըսեմ ‘Իմ հովիւս է ու իմ ամէն կամքս պիտի կատարէ’։ Ու Երուսաղէմին կ’ըսեմ թէ ‘Պիտի շինուիս’ եւ տաճարին՝ թէ ‘Քու հիմերդ պիտի ձգուին’»։—Եսայեայ 44։25, 27, 28
8 Պահ մը խորհեցէ՛ք։ Եփրատ Գետը՝ որ մարդոց համար հսկայական խոչընդոտ կը ներկայացնէր՝ Եհովայի համար բոցակէզ մակերեսի մը վրայ թափուած կաթիլ մը ջուրին պէս էր։ Այդ խոչընդոտը վայրկեանապէս պիտի շոգիանար։ Բաբելոն պիտի իյնա՛ր։ Պարսիկ Կիւրոսի ծնունդէն շուրջ 150 տարի առաջ էր, որ Եհովա Եսայիին նախագուշակել տուաւ որ այս թագաւորը Բաբելոնը պիտի նուաճէր եւ հրեայ գերիները պիտի ազատագրէր, անոնց արտօնութիւն տալով որ վերադառնան, Երուսաղէմն ու անոր տաճարը վերաշինելու համար։
9. Բաբելոնը պատժելու համար, Եհովա զո՞վ իր անունովը կանչեց, որպէսզի իր գործակալը ըլլայ։
9 Այս մարգարէութիւնը կը գտնենք Եսայեայ 45։1-3–ի մէջ. «Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ իր օծեալ Կիւրոսին, որուն աջ ձեռքը բռնեցի, որպէս զի ազգերը անոր առջեւ հնազանդեցնեմ, . . . անոր առջեւ դռներուն փեղկերը բացուին, դռները բնաւ չգոցուին։ Ես քու առջեւէդ պիտի երթամ, խորտուբորտ տեղերը պիտի շտկեմ, պղնձէ դռները պիտի փշրեմ, երկաթէ նիգերը պիտի կոտրտեմ եւ խաւարի մէջ ծածկուած գանձերը ու պահուած հարստութիւնները քեզի պիտի տամ, որպէս զի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը [«Եհովան», Արարատ] Իսրայէլի Աստուածը՝ որ քեզ անունովդ կը կանչեմ»։
10. Կիւրոս ի՞նչ կերպով «օծեալ» մըն էր եւ իր ծնունդէն աւելի քան հարիւր տարի առաջ, Եհովա իր հետ ի՞նչպէս կը խօսի։
10 Նկատի առէք որ Եհովա՝ Կիւրոսին հետ կը խօսի, որպէս թէ ան ողջ ըլլար։ Ասիկա Պօղոսի խօսքերուն հետ կը համաձայնի, թէ Եհովա «չեղած բաները եղածներու պէս կը կանչէ»։ (Հռովմայեցիս 4։17) Դարձեալ, Աստուած Կիւրոսը կը բնորոշէ որպէս ‘իր օծեալը’։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Ճիշդ է որ Եհովայի քահանայապետը որեւէ ատեն օծման իւղ չթափեց Կիւրոսի գլխուն, բայց ասիկա մարգարէական օծում մըն է։ Անիկա մասնայատուկ սպասարկութեան համար պաշտօնի կոչում մը կը մատնանշէ։ Հետեւաբար, Եհովա՝ Կիւրոսի այս կանխորոշ նշանակումին մասին կրնար խօսիլ որպէս օծում։—Բաղդատել՝ Գ. Թագաւորաց 19։15-17. Դ. Թագաւորաց 8։13։
Աստուած Իր Պատգամաբերներուն Խօսքերը կը Կատարէ
11. Բաբելոնի բնակիչները ինչո՞ւ իրենք զիրենք ապահով կը զգային։
11 Երբ Կիւրոս Բաբելոնի վրայ արշաւեց, անոր բնակիչները իրենք զիրենք ապահով կը զգային։ Իրենց քաղաքը շրջապատուած էր Եփրատ Գետով, որ խոր ու լայն պաշտպանիչ խրամ մը կը ներկայացնէր։ Հոն ուր գետը քաղաքին մէջէն կ’անցնէր, գետին արեւելեան ափին երկարող քարափ մը կար։ Զայն քաղաքէն զատելու համար, Նաբուգոդոնոսոր շինել տուաւ «հսկայ պարիսպ մը, որ լերան մը նման կարելի չէր շարժել . . .։ Անոր գլուխը լեռներուն հաւասար բարձրացուց»։a Այս պարիսպը պղնձէ բարձր դռներ ունէր։ Անոնցմէ ներս մտնելու համար, անհատ մը պէտք էր գետին եզերքէն այդ բարձրութիւնը մագլցէր։ Զարմանալի չէր որ Բաբելոնի բանտարկեալները ազատ արձակուելու յոյսը բնա՛ւ չէին կրնար սնուցանել։
12, 13. Երբ Բաբելոն Կիւրոսի ձեռքը ինկաւ, Եսայի մարգարէին միջոցաւ Եհովայի խօսքերը ի՞նչպէս կատարուեցան։
12 Բայց Եհովայի վրայ հաւատք ունեցող հրեայ աքսորեալներուն համար պարագան այդ չէր։ Անոնք վառ յոյս մը ունէին։ Իր մարգարէներուն միջոցաւ, Աստուած խոստացաւ զանոնք ազատագրել։ Աստուած ի՞նչպէս իրագործեց իր խոստումը։ Կիւրոս իր բանակներուն հրամայեց որ Բաբելոնի քանի մը քիլոմեթր հիւսիսէն, որոշ տեղէ մը Եփրատ Գետին ուղղութիւնը փոխեն։ Այս կերպով, քաղաքին պաշտպանութեան գլխաւոր միջոցը, յարաբերաբար չոր հունի մը վերածուեցաւ։ Ճգնաժամային գիշերը, Բաբելոնի մէջ գինարբուքի մէջ եղողները անհոգօրէն բաց ձգած էին Եփրատի նայող երկփեղկ դռները։ Եհովա բառացիօրէն պղնձէ դռները չփշրեց, ոչ ալ զանոնք գոցող երկաթէ նիգերը կոտրտեց, բայց զանոնք բաց եւ առանց նիգերու պահել տալու իր հոյակապ ռազմավարութիւնը նոյն արդիւնքը տուաւ։ Բաբելոնի պարիսպը անպէտ եղաւ։ Կիւրոսի բանակը ներս մտնելու համար կարիքը չունեցաւ անոնց վրայ մագլցելու։ Եհովա Կիւրոսին առջեւէն գնաց, «խորտուբորտ տեղերը»՝ բոլոր խոչընդոտները, հարթելու համար։ Փաստուեցաւ որ Եսային Աստուծոյ ճշմարիտ պատգամաբերն էր։
13 Երբ Կիւրոս ամբողջ քաղաքը իր հակակշռին տակ առաւ, անոր բոլոր գանձերը իր ձեռքը ինկան, նոյնիսկ խաւարին, սենեակներու մէջ ծածկուած գանձերը։ Եհովա ինչո՞ւ այս բանը ըրաւ Կիւրոսին։ Որպէսզի ան գիտնայ թէ ‘զինք իր անունովը կանչող’ Եհովան է ճշմարիտ մարգարէութեան Աստուածը եւ տիեզերքի Գերիշխանը։ Ան պիտի գիտնար որ Աստուա՛ծ կարգադրած էր որ ինք զօրութեան գլուխը անցնէր, որպէսզի Իր ժողովուրդը՝ Իսրայէլը՝ ազատագրէր։
14, 15. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Կիւրոս Բաբելոնի վրայ իր յաղթանակը Եհովայի կը պարտէր։
14 Կիւրոսի ըսած Եհովայի խօսքերը լսեցէք. «Իմ Յակոբ ծառայիս համար եւ իմ ընտրած Իսրայէլիս համար քեզ քու անունովդ կանչեցի։ Քեզի մականուն դրի՝ թէեւ զիս չէիր ճանչնար։ Ես եմ Տէրը եւ ուրիշ մը չկայ, ինծմէ զատ Աստուած չկայ։ Ես քեզի գօտի կապեցի, թէեւ զիս չէիր ճանչնար, որպէս զի արեւելքէն ու արեւմուտքէն գիտնան թէ ինծմէ զատ մէ՛կը չկայ։ Ե՛ս եմ Տէրը եւ ուրիշ մը չկայ։ Լոյսը հաստատողը եւ խաւարը ստեղծողը, խաղաղութիւն ընողն [իր գերեվարուած ժողովուրդին] ու չարիքը ստեղծողը [Բաբելոնի համար], այս բոլոր բաները ընողը ես Տէրս եմ»։—Եսայեայ 45։4-7
15 Կիւրոս Եհովայի կը պարտէր Բաբելոնի նուաճումը, քանի որ ան զինք զօրացուց, որպէսզի այդ անօրէն քաղաքին դէմ Իր կամքը կատարէր եւ Իր ժողովուրդը ազատագրէր։ Ասիկա ընելով, Աստուած երկնքին կոչ ըրաւ որ արդար ներգործութիւն կամ զօրութիւն տեղացնէ։ Ան իր երկրին կոչ ըրաւ որ անիկա բացուի ու արդար դէպքեր կատարուին եւ իր աքսորեալ ժողովուրդը ազատագրուի։ Իսկ իր այլաբանական երկինքն ու երկիրը ընդառաջեցին իր հրամանին։ (Եսայեայ 45։8) Իր մահուընէ աւելի քան 100 տարի ետք, ապացուցուեցաւ որ Եսային՝ Եհովայի ճշմարիտ պատգամաբերն էր։
Սիօնի Համար Պատգամաբերին Աւետիսը
16. Երբ Բաբելոն պարտութեան մատնուեցաւ, ամայացած Երուսաղէմի մէջ ի՞նչ բարի լուր կարելի էր ծանուցանել։
16 Բայց այսքանով ալ չի վերջանար։ Եսայեայ 52։7–ն կը խօսի Երուսաղէմի համար տրուած աւետիսի մը մասին. «Ի՜նչ գեղեցիկ են լեռներուն վրայ անոր ոտքերը, որ աւետիս կը բերէ, խաղաղութիւն կը քարոզէ, բարութեան աւետիս կը բերէ, փրկութիւն կը քարոզէ ու Սիօնին կ’ըսէ՝ ‘Քու Աստուածդ կը թագաւորէ’»։ Երեւակայեցէք թէ որքա՜ն խայտալի էր լեռներէն դէպի Երուսաղէմ եկող պատգամաբերի մը մօտենալը տեսնել։ Անշուշտ ան լուր մը կը բերէ։ Ի՞նչ է ատիկա։ Սիօնի համար ոգեցունց լուր մըն է։ Խաղաղութեան լուր, այո, Աստուծոյ բարեացակամութեան լուրը։ Երուսաղէմն ու անոր տաճարը պիտի վերաշինուի՛ն։ Իսկ պատգամաբերը յաղթական խանդավառութեամբ կ’ըսէ. «Քու Աստուածդ կը թագաւորէ»։
17, 18. Կիւրոսի կողմէ Բաբելոնի նուաճումը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Եհովայի անուան վրայ։
17 Երբ Եհովա թոյլ տուաւ որ Բաբելոնացիները տապալեն իր տիպական գահը, որու վրայ Դաւիթի շառաւիղէն եղող թագաւորներ կը նստէին, այնպէս թուեցաւ որ Ան այլեւս Թագաւոր պիտի չըլլար, այլ իր տեղ Բաբելոնի գլխաւոր չաստուածը՝ Մարովդաքը, պիտի ըլլար։ Բայց երբ Սիօնի Աստուածը տապալեց Բաբելոնը, ան ապացուցանեց որ ինք տիեզերական գերիշխանը՝ մեծագոյն Թագաւորն էր։ Իսկ այս իրողութիւնը աչքառու ընելու համար, Երուսաղէմը՝ «մեծ Թագաւորին քաղաքը»՝ ու անոր տաճարը պիտի վերահաստատուէին։ (Մատթէոս 5։35) Իսկ թէեւ այս բարի լուրը բերող պատգամաբերին ոտքերը փոշոտ, ցեխոտ եւ վիրաւորուած էին, բայց Սիօնը եւ անոր Աստուածը սիրողներուն աչքին՝ անոնք ի՜նչ գեղեցիկ էին։
18 Մարգարէական առումով, Բաբելոնի անկումը կը նշանակէր թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուած էր եւ աւետիս բերողը այդ իրողութիւնը կը ծանուցանէր։ Եսայիի կողմէ նախագուշակուած այս վաղեմի սուրհանդակը կը նախապատկերացնէր աւելի մեծ բարի լուրի մը պատգամաբերը. աւելի մեծ՝ անոր վեհ բովանդակութեան եւ Թագաւորութեան բնաբանին հետ անոր ունեցած առնչութեան համար, հաւատքի տէր բոլոր մարդիկ հոյակապօրէն բաժին ունենալով անոր մէջ։
19. Իսրայէլի երկրին մասին Եհովա ի՞նչ պատգամ տուաւ Եզեկիէլի միջոցաւ։
19 Եզեկիէլի ալ վերահաստատման վառ մարգարէութիւններ տրուած էին։ Ան մարգարէացաւ. «Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘. . . Քաղաքներուն մէջ մարդ պիտի բնակի ու աւերակները պիտի շինուին’։ Ու պիտի ըսեն՝ ‘Այս ամայացած երկիրը Եդեմի դրախտին պէս եղաւ’»։—Եզեկիէլ 36։33, 35
20. Եսայի մարգարէականօրէն ի՞նչ խայտալի յորդոր մը տուաւ Երուսաղէմի։
20 Բաբելոնի աքսորին մէջ, Աստուծոյ ժողովուրդը Սիօնի վրայ կը սգար։ (Սաղմոս 137։1) Բայց հիմա անոնք կրնային ուրախանալ։ Եսային յորդորեց. «Ո՛վ Երուսաղէմի աւերակներ, ցնծութեան ձայնով մէկտեղ աղաղակեցէ՛ք, քանզի Տէրը իր ժողովուրդը մխիթարեց ու Երուսաղէմը փրկեց։ Տէրը իր սուրբ բազուկը մերկացուց բոլոր ազգերուն աչքերուն առջեւ ու երկրին բոլոր ծայրերը մեր Աստուծոյն փրկութիւնը պիտի տեսնեն»։—Եսայեայ 52։9, 10
21. Եսայեայ 52։9, 10–ի խօսքերը ի՞նչպէս Բաբելոնի պարտութենէն ետք կատարուեցան։
21 Այո, Եհովայի ընտրեալ ժողովուրդը ուրախանալու մեծ պատճառներ ունէր։ Անոնք իրենց ամայացած հողերը պիտի վերագրաւէին, զանոնք Եդեմի պարտէզին նման դարձնելով։ Եհովա իրենց համար «իր սուրբ բազուկը մերկացուց»ած էր։ Ան գործելու համար կարծես իր թեւերը սոթտած էր, զիրենք իրենց սիրելի հայրենիքը վերադարձնելու համար։ Ասիկա պատմութեան մէջ չնչին, աննշան դէպք մը չէր։ Այն ատեն ապրող բոլոր ժողովուրդները տեսան որ Աստուծոյ ‘մերկացած բազուկը’ մարդոց գործերուն միջամուխ եղաւ, որպէսզի ապշեցուցիչ կերպով ազգ մը ազատագրէ։ Անոնց անհերքելի փաստ տրուեցաւ որ Եսային եւ Եզեկիէլը Եհովայի ճշմարիտ պատգամաբերներն էին։ Ոեւէ մէկը չէր կրնար կասկածիլ որ Սիօնի Աստուածը միակ կենդանի ու ճշմարիտ Աստուածն է բոլոր երկրի վրայ։ Եսայեայ 35։2–ի մէջ կը կարդանք. «Անոնք Տէրոջը փառքը, մեր Աստուծոյն վայելչութիւնը պիտի տեսնեն»։ Անոնք որոնք Եհովայի աստուածութեան այս փաստը ընդունեցին, մղուեցան զինք պաշտել։
22. (ա) Ներկայիս ի՞նչ բանին համար կրնանք շնորհապարտ ըլլալ։ (բ) Ինչո՞ւ մասնաւորաբար կրնանք շնորհապարտ ըլլալ որ Եհովա կը քօղազերծէ կեղծ պատգամաբերները։
22 Որքա՜ն երախտապարտ պէտք է ըլլանք որ Եհովա կը բնորոշէ իր ճշմարիտ պատգամաբերները։ Արդարեւ ինքն է որ ‘իր ծառաներուն խօսքը կը հաստատէ եւ դեսպաններուն խորհուրդը կը կատարէ’։ (Եսայեայ 44։26) Եսայիի եւ Եզեկիէլի տուած վերահաստատման մարգարէութիւնները, իր ծառաներուն հանդէպ իր սէրը, ողորմութիւնը եւ գութը կը շեշտեն։ Արդարեւ, Եհովա ամէն փառաբանութեան արժանի՛ է։ Իսկ ներկայիս մենք մասնաւորաբար շնորհապարտ պէտք է ըլլանք որ ան կեղծ պատգամաբերները կը քօղազերծէ, քանի որ աշխարհի թատերաբեմին վրայ անոնք կը վխտան։ Անոնց մեծխօսիկ պատգամները կ’անտեսեն Եհովայի ծանուցուած նպատակները։ Յաջորդ յօդուածը պիտի օգնէ որ կարենանք այդ կեղծ պատգամաբերները բնորոշել։
[Ստորանիշ]
a Կոթողները եւ Հին Կտակարանը (Անգլերէն), Իրա Մորիս Փրայսի կողմէ, 1925։
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Եհովա ի՞նչպէս կը բնորոշէ իր ճշմարիտ պատգամաբերները։
◻ Եսայիի միջոցաւ, Եհովա զո՞վ իր անունովը կանչեց, որպէսզի Բաբելոնը նուաճելու մէջ իր գործակալը ըլլայ։
◻ Բաբելոնի պարտութիւնը նկարագրող Եսայիի մարգարէութիւնները ի՞նչպէս կատարուեցան։
◻ Բաբելոնի պարտութիւնը ի՞նչ լաւ ազդեցութիւն ունեցաւ Եհովայի անուան վրայ։