Շուտով՝ Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը
«Ունայնութեան հնազանդեցան ստեղծուածները, . . . այն յոյսով, որ ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8։20, 21
1. Քաւութեան Օրը Յիսուսի զոհագործութիւնը ի՞նչպէս նախապատկերացուած էր։
ԵՀՈՎԱ իր միածին Որդին որպէս փրկանքի զոհ տալով, 144,000 մարդոց առջեւ երկնային կեանքի ճամբան բացաւ ու մնացեալ մարդկութեան համար ալ՝ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը։ (Ա. Յովհաննու 2։1, 2) Ինչպէս նկատի առինք նախորդ յօդուածին մէջ, հոգիէն ծնած Քրիստոնեաներուն համար Յիսուսի զոհագործութիւնը նախապատկերացուած էր, երբ տարեկան Քաւութեան Օրը, Իսրայէլի քահանայապետը մեղքի պատարագ ըլլալու զուարակ մը կը մատուցանէր՝ իրեն, իր ընտանիքին ու Ղեւի ցեղին համար։ Նոյն օրը, ան մեղքի պատարագ ըլլալու նոխազ մը կը մատուցանէր միւս բոլոր Իսրայելացիներուն համար, ճիշդ ինչպէս որ Քրիստոսի զոհը ընդհանուր մարդկութեան պիտի օգտէր։ Ողջ նոխազ մը ժողովուրդին անցեալ տարուան ընթացքին գործած բոլոր մեղքերը այլաբանօրէն իր վրայ առնելով անապատին մէջ կ’անհետանար։a —Ղեւտացւոց 16։7-15, 20-22, 26
2, 3. Հռովմայեցիս 8։20, 21–ին մէջ արձանագրուած Պօղոսի խօսքերը ի՞նչ իմաստ ունին։
2 «Աստուծոյ [երկնային] որդիներ»ը ըլլալու կարգ մը մարդոց յոյսը յիշելէն ետք, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ստեղծուածները մեծ ակնկալութեամբ Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն կը սպասեն։ Վասն զի ունայնութեան հնազանդեցան ստեղծուածները, (ոչ թէ իրենց կամքովը՝ հապա անոր համար որ Աստուած հնազանդեցուց,) այն յոյսով, որ ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին»։ (Հռովմայեցիս 8։14, 17, 19-21) Այս խօսքերուն իմաստը ի՞նչ է։
3 Երբ մեր նախահայրը Ադամ որպէս կատարեալ մարդ ստեղծուեցաւ, ան ‘Աստուծոյ որդին [կամ՝ զաւակն]’ էր։ (Ղուկաս 3։38) Մեղանչելուն պատճառաւ, ան ‘ապականութեան ծառայ’ եղաւ ու իր այս վիճակը մարդկային ցեղին ժառանգ ձգեց։ (Հռովմայեցիս 5։12) Աստուած թոյլ տուաւ որ մարդիկ ժառանգուած անկատարութեան պատճառաւ ‘ունայնութեամբ’ ծնին, բայց ան «սերունդ»ին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ միջոցաւ անոնց յոյս տուաւ։ (Ծննդոց 3։15. 22։18. Գաղատացիս 3։16) Յայտնութիւն 21։1-4–ը կը մատնանշէ այն ժամանակին, երբ ‘մահ, սուգ, աղաղակ եւ ցաւ պիտի չըլլան’։ Քանի որ ասիկա «մարդոց» տրուած խոստում մըն է, անիկա կը վստահեցնէ մեզ թէ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ ապրող մարդոցմէ բաղկացած երկրային նոր ընկերութիւն մը, մտքով ու մարմնով լիովին պիտի ապաքինի ու որպէս «Աստուծոյ [երկրային] որդիներ» յաւիտենական կեանք պիտի ստանայ։ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, հնազանդ մարդիկ ‘ապականութեան ծառայութենէն պիտի ազատուին’։ Վերջին փորձի մը ընթացքին Եհովայի հաւատարիմ մնալէն ետք, անոնք ժառանգուած մեղքէն ու մահէն յաւիտեան պիտի ազատագրուին։ (Յայտնութիւն 20։7-10) Այն ատեն, երկրի վրայ ապրողները «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին»։
Անոնք «Եկո՛ւր» կ’Ըսեն
4. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘կենաց ջուրը ձրի առնել’։
4 Մարդկութեան առջեւ ի՜նչ սքանչելի յոյս մը դրուած է։ Զարմանալի չէ որ տակաւին երկրի վրայ մնացած հոգիէն ծնած Քրիստոնեաներ, անոր մասին ուրիշներու պատմելու մէջ նախանձախնդրաբար առաջնորդութիւնը կ’առնեն։ Փառաւորուած Գառնուկին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ «հարս»ին մաս կազմող օծեալ մնացորդը, հետեւեալ մարգարէական խօսքերուն կատարման մէջ պարփակուած է. «Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. ‘Եկո՛ւր’ եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. ‘Եկո՛ւր’ ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ»։ (Յայտնութիւն 21։2, 9. 22։1, 2, 17) Յիսուսի փրկանքի զոհին օգուտները միայն 144,000 օծեալ անհատներու սահմանափակուած չեն։ Աստուծոյ հոգին կը շարունակէ գործել հարս դասակարգին երկրի վրայ մնացած անդամներուն միջոցաւ, «Եկո՛ւր» ըսելու համար։ Արդարութեան ծարաւը ունեցող ոեւէ անհատ որ կը լսէ, հրաւիրուած է ըսելու՝ «Եկո՛ւր», օգտուելու համար Եհովայի փրկութեան այս հոյակապ կարգադրութենէն։
5. Եհովայի Վկաները որո՞նց ներկայութեամբ ուրախ են։
5 Եհովայի Վկաները Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ կեանքի համար եղած Աստուծոյ կարգադրութիւններուն հաւատք կ’ընծայեն։ (Գործք 4։12) Անոնք ուրախ են որ իրենց մէջ կան պարկեշտ սիրտ ունեցողներ, որոնք կը փափաքին Աստուծոյ նպատակներուն մասին սորվիլ ու անոր կամքը կատարել։ Անոնց Թագաւորութեան Սրահները բաց են բոլոր անոնց առջեւ, որոնք այս «վերջին ժամանակ»ին մէջ կը փափաքին ‘գալ եւ կենաց ջուրը ձրի առնել’։—Դանիէլ 12։4
Ժամանակի Ընթացքին Եղած Փոփոխութիւնները
6. Աստուծոյ հոգին զանազան առիթներով Եհովայի ծառաներուն մէջ ի՞նչպէս գործած է։
6 Աստուած իր նպատակները իրագործելու համար ժամանակ մը ունի, եւ ասիկա մարդոց հետ իր գործելակերպին կ’ազդէ։ (Ժողովողի 3։1. Գործք 1։7) Թէեւ Աստուծոյ հոգին նախաքրիստոնէական շրջանի իր ծառաներուն վրայ եկաւ, բայց անոնք որպէս իր հոգեւոր որդիները չծնան։ Սակայն, Յիսուսէն սկսեալ, Եհովայի ժամանակը եկած էր որ իր սուրբ հոգին գործածելով, երկնային ժառանգութեան համար նուիրուած այրեր ու կիներ ծնանի։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել մեր օրերուն մասին։ Միեւնոյն հոգին կը գործէ Յիսուսի «ուրիշ ոչխարներ»ուն վրայ, բայց անիկա անոնց մէջ երկնային կեանքի յոյսը ու փափաքը չ’արթնցներ։ (Յովհաննու 10։16) Դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանքի իրենց աստուածատուր յոյսով, անոնք ուրախութեամբ օծեալ մնացորդին թիկունք կը կանգնին, հին աշխարհէն Աստուծոյ արդար նոր աշխարհը անցնելու այս շրջանի ընթացքին վկայութիւն տալու մէջ։—Բ. Պետրոս 3։5-13
7. Աստուածաշունչի Աշակերտները ո՞ր հունձքով հետաքրքրուած էին, բայց դրախտի մասին ի՞նչ գիտէին։
7 Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, սուրբ հոգիին թափուելով, Աստուած սկսաւ ‘շատ որդիներ փառքի մէջ մտցնել’, եւ ըստ երեւոյթին, ժամանակ սահմանեց ամբողջացնելու համար «Աստուծոյ [հոգեւոր] Իսրայէլ»ին 144,000 անդամներուն թիւը։ (Եբրայեցիս 2։10. Գաղատացիս 6։16. Յայտնութիւն 7։1-8) 1879–էն սկսեալ, այս պարբերաթերթին մէջ յաճախ յիշուեցաւ օծեալ Քրիստոնեաները ընդգրկող հունձքի մը մասին։ Սակայն, Աստուածաշունչի Աշակերտները (ներկայիս՝ Եհովայի Վկաներ) նաեւ գիտէին թէ Աստուածաշունչը երկրային դրախտի մը վրայ յաւիտենական կեանքի յոյսին մասին ալ կը խօսի։ Օրինակի համար, Դիտարան Յուլիս 1883–ի թիւը, ըսաւ. «Երբ Յիսուս իր թագաւորութիւնը հաստատէ, ամբարշտութիւնը բնաջնջէ, եւայլն, այս երկիրը դրախտ մը պիտի ըլլայ, . . . ու բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր վրայ պիտի ապրին։ Իսկ անոր օրէնքներուն հնազանդելով պիտի կարենան յաւիտեան ապրիլ»։ Ժամանակի ընթացքին, օծեալներուն հունձքը նուազեցաւ եւ երկնային յոյս չունեցող անհատներ աստիճանաբար Եհովայի կազմակերպութեան մէջ սկսան հաւաքուիլ։ Մինչ այդ, Աստուած իր օծեալ ծառաներուն՝ նորէն ծնած Քրիստոնեաներուն՝ ուշագրաւ ներատեսութիւն շնորհեց։—Դանիէլ 12։3. Փիլիպպեցիս 2։15. Յայտնութիւն 14։15, 16
8. 1930–ական թուականներուն առաջին կիսուն, երկրային յոյսի մասին հասկացողութիւնը ի՞նչպէս զարգացաւ։
8 Մասնաւորաբար 1931–էն ի վեր է որ երկրային յոյս ունեցողները քրիստոնէական ժողովքին հետ կ’ընկերակցին։ Այդ տարին, Եհովա հոգիէն ծնած Քրիստոնեաներու մնացորդը լուսաւորեց, որպէսզի տեսնէ թէ Եզեկիէլի 9–րդ գլուխը կ’ակնարկէ այս երկրային դասին, որ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ապրելու համար նշան կը ստանայ։ 1932–ին, եզրակացուեցաւ որ այս արդի ոչխարանման անհատները նախապատկերացուած էին Յէուի ընկերակցող Յովնադաբով։ (Դ. Թագաւորաց 10։15-17) 1934–ին, բացայայտ եղաւ որ «Յովնադաբները» պէտք էր իրենց անձերը Աստուծոյ «ընծայէին» կամ նուիրէին։ 1935–ին, «մեծ բազմութիւն»ը՝ որ նախապէս կը կարծուէր թէ երկնքի մէջ Քրիստոսի հարսին «ընկերակցող» երկրորդական հոգեւոր դաս մըն է՝ բնորոշուեցաւ որպէս երկրային յոյս ունեցող ուրիշ ոչխարներ։ (Յայտնութիւն 7։4-15. 21։2, 9. Սաղմոս 45։14, 15) Իսկ յատկապէս 1935–էն ի վեր, օծեալները երկրային դրախտի մը մէջ յաւիտեան ապրելու տենչացող ուղիղ մարդիկը փնտռելու մէջ առաջնորդութիւնը առած են։
9. 1935–էն ետք, Քրիստոնեաներէն ոմանք ինչո՞ւ Տէրունական Ընթրիքի խորհրդանիշերուն մասնակցելէ ետ կեցան։
9 1935–էն յետոյ, Տէրունական Ընթրիքին՝ հացին ու գինիին նախապէս մասնակցող Քրիստոնեաներէն ոմանք դադրեցան մասնակցելէ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ հասկցան որ իրենց յոյսը երկնային չէ, այլ՝ երկրային։ 1930–ին մկրտուած կին մը ըսաւ. «Թէեւ [մասնակցիլը] պատշաճ նկատուած էր, յատկապէս եռանդուն լիաժամ ծառաներուն համար, սակայն ես երբեք համոզուած չէի որ երկնային յոյս ունիմ։ Ապա 1935–ին, մեզի բացայայտ եղաւ որ մեծ բազմութիւն մը կը հաւաքուէր, երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսով։ Շատերս ուրախացանք հասկնալով թէ այդ մեծ բազմութեան մաս կը կազմէինք, եւ խորհրդանիշերուն մասնակցելէ ետ կեցանք»։ Նոյնիսկ քրիստոնէական գրականութիւններու բովանդակութիւնը փոփոխութիւն կրեց։ Մինչ նախկին տարիներու գրականութիւնները պատրաստուած էին գլխաւորաբար Յիսուսի՝ հոգիէն ծնած հետեւորդներուն համար, բայց 1935–էն ասդին, Դիտարան–ը եւ ‘հաւատարիմ ծառային’ միւս գրականութիւնները թէ՛ օծեալներուն եւ թէ երկրային յոյս ունեցող անոնց ընկերակիցներուն կարիքներուն գոհացում տուող հոգեւոր սնունդ հայթայթեցին։—Մատթէոս 24։45-47
10. Անհաւատարիմ օծեալ մը ի՞նչպէս կրնայ փոխարինուիլ։
10 Սեպենք թէ օծեալ մը անհաւատարիմ եղաւ, ուրիշ անհատ մը զինք կը փոխարինէ՞։ Պօղոս այլաբանական ձիթենիի ծառին մասին իր տուած բացատրութեան մէջ շատ բան յստակացուց։ (Հռովմայեցիս 11։11-32) Եթէ պէտք ըլլայ հոգիէն ծնած անհատ մը փոխարինել, հաւանաբար Աստուած ուրիշ անհատի մը երկնային կոչում կու տայ. անհատ մը՝ որ երկար տարիներ իրեն սրբազան ծառայութիւն մատուցանելու մէջ օրինակելի հաւատք ցուցաբերած է։—Բաղդատել՝ Ղուկաս 22։28, 29. Ա. Պետրոս 1։6, 7։
Երախտապարտ Ըլլալու Բազմաթիւ Պատճառներ
11. Մեր յոյսին բնոյթը ինչ որ ալ ըլլայ, Յակոբու 1։17–ն ի՞նչ բան կ’երաշխաւորէ։
11 Ո՛ւր որ ալ Եհովայի հաւատարմութեամբ ծառայենք, ան մեր կարիքները եւ պատշաճ փափաքները կը գոհացնէ։ (Սաղմոս 145։16. Ղուկաս 1։67-74) Ի՛նչ որ ալ ըլլայ մեր յոյսն ու հեռանկարը՝ երկնային թէ երկրային, Աստուծոյ երախտապարտ ըլլալու բազմաթիւ լաւ պատճառներ ունինք։ Ան միշտ զինք սիրողներուն լաւագոյն շահերուն նպաստող բաներ կ’ընէ։ Յակոբոս աշակերտ ըսաւ որ «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն է եւ լոյսի Հօրմէն [Եհովա Աստուծմէ] կ’իջնէ»։ (Յակոբու 1։17) Միասնաբար նկատի առնենք այս պարգեւներէն ու օրհնութիւններէն մի քանի հատը։
12. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Եհովա իր հաւատարիմ ծառաներուն իւրաքանչիւրին հոյակապ յոյս մը տուած է։
12 Եհովա իր հաւատարիմ ծառաներէն իւրաքանչիւրին հոյակապ յոյս մը տուած է։ Ան ոմանց երկնային կեանքի կանչած է։ Իր նախաքրիստոնէական վկաներուն, Եհովա՝ երկրի վրայ յարութիւն առնելով յաւիտեան ապրելու սքանչելի յոյսը տուաւ։ Օրինակի համար, Աբրահամ յարութեան կը հաւատար եւ կը սպասէր «այն հիմերով հաստատուած քաղաքին»՝ երկնային Թագաւորութեան, որու ներքեւ ան երկրային կեանքի պիտի յարուցանուէր։ (Եբրայեցիս 11։10, 17-19) Այս վերջին ժամանակին, անգամ մը եւս Աստուած միլիոնաւորներու դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը կը շնորհէ։ (Ղուկաս 23։43. Յովհաննու 17։3) Վստահաբար, ոեւէ անհատ որ Եհովայէ այս հոյակապ յոյսը ստացած է, պէտք է խորապէս երախտապարտ ըլլայ անոր համար։
13. Աստուծոյ սուրբ հոգին իր ժողովուրդին մէջ ի՞նչպէս գործած է։
13 Եհովա որպէս պարգեւ իր սուրբ հոգին կու տայ իր ժողովուրդին։ Երկնային յոյս ստացող Քրիստոնեաներ սուրբ հոգիով օծուած են։ (Ա. Յովհաննու 2։20. 5։1-4, 18) Սակայն, երկրային հեռանկարներ ունեցող Աստուծոյ ծառաները սուրբ հոգիին օգնութիւնը եւ առաջնորդութիւնը կը վայելեն։ Եհովայի հոգին ունեցողներուն մէջ կային Մովսէս ու իրեն օգնելու համար նշանակուած 70 տղամարդիկը։ (Թուոց 11։24, 25) Իսրայէլի տաղաւարի շինութեան ժամանակ, սուրբ հոգիին ներգործութեան ներքեւ Բեսելիէլը որպէս հմուտ արուեստագէտ ծառայեց։ (Ելից 31։1-11) Աստուծոյ հոգին եկաւ՝ Գեդէօնին, Յեփթայէին, Սամփսոնին, Դաւիթին, Եղիային, Եղիսէին եւ ուրիշներուն վրայ։ Թէեւ վաղեմի այս անհատները երկնային փառքի մէջ պիտի չմտնեն, սակայն անոնք սուրբ հոգիին առաջնորդութիւնը եւ օգնութիւնը ստացան, ներկայիս Յիսուսի ուրիշ ոչխարներուն նման։ Հետեւաբար, Աստուծոյ հոգին ունենալը չի նշանակեր թէ անպայմանօրէն երկնային կոչումը ունինք։ Այսուհանդերձ, Եհովայի հոգին առաջնորդութիւն կը հայթայթէ, մեզի կ’օգնէ քարոզելու եւ աստուածատուր ուրիշ նշանակումներ կատարելու, բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւն կու տայ, եւ մեր մէջ կ’արտադրէ իր հետեւեալ պտուղները՝ սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատք, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն։ (Յովհաննու 16։13. Գործք 1։8. Բ. Կորնթացիս 4։7-10. Գաղատացիս 5։22, 23) Աստուծոյ այս ձրի պարգեւին համար երախտապարտ պէտք չէ՞ ըլլանք։
14. Աստուծոյ տուած գիտութեան ու իմաստութեան պարգեւներէն ի՞նչպէս կ’օգտուինք։
14 Գիտութիւնը եւ իմաստութիւնը Աստուծմէ պարգեւներ են, որոնց համար երախտապարտ պէտք է ըլլանք, մեր յոյսը ըլլայ երկնային թէ երկրային։ Եհովայի ճշգրիտ գիտութիւնը կ’օգնէ մեզի ‘աւելի կարեւոր բաները ընտրելու’ եւ ‘Տէրոջը արժանի կերպով քալելու եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնելու’։ (Փիլիպպեցիս 1։9-11, ՆԱ. Կողոսացիս 1։9, 10) Աստուածային իմաստութիւնը որպէս պաշտպանութիւն ու կեանքի առաջնորդ կը ծառայէ։ (Առակաց 4։5-7. Ժողովողի 7։12) Ճշմարիտ գիտութիւնը եւ իմաստութիւնը հիմնուած են Աստուծոյ Խօսքին վրայ, իսկ երկրի վրայ մնացած քանի մը օծեալները յատկապէս հետաքրքրուած են թէ անիկա ի՛նչ կ’ըսէ իրենց երկնային յոյսին մասին։ Սակայն, Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ սէրը ու զայն լաւ հասկնալը Աստուծոյ կերպը չեն մեզի ցոյց տալու համար թէ երկնային կեանքի կանչուած ենք։ Մովսէսի եւ Դանիէլի նման անհատներ նոյնիսկ Աստուածաշունչէն մասեր գրեցին, բայց անոնք երկրի վրայ յարութիւն պիտի առնեն։ Մեր յոյսը երկնային ըլլայ թէ երկրային, բոլորս ալ Եհովայի նշանակած «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ հոգեւոր սնունդ կը ստանանք։ (Մատթէոս 24։45-47) Բոլորս ալ որքա՜ն երախտապարտ ենք այս կերպով մեր ձեռք ձգած գիտութեան համար։
15. Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւներէն մէկը ի՞նչ է եւ զայն ի՛նչպէս կը նկատէք։
15 Յիսուսի փրկանքի զոհի սիրալիր կարգադրութիւնը Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւներէն մէկն է, որմէ կ’օգտուինք, երկնային ակնկալութիւն ունենանք թէ՝ երկրային։ Աստուած մարդկային աշխարհը այնչափ սիրեց որ «մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ (Յովհաննու 3։16) Իսկ Յիսուսի սէրը մղեց զինք «իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։ (Մատթէոս 20։28) Ինչպէս Յովհաննէս առաքեալ բացատրեց, Յիսուս Քրիստոս «մեր մեղքերուն քաւութիւն է եւ ո՛չ միայն մերիններուն [օծեալներուն], հապա բոլոր աշխարհին ալ»։ (Ա. Յովհաննու 2։1, 2) Հետեւաբար, բոլորս ալ պէտք է խորապէս երախտապարտ ըլլանք յաւիտենական կեանքի համար փրկուելու այս սիրալիր կարգադրութեան համար։b
Ներկայ Պիտի Ըլլա՞ք
16. 11 Ապրիլ 1998–ին՝ արեւնամուտէն ետք, ո՞ր ուշագրաւ դէպքը պիտի տօնակատարուի, եւ որո՞նք ներկայ պէտք է ըլլան։
16 Իր Որդւոյն միջոցաւ Աստուծոյ հայթայթած փրկանքին հանդէպ երախտագիտութիւնը պէտք է մղէ մեզ ներկայ գտնուելու Թագաւորութեան Սրահներուն կամ ուրիշ վայրերու մէջ, ուր Եհովայի Վկաները պիտի հաւաքուին 11 Ապրիլ 1998–ին՝ արեւնամուտէն ետք, Քրիստոսի մահը յիշատակելու համար։ Երբ իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը իր հաւատարիմ առաքեալներուն հետ այս տօնը հաստատեց, Յիսուս ըսաւ. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ (Ղուկաս 22։19, 20. Մատթէոս 26։26-30) Մնացած քանի մը օծեալներ պիտի մասնակցին Յիսուսի անմեղ մարդկային մարմինը պատկերացնող անխմոր հացին եւ իր զոհագործուած արիւնը խորհրդանշող կարմիր զուտ գինիին։ Միմիայն հոգիէն ծնած Քրիստոնեաները պէտք է մասնակցին, քանի որ միայն անոնք նոր ուխտին եւ Թագաւորութեան ուխտին մէջ են եւ Աստուծոյ սուրբ հոգիին անուրանալի վկայութիւնը ունին, թէ իրենց յոյսը երկնային է։ Միլիոնաւոր ուրիշներ ալ ներկայ պիտի ըլլան, բայց միայն որպէս յարգալից հանդիսատեսներ, որոնք երախտապարտ են յաւիտենական կեանքը կարելի դարձնող Յիսուսի զոհագործութեամբ Աստուծոյ ու Քրիստոսին ցուցաբերած սիրոյն համար։—Հռովմայեցիս 6։23
17. Հոգիէն ծնանելու մասին, ի՞նչ բան պէտք չէ մոռնանք։
17 Կրօնական նախկին տեսակէտներ, սիրելիի մը մահուան պատճառով յառաջ եկած զօրաւոր զգացումները, մեր առօրեայ կեանքին մէջ դիմագրաւած դժուարութիւնները, կամ Եհովայէն մասնայատուկ օրհնութիւն մը ստանալու զգացումը, կրնան ոմանց սխալ կերպով մտածել տալ թէ երկնային կոչում տրուած է իրենց։ Բայց բոլորս ալ պէտք է յիշենք թէ Աստուածաշունչը մեզի չի պատուիրեր որ Քրիստոսի փրկանքի զոհին հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն մասնակցինք։ Ասկէ զատ, հոգիէն օծուիլը «մարդուն ուզելէն կամ ջանքէն չէ, հապա Աստուծմէ», որ Յիսուսը ծնաւ որպէս հոգեւոր Որդի եւ միայն 144,000 ուրիշ որդիներ փառքի մէջ կը մտցնէ։—Հռովմայեցիս 9։16. Եսայեայ 64։8
18. Ներկայիս Եհովայի ծառաներուն մեծամասնութիւնը ի՞նչ օրհնութիւններ կ’ակնկալէ։
18 Այս վերջին օրերուն Եհովայի ծառայող մարդոց մեծամասնութեան աստուածատուր յոյսն է՝ դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Շուտով անոնք այս սքանչելի դրախտը պիտի վայելեն։ Այն ատեն երկնային իշխանութեան ներքեւ գործող իշխաններ երկրային գործերուն հոգ պիտի տանին։ (Սաղմոս 45։16) Խաղաղ վիճակներ պիտի տիրեն, մինչ երկրի բնակիչները Աստուծոյ օրէնքներուն կը համակերպին ու Եհովայի ճամբաներուն մասին աւելի կը սորվին։ (Եսայեայ 9։6, 7. Յայտնութիւն 20։12) Ընելիք շատ բան պիտի ըլլայ, ինչպէս՝ տուներ շինել ու երկրին տիրել։ (Եսայեայ 65։17-25) Նաեւ երեւակայեցէք ընտանիքներու ուրախ վերամիացումը, երբ մեռելները ետ կեանքի գան։ (Յովհաննու 5։28, 29) Վերջնական փորձէ մը ետք, ամբարշտութիւնը վերջ պիտի գտնէ։ (Յայտնութիւն 20։7-10) Անկէ ետք ու յաւիտեան, երկիրը կատարեալ մարդոցմով պիտի լեցուի, որոնք ‘ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը հասած’ պիտի ըլլան։
[Ստորանիշներ]
a Տես՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր Ա., էջ 225-226։
b Տես՝ Դիտարան 1 Մայիս 1991, էջ 26-28։
Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ի՞նչ կը նշանակէ ‘կենաց ջուրը ձրի առնել’։
◻ Մեր յոյսը ըլլայ երկնային թէ երկրային, Աստուծոյ երախտապարտ ըլլալու ի՞նչ պատճառներ ունինք։
◻ Բոլորս ալ տարեկան ո՞ր տօնակատարութեան ներկայ պէտք է գտնուինք։
◻ Եհովայի ժողովուրդին մեծամասնութեան համար ապագան ի՞նչ կը վերապահէ։
[Նկար՝ էջ 18]
Միլիոնաւորներ սկսած են ‘կենաց ջուրը ձրի առնել’։ Դուք ալ անոնց մէ՞ջ էք