Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 4/1 էջ 13-17
  • Աշխարհի մէջ՝ բայց ո՛չ անոր մէկ մասը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աշխարհի մէջ՝ բայց ո՛չ անոր մէկ մասը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աշխարհակալ Ուժերու Բարձրացումը
  • Աստուծոյ Թագաւորութեան Գալիք Իշխանութիւնը
  • ‘Գազանին Դրոշմ’էն Խուսափինք
  • «Գազանը» եւ «Կայսրը»
  • Խղճամիտ Քաղաքացիներ
  • Չէզոք քրիստոնեաներ՝ վերջին օրերուն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Աստուած եւ Կայսրը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Պայքար՝ երկու կատաղի գազաններու հետ
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
  • Յայտնութիւն գիրքը ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ թշնամիներուն համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 4/1 էջ 13-17

Աշխարհի մէջ՝ բայց ո՛չ անոր մէկ մասը

«Որովհետեւ աշխարհէն չէք, . . . անոր համար աշխարհ ձեզ կ’ատէ»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 15։19

1. Քրիստոնեաները ի՞նչ յարաբերութիւն ունին աշխարհի հետ եւ սակայն աշխարհը ի՞նչպէս կը նկատէ զանոնք։

ԻՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ հետ անցուցած վերջին գիշերը, Յիսուս անոնց ըսաւ. ‘դուք աշխարհէն չէք’։ Ո՞ր աշխարհի մասին էր խօսքը։ Անկէ առաջ առիթով մը ինք չէ՞ր ըսած՝ «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ (Յովհաննու 3։16) Աշակերտները վստահաբար այդ աշխարհին մէկ մասն էին, քանի որ առաջիններն էին որ Յիսուսի հաւատացին՝ յաւիտենական կեանքի հեռանկարով։ Արդ, Յիսուս ինչո՞ւ կ’ըսէ որ իր աշակերտները աշխարհէն չեն։ Իսկ դարձեալ ինչո՞ւ ըսաւ որ «որովհետեւ աշխարհէն չէք, . . . անոր համար աշխարհ ձեզ կ’ատէ»։—Յովհաննու 15։19

2, 3. (ա) Քրիստոնեաները ո՞ր «աշխարհին» մաս չեն կազմեր։ (բ) Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ այն «աշխարհ»ին մասին, որու մաս չեն կազմեր Քրիստոնեաները։

2 Պատճառը այն է որ Աստուածաշունչը «աշխարհ» (Յունարէն գոզմոս) բառը տարբեր իմաստներով կը գործածէ։ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ բացատրեցինք, Աստուածաշունչին մէջ երբեմն «աշխարհը»՝ ընդհանուր մարդկութեան կ’ակնարկէ։ Ա՛յս աշխարհն է զոր Աստուած սիրեց եւ որու համար Յիսուս մեռաւ։ Սակայն, Քրիստոնէութեան Պատմութիւնը. Օքսֆորտ (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Քրիստոնէական լեզուաբանութեան մէջ, ‘աշխարհ’ բառը նաեւ կ’ակնարկէ Աստուծմէ օտարացած եւ անոր հակառակ եղող բանի մը»։ Ասիկա ի՞նչպէս ճշմարիտ է։ Լէ քրէթիէն է լէօ մոնտ (Քրիստոնեաները եւ Աշխարհը) իր գրքին մէջ, Կաթողիկէ Ռոլան Մինէրաթ կը բացատրէ. «Երբ բացասական իմաստով առնուի, աշխարհ–ը կը նկատուի որպէս . . . այն մարզը, ուր Աստուծոյ ընդդիմացող ուժեր կը գործեն, եւ յաղթական Քրիստոսի իշխանութեան հակառակելով, կը կազմեն Սատանայի ղեկավարութեան ներքեւ եղող թշնամական կայսրութիւն մը»։ Հետեւաբար, այս «աշխարհը»՝ Աստուծմէ օտարացած մարդկային զանգուածն է։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները աշխարհի մաս չեն կազմեր եւ անոր կողմէ ատուած են։

3 Առաջին դարու վերջաւորութեան, Յովհաննէսի մտքինը ա՛յս աշխարհն էր, երբ գրեց. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է»։ (Ա. Յովհաննու 2։15, 16) Ան նաեւ գրեց. «Գիտենք թէ մենք Աստուծմէ ենք ու բոլոր աշխարհ չարին մէջ [«զօրութեան ներքեւ», ՆԱ] է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Յիսուս Սատանան կոչեց «այս աշխարհին իշխանը»։—Յովհաննու 12։31. 16։11

Աշխարհակալ Ուժերու Բարձրացումը

4. Աշխարհակալ ուժերը ի՞նչպէս գոյացան։

4 Աստուծմէ օտարացած ներկայ մարդկային աշխարհը սկսաւ զարգանալ Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն քիչ ետք, երբ Նոյի սերունդէն շատեր այլեւս Եհովա Աստուածը չպաշտեցին։ Այդ շրջանին, երեւելի անձնաւորութիւն մըն էր Նեբրովթ, որ քաղաք կառուցանող եւ «Տէրոջը առջեւ զօրաւոր որսորդ մըն էր»։ (Ծննդոց 10։8-12) Այդ օրերուն այս աշխարհը թաղային–թագաւորութիւններէ կը բաղկանար, որոնք ժամանակ առ ժամանակ բախումներ կ’ունենային եւ իրարու դէմ պատերազմ կը մղէին։ (Ծննդոց 14։1-9) Այս թաղային–թագաւորութիւններէն ոմանք ուրիշներուն վրայ կը տիրապետէին եւ շրջանային ուժեր կը դառնային։ Իսկ այս շրջանային ուժերէն ոմանք վերջապէս աշխարհակալ մեծ ուժեր եղան։

5, 6. (ա) Աստուածաշունչի պատմութեան եօթը աշխարհակալ ուժերը որո՞նք են։ (բ) Այդ աշխարհակալ ուժերը ի՞նչ բանով խորհրդանշուած են եւ անոնց զօրութիւնը ո՛ւրկէ է։

5 Նեբրովթի օրինակին հետեւելով, աշխարհակալ ուժերու կառավարիչներն ալ Եհովան չպաշտեցին. իրենց անգութ, վայրագ արարքները կը վկայեն այս մասին։ Այս աշխարհակալ ուժերը Սուրբ Գրութիւններուն մէջ գազաններով խորհրդանշուած են եւ դարերու ընթացքին, Աստուածաշունչը անոնցմէ վեցն կը բնորոշէ, որոնք զօրաւոր ազդեցութիւն մը ունեցան Եհովայի ժողովուրդին վրայ, որոնք են՝ Եգիպտոս, Ասորեստան, Բաբելոն, Մարա–Պարսկաստան, Յունաստան եւ Հռովմ։ Մարգարէացուած էր որ Հռովմէն ետք եօթներորդ աշխարհակալ ոյժը պիտի բարձրանար։ (Դանիէլ 7։3-7. 8։3-7, 20, 21. Յայտնութիւն 17։9, 10) Անիկա Անգլօ–Ամերիկեան Աշխարհակալ Ոյժը եղաւ, որ բաղկացած էր Բրիտանական Կայսրութենէն եւ անոր դաշնակից Միացեալ Նահանգներէն, որ վերջապէս շուքի մէջ ձգեց Բրիտանեան։ Բրիտանական Կայսրութիւնը սկսաւ զարգանալ, երբ Հռովմէական Կայսրութեան վերջին հետքերը վերջապէս չքացան։a

6 Աշխարհակալ յաջորդական եօթը ուժերը Յայտնութիւն գրքին մէջ խորհրդանշուած են, անհանդարտ մարդկութեան ծովէն ելլող եօթը գլխանի գազանին գլուխներով։ (Եսայեայ 17։12, 13. 57։20, 21. Յայտնութիւն 13։1) Այս իշխող գազանը իր զօրութիւնը ո՞րմէ կ’առնէ։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Վիշապը անոր [գազանին] տուաւ իր զօրութիւնը եւ իր աթոռը ու մեծ իշխանութիւն»։ (Յայտնութիւն 13։2) Վիշապը ուրիշ մէկը չէ եթէ ոչ Բանսարկու Սատանան։—Ղուկաս 4։5, 6. Յայտնութիւն 12։9

Աստուծոյ Թագաւորութեան Գալիք Իշխանութիւնը

7. Քրիստոնեաները ի՞նչ բանի կը յուսան, եւ ասիկա աշխարհի կառավարութիւններուն հետ իրենց յարաբերութեան վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենայ։

7 Մօտաւորապէս 2,000 տարիներէ ի վեր, Քրիստոնեաները կ’աղօթեն՝ «քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ (Մատթէոս 6։10) Եհովայի Վկաները գիտեն որ միա՛յն Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է որ երկրի վրայ իրական խաղաղութիւն կրնայ բերել։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն մօտէն հետեւողներ ըլլալով, անոնք համոզուած են որ այս աղօթքը շուտով պիտի պատասխանուի եւ թէ Թագաւորութիւնը կարճ ժամանակէն երկրի գործերը իր ձեռքը պիտի առնէ։ (Դանիէլ 2։44) Այս Թագաւորութեան կառչած ըլլալով, անոնք աշխարհի կառավարական գործերուն նկատմամբ չէզոք դիրք մը կը բռնեն։

8. Ի՞նչ է կառավարութիւններու հակազդեցութիւնը Երկրորդ Սաղմոսին մէջ նախագուշակուած Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան նկատմամբ։

8 Կարգ մը ազգեր կը դաւանին որ կրօնական սկզբունքներու կառչած են, բայց իրականութեան մէջ անոնք կ’անտեսեն որ Եհովան է Տիեզերքի Գերիշխանը եւ թէ ան Յիսուսը գահակալած է որպէս երկնային Թագաւոր, երկրի իշխանութիւնն ալ անոր տալով։ (Դանիէլ 4։17. Յայտնութիւն 11։15) Մարգարէական սաղմոս մը կը նշէ. «Երկրի թագաւորները ինքզինքնին կը հաստատեն ու իշխանները մէկտեղ խորհուրդ կ’ընեն Տէրոջը դէմ ու անոր Օծեալին [Յիսուսին] դէմ, ըսելով. ‘Կոտրե՛նք անոնց կապերը, ու մեզմէ ձգե՛նք անոնց լուծը’»։ (Սաղմոս 2։2, 3) Կառավարութիւնները իրենց ազգային գերիշխանութիւնը սահմանափակող եւ Աստուծոյ կողմէ եղած «կապերը» չեն ընդունիր։ Անոր համար Եհովա իր ընտրեալ Թագաւորին՝ Յիսուսի՝ կ’ըսէ. «Խնդրէ՛ ինծմէ ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ ու երկրի ծայրերը քեզի ստացուածք։ Զանոնք երկաթէ գաւազանով պիտի կոտրես, բրուտի ամանի պէս պիտի փշրես զանոնք»։ (Սաղմոս 2։8, 9) Այսուհանդերձ, այն մարդկային աշխարհը, որու համար Յիսուս մեռաւ՝ ամբողջովին պիտի ‘չկոտրի’։—Յովհաննու 3։17

‘Գազանին Դրոշմ’էն Խուսափինք

9, 10. (ա) Յայտնութիւն գիրքը ի՞նչ բանի դէմ մեզ կը զգուշացնէ։ (բ) ‘Գազանին դրոշմը’ ունենալը ի՞նչ կը խորհրդանշէ։ (գ) Աստուծոյ ծառաները ի՞նչ նշաններ կ’ընդունին։

9 Յովհաննէս առաքեալի ստացած Յայտնութիւնը զգուշացուցած էր որ Աստուծմէ օտարացած մարդկային աշխարհը, ամբողջովին բնաջնջուելէն քիչ առաջ իր պահանջները պիտի աւելցնէր, ստիպելով «բոլորը, այսինքն պզտիկներն ու մեծերը, հարուստներն ու աղքատները, ազատներն ու ծառաները, որ իրենց աջ ձեռքին վրայ կամ իրենց ճակատին վրայ դրոշմ ընդունին, որպէս զի մէ՛կը չկրնայ գնել կամ ծախել, բայց միայն ան՝ որ ունի դրոշմը կամ գազանին անունը կամ անոր անուանը թիւը»։ (Յայտնութիւն 13։16, 17) Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Աջ ձեռքին վրայ դրոշմը լաւ կերպով կը խորհրդանշէ գործօն մասնակցութիւն։ Իսկ ճակատի նշա՞նը։ Բացատրիչին Յունարէն Կտակարանը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Մեծապէս այլաբանական այս ակնարկումը կը վերագրուի զինուորները եւ գերիները բացայայտօրէն կտելու կամ տաղելու վարժութեան . . . կամ, աւելի ճիշդը, աստուծոյ մը անունը որպէս հմայեակ կրելու կրօնական սովորութեան»։ Մարդոցմէ շատեր, իրենց արարքներով եւ խօսքերով այս դրոշմը այլաբանօրէն կը կրեն, իրենք զիրենք բնորոշելով որպէս «գազանին» «գերիներ»ը կամ «զինուորներ»ը։ (Յայտնութիւն 13։3, 4) Անոնց ապագային մասին, Նոր Կտակարանի Աստուածաբանական Բառարան–ը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Աստուծոյ թշնամիները թոյլ կու տան որ գազանին [նշանը]՝ իր անունը պարունակող խորհրդաւոր թիւը դրոշմուի իրենց ճակատներուն եւ ձեռքերուն վրայ։ Ասիկա տնտեսական եւ առեւտրական գետնի վրայ իրենց մեծ պատեհութիւններ կ’ընծայէ, բայց անիկա զիրենք Աստուծոյ բարկութեան կ’արժանացնէ եւ հազարամեայ թագաւորութենէն դուրս կը վանէ, Յայտ. 13։16. 14։9. 20։4»։

10 «Դրոշմը» ստանալու ճնշումներուն ընդդիմանալը հետզհետէ աւելի քաջութիւն եւ համբերութիւն կը պահանջէ։ (Յայտնութիւն 14։9-12) Բայց Աստուծոյ ծառաները այսպիսի զօրութիւն ունին եւ ասոր համար անոնք յաճախ ատուած եւ չարախօսուած են։ (Յովհաննու 15։18-20. 17։14, 15) Փոխանակ գազանին դրոշմը կրելու, Եսայի կ’ըսէ որ անոնք իրենց ձեռքին վրայ այլաբանօրէն պիտի գրեն՝ ‘Ես Եհովայի կը պատկանիմ’։ (Եսայեայ 44։5, ՆԱ) Ասկէ զատ, քանի որ հաւատուրաց կրօնքներուն կողմէ կատարուած զզուելի բաներուն համար ‘կը հառաչեն ու կ’ողբան’, անոնք իրենց ճակատներուն վրայ այլաբանական նշան մը կը ստանան, որպէսզի խնայուին Եհովայի դատաստանի գործադրութեան ընթացքին։—Եզեկիէլ 9։1-7

11. Ո՞վ արտօնութիւն կու տայ մարդկային կառավարութիւններուն, որպէսզի շարունակեն իշխել մինչեւ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրին տիրապետէ։

11 Աստուած թոյլ կու տայ որ մարդկային կառավարութիւններ շարունակեն իշխել, մինչեւ որ Քրիստոսի երկնային Թագաւորութիւնը լիովին ստանձնէ երկրի տիրապետութիւնը։ Ուսուցչապետ Օսգար Գիւլման՝ Պետութիւնը Նոր Կտակարանին Մէջ (Անգլերէն) խորագրով իր գրքին մէջ, ակնարկութիւն կ’ընէ քաղաքական պետութիւններու հանդէպ Աստուծոյ հանդուրժողութեան։ Ան կը գրէ. «Պետութեան ‘առժամեայ’ ըլլալուն բարդ բնոյթին պատճառաւ, Պետութեան հանդէպ առաջին դարու Քրիստոնեաներու կեցուածքը կայուն չէ, ընդհակառակը՝ հակասական կը թուի։ Կը կրկնեմ որ այդպէս կը թուի։ Պարզապէս յիշենք Հռովմայեցիս 13։1–ը, ‘ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի’ եւ ասոր կողքին Յայտնութիւն 13–ը, ուր Պետութիւնը անդունդէն ելլող գազանի մը նմանցուած է»։

«Գազանը» եւ «Կայսրը»

12. Եհովայի Վկաները ի՞նչ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունին մարդկային կառավարութիւններուն հանդէպ։

12 Սխալ պիտի ըլլար եզրակացնել որ կառավարութեան մէջ հեղինակութիւն ունեցող բոլոր մարդիկը Սատանային գործիքներն են։ Շատեր ապացուցանած են որ սկզբունքի տէր անհատներ են, ինչպէս Սերգիոս Պօղոս բդեշխը, զոր Աստուածաշունչը կը կոչէ «խելացի մարդ մը»։ (Գործք 13։7) Նոյնիսկ առանց Եհովան եւ իր նպատակները ճանչնալու, կարգ մը կառավարիչներ փոքրամասնութիւններու իրաւունքը պաշտպանած են, իրենց աստուածավախ խղճով առաջնորդուելով։ (Հռովմայեցիս 2։14, 15) Մի՛ մոռնաք որ Աստուածաշունչը «աշխարհ» բառը իրարմէ բոլորովին տարբեր երկու իմաստով կը գործածէ. մարդկային աշխարհը, զոր Աստուած կը սիրէ եւ մենք ալ պէտք է սիրենք, եւ՝ Եհովայէ օտարացած մարդկութիւնը, աշխարհ մը որու աստուածը Սատանան է եւ որմէ պէտք է հեռու կենանք։ (Յովհաննու 1։9, 10. 17։14. Բ. Կորնթացիս 4։4. Յակոբու 4։4) Հետեւաբար, Եհովայի ծառաները հաւասարակշռուած կեցուածք մը ունին մարդկային իշխանութեան հանդէպ։ Քաղաքական հարցերու մէջ չէզոք ենք, քանի որ մենք Աստուծոյ Թագաւորութեան դեսպանները կամ պատուիրակներն ենք եւ մեր կեանքը Աստուծոյ նուիրած ենք։ (Բ. Կորնթացիս 5։20) Իսկ միւս կողմէ, հեղինակութիւն ունեցողներուն խղճմտօրէն կը հնազանդինք։

13. (ա) Եհովա ի՞նչպէս կը նկատէ մարդկային կառավարութիւնները։ (բ) Մարդկային կառավարութիւններու հանդէպ Քրիստոնեային հնազանդութիւնը մինչեւ ո՞ւր կ’երթայ։

13 Այս հաւասարակշռուած կեցուածքը Եհովա Աստուծոյ տեսակէտը կ’արտացոլացնէ։ Երբ աշխարհակալ ուժեր, կամ նոյնիսկ աննշան Պետութիւններ իրենց հեղինակութիւնը չարաչար գործածեն, իրենց ժողովուրդը հարստահարեն, կամ Աստուած պաշտողները հալածեն, այդ պարագային անոնք արժանի են իրենց մասին եղած վայրի գազաններու մարգարէական նկարագրութեան։ (Դանիէլ 7։19-21. Յայտնութիւն 11։7) Բայց երբ կառավարութիւններ օրէնքն ու կարգ ու կանոնը արդարութեամբ պահելով Աստուծոյ նպատակին ծառայեն, Ան զիրենք իր «սպասաւորներ»ը կը նկատէ։ (Հռովմայեցիս 13։6) Եհովա իր ծառաներէն կ’ակնկալէ որ անոնք յարգեն մարդկային կառավարութիւնները եւ անոնց հնազանդին, բայց անոնց հնազանդութիւնը բացարձակ չէ։ Երբ մարդիկ Աստուծոյ ծառաներէն պահանջեն ա՛յնպիսի բաներ, որոնք արգիլուած են Աստուծոյ օրէնքով, կամ երբ անոնք արգիլեն բաներ, զորս Աստուած կը պահանջէ իր ծառաներէն, այս վերջինները կը հետեւին առաքեալներու որդեգրած ընթացքին, այսինքն. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։—Գործք 5։29

14. Յիսուս եւ Պօղոս մարդկային կառավարութիւններու հանդէպ հնազանդութիւն ցոյց տալու մասին ի՞նչ ըսին։

14 Յիսուս ցոյց տուաւ որ իր հետեւորդները որոշ պարտաւորութիւններ ունին թէ՛ կառավարութիւններու եւ թէ Աստուծոյ հանդէպ, երբ ըսաւ. «Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ (Մատթէոս 22։21) Պօղոս առաքեալ ներշնչման ներքեւ գրեց. «Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի. . . . եթէ չարիք գործես՝ վախցի՛ր. վասն զի դատարկ տեղ մէջքը թուր չէ կապեր, քանզի Աստուծոյ սպասաւորն է եւ վրէժխնդիր՝ բարկութիւն հասցնելու անոր վրայ որ չարիք կը գործէ։ Ասոր համար պէտք է հնազանդ ըլլալ, ոչ միայն բարկութեանը համար, հապա խղճմտանքի համար ալ։ Այս պատճառաւ է որ տուրք ալ կու տաք. վասն զի Աստուծոյ սպասաւորներն են այն նոյն բանին հոգ տանելու»։ (Հռովմայեցիս 13։1, 4-6) Հ.Դ. առաջին դարէն մինչեւ օրս, Քրիստոնեաները Պետութեան պահանջներուն գոհացում տուած են։ Անոնք կարիքը զգացած են ներատեսութեամբ նկատի առնելու թէ այդ պահանջները իրենց պաշտամունքին մէջ զիջումներ ընելու պիտի առաջնորդե՞ն, թէ ոչ՝ օրինաւոր են եւ խղճմտօրէն պէտք է կատարեն։

Խղճամիտ Քաղաքացիներ

15. Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս խղճմտօրէն Կայսրին կու տան ինչ որ իրեն կը պատկանի։

15 Քաղաքական «վերին իշխանութիւններ»ը Աստուծոյ «սպասաւորներն» են, երբ իրենց աստուածահաճ դերը կատարեն, որու մէջ կ’իյնայ՝ ‘չարագործները պատժել եւ բարեգործները գովել’։ (Ա. Պետրոս 2։13, 14) Եհովայի ծառաները օրինաւոր գետնի վրայ Կայսրին պահանջած տուրքերը խղճմտօրէն կը վճարեն, իսկ իրենց խղճին ներած չափով ‘իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն կը հնազանդին ու կը հպատակին ու ամէն բարի գործերու պատրաստ կը գտնուին’։ (Տիտոս 3։1) «Բարի գործեր»ը կը պարփակեն ուրիշներու օգնութեան հասնիլ, զոր օրինակ աղէտի ժամանակ։ Այս վիճակներու մէջ գտնուողներէն շատեր Եհովայի Վկաներու ցուցաբերած ազնուութեան մասին վկայած են։—Գաղատացիս 6։10

16. Եհովայի Վկաները խղճմտօրէն ի՞նչ բարի գործեր կ’ընեն կառավարութիւններու եւ իրենց նմաններուն հանդէպ։

16 Եհովայի Վկաները իրենց նմանները կը սիրեն եւ կը խորհին որ լաւագոյն բարիքը ըրած կ’ըլլան անոնց օգնելով որ ճշգրիտ գիտութիւն ունենան արդար ‘նոր երկինք ու նոր երկիր մը’ բերելու Աստուծոյ նպատակին մասին։ (Բ. Պետրոս 3։13) Աստուածաշունչի բարոյական բարձր չափանիշները սորվեցնելով ու զանոնք կիրարկելով, անոնք օգուտ մըն են մարդկային ընկերութեան, անոնցմէ շատերը յանցապարտութենէ փրկելով։ Եհովայի ծառաները օրինապահ են եւ յարգանք ունին նախարարներու, պաշտօնեաներու, դատաւորներու եւ քաղաքապետերու հանդէպ, «պատիւ»ի արժանի եղողները պատուելով։ (Հռովմայեցիս 13։7) Վկայ ծնողներ ուրախութեամբ կը համագործակցին իրենց զաւակներուն ուսուցիչներուն հետ եւ իրենց զաւակներուն կ’օգնեն որ լաւ կերպով հետեւին իրենց դասերուն, որպէսզի հետագային կարենան իրենց ապրուստը ճարել եւ ընկերութեան վրայ բեռ չըլլալ։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։11, 12) Իրենց ժողովքներուն մէջ, Վկաները հակառակ են ցեղային խտրականութեան եւ դասակարգային տարբերութեան. ընտանեկան կապերը զօրացնելու ալ շատ մեծ կարեւորութիւն կու տան։ (Գործք 10։34, 35. Կողոսացիս 3։18-21) Հետեւաբար, անոնք իրենց արարքներով կ’ապացուցանեն որ ո՛չ ընտանիքի հակառակ են եւ ոչ ալ իրենց համայնքին մէջ անպէտ անհատներ են։ Այս կերպով, Պետրոս առաքեալի խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը կը փաստուի. «Աստուծոյ կամքը այսպէս է, որ բարեգործութեամբ անխելք մարդոց տգիտութիւնը պապանձեցնէք»։—Ա. Պետրոս 2։15

17. Քրիստոնեաները ի՞նչպէս ‘խոհեմութեամբ կը վարուին դուրսիններուն հետ’։

17 Ուստի, Քրիստոսի անկեղծ հետեւորդները ‘աշխարհին մէկ մասը չըլլալով’ տակաւին մարդկային ընտանիքին մէջ կը գտնուին եւ պէտք է ‘խոհեմութեամբ վարուին դուրսիններուն հետ’։ (Յովհաննու 17։16. Կողոսացիս 4։5) Այնքան ատեն որ Եհովա թոյլ կու տայ որ վերին իշխանութիւնները որպէս իր սպասաւորները գործեն, մենք անոնց հանդէպ պատշաճ յարգանք պէտք է ունենանք։ (Հռովմայեցիս 13։1-4) Քաղաքական գետնի վրայ չէզոք մնալով, «թագաւորներուն եւ իշխաններուն համար» կ’աղօթենք, մանաւանդ երբ որոշումներ պիտի առնեն, որոնք կրնան ազդել պաշտամունքի ազատութեան։ Ասիկա պիտի շարունակենք ընել, «որպէս զի խաղաղ ու հանդարտ կեանք վարենք կատարեալ աստուածպաշտութիւնով ու պարկեշտութիւնով», որպէսզի «բոլոր մարդիկ փրկուին»։—Ա. Տիմոթէոս 2։1-4

[Ստորանիշ]

a Տես՝ Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է գրքին 35–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

Վերաքաղի Հարցումներ

◻ Քրիստոնեաները ո՞ր «աշխարհ»ին մաս կը կազմեն, իսկ ո՞ր «աշխարհ»ին մաս չեն կազմեր։

◻ Անհատի մը ձեռքին ու ճակտին վրայի ‘գազանին դրոշմը’ ի՞նչ կը խորհրդանշէ, եւ Եհովայի հաւատարիմ ծառաները ի՞նչ նշաններ կը կրեն։

◻ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները մարդկային կառավարութիւններու հանդէպ ի՞նչ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունին։

◻ Եհովայի Վկաները ի՞նչ կերպերով մարդոց բարօրութեան նպաստած են։

[Նկար՝ էջ 15]

Ուրիշներու հանդէպ սիրալիր հետաքրքրութիւն ցոյց տալով, Եհովայի Վկաները իրենց համայնքին համար օգուտ մըն են

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել