Մեր թանկագին հաւատքին կառչած մնանք
«Ձեզի, որ մեզի հետ նոյն պատուական հաւատքին հասաք»։—Բ. ՊԵՏՐՈՍ 1։1
1. Յիսուս ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ իր առաքեալներուն, բայց Պետրոս ի՞նչ բանով կը պարծենար։
ՅԻՍՈՒՍ իր կեանքին վերջին գիշերը ըսաւ որ իր բոլոր առաքեալները զինք պիտի լքէին։ Պետրոս, որ անոնցմէ մէկն էր, պարծենալով ըսաւ. «Թէպէտ ամէնքն ալ քու վրայովդ գայթակղին, ես բնա՛ւ պիտի չգայթակղիմ»։ (Մատթէոս 26։33) Բայց Յիսուս գիտէր թէ ճիշդ չէր ըսածը։ Անոր համար այդ նոյն առիթով Պետրոսի ըսաւ. «Ես քեզի համար աղօթք ըրի, որպէս զի քու հաւատքդ չպակսի եւ դուն երբ դարձի գաս, քու եղբայրներդ ալ հաստատես»։—Ղուկաս 22։32
2. Հակառակ Պետրոսի չափազանց ինքնավստահութեան, ո՞ր արարքները մատնեցին իր հաւատքին տկար ըլլալը։
2 Իր հաւատքին վրայ չափազանց վստահ եղող Պետրոս, այդ նոյն գիշերը Յիսուսը ուրացաւ։ Ան երեք անգամ ուրացաւ որ ինք Քրիստոսը կը ճանչնար։ (Մատթէոս 26։69-75) Երբ Պետրոս ‘դարձի եկաւ’, իր Տիրոջ՝ ‘եղբայրներդ հաստատէ’ խօսքերը իր ականջներուն մէջ յստակօրէն արձագանգած ըլլալու էին։ Այդ յորդորը խոր ազդեցութիւն ունեցաւ Պետրոսի մնացեալ կեանքին վրայ, ինչպէս բացայայտօրէն կը տեսնուի իր գրած երկու նամակներէն, որոնք Աստուածաշունչին մէջ պահպանուած են։
Պետրոս Ինչո՛ւ Գրեց Իր Նամակները
3. Պետրոս ինչո՞ւ գրեց իր առաջին նամակը։
3 Յիսուսի մահուընէ շուրջ 30 տարիներ ետք, Պետրոս իր առաջին նամակը գրեց, զայն ուղղելով Պոնտոսի, Գաղատիայի, Կապադովկիայի, Ասիայի ու Բիւթանիայի մէջ եղող իր եղբայրներուն. շրջաններ, որոնք ներկայ Թիւրքիոյ հիւսիս–արեւմտեան մասը կը կազմեն։ (Ա. Պետրոս 1։1) Պետրոսի գրած անհատներուն մէջ շատ հաւանաբար կը գտնուէին կարգ մը Հրեաներ, որոնք Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին Քրիստոնեաներ եղած էին։ (Գործք 2։1, 7-9) Անոնցմէ շատեր Հեթանոսներ էին, որոնք հակառակորդներու կողմէ կրակոտ փորձութիւններու կ’ենթարկուէին։ (Ա. Պետրոս 1։6, 7. 2։12, 19, 20. 3։13-17. 4։12-14) Ուստի, Պետրոս այդ եղբայրներուն գրեց, զանոնք քաջալերելու համար։ Անոր նպատակն էր անոնց օգնել, որպէսզի ‘իրենց հաւատքին որպէս արդիւնք՝ իրենց հոգիներուն փրկութիւնը ընդունին’։ Ուստի, իր նամակին եզրափակութեան մէջ հետեւեալ յորդորը տուաւ. «Անոր [Բանսարկուին] դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած»։—Ա. Պետրոս 1։9. 5։8-10
4. Պետրոս Ինչո՞ւ գրեց իր երկրորդ նամակը։
4 Հետագային, Պետրոս այդ Քրիստոնեաներուն երկրորդ նամակ մը գրեց։ (Բ. Պետրոս 3։1) Ինչո՞ւ։ Քանի որ աւելի մեծ սպառնալիք մը կար։ Անբարոյ անհատներ, ջանալով իրենց ապականիչ վարքը յառաջ մղել հաւատացեալներուն մէջ, անոնցմէ ոմանք պիտի մոլորեցնէին։ (Բ. Պետրոս 2։1-3) Ասկէ զատ, Պետրոս ծաղրողներու դէմ ալ զգուշացուց։ Ան իր առաջին նամակին մէջ գրած էր որ «ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է» ու այնպէս կը թուէր որ ոմանք այդ գաղափարը կը հեգնէին։ (Ա. Պետրոս 4։7. Բ. Պետրոս 3։3, 4) Արդ, Պետրոսի երկրորդ նամակը քննենք եւ տեսնենք թէ անիկա ի՛նչպէս զօրացուց եղբայրները որ հաւատքի մէջ հաստատ կենան։ Այս առաջին յօդուածին մէջ, Բ. Պետրոս առաջին գլուխը նկատի պիտի առնենք։
Առաջին Գլուխին Նպատակը
5. Պետրոս խնդիրներու մասին խօսելէ առաջ, իր ընթերցողները ի՞նչպէս կը պատրաստէ։
5 Պետրոս անմիջապէս լուրջ խնդիրներուն մասին չի խօսիր։ Այլ, այդ խնդիրներուն մասին խօսելու համար նախ ճամբան կը պատրաստէ, իր ընթերցողներուն մէջ Քրիստոնեաներ ըլլալէ ետք իրենց ստացած բաներուն հանդէպ գնահատութիւն կերտելով։ Անոնց Աստուծոյ հոյակապ խոստումները եւ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն վստահելի ըլլալը կը վերյիշեցնէ։ Ասիկա կ’ընէ, անոնց պատմելով Թագաւորութեան զօրութիւն առած Քրիստոսի մասին այն այլակերպումը՝ տեսիլքը, որու անձնապէս ականատես եղած էր։—Մատթէոս 17։1-8. Բ. Պետրոս 1։3, 4, 11, 16-21
6, 7. (ա) Պետրոսի նամակին բացումէն ի՞նչ կը սորվինք։ (բ) Երբ խրատ կու տանք, երբեմն անձնապէս ի՞նչ ընդունիլը կրնայ օգտակար ըլլալ։
6 Պետրոսի բացման կերպէն դաս մը կրնա՞նք սորվիլ։ Խրատ մը աւելի դիւրութեամբ պիտի չը՞նդունուի, եթէ նախ մեր ունկնդիրներուն հետ վերաքաղ ընենք մեզի հասարակաց եղող Թագաւորութեան հոյակապ յոյսը, որու վրայ կը գուրգուրանք։ Ի՞սկ, անձնական փորձառութիւն մը գործածելը. . . ։ Յիսուսի մահուընէ ետք, շատ հաւանաբար Պետրոս յաճախ խօսեցաւ Քրիստոս Թագաւորութեան փառքի մէջ իր տեսած տեսիլքին մասին։—Մատթէոս 17։9
7 Մի՛ մոռնաք նաեւ, որ երբ Պետրոս իր երկրորդ նամակը գրեց, շատ հաւանական է որ Մատթէոսի Աւետարանը եւ Գաղատացիներուն գրած Պօղոսի նամակը արդէն լայնօրէն տարածուած ըլլալու էին։ Ուստի, Պետրոսի մարդկային տկարութիւններն, ինչպէս նաեւ անոր հաւատքի տարողութիւնը քաջածանօթ ըլլալու էր իր ժամանակակիցներուն մէջ։ (Մատթէոս 16։21-23. Գաղատացիս 2։11-14) Սակայն, ասիկա որեւէ կերպով արգելք չեղաւ որ ան համարձակօրէն խօսի։ Արդարեւ, իր նամակը աւելի հետաքրքիր ըլլալու էր անոնց, որոնք իրենց տկարութիւններուն գիտակից էին։ Ուստի, երբ խնդիրներ ունեցողներուն կ’օգնենք, աւելի ազդեցիկ չե՞նք ըլլար ընդունելով որ մենք ալ սխալներ ընելու հակամէտ ենք։—Հռովմայեցիս 3։23. Գաղատացիս 6։1
Զօրացնող Ողջոյն մը
8. Հաւանաբար, Պետրոս ի՞նչ իմաստով կը գործածէ «հաւատք» բառը։
8 Հիմա նկատի առէք Պետրոսի ողջոյնը։ Անիկա անմիջապէս հաւատքի նիւթը կը շօշափէ, իր նամակը կարդացողներուն մասին խօսելով, որպէս «ձեզի, որ մեզի հետ նոյն պատուական հաւատքին հասաք»։ (Բ. Պետրոս 1։1) Հոս «հաւատք» արտայայտութիւնը հաւանաբար կը նշանակէ «զօրաւոր համոզում» եւ կ’ակնարկէ քրիստոնէական հաւատալիքներու կամ ուսուցումներու ամբողջութեան, որ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ երբեմն կոչուած է «ճշմարտութիւն»։ (Գաղատացիս 5։7. Բ. Պետրոս 2։2. Բ. Յովհաննու 1) Յաճախ «հաւատք» բառը այս իմաստով գործածուած է, քան՝ անձի մը կամ բանի մը վրայ դրուած վստահութեան ընդհանրական իմաստով։—Գործք 6։7. Բ. Կորնթացիս 13։5. Գաղատացիս 6։10. Եփեսացիս 4։5. Յուդա 3
9. Հեթանոսներուն համար, Պետրոսի ողջոյնը ինչո՞ւ մասնաւորաբար ջերմ էր։
9 Պետրոսի ողջոյնը մասնայատուկ կերպով ջերմ հնչած ըլլալու էր Հեթանոս ընթերցողներուն։ Հրեաները յարաբերութիւն չունէին Հեթանոսներուն հետ, նոյնիսկ զանոնք կ’անարգէին. Քրիստոնեայ դարձած Հրեաներուն մէջ անգամ Հեթանոսներուն դէմ նախապաշարումը տակաւին կը շարունակուէր։ (Ղուկաս 10։29-37. Յովհաննու 4։9. Գործք 10։28) Սակայն, Պետրոս, որ ծնունդով Հրեայ եւ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ մըն էր, կ’ըսէր որ իր ընթերցողները՝ Հրեաներ եւ Հեթանոսներ՝ նոյն հաւատքին բաժնեկից էին եւ իր հետ նոյն առանձնաշնորհումը կը վայելէին։
10. Պետրոսի ողջոյնէն ի՞նչ կը սորվինք։
10 Խորհեցէք թէ Պետրոսի ողջոյնը ի՜նչ գեղեցիկ դասեր կը սորվեցնէ մեզի ներկայիս։ Աստուած աչառութիւն չ’ըներ, ցեղ մը կամ ազգութիւն մը ուրիշէ մը բարձր դասելով։ (Գործք 10։34, 35. 11։1, 17. 15։3-9) Ինչպէս Յիսուս անձամբ սորվեցուց, բոլոր Քրիստոնեաներն ալ եղբայրներ են եւ մեզմէ ոեւէ մէկը ինքզինք ուրիշներէն գերակայ պէտք չէ զգայ։ Ասկէ զատ, Պետրոսի ողջոյնը շեշտ կը դնէ մեր համաշխարհային եղբայրութեան վրայ, որ Պետրոսի եւ իր առաքեալ ընկերներուն ունեցած «նոյն պատուական» հաւատքը ունէին։—Մատթէոս 23։8. Ա. Պետրոս 5։9
Գիտութիւնը եւ Աստուծոյ Խոստումները
11. Իր ողջոյնէն ետք, Պետրոս ի՞նչ կենսական բաներու վրայ շեշտ կը դնէ։
11 Պետրոս իր ողջոյնը շարունակելով, գրեց. «Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեր վրայ աւելնան»։ Շնորհքը եւ խաղաղութիւնը ի՞նչպէս պիտի աւելնան մեզի։ «Աստուծոյ ու մեր Տէրոջը Յիսուսին գիտութիւնովը», կը պատասխանէ Պետրոս։ Ապա կ’ըսէ. «Իր աստուածային զօրութիւնը կեանքի եւ աստուածպաշտութեան վերաբերեալ բոլոր բաները մեզի տուաւ»։ Բայց այս կենսական բաները ի՞նչպէս կը ստանանք։ «Անոր գիտութիւնովը՝ որ մեզ փառքով ու առաքինութիւնով հրաւիրեց»։ Հետեւաբար, Պետրոս երկու անգամ կը շեշտէ որ Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն մասին ճշգրիտ գիտութիւն ունենալը անհրաժեշտ է։—Բ. Պետրոս 1։2, 3. Յովհաննու 17։3
12. (ա) Պետրոս ինչո՞ւ կը շեշտէ ճշգրիտ գիտութեան կարեւորութիւնը։ (բ) Աստուծոյ խոստումները վայելելու համար, նախ ի՞նչ պէտք է ըրած ըլլանք։
12 Երկրորդ գլուխին մէջ Պետրոսի զգուշացուցած «սուտ վարդապետներ»ը, Քրիստոնեաները խաբելու համար «խորամանկութեամբ հնարուած խօսքեր» կը գործածեն։ Այսպէս ընելով, անոնք կը ջանան զանոնք ձգել այն անբարոյութեան մէջ, ուրկէ ազատագրուած էին։ Հետեւանքը գէշ է ոեւէ անհատի համար, որ «Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին [«ճշգրիտ», ՆԱ] գիտութիւնովը» ազատագրուելէ ետք, այդ խաբէութեան կը յանձնուի։ (Բ. Պետրոս 2։1-3, 20) Բացայայտօրէն, այս հարցին մասին հետագային խօսելու ակնկալութեամբ, Պետրոս իր նամակին սկիզբէն իսկ Աստուծոյ առջեւ մաքուր մնալու համար ճշգրիտ գիտութեան դերը կը շեշտէ։ Պետրոս դիտել կու տայ որ Աստուած «ամենամեծ ու պատուական խոստումներ [տուած է] մեզի, որպէս զի ասոնցմով աստուածային բնութեանը հաղորդակցինք»։ Բայց, մեր հաւատքին կենսական մէկ մասը կազմող այդ խոստումները վայելելու համար, Պետրոս կ’ըսէ որ նախ ‘աշխարհի ցանկութենէն յառաջ եկած ապականութենէն պէտք է փախչած ըլլանք’։—Բ. Պետրոս 1։4
13. Օծեալ Քրիստոնեաներն եւ «ուրիշ ոչխարներ»ը ի՞նչ բանի կառչած մնալ որոշած են։
13 Աստուծոյ խոստումները ի՞նչպէս կը նկատէք։ Զանոնք օծեալ Քրիստոնեաներու մնացորդին նման կը նկատէ՞ք։ 1991–ին, Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան նախագահը, Ֆրետերիք Ֆրանզ, որ աւելի քան 75 տարիներ լիաժամ ծառայութեամբ անցուցած էր, Քրիստոսի հետ իշխելու յոյսը ունեցողներուն զգացումը հետեւեալ կերպով ամփոփեց. «Մինչեւ այս ժամը ամուր կառչած ենք եւ պիտի շարունակենք ամուր կառչիլ, մինչեւ որ Աստուած ապացուցանէ որ ինք իր ‘ամենամեծ ու պատուական խոստումներուն’ տէրն է»։ Եղբայր Ֆրանզ երկնային կեանքի յարութեան Աստուծոյ խոստումին շարունակեց վստահիլ եւ իր հաւատքը ամուր բռնեց մինչեւ իր մահը՝ 99 տարեկանին։ (Ա. Կորնթացիս 15։42-44. Փիլիպպեցիս 3։13, 14. Բ. Տիմոթէոս 2։10-12) Նոյն կերպով, միլիոնաւոր անհատներ հաւատքին ամուր կը կառչին, երկրային դրախտի մասին Աստուծոյ խոստումին վրայ սեւեռած պահելով իրենց աչքերը, ուր մարդիկ յաւիտեան ուրախ պիտի ապրին։ Դուք անոնցմէ մէ՞կն էք։—Ղուկաս 23։43. Բ. Պետրոս 3։13. Յայտնութիւն 21։3, 4
Աստուծոյ Խոստումներուն Ընդառաջել
14. Պետրոս ինչո՞ւ առաքինութիւնը կը յիշէ, որպէս հաւատքի վրայ աւելցուելիք առաջին բարեմասնութիւնը։
14 Աստուծոյ երախտապա՞րտ ենք իր խոստացած բաներուն համար։ Եթէ այո, Պետրոս կ’ըսէ որ պէտք է ապացուցանենք զայն։ «Այս բանին համար» (քանի որ Աստուած մեզի շատ թանկագին խոստումներ տուած է), պէտք է ջանանք հաւատքի մէջ գործունեայ ըլլալ։ Չենք կրնար բաւարարուիլ պարզապէս հաւատքի մէջ ըլլալով, կամ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ծանօթ ըլլալով։ Ասիկա բաւարար չէ՛։ Պետրոսի օրերուն, թերեւս ժողովքներուն մէջ կարգ մը անհատներ հաւատքի մասին շատ կը խօսէին, բայց անբարոյ ընթացք մը ունէին։ Անոնք առաքինի վարք մը պէտք էր ունենային, անոր համար Պետրոս յորդորեց՝ «ձեր հաւատքին վրայ առաքինութիւն աւելցուցէք»։—Բ. Պետրոս 1։5. Յակոբու 2։14-17
15. (ա) Ինչո՞ւ առաքինութենէն ետք գիտութիւնը յիշուած է, որպէս հաւատքի վրայ աւելցուելիք բարեմասնութիւն մը։ (բ) Ուրիշ ի՞նչ բարեմասնութիւններ մեզի պիտի օգնեն որ հաւատքի մէջ հաստատ մնանք։
15 Առաքինութիւնը յիշելէ ետք, Պետրոս ուրիշ վեց բարեմասնութիւններ ալ կը յիշէ, որոնք մեր հաւատքին վրայ պէտք է աւելցնենք։ Այս բոլորին պէտք ունինք, ‘հաւատքի մէջ հաստա՛տ կենալու’ համար։ (Ա. Կորնթացիս 16։13) Քանի որ հաւատուրացները ‘ծուռ կը մեկնէին’ գրութիւնները եւ ‘խաբէութիւններ’ կը տարածէին, Պետրոս անմիջապէս կը յիշէ գիտութիւնը, որպէս կենսական բան մը, ըսելով. «առաքինութեան վրայ՝ գիտութիւն [աւելցուցէք]»։ Ապա կը շարունակէ. «Եւ գիտութեան վրայ՝ ժուժկալութիւն [աւելցուցէք] ու ժուժկալութեան վրայ՝ համբերութիւն եւ համբերութեան վրայ՝ աստուածպաշտութիւն ու աստուածպաշտութեան վրայ՝ եղբայրսիրութիւն ու եղբայրսիրութեան վրայ՝ սէր»։—Բ. Պետրոս 1։5-7. Բ. Պետրոս 2։12, 13. Բ. Պետրոս 3։16
16. Ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ Պետրոսի յիշած բարեմասնութիւնները հաւատքին վրայ աւելցնենք, իսկ ի՞նչ՝ եթէ չաւելցնենք։
16 Եթէ այս եօթը բաները աւելցնենք մեր հաւատքին վրայ, ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Պետրոս կը պատասխանէ. «Քանի որ այս բաները ձեր վրայ կը գտնուին ու կ’աճին, պարապ ու անպտուղ չեն ըներ ձեզ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալուն մէջ»։ (Բ. Պետրոս 1։8) Պետրոս կ’աւելցնէ, իսկ «որուն քով որ այս բաները չկան, անիկա կոյր է ու կարճատես, որ մոռցեր է իր առաջուան մեղքերէն մաքրուիլը»։ (Բ. Պետրոս 1։9) Նկատի առի՞ք որ Պետրոս «ձեր» եւ «ձեզ»ի տեղ կը գործածէ «որուն», «անիկա» եւ «իր»։ Դժբախտաբար, թէեւ ոմանք կոյր, մոռացկոտ եւ անմաքուր էին, բայց Պետրոս փափկանկատ ըլլալով, ընթերցողին այն տպաւորութիւնը չի ձգեր որ ինք այդպիսին է։—Բ. Պետրոս 2։2
Իր Եղբայրները կը Զօրացնէ
17. Պետրոս ինչո՞ւ քնքուշ կերպով կոչ կ’ընէ որ «այս բաները» գործադրենք։
17 Թերեւս գիտակցելով որ մասնաւորաբար նորեկները աւելի դիւրութեամբ կրնան խաբուիլ, Պետրոս քնքուշ կերպով զանոնք կը քաջալերէ. «Ե՛ղբայրներ, աւելի ջանք ըրէ՛ք որ ձեր կոչումը ու ընտրութիւնը հաստատէք, վասն զի այս ընելով՝ բնա՛ւ պիտի չիյնաք»։ (Բ. Պետրոս 1։10. 2։18) Այս եօթը բաները իրենց հաւատքին վրայ աւելցնող օծեալ Քրիստոնեաները մեծապէս պիտի վարձատրուին, ինչպէս Պետրոս կ’ըսէ. «Ձեզի առատօրէն իրաւունք պիտի շնորհուի մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին յաւիտենական թագաւորութիւնը մտնել»։ (Բ. Պետրոս 1։11) «Ուրիշ ոչխարներ»ն ալ Աստուծոյ Թագաւորութեան երկրային ծիրին մէջ յաւիտենական ժառանգութիւն պիտի ստանան։—Յովհաննու 10։16. Մատթէոս 25։33, 34
18. Պետրոս ինչո՞ւ իր եղբայրներուն «միշտ յիշեցնելու» պատրաստ էր։
18 Պետրոս անկեղծօրէն կը փափաքէր որ իր եղբայրները այսպիսի հոյակապ վարձատրութիւն մը ստանային։ Ան կը գրէ. «Ուստի երբեք զանցառու պիտի չըլլամ այս բաները մտքերնիդ ձգելու [«միշտ յիշեցնելու», ՆԱ], թէեւ գիտէք եւ հաստատուած էք ներկայ ճշմարտութեանը վրայ»։ (Բ. Պետրոս 1։12) Պետրոս կը գործածէ Յունարէն սթէ·րիզօ բառը, որ հոս թարգմանուած է՝ «հաստատուած», բայց «զօրացուր» թարգմանուած է Պետրոսի տուած Յիսուսի նախկին խրատին մէջ՝ «եղբայրներդ զօրացուր»։ (Ղուկաս 22։32, ՆԱ) Այդ բառին գործածութիւնը կրնայ թելադրել որ Պետրոս կը յիշէր իր Տիրոջ տուած ազդու խրատը։ Արդ ան կ’ըսէ. «Պարտականութիւն կը սեպեմ, որքան ատեն որ մարմնի մէջ եմ, մտքերնիդ ձգելով՝ ձեզ արթնցնել։ Քանզի գիտեմ թէ ես շուտով այս իմ մարմնէս պիտի մերկանամ»։—Բ. Պետրոս 1։13, 14
19. Ներկայիս ի՞նչ օգնութեան կարիքը ունինք։
19 Թէեւ Պետրոս ազնիւ կերպով կ’ըսէ որ իր ընթերցողները ‘հաստատուած են ճշմարտութեան մէջ’, բայց կը գիտակցի որ անոնց հաւատքը կրնայ նաւակոծութեան հանդիպիլ։ (Ա. Տիմոթէոս 1։19) Գիտնալով որ շուտով պիտի մեռնէր, ան իր եղբայրները կը զօրացնէ, անոնց վերյիշեցնելով այնպիսի բաներ, որոնք հետագային պիտի մտաբերէին, հոգեւորապէս զօրաւոր մնալու համար։ (Բ. Պետրոս 1։15. 3։12, 13) Այսօր մենք ալ յարատեւաբար վերյիշեցումներու պէտք ունինք, հաւատքի մէջ զօրաւոր մնալու համար։ Ո՛վ որ ալ ըլլանք, որքան երկար ժամանակէ ճշմարտութեան մէջ եղած ըլլանք, Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընթերցանութիւնը, անձնական ուսումնասիրութիւնը եւ ժողովներու յաճախելը չենք կրնար անտեսել։ Ոմանք ժողովներու չյաճախելու համար պատճառաբանութիւններ կ’ընեն, ըսելով որ շատ յոգնած են, կամ, կրկնութիւններ են եւ կամ, լաւ չեն ներկայացուիր, սակայն Պետրոս գիտէր թէ ոեւէ մէկս որքա՜ն արագօրէն կրնանք մեր հաւատքը կորսնցնել՝ եթէ չափազանց ինքնավստահ ըլլանք։—Մարկոս 14։66-72. Ա. Կորնթացիս 10։12. Եբրայեցիս 10։25
Մեր Հաւատքին Հաստատ Հիմը
20, 21. Այլակերպումը ինչպէ՞ս Պետրոսի, իր նամակը ընթերցողներուն եւ ներկայիս մեր՝ հաւատքը զօրացուցած է։
20 Մեր հաւատքը ճարտար կերպով հնարուած առասպելներու վրա՞յ հիմնուած է։ Պետրոս շեշտակիօրէն կը պատասխանէ. «Ո՛չ թէ մենք վարպետութեամբ շինուած առասպելներու ետեւէ երթալով՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին զօրութիւնը ու գալուստը ձեզի ցուցուցինք, հապա անոր մեծափառութեանը ականատես ըլլալով»։ Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս Յիսուսի քով էին, երբ տեսիլքի մէջ զինք տեսան՝ Թագաւորութեան զօրութիւն առած։ Պետրոս կը բացատրէ. «Ինք Հօր Աստուծմէն փառք ու պատիւ առաւ այն մեծավայելչութեան փառքէն այնպիսի ձայն մը եկաւ, թէ՝ ‘Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ’։ Եւ երկնքէն եկած այս ձայնը լսեցինք մենք, որ անոր հետ էինք սուրբ լերանը վրայ»։—Բ. Պետրոս 1։16-18
21 Երբ Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս այդ տեսիլքը տեսան, վստա՛հաբար Թագաւորութիւնը իրականութիւն մը եղաւ իրենց համար։ Ուստի, Պետրոս կ’ըսէ. «Մարգարէական խօսքն ալ ունինք, որ աւելի հաստատուն է ու աղէկ կ’ընէք՝ եթէ անոր ուշադրութիւն ընէք»։ Այո, Պետրոսի նամակը կարդացողները՝ մէջը ըլլալով մենք՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին եղած մարգարէութիւններուն ուշադրութիւն ընելու զօրաւոր պատճառներ ունինք։ Ի՞նչ կերպով պէտք է ուշադրութիւն ընենք։ Պետրոս կը պատասխանէ. «Որպէս թէ մութ տեղը լոյս տուող ճրագի մը, մինչեւ ցորեկը լուսնայ ու արուսեակը սրտերնուդ մէջ ծագի»։—Բ. Պետրոս 1։19. Դանիէլ 7։13, 14. Եսայեայ 9։6, 7
22. (ա) Մեր սիրտը ի՞նչ բանի հանդէպ արթուն պէտք է պահենք։ (բ) Մարգարէական խօսքին ի՞նչպէս ուշադրութիւն կ’ընծայենք։
22 Մեր սրտերը խաւարի մէջ պիտի ըլլան, առանց մարգարէական խօսքի լոյսին։ Բայց անոր ուշադրութիւն ընծայելով, Քրիստոնեաներուն սիրտը արթուն կը մնայ մինչեւ այն օրուան արշալոյսը, երբ «արուսեակը»՝ Յիսուս Քրիստոս՝ Թագաւորութեան փառքով ծագի։ (Յայտնութիւն 22։16) Ներկայիս մենք ի՞նչպէս կրնանք ուշադրութիւն ընծայել մարգարէական խօսքին։ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով, ժողովները պատրաստելով ու անոնց մասնակցելով, եւ ‘ատոնց վրայ խորհելով ու ատոնցմով պարապելով’։ (Ա. Տիմոթէոս 4։15) Որպէսզի մարգարէական խօսքը «մութ տեղը» (մեր սրտերուն մէջ) փայլող ճրագ մը ըլլայ, թոյլ պէտք է տանք որ անիկա մեր վրայ՝ մեր ցանկութիւններուն, զգացումներուն, շարժառիթներուն եւ նպատակակէտերուն վրայ, խոր ազդեցութիւն ունենայ։ Պէտք է Աստուածաշունչի աշակերտներ ըլլանք, քանի որ Պետրոս առաջին գլուխը հետեւեալ կերպով կ’եզրափակէ. «Գրքերուն բոլոր մարգարէութիւնը իր յատուկ մեկնութիւնը չունի։ Վասն զի մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան»։—Բ. Պետրոս 1։20, 21
23. Երկրորդ Պետրոսի առաջին գլուխը, ընթերցողները ի՞նչ բանի պատրաստեց։
23 Մեր թանկագին հաւատքին կառչած մնալու համար, Պետրոս մեզի զօրաւոր շարժառիթներ հայթայթեց իր երկրորդ նամակին առաջին գլուխին մէջ։ Հիմա պատրաստուեցանք որպէսզի յաջորդիւ տրուած լուրջ հարցերը նկատի առնենք։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ Բ. Պետրոս երկրորդ գլուխը, ուր առաքեալը ժողովքներէն ներս թափանցող անբարոյ ազդեցութիւններու հարցը կը շօշափէ։
Կը յիշէ՞ք
◻ Պետրոս ինչո՞ւ ճշգրիտ գիտութեան կարեւորութիւնը կը շեշտէ։
◻ Ինչո՞ւ արդեօք առաքինութիւնը յիշուած է որպէս հաւատքին վրայ աւելցուելիք առաջին բարեմասնութիւնը։
◻ Պետրոս ինչո՞ւ միշտ պատրաստ էր վերյիշեցումներ ընելու իր եղբայրներուն։
◻ Մեր հաւատքին համար Պետրոս ի՞նչ հաստատ հիմ մը կը հայթայթէ։
[Նկար՝ էջ 8]
Պետրոսի տկարութիւնները պատճառ չեղան որ ան իր հաւատքը լքէ