Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 10/1 էջ 3
  • Մեղքը ի՞նչպէս կը նկատէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մեղքը ի՞նչպէս կը նկատէք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Երբ մեղքը չքանայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Մեղքին նկատմամբ ի՞նչ փոխուած է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Մեղքը ինչպէ՞ս կը նկատէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Առանց մեղքի աշխարհ մը—Ինչպէ՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 10/1 էջ 3

Մեղքը ի՞նչպէս կը նկատէք

«ՔՈՒ ՄԷՋԴ մեղք չկայ, քու մէջդ թշուառութիւն չկայ. դուն ամենազօրութեան շտեմարանն ես»։ Պրահմանական համբաւաւոր իմաստասէր Վիվեքէնանտան վերոյիշեալ արտայայտութիւնը ըրաւ, երբ պրահմանական սուրբ գրքէն՝ Պհակավատ Կիթա–յէն՝ հատուած մը կը բացատրէր։ Վէտանդայէն մէջբերելով, ան դաւանեցաւ. «Մեծագոյն սխալը այն է, որ մէկը ըսէ թէ ինք տկար է, թէ ինք մեղաւոր մըն է»։a

Սակայն, ճի՞շդ է որ մարդուն մէջ մեղք չկայ։ Իսկ անհատ մը իր ծննդեան ատեն որեւէ բան կը ժառանգէ՞։ Միայն «ֆիզիքական նկարագրի գծերն են որ ժառանգութեամբ կ’որոշուին», կ’ըսէ Նիգիլանընտան՝ պրահմանական կրօնական ուսուցիչ մը։ Անհատին միւս յատկանիշները «նախկին կեանքերուն մէջ իր գործած արարքներով» կը սահմանուին։ Վիվեքէնանտային համաձայն, «դուն ճակատագրիդ ստեղծիչն ես»։ Պրահմանականութիւնը ոչինչ կը սորվեցնէ ժառանգուած մեղքին մասին։

Ժառանգուած մեղքի գաղափարը չի գտնուիր նաեւ Զրադաշտականութեան, Շինթոյականութեան, Կոնփիւկիոսականութեան եւ Պուտտայականութեան մէջ։ Նոյնիսկ հրէական եւ քրիստոնէական կրօնքներուն մէջ, որոնք աւանդականօրէն սորվեցուցած են ժառանգուած մեղքի վարդապետութիւնը, մեղքի հանդէպ անոնց տեսակէտը փոփոխութեան կ’ենթարկուի։ Ներկայիս երթալով աւելի շատ մարդիկ իրենց անձերը մեղաւոր չեն նկատեր։

«Արդի մտածելակերպը բարոյական մեղադրանքը չի քաջալերեր. յատկապէս՝ ինքնամեղադրանքը», կ’ըսէ աստուածաբան Կոռնելիոս Փլանդինկա՝ Կրտսերը։ Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիները մասամբ մը մեղադրելի են, քանի որ մեղքին լրջութիւնը նուազեցուցած են։ Տիուք Համալսարանի մատրաներէց մը ըսաւ. «Եթէ կ’ուզէք մեղքի մասին լսել, եկեղեցի մի՛ երթաք»։ Իսկ Փլանդինկայի համաձայն, կարգ մը եկեղեցիներ ընդհանրապէս մեղքի մասին կը խօսին, միայն ընկերային հարցերու առնչութեամբ։

Բոլորս ալ կ’ընդունինք որ ներկայ ընկերային վայերը բազմաթիւ են։ Բռնութիւնը, ոճիրը, պատերազմները, ազգատոհմային պայքարները, թմրեցուցիչի սխալ գործածութիւնը, անպարկեշտութիւնը, կեղեքումը եւ մանուկներու հանդէպ բռնութիւնը ծաւալած են։ Իրականութեան մէջ, Ի. դարը կոչուած է մարդկութեան տեսած ամենէն արիւնալի դարը։ Ասոր աւելցուցէք հիւանդութենէն, ծերութենէն եւ մահէն յառաջ եկած վիշտն ու տառապանքը։ Ո՞վ չի տենչար ներկայիս աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող հսկայական խնդիրներէն ազատագրուիլ։

Ուստի, մեղքը ի՞նչպէս կը նկատէք։ Մեղքը ժառանգակա՞ն է։ Երբեք ցաւէ ու տառապանքէ պիտի ազատագրուի՞նք։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ այս հարցումները։

[Ստորանիշ]

a Վէտանդական փիլիսոփայութիւնը հիմնուած է Ուբանիշատներուն վրայ, որոնք պրահմանական գրութիւններուն՝ Վէտաներուն, վերջաւորութեան կը գտնուին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել