Ռահվիրայական ծառայութեան օրհնութիւնները
«Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ»։—ԱՌԱԿԱՑ 10։22
1, 2. (ա) Ռահվիրայ մը լիաժամ ծառայութեան մասին ի՞նչպէս արտայայտուեցաւ։ (բ) Ռահվիրաները ինչո՞ւ ի վիճակի են աւելի լման կերպով աշակերտելու ուրախութիւնը վայելելու։
«ԱՒԵԼԻ մեծ ուրախութիւն կրնա՞յ ըլլալ, քան՝ տեսնել անհատ մը որու հետ կ’ուսումնասիրէիք, աշխուժօրէն Եհովան փառաբանող մը ըլլայ։ Կ’ոգեւորուինք եւ մեր հաւատքը կը կերտուի տեսնելով թէ ի՛նչպէս Աստուծոյ Խօսքը կը մղէ մարդոց որ իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնեն՝ Եհովան հաճեցնելու համար»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Գանատայէն ռահվիրայ մը, որ աւելի քան 32 տարիներէ ի վեր լիաժամ ծառայութեան մէջ է։ Իր ռահվիրայութեան մասին խօսելով, ան կ’ըսէ. «Չեմ կրնար երեւակայել որ ուրիշ բան մը կ’ընեմ։ Վստա՛հաբար, չեմ կրնար երեւակայել որ ուրիշ որեւէ բան միեւնոյն ուրախութիւնը կրնայ տալ»։
2 Համաձայն չէ՞ք որ մեծ ուրախութիւն կը զգանք, երբ անհատի մը օգնենք որ կեանքի ճամբուն մէջ քալէ։ Անշուշտ, միայն ռահվիրաները չեն որ այս ուրախութիւնը կը վայելեն։ Եհովայի բոլոր ծառաներն ալ ‘աշակերտելու’ յանձնարարութիւնը ունին, եւ ասիկա իրագործելու համար տքնաջան կ’աշխատին։ (Մատթէոս 28։19) Սակայն, քանի որ ռահվիրաները կարող են դաշտի ծառայութեան շատ ժամեր տրամադրել, անոնք յաճախ ի վիճակի են աշակերտելու ուրախութիւնները աւելի մեծ չափով վայելելու։ Բայց ռահվիրայութիւնը ուրիշ վարձատրութիւններ ալ ունի։ Ռահվիրաներուն հետ խօսեցէք եւ ձեզի պիտի ըսեն թէ ռահվիրայութիւնը սքանչելի կերպ մըն է վայելելու համար ‘Տէրոջ օրհնութիւնը, որ հարստութիւն կու տայ’։—Առակաց 10։22
3. Մինչ Եհովայի կը ծառայենք, ի՞նչ բան կրնայ մեզ քաջալերել։
3 Վերջերս, աշխարհի զանազան մասերու մէջ ապրող ռահվիրաներէն խնդրուեցաւ, որ նկարագրեն լիաժամ ծառայութեան մէջ իրենց վայելած օրհնութիւնները։ Նկատի առնենք անոնց ըսածները։ Մի՛ յուսահատիք եթէ վատառողջութեան, ծերութեան կամ ուրիշ պարագաներու պատճառաւ ձեր ծառայութիւնը սահմանափակ է։ Յիշեցէք, որ կարեւորը Եհովայի սրտանց ծառայելն է, ի՛նչ որ ալ ըլլայ ձեր կարողութիւնը։ Բայց կարգ մը ռահվիրաներուն արտայայտութիւնները թերեւս ձեր հետաքրքրութիւնը արթնցնեն, որպէսզի դուք ալ այս վարձահատոյց գործունէութիւնը որդեգրէք, եթէ երբեք կարելիութիւն ունիք։
Գոհունակութեան եւ Ուրախութեան Խոր Զգացումներ
4, 5. (ա) Ուրիշներու հետ բարի լուրը բաժնեկցիլը ինչո՞ւ վարձահատոյց փորձառութիւն մըն է։ (բ) Ռահվիրաները իրենց լիաժամ ծառայութեան հանդէպ ի՞նչ զգացում ունին։
4 «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը», ըսաւ Յիսուս։ (Գործք 20։35) Այո, անձնուրացութեամբ տալը վարձահատոյց է։ (Առակաց 11։25) Ասիկա յատկապէս ճշմարիտ է, բարի լուրը ուրիշներուն հետ բաժնելու առնչութեամբ։ Իրապէս, կարելի՞ է ընկեր արարածի մը աւելի մեծ պարգեւ մը տալ, քան՝ անոր օգնել որ յաւիտենական կեանքի առաջնորդող Աստուծոյ գիտութիւնը ձեռք ձգէ։—Յովհաննու 17։3
5 Զարմանալի չէ որ լիաժամ ծառայութեան մասնակցողները յաճախ կը խօսին ծառայութենէն իրենց ձեռք ձգած ուրախութեան եւ բան մը իրագործելու խոր զգացումին մասին։ Բրիտանիայէն 64 տարեկան ռահվիրայ եղբայր մը կ’ըսէ. «Գիտեմ որ ուրիշ ոչ մէկ գործունէութիւն կրնար տալ այն գոհունակութիւնը որ վայելած եմ ուրիշներուն հետ ճշմարտութիւնը բաժնելով»։ Զայիրէն որբեւայրի մը արտայայտուեցաւ թէ ռահվիրայութիւնը ի՛նչ նշանակութիւն ունեցած է իրեն համար. «Ռահվիրայական ծառայութիւնը իսկապէս մխիթարեց զիս, իմ սիրելի ամուսինիս մահէն ետք։ Որքան աւելի ծառայութեան կ’երթամ ուրիշներուն օգնելու համար, այնքան աւելի նուազ կը զգամ իմ ողբալի կորուստս։ Եհովայի խոստումներուն կը հաւատամ եւ գլխաւոր մտածումս այն է թէ ի՛նչպէս կրնամ օգնել անոնց՝ որոնց հետ կը սերտեմ, որ իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնեն։ Իւրաքանչիւր օրուան վերջաւորութեան, քունս անոյշ է եւ սիրտս՝ ուրախութեամբ լեցուն»։
6. Ռահվիրաներէն ոմանք ո՞ր մասնայատուկ ուրախութիւնը վայելած են։
6 Տասնամեակներէ ի վեր ռահվիրայութիւն ընողներէն ոմանք, մասնայատուկ ուրախութիւնը ունեցած են հեռաւոր շրջաններու մէջ ծառայելու, հիմնելով ժողովքներ, որոնք ի վերջոյ շրջաններու վերածուած են։ Օրինակի համար, Ապաշիրիի մէջ, որ Հոգգայտօ կղզիին մէջ է (Ճափոնի ծայրագոյն հիւսիսը գտնուող կղզին), քոյր մը կայ որ 33 տարիէ ի վեր ռահվիրայութիւն կ’ընէ։ Ան կը յիշէ թէ իր առաջին շրջանային համաժողովին, ամբողջ Հոգգայտոյէն միայն 70 ներկաներ կային։ Իսկ հիմա այդ կղզիին վրայ 12 շրջաններ կան, 12,000–է աւելի հրատարակիչներով։ Երեւակայեցէք թէ այս քրոջ սիրտը որքա՜ն ուրախութեամբ կը յորդի, երբ շրջանային ու նահանգային համաժողովներու ներկայ կ’ըլլայ այդ կղզիին վրայ գտնուող բազմաթիւ Թագաւորութեան հրատարակիչներուն հետ։
7, 8. Երկար ժամանակէ ռահվիրայ եղողներէն շատեր ո՞ր ուրախութիւնը վայելած են։
7 Երկար ժամանակէ ռահվիրայ եղող ուրիշներ իրենց Աստուածաշունչի աշակերտներուն մկրտութիւնը եւ ապա ծառայութեան աւելի մեծ առանձնաշնորհումներ վայելելը տեսնելու ուրախութիւնը ունեցած են։ Ճափոնի մէջ քոյր մը, որ 1957–էն ի վեր ինը տարբեր ռահվիրայական նշանակումներու մէջ ծառայած է, կը յիշէ թէ Զարթի՛ր պարբերաթերթ մը տուած էր դրամատան մէջ աշխատող երիտասարդուհիի մը։ Ինը ամիս ետք այս երիտասարդուհին մկրտուած էր։ Հետագային ան ամուսնացած էր եւ իր ամուսնոյն հետ միասին մասնաւոր ռահվիրաներ եղած էին։ Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն էր այս ռահվիրայ քրոջ համար երբ, իր երրորդ նշանակումին, նոր շրջանային տեսուչ մը ու իր կինը իր ժողովքը այցելեցին. տեսուչին կինը իր Աստուածաշունչի նախկին աշակերտն էր։
8 Զարմանալի չէ որ ռահվիրայական ծառայութիւնը ասպարէզ մը ընողները, զայն կը նկատեն որպէս «գուրգուրանքի արժանի անգին առանձնաշնորհում մը», ինչպէս 22 տարիէ ի վեր ռահվիրայ եղող եղբայր մը արտայայտուեցաւ։
Եհովայի Հոգատարութեան Ապացոյց
9. Որպէս Մեծ Հայթայթիչը, Եհովա իր ծառաներուն ի՞նչ կը խոստանայ, եւ ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ մեզի համար։
9 Եհովա՝ Մեծ Հայթայթիչը՝ կը խոստանայ իր ծառաներուն հոգ տանիլ, թէ՝ հոգեւորապէս եւ թէ նիւթապէս։ Վաղեմի Դաւիթ Թագաւոր իրաւամբ կրցաւ ըսել. «Տղայ էի ու ծերացայ, բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող»։ (Սաղմոս 37։25) Անշուշտ, աստուածային այս երաշխիքը մեր ընտանիքին նիւթապէս հոգ տանելու պարտաւորութենէն ետ չի պահեր մեզ, ոչ ալ արտօնութիւն կու տայ որ մեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն առատաձեռնութեան վրայ յոյս դնենք։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։11, 12. Ա. Տիմոթէոս 5։8) Այսուհանդերձ, երբ մեր կեանքին մէջ յօժարակամօրէն զոհողութիւններ կ’ընենք Եհովայի աւելի լման կերպով ծառայելու նպատակաւ, ան բնաւ պիտի չլքէ մեզ։—Մատթէոս 6։33
10, 11. Ռահվիրաներէն շատեր փորձառաբար ի՞նչ գիտեն Եհովայի հոգատարութեան մասին։
10 Աշխարհի չորս կողմը եղող ռահվիրաները փորձառաբար գիտեն թէ Եհովա պէտք եղածը կը հայթայթէ անոնց՝ որոնք իրենց անձերը իր հոգատար ձեռքերուն կը յանձնեն։ Նկատի առէք ռահվիրայ զոյգի մը պարագան, որ փոքր քաղաք մը փոխադրուեցաւ, ուր Թագաւորութեան քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կար։ Քանի մը ամիս ետք անգործութիւն տիրեց եւ իրենց դրամը վերջացաւ։ Ապա 81 տոլար արժողութեամբ ինքնաշարժի ապահովագրութեան մուրհակ մը ստացան։ Եղբայրը կը բացատրէ. «Զայն վճարելու որեւէ միջոց չունէինք։ Այդ գիշեր ջերմեռանդօրէն աղօթեցինք»։ Յաջորդ օրը, անոնք նամակ մը ստացան ընտանիքէ մը, որ նմանապէս նիւթական դժուարութիւններ ունէր։ Նամակը կը բացատրէր թէ այս ընտանիքը ստացած էր տուրքերէն վերադարձուած գումար մը եւ քանի որ անիկա իրենց ակնկալածէն աւելի էր, ուզեցին զայն բաժնել ռահվիրայ զոյգին հետ։ Անոր մէջ ներփակուած էր 81 տոլարի դրամանիշ մը։ Ռահվիրայ եղբայրը կ’ըսէ. «Բնաւ պիտի չմոռնամ այն օրը. մարմինս փշաքաղուեցաւ։ Չափազանց գնահատեցինք այս ընտանիքին առատաձեռնութիւնը»։ Եհովան ալ կը գնահատէ այսպիսի ազնուութիւն, քանի որ ինք կը քաջալերէ որ իր ծառաները ճիշդ այսպիսի առատաձեռն հոգի մը մշակեն։—Առակաց 19։17. Եբրայեցիս 13։16
11 Բազմաթիւ ռահվիրաներ նոյնանման փորձառութիւններ կրնան պատմել։ Անոնց հարցուցէք ու պիտի պատմեն թէ բնաւ «բոլորովին լքուած» չեն։ 72 տարեկան ռահվիրայ մը, 55 տարուան լիաժամ ծառայութեան վրայ յետադարձ ակնարկ մը նետելով ըսաւ. «Եհովա բնաւ զիս երեսէ չէ ձգած»։—Եբրայեցիս 13։5, 6
«Եհովայի Աւելի Մօտ Ըլլալու Հոյակապ Կերպ մը»
12. Բարի լուրը ծանուցանելու գործը ինչո՞ւ արտակարգ առանձնաշնորհում մըն է։
12 Եհովա մեզի առանձնաշնորհում մը տուած է, մեզմէ խնդրելով որ իր Թագաւորութեան բարի լուրը ծանուցանենք։ Անկատար մարդկայիններ ըլլալով հանդերձ, ան մեզ իր «գործակից»ները կը նկատէ, այս փրկարար գործին մէջ։ (Ա. Կորնթացիս 3։9. Ա. Տիմոթէոս 4։16) Երբ ուրիշներուն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին կը քարոզենք, չարութեան վախճանը կը ծանուցանենք, մարդոց կը բացատրենք փրկանքի հայթայթումով իր յայտնած սքանչելի սիրոյն մասին եւ իր կենդանի Խօսքը բանալով անոր թանկագին բովանդակութիւնը պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներուն կը սորվեցնենք՝ բնականաբար աւելի կը մօտենանք մեր Ստեղծիչին՝ Եհովայի։—Սաղմոս 145։11. Յովհաննու 3։16. Եբրայեցիս 4։12
13. Ըստ ոմանց, որպէս ռահվիրայ ծառայելը Եհովայի հետ իրենց յարաբերութեան ի՞նչպէս ազդած է։
13 Ռահվիրաները ամէն ամիս Եհովային մասին սորվելու ու սորվեցնելու շատ ժամանակ կը տրամադրեն։ Ըստ անոնց, ասիկա ի՞նչպէս Աստուծոյ հետ իրենց յարաբերութեան կ’ազդէ։ Ֆրանսայի մէջ երէց մը, որ տասը տարիէ ի վեր ռահվիրայ մըն է, այսպէս կը պատասխանէ. «Ռահվիրայութիւնը Եհովայի աւելի մօտ ըլլալու հոյակապ կերպ մըն է»։ Միեւնոյն երկրին մէջ ուրիշ ռահվիրայ մը, որ 18 տարի լիաժամ ծառայութեան մէջ անցուցած է, կ’ըսէ. «Ռահվիրայութեան ծառայութիւնը թոյլ կու տայ, որ ‘ճաշակենք ու տեսնենք թէ Եհովան բարի է’, ինչպէս նաեւ օրէ օր մեր Ստեղծիչին հետ աւելի զօրաւոր յարաբերութիւն մը կերտենք»։ (Սաղմոս 34։8) Բրիտանիոյ մէջ քոյր մը, որ 30 տարիէ ի վեր ռահվիրայ մըն է, միեւնոյն զգացումը ունի։ Ան կ’ըսէ. «Ծառայութեանս մէջ առաջնորդութեան համար Եհովայի հոգիին ապաւինիլը, զիս աւելի կը մօտեցնէ իրեն։ Իրապէս զգացած եմ որ Եհովայի հոգին բազմաթիւ առիթներով պէտք եղած ժամանակին զիս որոշ տուն մը առաջնորդած է»։—Բաղդատել՝ Գործք 16։6-10։
14. Ռահվիրաները ի՞նչպէս կ’օգտուին, Աստուածաշունչը եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւնները ամէն օր գործածելով ուրիշներուն սորվեցնելու համար։
14 Ռահվիրաներէն շատեր զգացած են, որ սուրբ գրային ճշմարտութիւններ բացատրելու եւ սորվեցնելու համար ամէն օր Աստուածաշունչը եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւններ գործածելը, իրենց օգնած է որ Աստուծոյ Խօսքին գիտութեան մէջ աճին։ Սպանիոյ մէջ 85 տարեկան եղբայր մը, որ 31 տարիներէ ի վեր ռահվիրայ մըն է, կը բացատրէ. «Ռահվիրայութիւնը օգնած է ինծի Աստուածաշունչի խոր գիտութիւն մը ձեռք ձգելու, գիտութիւն մը որ գործածած եմ շատերուն օգնելու, որպէսզի Եհովան ու իր նպատակները ճանչնան»։ Բրիտանիոյ մէջ 23 տարիէ ի վեր ռահվիրայութիւն ընող քոյր մը, ըսաւ. «Լիաժամ ծառայութիւնը ինծի օգնած է հոգեւոր սնունդին հանդէպ սուր ախորժակ մը զարգացնելու»։ Ուրիշներուն «ձեր ունեցած յոյսին մասին» բացատրելը, կրնայ ձեզի սիրելի եղող հաւատալիքներուն նկատմամբ ձեր համոզումները ամրացնել։ (Ա. Պետրոս 3։15) Աւստրալիայէն ռահվիրայ մը կ’ըսէ. «Ռահվիրայութիւնը հաւատքս կը բարելաւէ, երբ ուրիշներուն կ’արտայայտուիմ»։
15. Շատեր յօժարած են ի՞նչ ընել, որպէսզի ռահվիրայական ծառայութիւնը որդեգրեն ու անոր մէջ մնան, եւ ինչո՛ւ։
15 Բացայայտօրէն, այս ռահվիրաները համոզուած են թէ իրենք ծառայութեան այնպիսի մարզ մը ընտրած են, որ անհամար օրհնութիւններ կը բերէ Եհովայէ։ Զարմանալի չէ որ շատեր յօժարած են վերաճշդումներ ընել իրենց կեանքին մէջ, նոյնիսկ աշխարհային ասպարէզ մը եւ նիւթական հարստութիւն զոհել, որպէսզի ռահվիրայական ծառայութիւնը որդեգրեն ու անոր մէջ մնա՛ն։—Առակաց 28։20
Ձեր Սիրտը Աւելին Ընելու կը Տենչա՞յ
16, 17. (ա) Եթէ կը մտածէք որ ռահվիրայութիւն կրնաք ընել թէ ոչ, ի՞նչ կրնաք ընել։ (բ) Ոմանք ի՞նչ կը զգան, երբ ռահվիրայ չեն կրնար ըլլալ։
16 Նկատի առնելէն ետք, թէ ռահվիրաները ի՛նչ կ’ըսեն ռահվիրայական օրհնութիւններուն մասին, թերեւս մտածէք թէ ռահվիրայութիւնը ձեր պարագային համար ալ գործնակա՞ն է։ Եթէ այո, ինչո՞ւ չխօսիք ռահվիրայի մը հետ, որ լիաժամ ծառայութեան մէջ յաջողութիւն գտած է։ Նաեւ կրնաք օգտակար գտնել ժողովքի երէցներէն մէկուն հետ խօսիլ, մէկը որ կը ճանչնայ ձեզ. ձեր առողջութիւնը, սահմանափակումները եւ ընտանեկան պատասխանատուութիւնները գիտէ։ (Առակաց 15։22) Ուրիշներու իրապաշտ տեսակէտները կրնան օգնել ձեզի որ ուշադրութեամբ քննէք թէ ռահվիրայութիւնը ձեզի համար կարելի՞ է թէ ոչ։ (Բաղդատել՝ Ղուկաս 14։28։) Եթէ կարենաք ռահվիրայ մը ըլլալ, անհամար օրհնութիւններ պիտի ստանաք։—Մաղաքեայ 3։10
17 Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել Թագաւորութեան այն բազմաթիւ հաւատարիմ հրատարակիչներուն մասին, որոնք ռահվիրաներ ըլլալու կարելիութիւնը չունին, թէեւ ծառայութեան մէջ աւելին ընելու կը տենչան։ Օրինակի համար, նկատի առէք Քրիստոնեայ քրոջ մը զգացումները, որ առանձին կը պայքարի իր չորս զաւակները մեծցնելու համար։ Ան կ’ըսէ. «Գէշ կը զգամ, քանի որ ժամանակին կանոնաւոր ռահվիրայ էին, իսկ հիմա, իմ պարագաներուս բերմամբ առաջուան չափ դաշտի ծառայութեան չեմ կրնար մասնակցիլ»։ Այս քոյրը իր զաւակները շատ կը սիրէ եւ կ’ուզէ անոնց կարիքները հայթայթել։ Միեւնոյն ժամանակ, ան կը տենչայ իր ծառայութիւնը աւելցնել։ «Ծառայութիւնը կը սիրեմ», կ’ըսէ ան։ Նոյնանման զգացումներ կը բաժնեն նաեւ ուրիշ նուիրուած Քրիստոնեաներ, որոնց սէրը Աստուծոյ հանդէպ զիրենք կը մղէ որ ուզեն Եհովայի ծառայել ‘իրենց բոլոր սրտով’։—Սաղմոս 86։12
18. (ա) Եհովա մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ։ (բ) Ինչո՞ւ պէտք չէ յուսահատինք, եթէ պարագաները սահմանափակեն մեր կարողութիւնները։
18 Մի՛ մոռնաք որ Եհովա մեզմէ սրտանց ծառայութիւն կ’ակնկալէ։ Ասոր քանակը անհատէ անհատ որոշ չափով կրնայ տարբերիլ։ Ոմանք կրնան իրենց պարագաները վերաճշդել, որպէսզի կանոնաւոր ռահվիրաներ ըլլան։ Բազմաթիւ ուրիշներ պարբերաբար կամ կանոնաւորաբար կը ծառայեն որպէս օժանդակ ռահվիրաներ, ամէն ամիս դաշտի ծառայութեան 60 ժամ տրամադրելով։ Սակայն, Եհովայի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը, քարոզչութեան եւ ուսուցանելու գործին սրտանց նուիրուած են որպէս ժողովքի հրատարակիչներ։ Ուստի, եթէ վատառողջութեամբ, ծերութեամբ, ընտանեկան պատասխանատուութիւններով կամ ուրիշ պարագաներով իրապէս սահմանափակուած էք, մի՛ վհատիք։ Այնքան ատեն որ ձեր լաւագոյնը կը մատուցանէք, ձեր ծառայութիւնը Աստուծոյ աչքին թանկարժէք է, ինչպէս որ է լիաժամ ծառայութեան մէջ եղողներուն պարագան։
Բոլորս Ալ Կրնանք Ռահվիրայական Հոգին Ցուցաբերել
19. Ի՞նչ է ռահվիրայական հոգին։
19 Նոյնիսկ եթէ որպէս ռահվիրայ չէք կրնար ծառայել, կրնաք ռահվիրայական հոգին ցուցաբերել։ Ի՞նչ է ռահվիրայական հոգին։ Յուլիս 1988–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը նշեց. «Անիկա կրնայ սահմանուիլ որպէս՝ դրական կեցուածք մը ունենալ քարոզելու եւ աշակերտելու պատուէրին հանդէպ, մարդոց հանդէպ սէր եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութիւն ունենալ, անձնազոհ ըլլալ, Ուսուցիչին սերտօրէն հետեւելու մէջ ուրախութիւն գտնել, եւ հոգեւոր՝ ու ո՛չ թէ նիւթական՝ բաներէն հաճոյք առնել»։ Արդ, ի՞նչպէս կրնաք ռահվիրայական հոգին ցուցաբերել։
20. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան ռահվիրայական հոգին ցուցաբերել։
20 Եթէ փոքր զաւակներ ունեցող ծնողք մըն էք, կրնաք անոնց սրտանց յանձնարարել որ ռահվիրայութիւնը ասպարէզ մը դարձնեն։ Ծառայութեան հանդէպ ձեր դրական տեսակէտը կրնայ անոնց մտքին մէջ տպաւորել թէ Եհովայի ծառայութիւնը իրենց կեանքին կարեւորագոյն բանը պէտք է դարձնեն։ Կրնաք ձեր տան մէջ ռահվիրաներ եւ ճամբորդող տեսուչներ ու անոնց կիները հիւրասիրել, որպէսզի ձեր զաւակները կարենան օգտուիլ լիաժամ ծառայութեան մէջ ուրախութիւն գտնողներուն օրինակէն։ (Բաղդատել՝ Եբրայեցիս 13։7։) Նոյնիսկ կրօնապէս բաժնուած տուներու մէջ, հաւատացեալ ծնողներ թէ՛ խօսքով եւ թէ իրենց օրինակով, կրնան իրենց զաւակներուն օգնել, որ լիաժամ ծառայութիւնը կեանքի նպատակակէտ մը դարձնեն։—Բ. Տիմոթէոս 1։5. 3։15
21. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք բոլորս ալ թիկունք կանգնիլ ռահվիրաներուն։ (բ) Երէցները ի՞նչ կրնան ընել ռահվիրաները քաջալերելու համար։
21 Ժողովքին մէջ, բոլորս ալ կրնանք լիովին թիկունք կանգնիլ ռահվիրայութիւն ընողներուն։ Օրինակի համար, կրնա՞ք մասնայատուկ ջանք թափել ռահվիրայի մը հետ աշխատելու ծառայութեան մէջ, յատկապէս այն ժամանակներուն երբ ռահվիրան ընկերակիցի մը կարիքը ունի։ Այս կերպով կրնաք «փոխադարձ քաջալերութիւն» վայելել։ (Հռովմայեցիս 1։11, 12, ՆԱ) Եթէ երէց մըն էք, ռահվիրաները քաջալերելու համար աւելին կրնաք ընել։ Երբ երէցներու մարմինը ժողվուի, անոնք կանոնաւորաբար նկատի պէտք է առնեն ռահվիրաներու կարիքները։ Երբ ռահվիրայ մը վհատի կամ որոշ դժուարութիւններէ անցնի, հապճեպով մի՛ յանձնարարէք որ ան ռահվիրայութիւնը դադրեցնէ։ Մինչ կարգ մը պարագաներուն այսպիսի յանձնարարութիւն մը անհրաժեշտ կրնայ ըլլալ, բայց մի՛ մոռնաք որ ռահվիրայութիւնը թանկագին առանձնաշնորհում մըն է, որու վրայ խորապէս կը գուրգուրայ լիաժամ ծառայ մը։ Թերեւս ան միայն քիչ մը քաջալերութեան, գործնական խրատներու կամ օգնութեան կարիք ունի։ Սպանիոյ մէջ, Ընկերութեան մասնաճիւղը կը գրէ. «Երբ երէցները ռահվիրայութիւնը քաջալերեն, դաշտի ծառայութեան մէջ ռահվիրաներուն թիկունք կանգնին եւ կանոնաւորաբար զանոնք հովուեն, ռահվիրաները աւելի ուրախ կ’ըլլան, պիտանի կը զգան, եւ հակառակ հաւանական դժուարութիւններուն, կ’ուզեն իրենց ծառայութիւնը շարունակել»։
22. Մարդկային պատմութեան այս ճգնաժամային ժամանակաշրջանին, ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։
22 Մարդկային պատմութեան ճգնաժամային ժամանակաշրջանի մը մէջ կ’ապրինք։ Եհովա մեզի կեանք–փրկող գործ մը յանձնած է։ (Հռովմայեցիս 10։13, 14) Ըլլանք լիաժամ ռահվիրաներ կամ ոչ, այս գործին մասնակցինք ռահվիրայական հոգիով։ Ստիպողականութեան զգացում եւ անձնազոհութեան հոգի ունենանք։ Վճռենք Եհովայի տալ այն ի՛նչ որ մեզմէ կ’ուզէ, այսինքն՝ սրտանց ծառայութիւն։ Իսկ չմոռնանք որ երբ մեր ամբողջ կարողութեամբ տանք, ատիկա ըլլայ որբեւայրիին լումաներուն կամ Մարիամի սուղ իւղին նման, մեր ծառայութիւնը սրտանց պիտի ըլլայ, եւ Եհովա պիտի արժեւորէ մեր սրտանց ծառայութիւնը։
Կը Յիշէ՞ք
◻ Լիաժամ ծառայութիւնը ինչո՞ւ գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն կը պատճառէ։
◻ Ռահվիրաներէն շատեր փորձառաբար ի՞նչ գիտեն իր ծառաներուն հանդէպ Եհովայի հոգատարութեան մասին։
◻ Ըստ ռահվիրաներուն, ծառայութիւնը Եհովայի հետ իրենց յարաբերութեան վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունի։
◻ Ի՞նչպէս կրնաք ռահվիրայական հոգին ցուցաբերել։
[Նկար՝ էջ 28]
Ռահվիրաները աշակերտելու գործէն մեծ ուրախութիւն կը քաղեն
[Նկար՝ էջ 28]
Ձեր զաւակները կրնան օգտուիլ Թագաւորութիւնը լիաժամօրէն ծանուցանողներու ընկերակցութենէն
[Նկար՝ էջ 28]
Երէցները կրնան ռահվիրաները քաջալերել դաշտի ծառայութեան մէջ