Ձեր ընտանիքին հետ ժամանակ կ’անցընէ՞ք
«ՃԱՓՈՆՑԻ Հայրերը Սիրուած Են՝ Հակառակ Անոր որ Գործով Զբաղած Են եւ Իրենց Զաւակներուն Հետ Չեն Խաղար»։ Քանի մը տարի առաջ, այս խորագիրը լոյս տեսաւ Մայինիչի Շիմպուն լրագրին մէջ։ Յօդուածը կը տեղեկագրէր թէ կառավարական փորձագիտանքի մասնակցող Ճափոնցի երախաներուն 87.8 տոկոսը, ապագային իրենց հօրը հոգ տանելու ցանկութիւն արտայայտեց։ Նոյն լրագրին Անգլերէն հրատարակութեան մէջ, սակայն, նոյն նիւթը տարբեր խորագրով մը լոյս տեսաւ։ Հոն կը կարդացուէր. «Հայրեր եւ Որդիներ. Անտեսումի Պարագայ մը»։ Ճափոներէն տարբեր ըլլալով, այս յօդուածը կ’ընդգծէր նոյն փորձագիտանքին տարբեր մէկ երեսակը։ Իւրաքանչիւր աշխատանքային օր, Ճափոնցի հայրեր միայն 36 վայրկեան կ’անցընեն իրենց զաւակներուն հետ։ Արեւմտեան Գերմանիոյ մէջ, հայրեր համեմատաբար 44 վայրկեան կ’անցընէին շաբթուան մէջ իւրաքանչիւր օր, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ 56 վայրկեան։
Միայն հայրերը չեն որ քիչ ժամանակ կ’անցընեն իրենց զաւակներուն հետ։ Հետզհետէ, աւելի շատ մայրեր կ’աշխատին տունէն դուրս։ Ամուրի մայրերէն շատեր, զոր օրինակ, ընտանիք պահելու համար աշխատելու ստիպուած են։ Որպէս հետեւանք, ծնողներ՝ հայրեր ու մայրեր, իրենց զաւակներուն հետ աւելի նուազ ժամանակ կ’անցընեն։
1997–ին, աւելի քան 12,000 Ամերիկացի պատանիներու հետ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուաւ թէ այն պատանիները որոնք իրենց ծնողներուն հետ սերտ յարաբերութիւններ ունին, աւելի քիչ հաւանականութիւն ունին զգացական ճնշումէ տառապելու, անձնասպանական խորհուրդներ ունենալու, բռնութեան մասնակցելու, կամ թմրամոլ ըլլալու։ Իսկ աւելի ընդլայնուած ուսումնասիրութիւն ըրած հետազօտողներէն մէկը ըսաւ. «Կարելի չէ երախաներուն կապուած ըլլալ, մինչեւ որ անոնց տրամադրութեան տակ չըլլաք»։ Ձեր զաւակներուն հետ ժամանակ անցընելը եւ անոնց հետ հաղորդակցիլը շա՛տ կարեւոր է։
Հաղորդակցութեան Խրամատը
Մասնաւորաբար հաղորդակցութեան խզումի ենթակայ են այն ընտանիքները, ուր ծնող մը տունէն հեռու գործի նշանակում մը ունի։ Անշուշտ, հաղորդակցութեան խրամատը միայն տունէն հեռու ապրող ծնող ունեցող ընտանիքներուն սահմանափակուած չէ։ Տան մէջ ապրող ծնողներէն ոմանք գործի կ’երթան, երախաներուն զարթնելէն առաջ, եւ տուն կը վերադառնան՝ անոնց անկողին մտնելէն ետք։ Մտերմական կապերու այս պակասը հատուցանելու համար, կարգ մը ծնողներ շաբաթավերջերուն ու արձակուրդներուն իրենց ընտանիքին հետ կ’անցընեն։ Անոնք կ’ըսեն թէ իրենց զաւակներուն հետ «որակաւոր» ժամանակ կ’անցընեն։
Սակայն, քանակին քիչ ըլլալը, որակով կը փոխհատուցանուի՞։ Հետախոյզ Լորանս Սթայնպըրկ կը պատասխանէ. «Ընդհանուր առմամբ, իրենց ծնողներուն հետ շատ ժամանակ անցընող երախաները, աւելի քիչ ժամանակ անցընողներէն աւելի յաջող կ’ըլլան։ Այնպէս կը թուի թէ ժամանակի այդ պակասը ուրիշ բանով կարելի չէ հատուցանել։ Որակաւոր ժամանակի գաղափարին շատ մեծ արժէք տրուած է»։ Պուրմացի կին մը ճիշդ այս կերպով զգաց։ Իր ամուսինը՝ զուտ Ճափոնցի տիպար մը՝ ամէն առաւօտ ժամը մէկին կամ երկուքին գործէն տուն կու գայ։ Թէեւ ան շաբաթավերջերը իր ընտանիքին հետ ժամանակ կ’անցընէ, բայց կինը կ’ըսէ. «Շաբաթ ու Կիրակի օրերը տունը ըլլալը, շաբթուան մնացեալ օրերը ընտանիքին հետ չըլլալուն տեղը չի լեցներ։ . . . Կրնա՞ք շաբթուան օրերը ճաշ չուտել եւ շաբթուան բոլոր ճաշերը Շաբաթ ու Կիրակի օրերը ուտել»։
Բծախնդիր Ջանքի կը Կարօտի
Շատ աւելի դիւրին է ընտանիքին մէջ լաւ հաղորդակցութիւն պահելու մասին խօսիլ, քան՝ ասիկա ընել։ Ապրուստ ճարելու եւ ընտանիքին կարիքները գոհացնելու պահանջքին պատճառաւ դժուար է որ հայր մը, կամ աշխատող մայր մը իր ընտանիքին հետ շատ ժամանակ անցընէ։ Շատեր, որոնց պարագաները կը ստիպեն որ տունէն հեռու ըլլան, իրարու հետ կանոնաւորաբար կը հաղորդակցին հեռաձայնով կամ նամակագրութեամբ։ Բայց բոլորը տունը ըլլան կամ ոչ, բծախնդիր ջանք պէտք է թափուի, ընտանեկան լաւ հաղորդակցութիւն մը պահպանելու համար։
Այն ծնողները որոնք իրենց ընտանիքի անդամներուն հետ հաղորդակցիլը կ’անտեսեն, ասոր համար պիտի վճարեն։ Հայր մը որ իր ընտանիքին քիչ ժամանակ կը յատկացնէր, անոնց հետ ուտելու ժամանակ իսկ չգտնելով, լուրջ հետեւանքներ դիմագրաւեց։ Իր տղան վայրագ մէկը դարձաւ, իսկ աղջիկը խանութներէն գողութիւն ըրած ատեն բռնուեցաւ։ Կիրակի օր մը, մինչ հայրը կոլֆ խաղալու համար երթալու կը պատրաստուէր, տղան պոռթկաց ու պոռալով ըսաւ. «Այս տան ծնողը միայն մա՞յրս է»։ Ան գանգատեցաւ. «Մամա՛ն է որ ամէն բան կ’որոշէ ընտանիքին համար։ Դո՛ւն, հայրիկ, բնա՛ւ. . . »։
Այս խօսքերը հօրը մտածել տուին։ Վերջապէս ան որոշեց որ սկսելու համար, գոնէ ընտանիքին հետ նախաճաշ ընէ։ Սկիզբը միայն ինք ու իր կինը նախաճաշը կ’ընէին։ Աստիճանաբար, երախաներն ալ միացան իրենց եւ նախաճաշի սեղանը հաղորդակցութեան օճախ մը դարձաւ։ Ասոր հետեւեցան ընտանեկան ընթրիքները։ Այս կերպով, այս մարդը իր ընտանիքը ամբողջական քայքայումէ մը փրկելու ջանք թափեց։
Աստուծոյ Խօսքէն Օգնութիւն
Աստուածաշունչը կը քաջալերէ որ ծնողներ իրենց զաւակներուն հետ հաղորդակցելու համար ժամանակ տրամադրեն։ Մովսէս մարգարէին միջոցաւ Իսրայելացիներուն հետեւեալ խրատը տրուեցաւ. «Ով Իսրայէլ, մտի՛կ ըրէ. մեր Տէր Աստուածը մէկ տէր է։ Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ եւ այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր»։ (Բ. Օրինաց 6։4-7, ստորանիշ) Այո, ծնող եղողներս, պէտք է նախաքայլը առնենք մեր ընտանիքին հետ ժամանակ անցընելու, եթէ կ’ուզենք որ Աստուծոյ խօսքերը մեր զաւակներուն մտքին ու սրտին մէջ քանդակուին։
Հետաքրքրականօրէն, աւելի քան 12,000 Ամերիկացի պատանիներու հետ կատարուած 1997–ի փորձագիտանքը, զոր նախապէս յիշեցինք, կը յայտնէր թէ «Գրեթէ 88 առ հարիւրը . . . բնակչութեան, որ կրօնքի մը պատկանիլ տեղեկագրեց, կրօնքը եւ աղօթքը նկատեց որպէս պաշտպանութեան նպաստող բաներ»։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները կը գիտակցին որ տան մէջ տրուած կրօնական պատշաճ դաստիարակութիւնը պատանիները կը պաշտպանէ թմրեմոլութենէ, զգացական ճնշումէ, անձնասպանութենէ, բռնութենէ եւ նման բաներէ։
Կարգ մը ծնողներ կը խորհին թէ իրենց ընտանիքին համար ժամանակ գտնելը դժուար է։ Մասնաւորաբար այս է պարագան ամուրի մայրերու, որոնք ուրախութեամբ կը փափաքին իրենց զաւակներուն հետ ժամանակ անցընել, բայց աշխատելու ստիպուած են։ Իրենց ընտանիքին հետ ըլլալու համար, ի՞նչպէս կրնան թանկագին ժամանակը ձեռք ձգել։ «Իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը քովդ պահէ», կը յորդորէ Աստուածաշունչը։ (Առակաց 3։21) Ծնողներ կրնան «խոհեմութիւն» գործածելով իրենց ընտանիքին համար ժամանակ գտնել։ Ի՞նչպէս։
Եթէ աշխատող մայր մըն էք, որ օրուան աշխատանքէն ետք սպառած կը զգաք, ինչո՞ւ ձեր զաւակներուն չէք առաջարկեր ընթրիքը միասնաբար պատրաստել։ Իրարու հետ անցուած այսպիսի ժամանակ մը, առիթ պիտի տայ որ իրարու աւելի մօտիկ ըլլաք։ Սկիզբը, կրնայ ըլլալ որ ձեր զաւակները գործին միջամուխ ընելը ձեր ժամանակէն աւելի առնէ։ Բայց շատ չանցած, անիկա հաճելի պիտի ըլլայ եւ ժամանակ պիտի շահիք։
Թերեւս հայր մըն էք, որ շաբաթավերջին ընելիք բաներու երկար ցանկ մը ունիք։ Այդ գործերէն ոմանք ինչո՞ւ ձեր զաւակներուն հետ չընէք։ Մինչ կ’աշխատիք, անոնց հետ կրնաք խօսիլ, եւ միեւնոյն ատեն արժէքաւոր մարզում տալ անոնց։ Աստուծոյ խօսքը ձեր զաւակներուն մէջ քանդակելու Աստուածաշունչին խրատը ձեզ կը քաջալերէ որ անոնց հետ խօսիք «թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ»՝ իրապէս, ամէն առիթով։ Միասնաբար աշխատելու ժամանակ, ձեր զաւակներուն հետ խօսիլը, գործնական ‘իմաստութեան’ յայտնաբերում է։
Ձեր ընտանիքին հետ ժամանակ անցընելը մնայուն վարձատրութիւններ կը բերէ։ «Խրատին մտիկ ընողներուն քով իմաստութիւն կայ», կ’ըսէ Աստուածաշունչի առակ մը։ (Առակաց 13։10) Ձեր ընտանիքին հետ հաղորդակցելու համար ժամանակ յատկացնելով, ի վիճակի պիտի ըլլաք անոնց իմաստուն ուղղութիւն մը տալու, առօրեայ կեանքի պայքարներուն մէջ։ Հի՛մա այսպիսի ուղղութիւն մը տալը, ապագային շատ աւելի ժամանակէ ու ցաւերէ կրնայ խնայել ձեզ։ Ասկէ զատ, ասիկա թէ՛ ձեր եւ թէ իրենց ուրախութեան կրնայ նպաստել։ Այսպիսի ուղղութիւն մը տալու համար, Աստուծոյ Խօսքի՝ Աստուածաշունչի, իմաստութեան ճոխ շտեմարանէն պէտք է օգտուիք։ Զայն գործածեցէք ձեր զաւակներուն սորվեցնելու եւ ձեր ընտանիքին քայլերը ուղղելու համար։—Սաղմոս 119։105
[Նկար՝ էջ 4]
Այն պատանիները, որոնք իրենց ծնողներուն հետ սերտ յարաբերութիւններ ունին, զգացական ճնշումէ տառապելու աւելի քիչ հաւանականութիւն ունին
[Նկար՝ էջ 5]
Լաւ հաղորդակցութիւնը ընտանեկան կեանքի մէջ բազմաթիւ վարձատրութիւններ կը բերէ
[Նկար՝ էջ 6]
Մինչ ձեր զաւկին հետ կ’աշխատիք, կրնաք անոր հետ հաղորդակցիլ ու արժէքաւոր մարզում տալ անոր