Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 12/1 էջ 28-31
  • Եղբօրմէս փոխ դրամ պէ՞տք է ուզեմ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եղբօրմէս փոխ դրամ պէ՞տք է ուզեմ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հաշիւ Ընել
  • Բացատրեցէք Թէ Դրամը Ի՛նչ Բանի Համար Պէտք Ունիք
  • Գրաւոր Համաձայնութիւն մը Ըրէք
  • Դրամ Փոխ Տալու Մէջ Խոհեմ Եղէք
  • Ուշադրութեամբ Քննեցէք Ձեր Քայլերը
  • Պարտքի դրամ պէ՞տք է առնեմ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 12/1 էջ 28-31

Եղբօրմէս փոխ դրամ պէ՞տք է ուզեմ

ՍԻՄՈՆԻ կրտսեր երախան հիւանդ է եւ դեղի անհրաժեշտ կարիք ունի։ Բայց Սիմոն աղքատ է եւ չի կրնար դեղ գնել։ Ի՞նչ կրնայ ընել։ Մայքըլ անունով Քրիստոնեայ հաւատակից մը նիւթական գետնի վրայ աւելի լաւ վիճակի մէջ է։ Թերեւս Մայքըլ իրեն փոխ դրամ կրնայ տալ։ Բայց Սիմոն իր սրտին մէջ գիտէ թէ փոխ առնուած դրամը վերադարձնելու կարողութիւն չունի։a

Երբ Սիմոն այս հարցով իրեն կը մօտենայ, Մայքըլ դժուար կացութեան կը մատնուի։ Ան կը գիտակցի որ իրական կարիք մը կայ, բայց կը կասկածի որ Սիմոն կրնայ վերադարձնել դրամը, քանի որ ան իր ընտանիքը կերակրելու համար արդէն կը պայքարի։ Մայքըլ ի՞նչ պիտի ընէ։

Շատ մը երկիրներու մէջ, մարդիկ կրնան անակնկալօրէն իրենց եկամուտի միջոցը կորսնցնել եւ առանց դրամի ու բժշկական ծախսերը ծածկելու ապահովութեան մնալ։ Դրամատունէն փոխ առնելը անկարելի կրնայ ըլլալ կամ չափազանց սուղի կը նայի։ Երբ ստիպողական կարիք մը ըլլայ, միակ լուծումը թերեւս բարեկամէ մը փոխ առնելը կրնայ ըլլալ։ Սակայն, փոխ դրամ ուզելէ առաջ, նկատի առնուելիք կարգ մը կարեւոր հարցեր կան։

Հաշիւ Ընել

Սուրբ Գիրքը ուղղութիւններ կու տայ թէ՛ փոխ տուողին եւ թէ փոխ առնողին համար։ Այս խրատներուն հետեւելով, կրնանք շատ մը թիւրիմացութիւններէ եւ նեղութիւններէ խնայուիլ։

Օրինակ, Աստուածաշունչը մեզի կը յիշեցնէ որ դրամ փոխ առնելը պէտք չէ թեթեւի առնենք։ Պօղոս առաքեալ Հռովմի Քրիստոնեաներուն հետեւեալ յորդորը տուաւ. «Բնա՛ւ մէկուն պարտական մի՛ գտնուիք, միայն մէկզմէկ սիրելու. վասն զի ո՛վ որ ընկերը կը սիրէ՝ օրէնքը կը կատարէ»։ (Հռովմայեցիս 13։8) Լաւ կ’ըլլայ որ Քրիստոնեայի մը միակ պարտքը ըլլայ սէրը։ Ուստի, պէտք է նախ մենք մեզի հարցնենք. ‘Իրապէս անհրաժե՞շտ է այս պարտքը’։

Եթէ պատասխանը այո է, անկէ ետք իմաստութիւն է պարտական ըլլալու հետեւանքներուն մասին մտածել։ Յիսուս Քրիստոս ցոյց տուաւ որ կարեւոր որոշումները ուշադիր խորհրդածութեան եւ ծրագրումի կը կարօտին։ Ան իր աշակերտներուն հարցուց. «Ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը, ճշդելու համար թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞»։ (Ղուկաս 14։28) Այս նոյն սկզբունքը կը կիրարկուի, երբ եղբօրմէ մը պարտքի դրամ կը խնդրենք։ Պարտքի մը մասին հաշիւ ընել կը նշանակէ, հաշուել թէ ի՛նչպէս եւ ե՛րբ պիտի վերադարձնենք այդ դրամը։

Փոխ տուողին իրաւունքն է գիտնալ թէ ի՛նչպէս եւ ե՛րբ փոխ առնուած բանը պիտի վերադարձուի։ Հարցերը ուշադրութեամբ կշռելով, պէտք է կարող ըլլանք իրեն որոշ պատասխան մը տալ։ Հաշիւ ըրա՞ծ ենք փոխ առնուած դրամը տրամաբանական ժամանակի մը մէջ վերադարձնել։ Անշուշտ, աւելի դիւրին է մեր եղբօր ըսել՝ «Ետ կը դարձնեմ անմիջապէս որ կարելի ըլլայ։ Գիտես որ կրնաս ինծի վստահիլ»։ Բայց այսպիսի հարցեր աւելի պատասխանատու կերպով պէտք չէ՞ ձեռք առնենք։ Սկիզբէն իսկ որոշած պէտք է ըլլանք փոխատուութիւնը վերադարձնել, քանի որ Եհովա ասիկա կը պահանջէ մեզմէ։ «Ամբարիշտը փոխ կ’առնէ ու չի վճարեր», կ’ըսէ Սաղմոս 37։21–ը։

Հաշիւ ընելով թէ փոխատուութիւն մը ի՛նչպէս եւ ե՛րբ պիտի վերադարձուի, մենք մեզի յիշեցուցած կ’ըլլանք թէ որքան լուրջ յանձնառութիւն մը ըրած ենք։ Ասիկա անտեղի պարտքեր ընելու հաւանականութիւնը կը նուազեցնէ։ Եթէ կրնանք պարտքի տակ մտնելէ խուսափիլ, առաւելութիւնները շատ են։ Առակաց 22։7–ն կը զգուշացնէ. «Փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ»։ Նոյնիսկ երբ թէ՛ փոխ տուողը եւ թէ փոխ առնողը հոգեւոր եղբայրներ են, փոխատուութիւնը կրնայ իրենց փոխյարաբերութեան ազդել, առնուազն որոշ չափով մը։ Փոխատուութեանց մասին թիւրիմացութիւնները նոյնիսկ կարգ մը ժողովքներու խաղաղութիւնը խանգարած են։

Բացատրեցէք Թէ Դրամը Ի՛նչ Բանի Համար Պէտք Ունիք

Փոխ տուողը իրաւունք ունի գիտնալու թէ ձեր փոխ առած դրամը հիմնականօրէն ի՛նչ բանի համար պիտի գործածէք։ Այս փոխատուութենէն զատ արդեօք ուրիշներէն ալ փոխ դրամ պիտի առնէ՞ք։ Եթէ այո, ասիկա պէտք է բացատրէք իրեն, քանի որ ասիկա փոխ առնուած դրամը վերադարձնելու կարելիութեան կրնայ ազդել։

Մասնաւորաբար կարեւոր է տարբերութիւն մը դնել գործի համար առնուած փոխատուութեան եւ ստիպողական կարիքի մը համար յարուցուած պարագային միջեւ։ Եղբայր մը սուրբ գրային որեւէ պարտաւորութիւն չունի առեւտրական ծրագրի համար դրամ փոխ տալու, բայց հաւանաբար եղբօր մը օգնելու համամիտ ըլլայ, երբ ան իր կամքէն անկախ, չկարենայ ուտելիքի, հագուելիքի եւ բժշկական կարեւոր խնամքի համար հիմնական բաներու հոգ տանիլ։ Այս հարցերու շուրջ անկեղծութիւնը եւ ճշմարտախօսութիւնը թիւրիմացութիւններուն առաջքը կրնան առնել։—Եփեսացիս 4։25

Գրաւոր Համաձայնութիւն մը Ըրէք

Գրաւոր համաձայնութիւն մը կենսական է, ապագայ թիւրիմացութիւններէն խուսափելու համար։ Եթէ գրի չառնուին, համաձայնութեան կարգ մը մանրամասնութիւնները դիւրութեամբ կրնան մոռցուիլ։ Հարկ է գրի առնել փոխ առնուած դրամին քանակը եւ զայն վերադարձնելու ժամանակը։ Յանձնարարելի է որ թէ՛ փոխ առնողը եւ թէ փոխ տուողը ստորագրեն համաձայնագիրը եւ ամէն մէկը իր անձնական օրինակը պահէ։ Աստուածաշունչը կը նշէ որ դրամական գործառնութիւնները վաւերագրուին։ Բաբելոնացիները Երուսաղէմը կործանելէն քիչ առաջ, Եհովա Երեմիայի ըսաւ որ իր ազգականներէն հողաշերտ մը ծախու առնէ։ Այս գործառնութիւնը աչքէ անցընելը կրնայ օգտաշատ ըլլալ։

Երեմիա ըսաւ. «Հօրեղբօրս որդիէն, Անամայէլէն, Անաթովթի մէջ եղած ագարակը ծախու առի ու ստակը տասնըեօթը սիկղ արծաթ կշռեցի անոր։ Մուրհակ մը գրեցի ու կնքեցի ու վկաներ բռնեցի եւ արծաթը կշիռքով կշռեցի։ Ստացուածքին մուրհակը, թէ՛ հրամանին ու կանոններուն համեմատ կնքուածը եւ թէ՛ բաց եղածը առի։ Ու ստացուածքին մուրհակը, հօրեղբօրս որդիին Անամայէլին աչքերուն առջեւ ու ստացուածքի մուրհակին մէջ գրուող վկաներուն աչքերուն առջեւ, բանտի գաւիթին մէջ նստող բոլոր Հրեաներուն աչքերուն առջեւ, Մաասիային որդիին Ներիային որդիին Բարուքին տուի»։ (Երեմեայ 32։9-12) Թէեւ վերոյիշեալ օրինակը աւելի գնում մըն է քան թէ փոխատուութիւն մը, սակայն դրամական գործառնութիւններուն յստակ ու ճշգրիտ կերպով կատարուելուն կարեւորութիւնը ցոյց կու տայ։—Տես՝ Դիտարան 1 Մայիս 1973 (Անգլերէն), էջ 287-288։

Երբ հարցեր յարուցուին, Քրիստոնեաները պէտք է փորձեն զանոնք լուծել Մատթէոս 18։15-17–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խրատին համաձայն։ Այսպիսի հարցերու իր օգնութիւնը բերող երէց մը ըսաւ. «Գրեթէ այսպիսի բոլոր պարագաներուն, գրաւոր համաձայնութիւն մը չկար։ Հետեւաբար, յստակ բացատրութիւն մը չկար թէ փոխատուութիւնը ե՛րբ պէտք էր վերադարձուէր։ Ես համոզուած եմ որ այսպիսի հարցեր գրի առնելը սիրոյ նշան է եւ ոչ թէ՝ վստահութեան պակասի»։

Անգամ մը որ համաձայնութիւն մը ըրինք, պէտք է ջանանք մեր խօսքին տէրը ըլլալ։ Յիսուս յորդորեց. «Ձեր խօսքը ըլլայ այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ. ու ասկէ աւելին չարէն յառաջ կու գայ»։ (Մատթէոս 5։37) Եթէ չնախատեսուած բան մը մեր փոխ առած դրամը վերադարձնելու արգելք հանդիսանայ, փոխ տուողը անմիջապէս կացութենէն տեղեակ պէտք է պահենք։ Թերեւս ան յօժարի որ աւելի երկար ժամանակամիջոցի մէջ եւ աւելի պզտիկ գումարներով վերադարձնենք դրամը։

Սակայն, աննպաստ վիճակները պատճառ մը չեն որ մեր պատասխանատուութիւնները անտեսենք։ Եհովայէ վախցող մը իր լաւագոյնը կ’ընէ իր խօսքին տէրը ըլլալու համար։ (Սաղմոս 15։4) Նոյնիսկ երբ հարցերը մեր ակնկալածէն տարբեր ըլլան, մեր պարտքերը վճարելու համար պէտք է պատրաստ ըլլանք զոհողութիւններ ընելու, քանի որ անիկա մեր քրիստոնէական պատասխանատուութիւնն է։

Դրամ Փոխ Տալու Մէջ Խոհեմ Եղէք

Անշուշտ, միայն փոխ առնողը չէ որ հարցերը ուշադրութեամբ պէտք է կշռէ։ Այն եղբայրը որմէ փոխ դրամ խնդրուած է, ինքն ալ ծախսը հաշիւ պէտք է ընէ։ Դրամը փոխ տալէն առաջ, իմաստութիւն է հարցերը ուշադրութեամբ եւ առարկայականօրէն նկատի առնել։ Աստուածաշունչը կը յորդորէ որ զգոյշ ըլլանք, ըսելով. «Գրաւական տուողներէն մի՛ ըլլար, ոչ ալ՝ պարտքի համար երաշխաւոր եղողներէն»։—Առակաց 22։26

Համաձայնութեան մը ձեռնարկելէ առաջ, մտածեցէք թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, եթէ եղբայրը չկարենայ վերադարձնել դրամը։ Այդ պարագային, դուք անձամբ դրամական լուրջ խնդիրներու մէջ պիտի իյնա՞ք։ Նոյնիսկ երբ եղբօր միտումները շատ լաւ են, պարագաները կրնան փոխուիլ կամ իր հաշիւները սխալ ելլել։ Յակոբու 4։14, 15–ը մեզի կը յիշեցնէ. «Դուք ոչինչ գիտէք վաղուան մասին. քանզի ի՞նչ է ձեր կեանքը. յիրաւի շոգի մըն է, որ քիչ մը ատեն կ’երեւնայ ու ետքը կ’ոչնչանայ»։—Բաղդատել՝ Ժողովողի 9։11։

Մանաւանդ առեւտրական փոխատուութեան համար, իմաստութիւն է փոխ ուզողին վայելած համբաւը նկատի ունենալ։ Ան վստահելի ըլլալու համբաւը կը վայելէ՞, կամ նիւթական հարցերու մէջ անատա՞կ է։ Ան սովորութիւն ունի՞ ժողովքին մէջ շատերուն մօտենալու ու անոնցմէ դրամ ուզելու։ Իմաստութիւն է այս խօսքերը մեր միտքը պահել. «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ»։—Առակաց 14։15

Երբեմն փոխ ուզողին համար իսկ փոխատուութիւնը օգտակար չըլլար։ Անիկա շատ դիւրութեամբ կրնայ բեռ մը դառնալ անոր եւ իր ուրախութիւնը խլել։ Կ’ուզե՞նք որ այսպիսի եղբայր մը մեր ‘ծառան’ ըլլայ։ Փոխատուութիւն մը կրնա՞յ մեր փոխյարաբերութեան ազդել, անհաճելի կամ նոյնիսկ նեղացուցիչ վիճակ մը ստեղծել, եթէ չկարենայ զայն վերադարձնել։

Եթէ իսկական կարիք մը կայ, կրնա՞նք մտածել թերեւս նուէր մը ընել, քան թէ դրամ փոխ տալ, նոյնիսկ երբ մեր տալիք գումարը պահանջուածէն նուազ ըլլայ։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ որ կարիքի մէջ գտնուող մեր եղբօրը հանդէպ կարեկից ըլլանք։ «Արդարը կ’ողորմի ու կու տայ», երգեց սաղմոսերգուն։ (Սաղմոս 37։21) Սէրը մեզ պէտք է մղէ որ մեր ձեռքէն եկածը ընենք, կարօտեալ եղբօր մը գործնական օգնութիւն տալու համար։—Յակոբու 2։15, 16

Ուշադրութեամբ Քննեցէք Ձեր Քայլերը

Քանի որ փոխատուութիւնը բախումի հաւանական աղբիւր մըն է, անոր մասին պէտք է մտածենք որպէս վերջին՝ եւ ոչ թէ առնուելիք առաջին քայլը։ Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, փոխ առնողը պէտք է անկեղծ ըլլայ փոխ տուողին հանդէպ, գրի առնելով թէ ի՛նչպէս եւ ե՛րբ պիտի վերադարձնէ զայն։ Իսկ իրական դժուարութեան մը պարագային, լաւագոյն լուծումը՝ նուէրը կրնայ ըլլալ։

Մայքըլ Սիմոնին չտուաւ խնդրուած դրամը։ Այլ, պզտիկ գումար մը նուէր ըրաւ։ Սիմոն երախտապարտ եղաւ իր զաւկին դեղը վճարելու այս օգնութեան համար։ Իսկ Մայքըլ՝ ուրախացաւ որ կրցաւ գործնական կերպով ցոյց տալ իր եղբայրական սէրը։ (Առակաց 14։21. Գործք 20։35) Թէ՛ Մայքըլ եւ թէ Սիմոն մեծ ակնկալութեամբ կը սպասեն այն ժամանակին, երբ թագաւորական իշխանութեան ներքեւ Քրիստոս «աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը», եւ ոեւէ մէկը պիտի չըսէ՝ «Հիւանդ եմ»։ (Սաղմոս 72։12. Եսայեայ 33։24) Մինչ այդ, մեր քայլերը ուշադրութեամբ քննենք, երբ պարտադրուած ըլլանք եղբօրմէ մը փոխ դրամ խնդրել։

[Ստորանիշ]

a Անունները փոխուած են։

[Նկար՝ էջ 31]

Փոխատուութեան գրաւոր համաձայնութիւնները սիրոյ նշան են եւ ոչ թէ՝ անվստահութեան

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել