Եղիայի նման հաւատարիմ պիտի ըլլա՞ք
«Ես Եղիա մարգարէն ձեզի պիտի ղրկեմ դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած»։—ՄԱՂԱՔԵԱՅ 4։5
1. Իսրայէլ Խոստացեալ Երկրին մէջ հաստատուելէն շուրջ 500 տարիներ ետք, ի՞նչ տագնապ տեղի կ’ունենայ։
«ԿԱԹ ու մեղր բղխող երկիր մը»։ (Ելից 3։7, 8) Այս է որ Եհովա Աստուած Իսրայելացիներուն տուաւ, Հ.Դ.Ա. 16–րդ դարուն զանոնք Եգիպտոսի լուծէն ազատագրելէն յետոյ։ Սակայն, ահա հինգ դար անցած է եւ հիմա Իսրայէլի տասը ցեղեան թագաւորութիւնը սաստիկ սովէ կը տառապի։ Շատ դժուար է որեւէ տեղ կանաչ խոտ գտնել։ Կենդանիները կը մեռնին, իսկ երեք ու կէս տարիէ ի վեր անձրեւ չէ իջած։ (Գ. Թագաւորաց 18։5. Ղուկաս 4։25) Այս աղէտին պատճառը ի՞նչ է։
2. Իսրայէլի ազգային տագնապին պատճառը ի՞նչ է։
2 Հաւատուրացութիւնը այս տագնապին պատճառ եղած է։ Աքաաբ Թագաւոր Աստուծոյ Օրէնքը բեկանելով Քանանացի Յեզաբէլ թագուհիին հետ ամուսնացած եւ թոյլ տուած էր որ ան Բահաղի պաշտամունքը մտցնէր Իսրայէլի մէջ։ Աւելի վատը, ան մայրաքաղաքին՝ Սամարիայի մէջ, այս չաստուծոյն համար տաճար մը շինած էր։ Իսրայելացիները մոլորուելով, նոյնիսկ կը հաւատային թէ Բահաղի պաշտամունքը առատ բերք պիտի բերէր։ Սակայն, ինչպէս Եհովա ազդարարած էր, անոնք ‘բարի երկրէն շուտով կորսուելու’ վտանգին մէջ կը գտնուէին։—Բ. Օրինաց 7։3, 4. 11։16, 17. Գ. Թագաւորաց 16։30-33
Աստուածութեան Շշմեցուցիչ Քննութիւն մը
3. Եղիա մարգարէն ուշադրութիւնը ի՞նչպէս կը կեդրոնացնէ Իսրայելացիներուն իսկական խնդրին վրայ։
3 Երբ սովը սկսաւ, Աստուծոյ հաւատարիմ մարգարէն՝ Եղիան՝ Աքաաբ Թագաւորին ըսաւ. «Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որուն առջեւ կը կենամ, կենդանի է, որ այս տարիներուն մէջ ցօղ ու անձրեւ պիտի չգայ առանց իմ խօսքիս»։ (Գ. Թագաւորաց 17։1) Այս յայտարարութեան սոսկալի կատարումը տեսնելէն ետք, թագաւորը Եղիան կը մեղադրէ Իսրայէլի վրայ եկած նեղութեան համար։ Սակայն Եղիա կը պատասխանէ որ Բահաղը պաշտելով իրենց հաւատուրացութեան համար Աքաաբն ու իր ընտանիքը մեղադրելի են ասոր համար։ Հարցը լուծելու համար, Եհովայի մարգարէն Աքաաբ Թագաւորը կը յորդորէ որ բոլոր Իսրայէլը Կարմեղոս Լեռը հաւաքէ, Բահաղի 450 մարգարէներուն եւ սրբազան ցիցի 400 մարգարէներուն հետ մէկտեղ։ Աքաաբ եւ իր հպատակները հոն կը հաւաքուին, թերեւս յուսալով որ այս առիթը երաշտին վերջ դնէ։ Սակայն Եղիա ուշադրութիւնը կ’ուղղէ աւելի լուրջ հարցի մը։ Ան կը հարցնէ. «Դուք մինչեւ ե՞րբ երկու մտքի վրայ պիտի կաղաք. եթէ Եհովա Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք, իսկ եթէ Բահաղ Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք»։ Իսրայելացիները կը պապանձին։—Գ. Թագաւորաց 18։18-21
4. Աստուածութեան հարցը լուծելու համար, Եղիա ի՞նչ կ’առաջարկէ։
4 Երկար տարիներ Իսրայելացիները փորձած էին Եհովայի պաշտամունքը Բահաղի պաշտամունքին հետ խառնել։ Աստուածութեան հարցը լուծելու համար, Եղիա փորձ մը կ’առաջարկէ։ Ան զոհի համար զուարակ մը պիտի պատրաստէ, իսկ Բահաղի մարգարէներն ալ՝ ուրիշ մը։ Ապա Եղիա կ’ըսէ. «Դուք ձեր Աստուծոյն անունը կանչեցէք, ես ալ Եհովային անունը կանչեմ։ Այն Աստուածը, որ կրակով պատասխան տայ, ա՛ն է Աստուածը»։ (Գ. Թագաւորաց 18։23, 24) Երեւակայեցէ՜ք. աղօթքի մը որպէս պատասխան՝ երկնքէն կրա՛կ կ’իջնէ։
5. Բահաղի պաշտամունքին անօգուտ ըլլալը ի՞նչպէս կը քօղազերծուի։
5 Եղիա նախապատուութիւնը Բահաղի մարգարէներուն կու տայ։ Անոնք զոհի համար զուարակ մը կը պատրաստեն եւ զայն զոհասեղանին վրայ կը դնեն։ Ապա զոհասեղանին շուրջ ցատկռտելով կ’աղօթեն. «Ո՛վ Բահաղ, մեզի պատասխան տուր»։ Ասիկա կը շարունակուի «առաւօտէն մինչեւ կէսօր»։ Եղիա ծաղր ընելով կ’ըսէ. «Բա՛րձր ձայնով կանչեցէք»։ Թերեւս Բահաղ անմիջական հարցով մը զբաղած է, կամ «թերեւս քնացած է ու պէտք է որ արթննայ»։ Շատ չանցած Բահաղի մարգարէները կը կատղին ու կը սկսին դանակներով իրենց մարմինները կտրտել, մինչեւ որ իրենց վէրքերէն արիւն կը սկսի հոսիլ։ Իսկ ի՜նչ ահաւոր աղմուկ մը կ’ելլէ, մինչ 450 մարգարէները բարձրաձայն կ’աղաղակեն, բայց՝ պատասխան չկայ։—Գ. Թագաւորաց 18։26-29
6. Աստուածութեան քննութեան համար, Եղիա ի՞նչ պատրաստութիւններ կը տեսնէ։
6 Արդ, Եղիայի կարգը կու գայ։ Ան Եհովայի զոհասեղանը կը նորոգէ, անոր բոլորտիքը մեծ փոս մը փորել կու տայ ու զոհը վրան կը զետեղէ։ Ապա կը հրամայէ որ զոհին եւ փայտերուն վրայ ջուր թափեն։ Տասներկու սափոր ջուր կը թափուի զոհասեղանին վրայ, մինչեւ որ փոսը ջրով լեցուի։ Երեւակայեցէք առկախուած վիճակը, մինչ Եղիա կ’աղօթէ. «Ո՛վ Եհովա Աստուած Աբրահամի, Իսահակի եւ Իսրայէլի, այսօր թող գիտցուի թէ Իսրայէլի մէջ դո՛ւն ես Աստուած ու ես քու ծառադ եմ եւ այս բոլոր բաները քու խօսքովդ ըրի։ Ինծի պատասխան տուր, ո՛վ Տէր, ինծի պատասխան տուր ու այս ժողովուրդը թող գիտնայ թէ դո՛ւն ես Աստուած, ո՛վ Տէր եւ թէ անոնց սիրտը ետ դարձնողը դո՛ւն ես»։—Գ. Թագաւորաց 18։30-37
7, 8. (ա) Եհովա Եղիայի աղօթքին ի՞նչպէս կը պատասխանէ։ (բ) Կարմեղոս Լերան վրայ տեղի ունեցած դէպքերը ի՞նչ իրագործեցին։
7 Եղիայի աղօթքին որպէս պատասխան, ‘Տէրոջմէ կրակ կ’իջնէ եւ ողջակէզն ու փայտերը եւ քարերն ու հողը կ’այրէ ու փոսին մէջի ջուրն ալ կը լափէ’։ Ժողովուրդը երեսի վրայ իյնալով կ’ըսէ. «Եհովան է Աստուած, Եհովան է Աստուած»։ (Գ. Թագաւորաց 18։38, 39) Ապա Եղիա վճռական քայլ մը կ’առնէ։ Ան կը հրամայէ. «Բահաղի մարգարէները բռնեցէք ու անոնցմէ մարդ մը թող չազատի»։ Զանոնք Կիսոն հեղեղատին մէջ սպաննելէն ետք, սեւ ամպեր կը ծածկեն երկինքը։ Ի վերջոյ, տեղատարափ անձրեւ մը երաշտին վերջ կը դնէ։—Գ. Թագաւորաց 18։40-45. բաղդատել՝ Բ. Օրինաց 13։1-5։
8 Ի՜նչ հոյակապ օր մը։ Աստուածութեան այս արտակարգ քննութեան մէջ Եհովա յաղթական կ’ելլէ։ Ասկէ զատ, այս դէպքը Իսրայելացիներէն շատերուն սիրտը Աստուծոյ կը դարձնէ։ Այս եւ ուրիշ կերպերով, Եղիա իր հաւատարմութիւնը կը փաստէ որպէս մարգարէ եւ անձնապէս մարգարէական դեր մը կը խաղայ։
«Եղիա Մարգարէն» Տակաւին Գալո՞ւ Է
9. Մաղաքեայ 4։5, 6–ի մէջ ի՞նչ մարգարէացուած էր։
9 Հետագային, Մաղաքիա մարգարէին միջոցաւ, Աստուած նախագուշակեց. «Ահա ես Եղիա մարգարէն ձեզի պիտի ղրկեմ դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած։ Անիկա հայրերուն սիրտը՝ որդիներուն ու որդիներուն սիրտը հայրերուն պիտի դարձնէ, որ չըլլայ թէ ես գամ ու երկիրը անէծքով զարնեմ»։ (Մաղաքեայ 4։5, 6) Եղիա վերոյիշեալ խօսքերը ըսուելէն շուրջ 500 տարիներ առաջ ապրած էր։ Քանի որ ասիկա մարգարէութիւն մըն էր, Հ.Դ. առաջին դարու Հրեաները կ’ակնկալէին որ Եղիան գար ու զայն կատարէր։—Մատթէոս 17։10
10. Նախագուշակուած Եղիան ո՞վ էր եւ ի՛նչպէս գիտենք։
10 Հետեւաբար, ո՞վ էր այս գալիք Եղիան։ Անոր ինքնութիւնը յայտնի եղաւ, երբ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Յովհաննէս Մկրտչին օրերէն մինչեւ հիմա երկնքի թագաւորութիւնը ուժով կ’առնուի եւ ուժեղները կը յափշտակեն զանիկա։ Վասն զի բոլոր մարգարէները ու օրէնքը մինչեւ Յովհաննէս՝ մարգարէութիւն ըրին։ Եթէ կ’ուզէք ընդունիլ, անիկա է Եղիան՝ որ պիտի գար»։ Այո՛, Յովհաննէս Մկրտիչ նախագուշակուած Եղիայի համանմանն էր։ (Մատթէոս 11։12-14. Մարկոս 9։11-13) Հրեշտակ մը Յովհաննէսի հօր՝ Զաքարիայի՝ ըսած էր, թէ Յովհաննէս ‘Եղիային հոգին ու զօրութիւնը’ պիտի ունենար ու ‘Տէրոջը բարեկարգ ժողովուրդ մը պիտի պատրաստէր’։ (Ղուկաս 1։17) Յովհաննէսի կատարած մկրտութիւնը հանրապէս կը խորհրդանշէր անհատի մը զղջումը Օրէնքին դէմ անոր կատարած մեղքերուն համար. Օրէնք մը որ Հրեաները Քրիստոսին պիտի առաջնորդէր։ (Ղուկաս 3։3-6. Գաղատացիս 3։24) Այսպիսով, Յովհաննէսի գործունէութիւնը ‘Տէրոջը բարեկարգ ժողովուրդ մը պատրաստեց’։
11. Պէնտէկոստէին, Պետրոս ‘Տէրոջ օրուան’ մասին ի՞նչ ըսաւ, եւ անիկա ե՞րբ պատահեցաւ։
11 Որպէս «Եղիա», Յովհաննէս Մկրտիչի կատարած գործը ցոյց տուաւ որ ‘Տէրոջը օրը’ մօտ էր։ Պետրոս առաքեալ ալ մատնանշեց այդ օրուան մօտ ըլլալը, երբ Աստուած իր թշնամիներուն դէմ գործի պիտի լծուի ու իր ժողովուրդը պիտի պահպանէ։ Ան նշեց որ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին տեղի ունեցած հրաշալի դէպքերը, Աստուծոյ հոգիին թափուելուն մասին Յովէլի մարգարէութեան կատարումն էին։ Պետրոս ցոյց տուաւ թէ ասիկա պիտի պատահէր «դեռ Տէրոջը մեծ ու երեւելի օրը չեկած»։ (Գործք 2։16-21. Յովելեայ 2։28-32) Հ.Դ. 70–ին էր որ Եհովա կատարեց իր Խօսքը, հռովմէական բանակներուն միջոցաւ իր Որդին մերժող ազգին վրայ աստուածային դատաստանը ի գործ դնելով։—Դանիէլ 9։24-27. Յովհաննու 19։15
12. (ա) Պօղոս եւ Պետրոս ‘Տէրոջ գալիք օրուան’ մասին ի՞նչ ըսին։ (բ) Ինչո՞ւ որոշ էր որ Եղիայի գործով ներկայացուած բան մը տեղի պիտի ունենար։
12 Սակայն, Հ.Դ. 70–էն ետք ուրիշ բան մըն ալ տեղի պիտի ունենար։ Պօղոս առաքեալ ‘Եհովայի գալիք օրը’ կապեց Յիսուս Քրիստոսի ներկայութեան հետ։ Ասկէ զատ, Պետրոս առաքեալ այդ օրուան մասին խօսեցաւ, զայն կապելով տակաւին գալիք «նոր երկնքի ու նոր երկրի մը» հետ։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։1, 2. Բ. Պետրոս 3։10-13) Մի՛ մոռնաք որ Յովհաննէս Մկրտիչ Եղիայի նման գործ մը կատարեց Հ.Դ. 70–ին ‘Եհովայի օրը’ գալէն առաջ։ Երբ այս բոլորը համախմբենք, անոնք կը մատնանշեն որ ուրիշ բան մը տեղի պիտի ունենար, որ Եղիայի կատարած գործով պատկերացուած էր։ Ի՞նչ էր այդ։
Անոնք Եղիայի Հոգին Ունին
13, 14. (ա) Ի՞նչ զուգահեռ կայ, Եղիայի եւ այժմու օծեալ Քրիստոնեաներուն գործունէութեանց միջեւ։ (բ) Քրիստոնեայ Աշխարհի հաւատուրացները ի՞նչ ըրած են։
13 Եղիայի գործունէութիւնը զուգահեռ մը ունէր ոչ միայն Յովհաննէս Մկրտիչի գործունէութեանց մէջ, այլ նաեւ՝ օծեալ Քրիստոնեաներու գործունէութեանց մէջ, ‘Տէրոջը [գալիք] օրուան’ առաջնորդող այս ճգնաժամային ժամանակաշրջանին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Եղիայի հոգիով եւ զօրութեամբ, անոնք ճշմարիտ պաշտամունքի հաւատարիմ ջատագովներն են։ Իսկ ասիկա որքա՜ն անհրաժեշտ եղած է։ Քրիստոսի առաքեալներուն մահէն ետք, ճշմարիտ Քրիստոնէութենէն հաւատուրացութիւն մը զարգացաւ, ճիշդ ինչպէս որ Եղիայի օրերուն Իսրայէլի մէջ Բահաղի պաշտամունքը ուռճացաւ։ (Բ. Պետրոս 2։1) Քրիստոնէութիւն դաւանողներ սկսան Քրիստոնէութիւնը խառնել կրօնական սուտ վարդապետութիւններու եւ սովորութիւններու հետ։ Օրինակի համար, անոնք որդեգրեցին անմահ հոգիի հեթանոսական եւ սուրբ գրային չեղող ուսուցումը։ (Ժողովողի 9։5, 10. Եզեկիէլ 18։4) Քրիստոնեայ Աշխարհի հաւատուրացները ճշմարիտ Աստուծոյ Եհովա անունը գործածելէ դադրած են։ Փոխարէն, անոնք Երրորդութիւն մը կը պաշտեն։ Անոնք նաեւ որդեգրած են Յիսուսի եւ իր մօր՝ Մարիամի՝ արձաններուն առջեւ ծնրադրելու բահաղանման սովորութիւնը։ (Հռովմայեցիս 1։23. Ա. Յովհաննու 5։21) Բայց անոնք այսքանով չեն բաւականացած։
14 ԺԹ. դարէն սկսեալ, Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցական առաջնորդները սկսան Աստուածաշունչի կարգ մը մասերուն նկատմամբ կասկած արտայայտել։ Օրինակի համար, անոնք Ծննդոցի ստեղծագործութեան պատմութիւնը մերժեցին եւ բարեշրջութեան տեսութեան այլաբանօրէն ծնրադրեցին, զայն «գիտական» պիտակելով։ Ասիկա Յիսուս Քրիստոսի եւ իր առաքեալներուն ուսուցումներուն հետ ուղղակիօրէն ընդհարում մըն էր։ (Մատթէոս 19։4, 5. Ա. Կորնթացիս 15։47) Սակայն, Յիսուսի եւ իր նախկին հետեւորդներուն նման, ներկայիս հոգիէն օծուած Քրիստոնեաները, Աստուածաշունչի ստեղծագործութեան արձանագրութեան սատար կը կանգնին։—Ծննդոց 1։27
15, 16. Քրիստոնեայ Աշխարհին հակառակը, որո՞նք կանոնաւորաբար հոգեւոր սնունդ վայելած են եւ ի՛նչ միջոցով։
15 Երբ աշխարհը «վերջին ժամանակ»ին մէջ մտաւ, հոգեւոր սով մը պատեց Քրիստոնեայ Աշխարհը։ (Դանիէլ 12։4. Ամովսեայ 8։11, 12) Սակայն, օծեալ Քրիստոնեաներու պզտիկ խումբը, Աստուծոյ կողմէ «ատենին» հայթայթուած հոգեւոր սնունդը կանոնաւորաբար վայելեց, ճիշդ ինչպէս որ Եհովա հոգ տարած էր որ Եղիա կերակրուի իր օրերուն տեղի ունեցած սովի ընթացքին։ (Մատթէոս 24։45. Գ. Թագաւորաց 17։6, 13-16) Ժամանակին որպէս Աստուածաշունչի Միջազգային Աշակերտներ ճանչցուած Աստուծոյ այս հաւատարիմ ծառաները, հետագային ստացան Եհովայի Վկաներ սուրբ գրային անունը։—Եսայեայ 43։10
16 Եղիա իր անուան իմաստին համաձայն ապրեցաւ, որ կը նշանակէ՝ «Իմ Աստուածս Եհովան Է»։ Եհովայի երկրային ծառաներուն պաշտօնական պարբերաթերթը ըլլալով, Դիտարան–ը Աստուծոյ անունը տեւական գործածած է։ Իրականութեան մէջ, անոր երկրորդ թիւը (Օգոստոս 1879), վստահութիւն յայտնեց թէ Եհովան է այս պարբերաթերթին զօրավիգ կանգնողը։ Այս պարբերաթերթը ու Դիտարանի Ընկերութեան միւս գրականութիւնները կը քօղազերծեն Քրիստոնեայ Աշխարհի ու Մեծն Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ մնացեալ մասերուն սուրբ գրային չեղող ուսուցումները, մինչ կը ջատագովեն Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ ճշմարտութիւնը։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17. Յայտնութիւն 18։1-5
Հաւատարիմ՝ Փորձութեան Ներքեւ
17, 18. Յեզաբէլ ի՞նչպէս հակազդեց Բահաղի մարգարէներուն կոտորածին, սակայն Եղիա ի՞նչպէս օգնութիւն ստացաւ։
17 Կղերները այս քօղազերծման հակազդեցին Յեզաբէլին նման, երբ լսեց որ Եղիա Բահաղի մարգարէները սպաննած էր։ Ան Եհովայի հաւատարիմ մարգարէին պատգամ մը ղրկեց, երդուելով թէ զինք սպաննել պիտի տար։ Ասիկա անհիմ սպառնալիք մը չէր, քանի որ Յեզաբէլ արդէն Աստուծոյ մարգարէներէն շատերը սպաննած էր։ Եղիա վախնալով Բերսաբէէ հարաւ–արեւմտեան կողմը փախաւ։ Իր ծառան հոն ձգելով, աւելի հեռացաւ դէպի անապատ ու հոն աղօթեց որ մեռնի։ Սակայն Եհովա իր մարգարէն չէր լքած։ Հրեշտակ մը երեւցաւ անոր, զինք պատրաստելով երկար ճամբորդութեան մը համար դէպի Քորեբ Լեռ։ Այսպէս ան աւելի քան 300 քմ. հեռաւորութիւն ունեցող եւ 40 օր տեւող ճամբորդութեան համար ուտելիք ստացաւ։ Քորեբ Լերան վրայ, սաստիկ հովի մը, երկրաշարժի մը եւ կրակի մը զօրութեան սարսռազդեցիկ ցուցադրութեան ականատես ըլլալէ ետք, Աստուած անոր հետ խօսեցաւ։ Եհովա այս յայտնաբերումներուն մէջ չէր։ Անոնք իր սուրբ հոգիին, կամ գործօն ոյժին, արտայայտութիւններն էին։ Ասոնցմէ ետքն էր որ Եհովա խօսեցաւ իր մարգարէին։ Երեւակայեցէք թէ այս փորձառութիւնը որքա՛ն զօրացուց Եղիան։ (Գ. Թագաւորաց 19։1-12) Իսկ եթէ Եղիայի նման մենք ալ ճշմարիտ պաշտամունքի թշնամիներուն սպառնալիքներէն վախնանք. . . ։ Անոր փորձառութիւնը մեզի պէտք է օգնէ գիտակցելու որ Եհովա իր ժողովուրդը չի լքեր։—Ա. Թագաւորաց 12։22
18 Աստուած յստակօրէն յայտնեց թէ Եղիա որպէս մարգարէ տակաւին ընելիք ունէր։ Ասկէ զատ, թէեւ Եղիա կը խորհէր որ ինք Իսրայէլի մէջ ճշմարիտ Աստուծոյ միակ երկրպագուն էր, Եհովա անոր ցոյց տուաւ թէ 7,000 հոգի Բահաղի ծնրադրած չէին։ Ուստի, Աստուած Եղիան վերադարձուց իր նշանակումին։ (Գ. Թագաւորաց 19։13-18) Եղիայի նման, ճշմարիտ պաշտամունքի թշնամիներու կողմէ թերեւս հետապնդուինք։ Կրնանք սաստիկ հալածուիլ, ինչպէս Յիսուս նախագուշակեց։ (Յովհաննու 15։17-20) Ատեններ թերեւս վախնանք։ Սակայն, կրնանք Եղիայի նման ըլլալ, որ Աստուծոյ կողմէ հաւաստիացուելէ ետք, հաւատարմօրէն յարատեւեց Եհովայի ծառայութեան մէջ։
19. Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչ պարագաներէ անցան։
19 Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին, սաստիկ հալածանքի պատճառաւ, օծեալ Քրիստոնեաներէն ոմանք վախի տեղի տուին ու քարոզելէ դադրեցան։ Անոնք սխալ կերպով մտածեցին թէ երկրի վրայ իրենց գործունէութիւնը վերջ գտած էր։ Սակայն Աստուած չմերժեց զանոնք։ Ընդհակառակը, ան ողորմածօրէն հոգ տարաւ անոնց, ճիշդ ինչպէս որ Եղիայի ուտելիք հայթայթած էր։ Եղիայի նման, հաւատարիմ օծեալները աստուածային սրբագրութիւնը ընդունեցին ու իրենց անգործունեայ վիճակէն դուրս ելան։ Անոնց աչքերը բացուելով, Թագաւորութեան պատգամը քարոզելու հոյակապ առանձնաշնորհումը տեսան։
20. Ներկայիս, Եղիայի նման հաւատարիմ եղողներուն ի՞նչ առանձնաշնորհում շնորհուած է։
20 Իր ներկայութեան մասին տուած մարգարէութեան մէջ, Յիսուս յիշեց ամբողջանալիք երկրածաւալ գործ մը, որ իրերու այս ամբարիշտ դրութեան վախճանը գալէն առաջ պէտք էր ամբողջանար։ (Մատթէոս 24։14) Ներկայիս, այս գործունէութիւնը յառաջ կը տարուի օծեալ Քրիստոնեաներու եւ անոնց ընկերակցող միլիոնաւորներուն կողմէ, որոնք կ’ակնկալեն դրախտ երկրի մը վրայ ապրիլ։ Միայն Եղիայի նման հաւատարիմներ եղողներն են որ առանձնաշնորհումը ունին Թագաւորութիւնը քարոզելու, մինչեւ որ անիկա ամբողջանայ։
Եղիայի Նման Հաւատարիմ Եղէ՛ք
21, 22. (ա) Ներկայիս, օծեալ Քրիստոնեաները ո՞ր գործունէութեան մէջ առաջնորդութիւնը ստանձնած են։ (բ) Քարոզչութիւնը որո՞ւ օգնութեամբ կ’իրագործուի եւ ինչո՛ւ այդ օգնութեան կարիքը կայ։
21 Օծեալ ճշմարիտ Քրիստոնեաներու պզտիկ մնացորդը, Եղիայի նախանձախնդրութեամբ, գահակալուած թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ երկրային շահերուն հոգ տանելու իր պատասխանատուութիւնը լիովին կատարած է։ (Մատթէոս 24։47) Իսկ աւելի քան 60 տարիներէ ի վեր, Աստուած այս օծեալները կը գործածէ դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրելու հոյակապ յոյսը ունեցող անհատները աշակերտելու գործը առաջնորդելու համար։ (Մատթէոս 28։19, 20) Այս միլիոնաւոր անհատները որքա՜ն երախտապարտ կրնան ըլլալ որ յարաբերաբար թիւով քիչ եղող օծեալ մնացորդը եռանդունօրէն եւ հաւատարմօրէն հոգ կը տանի իր պատասխանատուութեան։
22 Թագաւորութիւնը քարոզելու այս գործը իրագործուած է անկատար մարդոց կողմէ եւ միայն Եհովայի զօրութեամբ, զոր կու տայ աղօթքով իրեն ապաւինողներուն։ Արդար մարդու մը աղօթքին զօրութիւնը ցոյց տալու համար, Յակոբոս աշակերտ Եղիա մարգարէին օրինակը մէջբերելով ըսաւ. «Եղիան մեզի պէս կրքերու ենթակայ մարդ մըն էր»։ (Յակոբու 5։16-18) Եղիա միշտ չէր մարգարէանար, ոչ ալ միշտ հրաշքներ կը գործէր։ Ան մարդկային միեւնոյն զգացումները կամ տկարութիւնները ունէր, զորս մենք ունինք, սակայն հաւատարմօրէն ծառայեց Աստուծոյ։ Քանի որ Աստուած մեզի ալ կ’օգնէ եւ կը զօրացնէ, մենք ալ կրնանք Եղիայի նման հաւատարիմ ըլլալ։
23. Հաւատարիմ ու լաւատես ըլլալու ինչո՞ւ լաւ պատճառ ունինք։
23 Հաւատարիմ մնալու եւ լաւատես ըլլալու լաւ պատճառ ունինք։ Յիշեցէք թէ Յովհաննէս Մկրտիչ Եղիայի նման գործ մը կատարեց Հ.Դ. 70–ին ‘Տէրոջ օրը’ հարուածելէն առաջ։ Եղիայի հոգիով եւ զօրութեամբ, օծեալ Քրիստոնեաները նոյնանման աստուածատուր գործ մը կատարած են համայն աշխարհի մէջ։ Ասիկա բացայայտօրէն կ’ապացուցանէ որ ‘Տէրոջ մեծ օրը’ մօտ է։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
◻ Եհովայի աստուածութիւնը ի՞նչպէս փաստուեցաւ Կարմեղոս Լերան վրայ։
◻ ‘Գալիք Եղիան’ ո՞վ էր եւ ի՛նչ ըրաւ։
◻ Այժմու օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս ցոյց տուած են որ Եղիայի հոգին ունին։
◻ Ինչո՞ւ կարելի է որ մենք ալ Եղիայի նման հաւատարիմ ըլլանք։
[Շրջանակ՝ էջ 26]
Եղիա ո՞ր երկինքը ելաւ
«ԵՐԲ անոնք [Եղիա ու Եղիսէ] խօսելով կ’երթային, ահա հրեղէն կառք մը եւ հրեղէն ձիեր երեւցան ու զանոնք իրարմէ զատեցին ու Եղիա մրրիկով երկինք ելաւ»։—Դ. Թագաւորաց 2։11
Հոս յիշուած «երկինք» բառով ի՞նչ ըսել կ’ուզուի։ Երբեմն այս բառը կը կիրարկուի Աստուծոյ ու իր հրեշտակային որդիներուն հոգեւոր բնակավայրին։ (Մատթէոս 6։9. 18։10) «Երկինք» բառը նաեւ կը նշանակէ ֆիզիքական տիեզերքը։ (Բ. Օրինաց 4։19) Աստուածաշունչը այս բառը նաեւ կը գործածէ ակնարկելու համար երկրի անմիջական կենսոլորտին, ուր թռչունները կը թռչին ու հովը կը փչէ։—Սաղմոս 78։26. Մատթէոս 6։26
Եղիա մարգարէն այս երկինքներէն ո՞ր մէկը ելաւ։ Բացայայտօրէն, ան երկրի կենսոլորտին մէջ փոխադրուեցաւ ու դրուեցաւ երկրագունդի ուրիշ մէկ մասին վրայ։ Եղիա տարիներ ետք տակաւին երկրի վրայ էր, քանի որ ան Յուդայի Յովրամ Թագաւորին նամակ մը գրեց։ (Բ. Մնացորդաց 21։1, 12-15) Յիսուս Քրիստոս հետագային հաստատեց թէ Եղիա Եհովա Աստուծոյ հոգեւոր բնակարանը չելաւ, ըսելով. «Մէ՛կը երկինք չելաւ. բայց միայն անիկա, որ երկնքէն իջաւ, Որդին մարդոյ», այսինքն՝ Յիսուս։ (Յովհաննու 3։13) Երկնային կեանքի ճամբան անկատար մարդոց առջեւ առաջին անգամ բացուեցաւ, Յիսուս Քրիստոսի մահէն, յարութենէն եւ համբառնալէն յետոյ։—Յովհաննու 14։2, 3. Եբրայեցիս 9։24. 10։19, 20