Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 11/1 էջ 28-32
  • Ձեր փրկութեան համար աշխատեցէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ձեր փրկութեան համար աշխատեցէք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Շինելու’ Գործը, Զոր կ’Ընենք Մեր Մէջ
  • Յուդայի Թագաւորները Իրենք Ընտրեցին
  • Եհովա Վստահութիւն Ունի Ձեր Վրայ
  • Ո՛վ պատանիներ, իմաստուն որոշումներ կայացուցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Աստուծոյ Խօսքը ո՞րքան կը սիրէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Երբ մեծնան՝ Աստուծոյ պիտի ծառայե՞ն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Ձեր գործը կրակի պիտի դիմանա՞յ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 11/1 էջ 28-32

Ձեր փրկութեան համար աշխատեցէք

«Իմ սիրելիներս, . . . ահով ու դողով անձերնուդ փրկութիւնը գործեցէք [«ձեր փրկութեան համար աշխատեցէք», Անթիլիաս]»։—ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 2։12

1, 2. Ժողովրդական ի՞նչ հասկացողութիւններ շատերուն խորհիլ տուած են որ իրենց կեանքին ղեկը իրենց ձեռքը չէ։

«ԱՅԴՊԷ՞Ս ծնած էք»։ Վերջերս այս հարցումը ժողովրդական պարբերաթերթի մը կողքը զարդարած էր։ Խորագրին ներքեւ հետեւեալը գրուած էր. «Անձնաւորութիւնը, բնաւորութիւնը, նոյնիսկ նախընտրութիւնները։ Նոր ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան որ ասոնք մեծաւ մասամբ ժառանգական են»։ Այսպիսի դաւանութիւններու պատճառաւ ոմանք կրնան խորհիլ թէ իրենց կեանքին ղեկը գրեթէ իրենց ձեռքը չէ։

2 Ուրիշներ կը վախնան որ իրենց ծնողներուն կատարած խեղճ ծնողութիւնը, կամ ուսուցիչներուն խեղճ ուսուցումը կերպով մը զիրենք դատապարտած է ապերջանիկ կեանքի մը։ Անոնք կը զգան որ իրենց ծնողներուն սխալը կրկնելու, իրենց ամենավատ մղումներուն համաձայն գործելու, Եհովայի անհաւատարիմ ըլլալու, ուրիշ խօսքով՝ գէշ ընտրութիւններ ընելու դատապարտուած են։ Աստուածաշունչը ասիկա կը սորվեցնէ՞։ Կան կարգ մը կրօնասէր անհատներ, որոնք կը պնդեն որ Աստուածաշունչը ասոր նման բան մը կը սորվեցնէ՝ նախասահմանումի վարդապետութիւնը։ Այս վարդապետութեան համաձայն, Աստուած շատոնց նախասահմանած է ձեր կեանքին մէջ պատահելիք բոլոր իրադարձութիւնները։

3. Մեր ապագային համար մենք պատասխանատու ըլլալուն մասին Աստուածաշունչը քաջալերական ի՞նչ պատգամ կու տայ։

3 Այս բոլոր տարբեր հասկացողութիւնները հասարակաց մէկ պատգամ կը հաղորդեն. ձեր կեանքին բռնած ուղղութեան վրայ շատ քիչ հեղինակութիւն ունիք։ Ասիկա մարդը յուսահատութեան կը մատնէ, իսկ յուսահատութիւնը՝ խնդիրը կը բարդացնէ։ Առակաց 24։10–ն կ’ըսէ. «Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, ոյժդ քիչ է»։ Սակայն կը քաջալերուինք գիտնալով որ ըստ Աստուածաշունչին, կրնանք ‘մեր փրկութեան համար աշխատիլ’։ (Փիլիպպեցիս 2։12) Սուրբ գրային այս դրական ուսուցումին վրայ մեր վստահութիւնը ի՞նչպէս կրնանք հաստատել։

‘Շինելու’ Գործը, Զոր կ’Ընենք Մեր Մէջ

4. Թէեւ Ա. Կորնթացիս 3։10-15–ը կը խօսի կրակի դիմացող նիւթերով շինելու մասին, բայց ասիկա ի՞նչ չի նշանակեր։

4 Նկատի առէք Ա. Կորնթացիս 3։10-15–ի մէջ գտնուած Պօղոս առաքեալի գործածած օրինակը։ Հոն, ան կը խօսի քրիստոնէական շինարարութեան մը մասին եւ այս օրինակին սկզբունքը կարելի է կիրարկել մեր ներքին ու արտաքին ծառայութեան։ Արդեօք հոն այն գաղափարը կու տա՞յ որ Եհովայի ծառայելու եւ այդ որոշումին վրայ մնալու աշակերտի մը վերջնական ընտրութիւնը ամբողջովին իր ուսուցիչին եւ մարզողին պատասխանատուութիւնն է։ Ո՛չ։ Պօղոս ուսուցիչի մը կարելի եղածին չափ լաւ շինարարութիւն ընելուն կարեւորութիւնը կը շեշտէր։ Բայց ինչպէս սորվեցանք նախորդ յօդուածէն, ինք ըսել չէր ուզեր որ սորվողը կամ աշակերտը այս հարցին մէջ ընտրութիւն չունի։ Ճիշդ է որ հոս Պօղոս ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ ուրիշներուն մէջ մեր կատարած գործին եւ ո՛չ թէ մենք մեզ կերտելու վրայ։ Ասիկա բացայայտ է, քանի որ Պօղոս կը խօսի անփոյթ շինարարութեան փճացուելուն մասին, մինչ շինողը կը փրկուի։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչը երբեմն նոյն արտայայտութիւնը կը գործածէ մեր մէջ մեր կատարած գործին մասին։

5. Ո՞ր համարները ցոյց կու տան որ Քրիստոնեաները իրենք իրենց մէջ ալ ‘շինելու’ գործ մը պէտք է ընեն։

5 Նկատի առէք, զոր օրինակ, Յուդա 20, 21–ը. «Դո՛ւք, սի՛րելիներ, անձերնիդ շինեցէք ձեր ամենասուրբ հաւատքին վրայ եւ Սուրբ Հոգիով աղօթեցէք, անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»։ Հոս, Յուդա կը գործածէ Յունարէն այն նոյն ‘շինել’ բառը, զոր Պօղոս կը գործածէ Ա. Կորնթացիս 3–րդ գլուխին մէջ. բայց հոս կէտը այդ է որ մենք մեզ կը շինենք, մեր հաւատքին հիման վրայ։ Իր տունը ժայռի վրայ շինած մարդուն մասին Յիսուսի առակը արձանագրած ժամանակ, Ղուկաս «հիմ»ի համար կը գործածէ Յունարէն այն նոյն բառը, զոր Պօղոս կը գործածէ քրիստոնէական շինարարութեան մասին իր տուած օրինակին մէջ։ (Ղուկաս 6։48, 49) Երբ իր հաւատակիցները կը յորդորէ որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն, Պօղոս դարձեալ կը գործածէ «հիմ»ան մը վրայ հաստատուած ըլլալուն պատկերը։ Այո, Աստուծոյ Խօսքը մեզի կը սորվեցնէ թէ մենք մեր անձին մէջ «շինել»ու գործ մը կը կատարենք։—Եփեսացիս 3։15-19. Կողոսացիս 1։23. 2։7

6. (ա) Բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ աշակերտ շինարարական միացեալ աշխատանքի մը արդիւնքն է։ (բ) Իւրաքանչիւր աշակերտ ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունի։

6 Քրիստոնեայ մը շինելը մէ՞կ մարդու գործ է։ Լաւ, ենթադրենք որ որոշեցիք տուն մը կառուցանել։ Յատակագծին համար ճարտարապետ մը կը տեսնէք։ Մինչ կը մտադրէք գործին մեծամասնութիւնը անձամբ կատարել, բայց կապալառու մը կը վարձէք, որպէսզի ձեզի հետ աշխատի եւ ձեզի լաւագոյն կերպերը յանձնարարէ։ Եթէ ան հաստատուն հիմ մը նետէ, ձեզի օգնէ որ յատակագիծը հասկնաք, լաւագոյն ատաղձը գնելու համար թելադրութիւն տայ եւ նոյնիսկ շինարարութեան մասին շատ բան սորվեցնէ ձեզի, հաւանաբար պիտի համաձայնիք որ ան լաւ գործ մը ըրաւ։ Բայց եթէ դուք անոր տուած խրատները անտեսէք, աժան կամ ցածորակ ատաղձ գնէք եւ նոյնիսկ ճարտարապետին յատակագծէն շեղիք, հետեւանքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ Եթէ տունը փուլ գայ, վստահաբար պիտի չկարենաք այպանել կապալառուն կամ ճարտարապետը։ Նոյն կերպով, իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ աշակերտ շինարարական միացեալ աշխատանքի արդիւնքն է։ Եհովա մեծագոյն ճարտարապետն է։ Ինք թիկունք կը կանգնի այն հաւատարիմ Քրիստոնեային, որ որպէս «Աստուծոյ գործակից»ը աշակերտի մը կը սորվեցնէ ու զայն կը կերտէ։ (Ա. Կորնթացիս 3։9) Սակայն ասոր մէջ աշակերտն ալ բաժին ունի։ Վերջ ի վերջոյ, ի՛նք պատասխանատու է իր անձնական ապրելակերպին։ (Հռովմայեցիս 14։12) Եթէ կ’ուզէ քրիստոնէական գեղեցիկ յատկութիւններ ունենալ, պէտք է ծանր աշխատի զանոնք ձեռք ձգելու ու իր մէջ կերտելու համար։—Բ. Պետրոս 1։5-8

7. Կարգ մը Քրիստոնեաներ ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, սակայն ի՞նչ բան կրնայ մխիթարել զիրենք։

7 Սակայն ասիկա կը նշանակէ՞ թէ մեր ծիները, միջավայրը եւ մեր ուսուցիչներուն որակը իմաստ մը չունին։ Անշուշտ ոչ։ Աստուծոյ Խօսքը կը գիտակցի որ այս բոլորը իրենց կարեւորութիւնը եւ ազդեցութիւնը ունին։ Մեղաւոր, բացասական շատ մը հակումներ բնածին են եւ անոնց դէմ պայքար մղելը դժուար կրնայ ըլլալ։ (Սաղմոս 51։5. Հռովմայեցիս 5։12. 7։21-23) Ծնողական մարզումը եւ տան մթնոլորտը շատ մեծ ազդեցութիւն կրնան ունենալ երախաներուն վրայ. լաւ կամ գէշ։ (Առակաց 22։6. Կողոսացիս 3։21) Յիսուս դատապարտեց Հրեայ կրօնական առաջնորդները, ուրիշներու վրայ անոնց ուսուցումին ձգած գէշ ազդեցութեան համար։ (Մատթէոս 23։13, 15) Ներկայիս այսպիսի ազդակներ բոլորիս կ’ազդեն։ Օրինակ, Աստուծոյ ծառաներէն ոմանք դժուար մանկութիւն մը ունեցած են եւ որպէս հետեւանք դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Անոնք մեր ազնուութեան եւ կարեկցութեան պէտք ունին։ Իսկ անոնք կրնան մխիթարուիլ Աստուածաշունչի պատգամով, թէ իրենք իրենց ծնողներուն սխալները կրկնելու կամ անհաւատարիմ ըլլալու դատապարտուած չեն։ Նկատի առէք թէ վաղեմի Յուդայի թագաւորներէն ոմանք ի՛նչպէս կը լուսաբանեն այս կէտը։

Յուդայի Թագաւորները Իրենք Ընտրեցին

8. Յովաթամ իր հօրը մէջ ի՞նչ խեղճ օրինակ տեսաւ, եւ սակայն ինք ի՞նչ ընտրութիւն ըրաւ։

8 Ոզիա (Ազարիա) իր մատղաշ տարիքին, 16 տարեկանին Յուդայի թագաւորը եղաւ եւ 52 տարի թագաւորեց։ Գրեթէ այդ բոլոր ժամանակամիջոցին, «անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ՝ իր հօրը Ամասիային բոլոր ըրածին պէս»։ (Դ. Թագաւորաց 15։3) Եհովա զինք օրհնեց, զինուորական ապշեցուցիչ յաղթանակներ տալով։ Դժբախտաբար, սակայն, յաջողութիւնը Ոզիան սնապարծ դարձուց։ Ան հպարտացաւ եւ Եհովայի դէմ ըմբոստացաւ, տաճարին մէջ խունկի սեղանին վրայ խունկ ծխելով, որ քահանաներուն վերապահուած էր։ Ոզիա յանդիմանուեցաւ, բայց ան ցասումով պատասխանեց։ Ապա, ան նուաստացաւ. բորոտութեամբ զարնուեցաւ եւ ստիպուեցաւ իր կեանքին մնացեալ օրերը մեկուսացած ապրիլ։ (Բ. Մնացորդաց 26։16-23) Ի՞նչ եղաւ իր որդւոյն, Յովաթամի հակազդեցութիւնը։ Այս երիտասարդը կրնար հեշտութեամբ իր հօրմէն ազդուիլ եւ Եհովայի պատիժին դէմ ընդվզիլ։ Ժողովուրդն ալ կրնար բացասական ազդեցութիւն մը ունենալ, քանի որ անոնք կրօնական սխալ սովորութիւններու անձնատուր եղած էին։ (Դ. Թագաւորաց 15։4) Սակայն, Յովաթամ իր անձնական ընտրութիւնը ըրաւ. Ան «Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ»։—Բ. Մնացորդաց 27։2

9. Աքազ ի՞նչ լաւ ազդեցութիւններու ներքեւ էր, բայց ան ի՞նչպիսի կեանք մը ունեցաւ։

9 Յովաթամ 16 տարի իշխեց, որու ընթացքին Եհովայի հաւատարիմ մնաց։ Ուստի, իր որդին Աքազ հաւատարիմ հօրը հոյակապ օրինակը ունէր իր առջեւ։ Ան ուրիշ լաւ ազդեցութիւններ ալ ունեցաւ։ Առանձնաշնորհումը ունեցաւ ապրելու երբ հաւատարիմ Եսայի, Ովսէէ եւ Միքիա մարգարէները երկրին մէջ մարգարէութիւն կ’ընէին։ Բայց ան գէշ ընտրութիւն մը ըրաւ։ «Իր հօրը Դաւիթին պէս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն չըրաւ»։ Ան Բահաղի արձաններ կանգնեց եւ զանոնք պաշտեց, նոյնիսկ իր որդիներէն ոմանք հեթանոս չաստուածներու զոհի կրակին մէջ այրեց։ Հակառակ իր ունեցած լաւ ազդեցութիւններուն, ան որպէս թագաւոր եւ որպէս Եհովայի ծառայ, ողորմելիօրէն ձախողեցաւ։—Բ. Մնացորդաց 28։1-4

10. Աքազ ի՞նչպիսի հայր մըն էր, բայց իր որդին Եզեկիա ի՞նչ ընտրեց։

10 Մաքուր պաշտամունքի ակնոցով դիտուած, դժուար է Աքազէն վատ հայր մը երեւակայել։ Սակայն իր որդին՝ Եզեկիա՝ իր հայրը ընտրելու կարելիութիւն չունէր։ Բահաղի զոհելու համար Աքազի սպաննած մանուկներուն մէջ հաւանաբար կային Եզեկիայի եղբայրները։ Այս սարսափելի անցեալը Եզեկիան դատապարտե՞ց Եհովայի անհաւատարիմ ըլլալու։ Հակառակը, Եզեկիան Յուդայի հազուագիւտ մեծ թագաւորներէն մէկը եղաւ. հաւատարիմ, իմաստուն եւ սիրելի։ Իսկ «Տէրը անոր հետ էր»։ (Դ. Թագաւորաց 18։3-7) Արդարեւ, ամէն պատճառ ունինք հաւատալու որ Եզեկիա երբ տակաւին երիտասարդ իշխանազուն մըն էր, 119–րդ ներշնչեալ սաղմոսը գրեց։ Եթէ այս է պարագան, դժուար չէ տեսնել թէ ինչո՛ւ հետեւեալ խօսքերը գրեց. «Իմ անձս տրտմութենէ կը հալի»։ (Սաղմոս 119։28) Հակառակ իր վշտալի դժուարութիւններուն, Եզեկիա թոյլ տուաւ որ Եհովայի Խօսքը զինք առաջնորդէ։ Սաղմոս 119։105–ը կ’ըսէ. «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս»։ Այո, Եզեկիա ինքն իր ընտրութիւնը ըրաւ. արդարեւ շիտա՛կ ընտրութիւն մը։

11. (ա) Հակառակ իր հօրը ունեցած լաւ ազդեցութեան, Մանասէ ո՞ր աստիճան ըմբոստացաւ Եհովայի դէմ։ (բ) Մանասէ իր կեանքի վերջաւորութեան ի՞նչ ընտրութիւն ըրաւ եւ ասկէ ի՛նչ կը սորվինք։

11 Զարմանալիօրէն սակայն, Յուդայի լաւագոյն թագաւորներէն, վատագոյն թագաւոր մը մէջտեղ եկաւ։ Եզեկիայի որդին Մանասէ, կռապաշտութիւնը, ոգեհարցութիւնը եւ ամէն տեսակ բռնութիւնը քաջալերեց աննախընթաց տարողութեամբ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ որ «Տէրը Մանասէին ու անոր ժողովուրդին խօսեցաւ», հաւանաբար մարգարէներու միջոցաւ։ (Բ. Մնացորդաց 33։10) Հրէական աւանդութեան համաձայն, Մանասէ ասոր ընդառաջեց՝ Եսային սղոցելով։ (Բաղդատել՝ Եբրայեցիս 11։37։) Պարագան այս ըլլայ կամ ոչ, Մանասէ աստուածային ազդարարութիւններուն մտիկ չըրաւ։ Ան նոյնիսկ իր որդիներէն քանի մը հատը ողջակէզ ըրաւ, ինչպէս իր մեծ–հայրը Աքազ ըրած էր։ Սակայն այս ամբարիշտ մարդը, իր կեանքի վերջաւորութեան խիստ փորձութիւններու դիմաց զղջաց եւ իր կենցաղը փոխեց։ (Բ. Մնացորդաց 33։1-6, 11-20) Իր օրինակէն կը սորվինք որ սարսափելի ընտրութիւններ ըրած անհատ մը անգամ անպայմանօրէն կորսուած չէ. ան կրնայ փոխուիլ։

12. Եհովայի ծառայելու նկատմամբ Ամոն եւ իր որդին Յովսիա ի՞նչ հակասական ընտրութիւններ ըրին։

12 Մանասէի որդին Ամոնը, շատ լաւ դաս կրնար առնել իր հօրը զղջումէն։ Բայց ան սխալ ընտրութիւններ ըրաւ։ Ամոն նոյնիսկ «աւելի յանցանք գործեց», մինչեւ որ սպաննուեցաւ։ Իր որդին Յովսիա իր ճիշդ հակառակն էր։ Երեւութապէս, Յովսիա նախընտրեց իր մեծ–հօրը փորձառութենէն դաս առնել։ Ան ութ տարեկանին սկսաւ իշխել։ Երբ հազիւ 16 տարեկան էր, ան սկսաւ Եհովան փնտռել եւ անկէ ետք օրինակելի ու հաւատարիմ թագաւոր մը եղաւ։ (Բ. Մնացորդաց 33։20–34։5) Ան շիտակ ընտրութիւն մը ըրաւ։

13. (ա) Մեր նկատի առած Յուդայի թագաւորներէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։ (բ) Ծնողական մարզումը ո՞րքան կարեւոր է։

13 Յուդայի եօթը թագաւորներու այս հակիրճ քննութիւնը ուժեղ դաս մը կը պարունակէ։ Կարգ մը պարագաներու, ամենաչար թագաւորներ լաւագոյն զաւակներ ունեցան, իսկ ասոր հակառակը, լաւագոյն թագաւորներ՝ ամենաչար զաւակներ ունեցան։ (Բաղդատել՝ Ժողովողի 2։18-21։) Ասիկա սակայն ծնողական մարզումին կարեւորութիւնը չի նսեմացներ։ Այն ծնողները, որոնք իրենց զաւակները Եհովայի ճամբաներուն համաձայն կը մարզեն, վստահաբար իրենց զաւակներուն Եհովայի հաւատարիմ ծառայ մը ըլլալու լաւագոյն պատեհութիւնը կու տան։ (Բ. Օրինաց 6։6, 7) Այսուհանդերձ, կարգ մը զաւակներ սխալ ճամբայ կ’ընտրեն, հակառակ իրենց հաւատարիմ ծնողներուն լաւագոյն ջանքերուն։ Ուրիշ զաւակներ, ի հեճուկս ծնողական գէշ ազդեցութեան, կ’ընտրեն Եհովան սիրել ու անոր ծառայել։ Իսկ անոր օրհնութեամբ, յաջող կեանք մը կ’ունենան։ Երբեմն հարց կու տա՞ք թէ արդեօք ձեր պարագային ո՛ր մէկը պիտի ըլլայ։ Ուրեմն նկատէ առէք թէ ի՛նչպէս Եհովա երաշխիք կու տայ թէ դուք կրնաք շիտակ ընտրութիւն մը ընել։

Եհովա Վստահութիւն Ունի Ձեր Վրայ

14. Ի՞նչպէս գիտենք որ Եհովա կը հասկնայ մեր սահմանափակումները։

14 Եհովա ամէն բան կը տեսնէ։ Առակաց 15։3–ը կ’ըսէ. «Տէրոջը աչքերը ամէն տեղ չարերն ու բարիները կը դիտեն»։ Դաւիթ Թագաւոր Եհովայի համար ըսաւ. «Քու աչքերդ իմ անկատար կազմուածքս տեսան ու անդամներուս բոլորը քու գրքիդ մէջ գրուած էին, որոնք ժամանակին պիտի կազմուէին, երբ դեռ անոնցմէ մէկը չկար»։ (Սաղմոս 139։16) Ուստի Եհովա գիտէ թէ ո՛ր բացասական հակումներու դէմ կը պայքարիք, ըլլայ ժառանգականօրէն, թէ՝ կամքէ անկախ պատճառներու հետեւանքով ձեռք ձգուած։ Ան ճշգրտօրէն կը հասկնայ թէ այս բաները ո՛րքան ազդած են ձեզի։ Ան գիտէ ձեր սահմանափակումները, նոյնիսկ ձեզմէ լաւ։ Իսկ ան ողորմած է։ Ան մեզմէ բնաւ աւելին չ’ակնկալեր քան ինչ որ տրամաբանօրէն կրնանք ընել։—Սաղմոս 103։13, 14

15. (ա) Ուրիշներու կողմէ դիտումնաւոր կերպով վնասուած անհատներ ի՞նչ բանով կրնան մխիթարուիլ։ (բ) Եհովա ամէն մէկուս ի՞նչ պատասխանատուութիւն տալով մեզ կը պատուէ։

15 Միւս կողմէ, Եհովան մեզ չի նկատեր որպէս պարագաներու անօգնական զոհ մը։ Եթէ անցեալին գէշ վերաբերմունքի հանդիպած ենք, կրնանք մխիթարուիլ, գիտնալով որ Եհովա կ’ատէ այդպիսի կամայական ու վնաս հասցնող ընթացք մը։ (Սաղմոս 11։5. Հռովմայեցիս 12։19) Սակայն, ան պիտի խնայէ՞ մեզ, եթէ կռնակ դարձնենք եւ գիտակցաբար սխալ ընտրութիւններ ընենք։ Անշուշտ ո՛չ։ Իր Խօսքը կ’ըսէ. «Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ»։ (Գաղատացիս 6։5) Եհովա իր իւրաքանչիւր մտացի արարածը պատուած է, անոր տալով շիտակը ընելու եւ իրեն ծառայելու պատասխանատուութիւնը։ Ճիշդ ինչպէս որ Մովսէս ըսաւ Իսրայէլ ազգին. «Այսօր երկինքն ու երկիրը վկայ կը բռնեմ ձեզի, որ կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեանքը ընտրէ որպէս զի ապրիք՝ դուն եւ քու սերունդդ»։ (Բ. Օրինաց 30։19) Եհովա վստահ է որ մենք ալ կրնա՛նք շիտակ ընտրութիւն ընել։ Ի՞նչպէս գիտենք ասիկա։

16. Ի՞նչպէս կրնանք յաջող կերպով ‘մեր անձերուն փրկութեան համար աշխատիլ’։

16 Նկատի առէք ինչ որ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Իմ սիրելիներս, . . . ահով ու դողով անձերնուդ փրկութիւնը գործեցէք [«ձեր փրկութեան համար աշխատեցէք», Անթիլիաս]. վասն զի Աստուած է որ ձեր մէջ կը ներգործէ կամենալը ու ընելը իր հաճութեանը համար»։ (Փիլիպպեցիս 2։12, 13) «Գործեցէք» թարգմանուած բնագիր Յունարէն բառը, հոս կը նշանակէ բան մը ամբողջացնել։ Ուստի, ոեւէ մէկս ձախողելու կամ հեղգանալու համար վիճակուած չենք։ Եհովա Աստուած վստահ եղած պէտք էր ըլլար որ մենք կրնանք մեզի տրուած գործը՝ մեր փրկութեան տանող գործը՝ ամբողջացնել, ապա թէ ոչ այսպիսի արտայայտութիւն մը ներշնչել չէր տար։ Բայց ի՞նչ կերպով կը յաջողինք ասիկա ընել։ Մեր անձնական զօրութեամբ չէ։ Եթէ մենք մեզմով բաւական զօրաւոր ըլլայինք՝ «ահով ու դողով» պիտի չընէինք ասիկա։ Հապա, Եհովա ‘կը ներգործէ մեր մէջ’, իր սուրբ հոգին մեր մտքին ու սրտին մէջ կ’աշխատի, մեզի օգնելով որ ‘կամենանք ու ընենք’։ Այս սիրալիր օգնութեամբ, պատճառ ունի՞նք կեանքի մէջ շիտակ ընտրութիւններ չընելու եւ անոնց համաձայն չապրելու։ Ո՛չ։—Ղուկաս 11։13

17. Մեր մէջ ի՞նչ փոփոխութիւններ կրնանք ընել, եւ Եհովա ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ ասիկա ընելու։

17 Խոչընդոտներ կան, զորս պէտք է յաղթահարենք. թերեւս մեր կեանքի տեւողութեան ձեռք ձգուած գէշ ունակութիւններ եւ վնասակար ազդեցութիւններ, որոնք կրնան մեր միտքը խեղաթիւրել։ Սակայն, Եհովայի հոգիին օգնութեամբ, կրնա՛նք զանոնք նուաճել։ Ինչպէս Պօղոս գրեց Կորնթոսի Քրիստոնեաներուն, Աստուծոյ Խօսքը բաւարար ուժեղ է նոյնիսկ «ամրոցներ» տապալելու համար։ (Բ. Կորնթացիս 10։4) Իրականութեան մէջ, Եհովա կրնայ մեզի օգնել որ արմատական փոփոխութիւններ ընենք մեր կեանքին մէջ։ Իր Խօսքը կը յորդորէ որ ‘մեր վրայէն հանենք հին անձնաւորութիւնը’ եւ ‘հագնինք նոր անձնաւորութիւնը’, «որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է»։ (Եփեսացիս 4։22-24, ՆԱ) Եհովայի հոգին իրապէս կրնա՞յ մեզի օգնել որ այսպիսի փոփոխութիւններ ընենք։ Անշո՜ւշտ։ Աստուծոյ հոգին մեր մէջ պտուղներ կը յառաջացնէ. գեղեցիկ, թանկարժէք յատկութիւններ, զորս բոլորս կը փափաքինք մշակել։ Անոնցմէ առաջինը՝ սէրն է։—Գաղատացիս 5։22, 23

18. Ամէն բանաւոր անհատ ի՞նչ ընտրութիւն ընելու կարող է, եւ ասիկա ի՞նչ որոշումի յանգելու պիտի օգնէ մեզի։

18 Ահաւասիկ մեծ ու ազատագրող ճշմարտութիւն մը։ Եհովա Աստուած սիրելու անսահման կարողութիւն ունի, եւ մենք իր պատկերով ստեղծուած ենք։ (Ծննդոց 1։26. Ա. Յովհաննու 4։8) Ուստի, կրնանք ընտրել Եհովան սիրել։ Իսկ մեր ապագան կախեալ է այս սէրէն եւ ոչ թէ՝ մեր նախկին ապրելակերպէն, մեր ձեռք ձգած թերութիւններէն եւ սխալը ընելու մեր ժառանգած հակումէն։ Ադամն ու Եւան Եհովա Աստուծոյ սիրոյն պէտք ունէին, Եդեմի մէջ հաւատարիմ մնալու համար։ Ամէն մէկս ալ այս սիրոյն պէտք ունինք Արմագեդոնէն վերապրելու եւ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան վերջաւորութեան վերջին փորձէն անցնելու համար։ (Յայտնութիւն 7։14. 20։5, 7-10) Ինչ որ ալ ըլլան մեր պարագաները, ամէն մէկս կրնանք այսպիսի սէր մշակել։ (Մատթէոս 22։37. Ա. Կորնթացիս 13։13) Ուստի, վճռենք Եհովան սիրել եւ այդ սիրոյն վրայ կերտել՝ յաւիտեան։

Ի՞նչ կը Խորհիք

◻ Անհատական պատասխանատուութեան մասին ո՞ր ժողովրդական հասկացողութիւնները կը հակասեն Աստուածաշունչի դրական ուսուցումին։

◻ Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ իր մէջ ի՞նչ շինարարութիւն պէտք է ընէ։

◻ Յուդայի թագաւորներուն օրինակները ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ ամէն մէկը իր ընտրութիւնը կ’ընէ։

◻ Եհովա ի՞նչպէս մեզ կը հաւաստիացնէ որ կրնանք կեանքի մէջ շիտակ ընտրութիւններ ընել, հակառակ մեր շուրջի աննպաստ ազդեցութիւններուն։

[Նկար՝ էջ 31]

Հակառակ իր հօրը վատ օրինակին, Յովսիա Թագաւոր ընտրեց Աստուծոյ ծառայել

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել