Յաջող ամուսնութեան մը համար ի՞նչ պահանջուած է
Պիտի ուզէի՞ք սուզուիլ գետի մը մէջ առանց նախապէս լողալ գիտնալու։ Այսպիսի յիմար արարք մը կրնայ վնասարար՝ նոյնիսկ մահաբեր ըլլալ։ Այսուհանդերձ, խորհեցէք թէ որքա՜ն մարդիկ կը նետուին ամուսնութեան գիրկը, անոր պարփակած պատասխանատուութիւնները ստանձնելու մասին շատ քիչ տեղեկութիւն ունենալով։
ՅԻՍՈՒՍ ըսաւ. «Ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը, ճշդելու համար թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞»։ (Ղուկաս 14։28) Ինչ որ շիտակ է աշտարակ մը կառուցանելու նկատմամբ, շիտակ է նաեւ ամուսնութիւն մը հիմնելու նկատմամբ։ Անոնք որոնք կը փափաքին ամուսնանալ, զգուշութեամբ պէտք է հաշուի առնեն ամուսնութեան գինը, վստահ ըլլալու համար որ անոր պահանջներուն կրնան գոհացում տալ։
Ամուսնութեան Վրայ Ակնարկ մը
Կեանքի ուրախութիւններն ու ցաւերը բաժնեկցող կողակից մը ունենալը, իրապէս օրհնութիւն մըն է։ Ամուսնութիւնը կրնայ առանձնութեան կամ յուսահատութեան պատճառած պարապութիւնը լեցնել։ Անիկա սիրուելու, ընկերակցելու եւ մտերմանալու մեր բնածին փափաքը կրնայ գոհացնել։ Լաւ պատճառով, Աստուած Ադամը ստեղծելէն վերջ ըսաւ. «Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար [«որպէս լրացուցիչ մը», ՆԱ]»։—Ծննդոց 2։18. 24։67. Ա. Կորնթացիս 7։9
Այո, ամուսնութիւնը կրնայ կարգ մը խնդիրներ լուծել, սակայն անիկա ուրիշներ ալ պիտի յարուցանէ։ Ինչո՞ւ. քանի որ ամուսնութիւնը երկու տարբեր անձնաւորութիւններու խառնուրդ է, որոնք թերեւս իրարու հետ համաձայն են, բայց ո՛չ նոյնատիպ։ Ուստի, նոյնիսկ շատ համապատասխան զոյգեր պատահական բախումներ պիտի ունենան։ Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալը գրեց որ անոնք որոնք կ’ամուսնանան «մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան», կամ ըստ Անգլերէն Նոր Աստուածաշունչ–ին՝ «կսկիծ ու ցաւ այս մարմնաւոր կեանքին մէջ»։—Ա. Կորնթացիս 7։28
Պօղոս յոռետե՞ս էր։ Բնա՛ւ երբեք. ան պարզապէս ամուսնութեան մասին խորհողները կը քաջալերէր որ իրապաշտ ըլլան։ Անհատով մը պարուրուած ըլլալու հաճելի զգացումը ճշգրիտ չափանիշ մը չէ, թէ ամուսնական կեանքը ի՛նչպէս պիտի ըլլայ անոր յաջորդող ամիսներուն եւ տարիներուն մէջ։ Իւրաքանչիւր ամուսնութիւն իւրայատուկ մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները ունի։ Հարցը այն չէ թէ արդեօք անոնք պիտի ծագի՞ն թէ ոչ, հապա թէ ի՛նչպէս պիտի դիմագրաւենք, երբ անոնք ի յայտ գան։
Դժուարութիւնները պատեհութիւն կու տան ամոլին, որպէսզի իրենց սիրոյ հարազատութիւնը ցոյց տան իրարու հանդէպ։ Բացատրենք. զբօսանաւ մը որ անփոյթ կանգ առած է նաւահանգիստը, քարափի մը խարսխուած, թերեւս վեհաշուք թուի։ Սակայն, անոր իսկական դիմացկունութիւնը, ծովուն մէջ կը յայտնաբերուի՝ իր նաւարկութեան ժամանակ, թերեւս նոյնիսկ փոթորիկի մը հարուածող կոհակներուն մէջտեղ։ Նմանապէս, ամուսնական կապի մը զօրութիւնը միմիայն վիպական հանդարտ պահերով չի սահմանուիր։ Երբեմն փորձութիւններու դիմաց անիկա կ’ապացուցուի, երբ զոյգը հակառակութեան փոթորիկին դէմ դնելով, կանգուն կը մնայ։
Ասիկա ընելու համար, ամուսնացած զոյգը պէտք ունի յանձնառութեան, քանի որ Աստուած նպատակադրեց որ մարդ մը ‘իր կնոջ յարի’ եւ երկուքը ‘մէկ մարմին ըլլան’։ (Ծննդոց 2։24) Յանձնառութեան գաղափարը այսօր կը վախցնէ շատերը։ Սակայն, պարզապէս տրամաբանական է որ իրար իրապէս սիրող երկու անհատներ փափաքին իրարու հետ մնալու խոստում տալ։ Յանձնառութիւնը կը պատուէ ամուսնութիւնը։ Անիկա վստահութեան հիմ մը կը հայթայթէ, թէ ի՛նչ որ ալ պատահի, ամուսին ու կին իրարու նեցուկ պիտի կանգնին։a Եթէ այսպիսի յանձնառութեան մը համար պատրաստ չէք, ուրեմն իրապէս ամուսնութեան պատրաստ չէք։ (Համեմատել՝ Ժողովողի 5։4, 5։) Նոյնիսկ անոնք որոնք արդէն ամուսնացած են, թերեւս պէտք ունին տակաւին գնահատելու թէ յանձնառութիւնը որքա՜ն կենսական է ամուսնութիւն մը տոկուն դարձնելու համար։
Ակնարկ մը Նետեցէք Ձեր Վրայ
Անկասկած կրնաք ցուցակագրել այն յատկութիւնները, զորս կ’ուզէք գտնել կողակիցի մը մէջ։ Սակայն, աւելի դժուար է դուք ձեզի նայիլ, որոշելու թէ ի՛նչպէս կրնաք նպաստել ամուսնութեան մը։ Ինքնաքննութիւնը կենսական է, ամուսնութեան ուխտին պատասխանատուութիւնները ստանձնելէն առաջ ու վերջ։ Օրինակ, դուք ձեզի հետեւեալ հարցումները հարցուցէք։
• Իմ կողակիցիս հետ կենսատեւ յանձնառութիւն մը ընելու կը յօժարի՞մ։—Մատթէոս 19։6
Աստուածաշունչի Մաղաքիա մարգարէին օրերուն, շատ մը ամուսիններ իրենց կողակիցները ձգեցին, թերեւս աւելի երիտասարդ կիներու հետ ամուսնանալու համար։ Եհովա ըսաւ որ իր սեղանը լքուած կիներուն արցունքներով ծածկուած էր, եւ ան դատապարտեց իրենց կիներուն հետ այսպէս ‘անհաւատարմութեամբ վարուող’ մարդիկը։—Մաղաքեայ 2։13-16
• Եթէ ամուսնանալու մասին կը մտածեմ, արդեօք բաւական չափահա՞ս եմ, որպէսզի սեռային զգացումներով չտարուիմ, որոնք չեն նպաստեր ուղիղ որոշումներ առնելու։—Ա. Կորնթացիս 7։36
Նիքքի, որ 22 տարեկան էր երբ ամուսնացաւ, կ’ըսէ. «Շատ վտանգաւոր է որ մէկը շատ պզտիկ տարիքին ամուսնանայ»։ Ան կը զգուշացնէ. «Ձեր պատանեկութեան տարիներէն մինչեւ քսանական տարիքի մէջտեղերը կամ վերջաւորութիւնը, ձեր զգացումները, նպատակները եւ ճաշակը շարունակաբար կը փոխուին»։ Անշուշտ, ամուսնութեան համար պատրաստ ըլլալը միայն տարիքով չի չափուիր։ Այսուհանդերձ, երբ մէկը ամուսնանայ դեռ չափահաս չեղած, երբ սեռային զգացումները նոր զարգացած եւ յատկապէս զօրաւոր են, ասիկա կրնայ իր միտքը խեղաթիւրել եւ զինք հաւանական խնդիրները տեսնելէ կուրացնել։
• Նկարագրի ի՞նչ գիծեր ունիմ, որոնք պիտի նպաստեն յաջող ամուսնութեան մը։—Գաղատացիս 5։22, 23
Պօղոս առաքեալ Կողոսացիներու ժողովքին գրեց. «Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը»։ (Կողոսացիս 3։12) Այս խրատը տեղին է անոնց համար որոնք ամուսնութեան մասին կը մտածեն, ինչպէս նաեւ անոնց՝ որոնք արդէն ամուսնացած են։
• Դժուար ժամանակներուն կողակիցիս նեցուկ կանգնելու համար հարկ եղած հասունութիւնը ունի՞մ։—Գաղատացիս 6։2
Բժիշկ մը կ’ըսէ. «Երբ դժուարութիւններ ի յայտ կու գան, մարդիկ միշտ հակումը ունին իրենց կողակիցը մեղադրելու։ Կարեւորագոյն բանը այն չէ թէ ո՛վ է մեղադրելին, հապա՝ թէ այր ու կին ի՛նչպէս կրնան համագործակցիլ ամուսնական յարաբերութիւնը բարելաւելու համար»։ Իմաստուն Սողոմոն Թագաւորին խօսքերը կը կիրարկուին ամուսնացած զոյգերուն։ Ան գրեց. «Երկուքը մէկէն աղէկ է, . . . քանզի եթէ իյնան, մէկզմէկ կը վերցնեն։ Բայց վա՜յ իյնող մէկուն՝ որ զինք վերցնող մը չունի»։—Ժողովողի 4։9, 10
• Ընդհանրապէս ուրախ եւ լաւատե՞ս եմ, թէ ոչ՝ գլխաւորաբար մելամաղձոտ եւ բացասական եմ։—Առակաց 15։15
Բացասական անհատ մը իւրաքանչիւր անցնող օր գէշ կը նկատէ։ Ամուսնութիւնը հրաշալիօրէն այս կեցուածքը չի փոխեր։ Ամուրի անհատ մը՝ ըլլայ այր թէ կին՝ որ մեծապէս քննադատող կամ յոռետես է, պարզապէս ամուսնանալէն վերջն ալ պիտի մնայ ինչպէս որ է։ Այսպիսի բացասական հայեացք մը կրնայ ամուսնութիւնը շատ լարուած վիճակի մէջ պահել։—Համեմատել՝ Առակաց 21։9։
• Ճնշումի տակ հանդարտութիւնս կը պահե՞մ, թէ ոչ անսանձօրէն բարկութիւնս կ’արտայայտեմ։—Գաղատացիս 5։19, 20
Քրիստոնեաներուն պատուիրուած է որ ‘բարկանալու մէջ ծանր ըլլան’։ (Յակոբու 1։19) Ամուսնութենէ առաջ ու անոր ընթացքին, մարդ մը կամ կին մը այս խրատին համաձայն ապրելու կարողութիւնը պէտք է մշակէ. «Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք, արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ»։—Եփեսացիս 4։26
Ձեր Ապագայ Կողակիցին Վրայ Ակնարկ մը
Աստուածաշունչի առակ մը կ’ըսէ. «Խելացին իր քայլերը կը քննէ»։ (Առակաց 14։15) Ասիկա իրապէս ճշգրիտ է երբ կողակից մը կ’ընտրէք։ Տղամարդու կամ կնոջ մը համար ամենակարեւոր որոշումներէն մէկն է՝ կողակիցի մը ընտրութիւնը։ Սակայն, նկատուած է որ շատեր շատ աւելի երկար ժամանակ կը տրամադրեն որոշելու թէ ո՛ր ինքնաշարժը պիտի գնեն, կամ ո՛ր դպրոցը պիտի յաճախեն, քան թէ՝ որո՛ւ հետ պիտի ամուսնանան։
Քրիստոնէական ժողովքին մէջ, պատասխանատուութիւն վստահուած անհատները ‘նախ կը փորձուին’ տեսնելու համար թէ յարմա՞ր են։ (Ա. Տիմոթէոս 3։10) Եթէ ամուսնանալու մասին կը խորհիք, պիտի ուզէք գիտնալ թէ դիմացի անհատը ‘յարմա՞ր’ է։ Օրինակ, նկատի առէք ստորեւ տրուած հարցումները։ Թէեւ անոնք կնկայ մը տեսանկիւնէն կը ներկայացուին, սակայն շատ մը սկզբունքներ այր մարդուն ալ կը կիրարկուին։ Այս կէտերը նկատի առնելը կրնայ օգտակար ըլլալ նոյնիսկ ամուսնացածներուն։
• Ի՞նչպիսի վարկ մը ունի։—Փիլիպպեցիս 2։19-22
Առակաց 31։23–ը կը նկարագրէ ամուսին մը, որ «կը ճանչցուի դռներուն մէջ, երբ երկրին ծերերուն հետ նստի»։ Քաղաքին ծերերը քաղաքին դռներուն կը նստէին, դատ տեսնելու համար։ Հետեւաբար, յայտնապէս ան հանրութեան մէջ վստահելի դիրք մը ունէր։ Անհատի մը մասին ուրիշներուն կեցուածքը իր համբաւին մասին կը խօսի։ Եթէ իր հեղինակութեան ներքեւ անհատներ ունի, նկատի ունեցէք թէ անոնք ի՛նչպէս կը դիտեն զինք։ Թերեւս ասիկա ցոյց տայ ձեզի թէ դուք, որպէս իր կողակիցը, ժամանակի ընթացքին ի՛նչպէս պիտի դիտէք զինք։—Համեմատել՝ Ա. Թագաւորաց 25։3, 23-25։
• Ի՞նչպիսի բարոյականութիւն մը ունի։
Աստուածային իմաստութիւնը «նախ՝ սուրբ է»։ (Յակոբու 3։17) Արդեօք ձեր ապագացու կողակիցը աւելի՞ հետաքրքրուած է իր անձնական սեռային հաճոյքները յագեցնելով, քան՝ Աստուծոյ առջեւ իր եւ ձեր ունեցած կեցուածքով։ Եթէ հիմա Աստուծոյ դրած բարոյական չափանիշերով ապրելու համար ջանք չի թափեր, ի՞նչ հիման վրայ կրնաք հաւատալ թէ ամուսնութենէն վերջ անոնց ներքեւ պիտի ապրի։—Ծննդոց 39։7-12
• Ինծի հետ ի՞նչպէս կը վարուի։—Եփեսացիս 5։28, 29
Աստուածաշունչի Առակաց գիրքը կը խօսի ամուսինի մը մասին, որ իր կնկան վրայ ‘վստահութիւն ունի’։ Ասկէ զատ, ան «կը գովէ» զինք։ (Առակաց 31։11, 28) Ան չափազանց չի նախանձիր, ոչ ալ իր ակնկալութիւններուն մէջ անբանաւոր է։ Յակոբոս գրեց որ վերին իմաստութիւնը «խաղաղարար, հեզ [«բանաւոր», ՆԱ], . . . ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն» է։—Յակոբու 3։17
• Իր ընտանիքի անդամներուն հետ ի՞նչպէս կը վարուի։—Ելից 20։12
Ծնողներուն հանդէպ յարգանքը միայն երախաներէն պահանջուած չէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Հնազանդէ՛ մօրդ, որ քեզ ծներ է ու մի՛ անարգեր քու հայրդ, երբ կը ծերանայ»։ (Առակաց 23։22) Հետաքրքրական է, ինչ որ Տոքթ. Ու. Հիու Միսըլտին գրեց. «Ամուսնական շատ մը դժուարութիւններէ եւ աններդաշնակութիւններէ կարելի է խուսափիլ՝ կամ առնուազն զանոնք նախատեսել, եթէ ապագացու ամոլը անպաշտօն կերպով մէկը միւսին տունը այցելէ եւ տեսնէ ‘խօսեցեալին’ եւ իր ծնողքին միջեւ եղած յարաբերութիւնը։ Ծնողքին հանդէպ ունեցած իր հայեցակէտը պիտի ազդէ կողակիցին հանդէպ իր ունեցած տեսակէտին։ Մէկը պէտք է հարց տայ. ‘կ’ուզե՞մ որ հետս վարուի այնպէս ինչպէս կը վարուի իր ծնողքին հետ’։ Իսկ իրեն հանդէպ ծնողքին վարուած կերպը լաւ մատնանշում մըն է թէ ինքն անձամբ ի՛նչպէս պիտի վարուի եւ ի՛նչպէս պիտի ակնկալէ որ վարուիս իր հետ՝ մեղրալուսինէն ետք»։
• Բարկութեան նոպաներու, կամ նախատական խօսակցութեան հակամէ՞տ է։
Աստուածաշունչը կը խրատէ. «Ամէն դառնութիւն եւ բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ»։ (Եփեսացիս 4։31) Պօղոս զգուշացուց Տիմոթէոսը կարգ մը Քրիստոնեաներէ, որոնք կրնան ‘վէճերով ու հակառակութիւններով ախտացած ըլլալ’, որոնք յառաջ կը բերեն «նախանձ, կռիւ, հայհոյութիւններ, գէշ կասկածներ, . . . զրաբանութիւններ»։—Ա. Տիմոթէոս 6։4, 5
Պօղոս նաեւ գրեց որ ժողովքին մէջ մասնաւոր առանձնաշնորհումներ ունեցող անհատ մը «զարնող», Յունարէն բնագրին համաձայն՝ «հարուածներ տուող», պէտք չէ ըլլայ։ (Ա. Տիմոթէոս 3։3) Ան պէտք չէ ըլլայ մէկը որ մարդոց ֆիզիքապէս կը հարուածէ կամ բերանացի կը սպառնայ։ Բարկութեան ակնթարթի մը մէջ վայրագութեան հակամէտ եղող անհատ մը ամուսնութեան յարմար կողակից մը չէ։
• Իր նպատակակէտերը ի՞նչ են։
Շատեր հարստութեան ետեւէ կ’իյնան եւ կը քաղեն անոր անխուսափելի հետեւանքները։ (Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10) Իսկ ուրիշներ աննպատակ կ’ընթանան, կեանքի մէջ առանց իրագործելիք նպատակներ ունենալու։ (Առակաց 6։6-11) Սակայն, բարեպաշտ մարդը միեւնոյն վճռակամութիւնը ցոյց պիտի տայ, ինչպէս Յեսու, որ ըսաւ. «Ես ու իմ տունս Եհովան պիտի պաշտենք»։—Յեսուայ 24։15
Վարձատրութիւններ եւ Պատասխանատուութիւններ
Ամուսնութիւնը աստուածային հաստատութիւն մըն է։ Անիկա վաւերացուած եւ հաստատուած է Եհովա Աստուծոյ կողմէ։ (Ծննդոց 2։22-24) Ան ամուսնութեան կարգադրութիւնը ծրագրեց որպէսզի ամուսինի ու կնկայ միջեւ տեւական կապ մը գոյանայ, որպէսզի անոնք փոխադարձաբար իրարու օգնեն։ Երբ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկուին, ամուսին ու կին կրնան ուրախ կեանք մը ունենալ։—Ժողովողի 9։7-9
Այսուհանդերձ, պէտք է գիտնանք թէ կ’ապրինք «չար ժամանակներ»ու մէջ։ Աստուածաշունչը նախագուշակած է որ այս ժամանակամիջոցին, մարդիկ պիտի ըլլան «անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, . . . անսուրբ, անգութ, անհաշտ, . . . մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-4) Այս յատկանիշները անհատի մը ամուսնութեան վրայ կրնան զօրաւոր ազդեցութիւն մը ունենալ։ Հետեւաբար, անոնք որոնք ամուսնանալու մասին կը մտածեն, պէտք է զգաստութեամբ հաշուեն անոր արժեգինը։ Իսկ անոնք որոնք ներկայիս ամուսնացած են, Աստուածաշունչին մէջ գտնուող աստուածային առաջնորդութիւնը սորվելով եւ կիրարկելով, պէտք է շարունակեն իրենց միութիւնը բարելաւելու վրայ աշխատիլ։
Այո, անոնք որոնք ամուսնանալու մասին կը մտածեն, լաւ կ’ընեն եթէ հարսանեկան օրէն անդին նային։ Իսկ բոլորը ո՛չ միայն հարսնիքի հետ առնչուող բաներուն մասին պէտք է մտածեն, այլ նաեւ՝ ամուսնացեալ կեանքի մասին։ Առաջնորդութեան համար Եհովայի նայեցէք, որպէսզի իրապաշտօրէն մտածէք, քան թէ՝ վիպականօրէն։ Այսպէս ընելով, շատ հաւանական է որ աւելի յաջող ամուսնութիւն մը վայելէք։
[Ստորանիշ]
a Աստուածաշունչը միայն մէկ ենթահող կու տայ վերամուսնանալու կարելիութեամբ ամուսնալուծումի համար, եւ այդ ալ ‘պոռնկութիւնն’ է. ամուսնութենէն դուրս ապօրէն սեռային յարաբերութիւն։—Մատթէոս 19։9
[Շրջանակ՝ էջ 5]
«Սիրոյ մասին լաւագոյն նկարագրութիւնն է որ կարդացի»
«Ի՞նչպէս գիտէք որ իրապէս սիրահարուած էք», կը գրէ Տոքթ. Քէվըն Լէման։ «Հին գիրք մը կայ որ սիրոյ մասին նկարագրութիւն մը կը պարունակէ։ Գիրքը մօտաւորապէս երկու հազար տարուան կեանք ունի, սակայն անիկա տակաւին սիրոյ մասին լաւագոյն նկարագրութիւնն է որ կարդացի»։
Տոքթ. Լէման Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալի խօսքերուն կը մատնանշէր, որոնք կը գտնուին Աստուածաշունչի Ա. Կորնթացիս 13։4-8–ին մէջ։
«Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անվայել վարմունք չունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չի խնդար. հապա ճշմարտութեան խնդակից կ’ըլլայ։ Ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ։ Սէրը բնա՛ւ չիյնար»։
[Շրջանակ՝ էջ 4]
Զգացումները կրնան խաբուսիկ ըլլալ
Յայտնի էր որ Աստուածաշունչի ժամանակներուն Սունամացի աղջիկը վիպական զգացումներուն խաբէական զօրութեան մասին տեղեակ էր։ Երբ զօրաւոր Սողոմոն Թագաւորէն դարպասուեցաւ, իր ընկերուհիներէն խնդրեց որ «իր մէջ սէր չարթնցնեն մինչեւ որ ինք ուզէ»։ (Երգ Երգոց 2։7, ՆԱ) Այս խելացի երիտասարդուհին չուզեց որ իր բարեկամուհիները ճնշում բանեցնեն իր վրայ, որպէսզի իր զգացումներով առաջնորդուի։ Ասիկա ներկայիս ալ գործնական է անոնց համար որոնք ամուսնութեան մասին կը մտածեն։ Ձեր զգացումները զօրաւոր կերպով սանձեցէք։ Եթէ ամուսնանաք, ասիկա ըրէք որովհետեւ կը սիրէք անհատ մը՝ եւ ոչ թէ պարզապէս կը սիրէք ամուսնութեան գաղափարը։
[Նկար՝ էջ 6]
Նոյնիսկ շատոնցուընէ ամուսնացածներ կրնան իրենց ամուսնական կապը զօրացնել
[Նկար՝ էջ 7]
Ան ծնողքին հետ ի՞նչպէս կը վարուի