Յիսուս ի՞նչպէս կրնայ փոխել ձեր կեանքը
ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ Մեծ Ուսուցիչ մըն էր որ Պաղեստինի մէջ ապրեցաւ գրեթէ 2,000 տարիներ առաջ։ Իր մանկութեան մասին շատ քիչ բան գիտենք։ Սակայն իրապէս հաստատուած է որ երբ հազիւ 30 տարեկան էր, ան իր ծառայութեան ձեռնարկեց, որպէսզի ‘ճշմարտութեան համար վկայէ’։ (Յովհաննու 18։37. Ղուկաս 3։21-23) Իր կեանքին պատմութիւնը գրող չորս աշակերտները, յաջորդ երեքուկէս տարիներուն վրայ կեդրոնացուցին իրենց ուշադրութիւնը։
Իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն պատուէր մը տուաւ, որ աշխարհի շատ մը ցաւերուն բալասանը կրնայ ըլլալ։ Ի՞նչ էր այդ պատուէրը։ Յիսուս ըսաւ. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք»։ (Յովհաննու 13։34) Այո, մարդկութեան բազմաթիւ խնդիրներուն լուծումը՝ սէրն է։ Ուրիշ առիթով մը, երբ Յիսուսի հարցուեցաւ թէ ո՛րն էր մեծագոյն պատուիրանը, ան պատասխանեց. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։ Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը։ Ու երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’»։—Մատթէոս 22։37-40
Յիսուս խօսքերով եւ արարքներով ցոյց տուաւ թէ ի՛նչպէս կրնանք սիրել Աստուած ու մեր ընկեր արարածները։ Հիմա քանի մը օրինակներ նկատի առնենք եւ տեսնենք թէ իրմէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ։
Իր Ուսուցումները
Պատմութեան ամենահռչակաւոր քարոզներէն մէկուն մէջ, Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը պիտի արհամարհէ. չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային [«հարստութեան», ՆԱ]»։ (Մատթէոս 6։24) Աստուած մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելու Յիսուսի ուսուցումը տակաւին գործնակա՞ն է մեր օրերուն, երբ շատ շատեր կը հաւատան որ դրամն է բոլոր խնդիրներուն լուծումը։ Ճիշդ է որ ապրելու համար դրամի պէտք ունինք։ (Ժողովողի 7։12) Սակայն, եթէ թոյլ տանք որ «հարստութիւնը» մեր տէրը ըլլայ, «արծաթսիրութիւն»ը մեզ պիտի ղեկավարէ, մեր ամբողջ կեանքին տիրելով։ (Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10) Այս որոգայթին մէջ ինկողներէն շատեր ի վերջոյ իրենց ընտանիքը, առողջութիւնը եւ նոյնիսկ իրենց կեանքը քանդած են։
Ասոր հակառակը, որպէս մեր Տէրը՝ Աստուծոյ նայիլը, մեր կեանքին իմաստ մը կու տայ։ Որպէս Ստեղծիչ ինք կեանքի Աղբիւրն է, հետեւաբար, միայն ի՛նք արժանի է մեր պաշտամունքին։ (Սաղմոս 36։9. Յայտնութիւն 4։10) Անոնք որոնք իր յատկութիւններուն մասին կը սորվին եւ կը սկսին զինք սիրել, իր պատուիրանքները պահելու մղումը կ’ունենան։ (Ժողովողի 12։13. Ա. Յովհաննու 5։3) Այսպէս ընելով, կ’օգտուինք։—Եսայեայ 48։17
Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց նաեւ թէ ի՛նչպէս կրնան մարդ արարածին հանդէպ սէր ցոյց տալ։ Ան ըսաւ.ը «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։ (Մատթէոս 7։12) Հոս Յիսուսի գործածած «մարդիկ» բառը կը ներփակէ նոյնիսկ մէկու մը թշնամիները։ Նոյն քարոզին մէջ, ան ըսաւ. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, . . . եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն»։ (Մատթէոս 5։43, 44) Այսպիսի սէր մը ներկայիս մեր դիմագրաւած խնդիրներէն շատերը լուծելու պիտի չնպաստէ՞ր։ Հինտու առաջնորդ Մոհանտէս Կանտիի կարծիքը այս էր։ Ան ըսած էր որ ‘երբոր Քրիստոսի Լերան Քարոզին մէջ տուած ուսուցումներուն հետեւինք, այն ատեն մեր ու ամբողջ աշխարհին հարցերը լուծուած կ’ըլլան’։ Սիրոյ մասին Յիսուսի ուսուցումները եթէ կիրարկուին, մարդկութեան խնդիրներէն շատերը կրնան լուծուիլ։
Իր Արարքները
Յիսուս ոչ միայն ինչպէս սէր ցոյց տալու մասին խորունկ ճշմարտութիւններ սորվեցուց, այլ իր սորվեցուցած բաները ինք անձամբ գործադրեց։ Օրինակ, ան ուրիշներուն շահերը իրենիններէն առաջ դասեց։ Օր մը Յիսուս եւ իր աշակերտները մարդոց օգնելով այնքան զբաղած էին որ նոյնիսկ ճաշ ուտելու ժամանակ չունեցան։ Յիսուս հարկը տեսաւ որ աշակերտները քիչ մը հանգստանային, ուստի զանոնք ամայի տեղ մը տարաւ։ Բայց երբ հոն հասան, տեսան որ ամբոխ մը կը սպասէր իրենց։ Անձնապէս ի՞նչպէս պիտի զգայիք տեսնելով բազմութիւն մը, որ ձեզմէ կ’ակնկալէ որ աշխատիք, երբ դուք կ’ուզէիք քիչ մը հանգստանալ։ Յիսուս «խղճաց անոնց վրայ» եւ սկսաւ ‘շատ բաներ սորվեցնել անոնց’։ (Մարկոս 6։34) Ուրիշներու հանդէպ իր ունեցած հետաքրքրութիւնը կը մղէր զինք որ անոնց օգնէր։
Յիսուս մարդոց միմիայն սորվեցնելէն աւելին ըրաւ։ Ան գործնական օգնութիւն ալ մատուցանեց անոնց։ Օրինակ, առիթով մը ան կերակրեց աւելի քան 5,000 անհատներ, որոնք մինչեւ ուշ ատեն մտիկ կ’ընէին իրեն։ Անկէ անմիջապէս ետք, ուրիշ մեծ բազմութիւն մըն ալ կերակրեց, այս անգամ աւելի քան 4,000, որոնք երեք օրէ իրեն մտիկ կ’ընէին եւ ուտելիք բան մը չէր մնացած։ Առաջին առթիւ, ան հինգ նկանակ եւ երկու ձուկ գործածեց, իսկ երկրորդին՝ եօթը նկանակ եւ քանի մը պզտիկ ձուկեր։ (Մատթէոս 14։14-22. 15։32-38) Ասոնք հրաշքնե՞ր էին։ Այո, ան հրաշք գործող մըն էր։
Յիսուս բազմաթիւ ցաւագարներ ալ բուժեց։ Ան կոյրը, կաղը, բորոտը եւ խուլը բժշկեց. նո՛յնիսկ մեռելներ յարուցանեց։ (Ղուկաս 7։22. Յովհաննու 11։30-45) Առիթով մը բորոտ մը պաղատեցաւ իրեն. «Եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»։ Յիսուս ի՞նչպէս ընդառաջեց։ «Յիսուս խղճալով՝ ձեռքը երկնցուց, դպաւ անոր ու ըսաւ. ‘Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ’»։ (Մարկոս 1։40, 41) Այսպիսի հրաշքներով, Յիսուս վշտահարներուն հանդէպ իր սէրը ցոյց տուաւ։
Յիսուսի հրաշքներուն հաւատալու դժուարութիւն ունի՞ք։ Ոմանք ունին։ Յիշեցէք սակայն, որ Յիսուս իր հրաշքները հանրութեան դիմաց ըրաւ։ Նոյնիսկ իր վրայ ամէն վայրկեան յանցանք փնտռողները չկրցան ժխտել որ ան հրաշքներ կը գործէր։ (Յովհաննու 9։1-34) Բացի այդ, իր հրաշքները նպատակի մը կը ծառայէին։ Անոնք մարդոց օգնեցին որ զինք բնորոշեն որպէս Մէկը՝ որ Աստուծմէ ղրկուած էր։—Յովհաննու 6։14
Ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրելու համար չէր որ Յիսուս հրաշքներ կը գործէր։ Այլ, ան իր ունեցած զօրութեան Աղբիւրը եղող Աստուած կը փառաբանէր։ Կափառնայումի մէջ, առիթով մը մարդոցմով լեցուն տան մը մէջ կը գտնուէր։ Անդամալոյծ մը կը փափաքէր բուժուիլ, բայց չէր կրնար ներս մտնել։ Ուստի, իր բարեկամները տանիքը ծակ մը բանալով զինք մահիճով վար իջեցուցին։ Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով՝ բուժեց անդամալոյծը։ Որպէս հետեւանք, մարդիկ «փառք տուին Աստուծոյ» եւ ըսին. «Այսպիսի բան մը ամենեւին տեսած չէինք»։ (Մարկոս 2։1-4, 11, 12) Յիսուսի հրաշքները Եհովան փառաբանեցին եւ կարիքի մէջ եղողներուն օգնեցին։
Սակայն, Յիսուսի ծառայութեան գլխաւոր հետաքրքրութիւնը հիւանդները բուժել չէր։ Յիսուսի կեանքին մասին գրողներէն մէկը բացատրեց. «Ասոնք գրուեցան, որպէս զի հաւատաք թէ Յիսուսը Քրիստոսն է, Աստուծոյ Որդին եւ որպէս զի հաւատալով կեանք ունենաք անոր անունովը»։ (Յովհաննու 20։31) Այո, Յիսուս երկիր եկաւ, որպէսզի հաւատացեալ անհատներ կարենան կեանք ունենալ։
Իր Զոհագործութիւնը
‘Յիսուս երկի՞ր եկաւ’, հարցնէք թերեւս։ ‘Ան ուրկէ՞ եկաւ’։ Յիսուս ինք ըսաւ. «Ես երկնքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս ընելու, հապա անոր կամքը՝ որ զիս ղրկեց»։ (Յովհաննու 6։38) Ան նախամարդկային գոյութիւն մը ունեցած էր, որպէս Աստուծոյ միածին Որդին։ Արդ, զինք երկիր Ղրկողին կամքը ի՞նչ էր։ «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ (Յովհաննու 3։16) Ասիկա ի՞նչպէս կարելի էր։
Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ ի՛նչպէս մարդկութիւնը անխուսափելիօրէն մահուան ճիրաններուն մէջ ինկաւ։ Մարդկային առաջին զոյգը Աստուծմէ կեանք ստացաւ, յաւիտեան ապրելու հեռանկարով։ Սակայն, անոնք ընտրեցին իրենց Արարիչին դէմ ըմբոստանալ։ (Ծննդոց 3։1-19) Այս արարքին՝ մարդկային առաջին մեղքին որպէս հետեւանք, Ադամի ու Եւայի սերունդը մահուան անբարենպաստ կտակը ժառանգեց։ (Հռովմայեցիս 5։12) Մարդկութեան իրական կեանք տալու համար, մեղքն ու մահը պէտք է չքացուին։
Ոեւէ գիտնական, ինչեւիցէ ծագումնաբանական ճարտարագործութեամբ՝ չի կրնար մահուընէ ձերբազատուիլ։ Բայց մարդկութեան Ստեղծիչը կարողութիւն ունի հնազանդ մարդիկը կատարելութեան հասցնելու, որպէսզի կարենան յաւիտեան ապրիլ։ Աստուածաշունչին մէջ այս կարգադրութիւնը կոչուած է փրկանք։ Մարդկային առաջին զոյգը իրենք զիրենք եւ իրենց սերունդը մեղքի ու մահուան գերութեան ծախեցին։ Անոնք որպէս կատարեալ մարդիկ Աստուծոյ հնազանդ իրենց կեանքը ծախեցին, Աստուծմէ անկախ կեանքի մը փոխարէն, շիտակի ու սխալի շուրջ իրենց անձնական որոշումը տալով։ Մարդկային կատարեալ կեանքը վերագնելու համար, մեր առաջին ծնողքին կորսնցուցած մարդկային կատարեալ կեանքին համարժէք գին մը վճարուելու էր։ Անկատարութիւն ժառանգած ըլլալով, մարդիկ այդ գինը հայթայթելու որակումը չունէին։—Սաղմոս 49։7
Ուստի, Եհովա Աստուած միջամտեց, որպէսզի օգնէ։ Ան իր միածին Որդւոյն կեանքը կոյսի մը արգանդին մէջ փոխադրեց, որ Յիսուսի ծնունդ տուաւ։ Քանի մը տասնամեակներ առաջ, թերեւս մերժէիք կոյսի մը ծնունդ տալուն գաղափարը։ Սակայն ներկայիս, գիտնականներ ստնաւորներու վրայ նմանատիպութիւն ըրած են, անասունէ մը ծիներ առնելով եւ ուրիշ անասունի մը մէջ զետեղելով։ Ուստի, ո՞վ իրաւացիօրէն կրնայ սովորական բեղմնաւորութեան գործընթացը շրջանցելու Ստեղծիչին կարողութիւնը հարցի տակ դնել։
Մարդկային կատարեալ կեանքի մը առկայութեամբ, մարդկութիւնը մեղքէն ու մահէն փրկելու գինը մատչելի եղաւ։ Սակայն, երկրի վրայ որպէս Յիսուս ծնած մանուկը պէտք էր մեծնար ու ըլլար «բժիշկ», մարդկութիւնը հիւանդութիւններէ բուժելու «դեղը» հայթայթելու կարող ըլլալու համար։ Ան ասիկա ըրաւ կատարեալ, անմեղ կեանք մը ապրելով։ Յիսուս ոչ միայն մեղքի ներքեւ եղող մարդկութեան տանջանքը տեսաւ, այլ, մարդ ըլլալու սահմանափակումներուն փորձառութիւնն ալ ունեցաւ։ Ասիկա զինք աւելի կարեկից բժիշկ մը դարձուց։ (Եբրայեցիս 4։15) Երկրի վրայ ապրած շրջանին իր կատարած հրաշալի բուժումները փաստեցին որ ինք հիւանդները բժշկելու թէ՛ կամեցողութիւնը եւ թէ զօրութիւնը ունէր։—Մատթէոս 4։23
Երկրի վրայ երեքուկէս տարի ծառայելէ ետք, Յիսուս իր հակառակորդներուն կողմէ սպաննուեցաւ։ Ան ցոյց տուաւ որ կատարեալ մարդ մը կրնայ իր Ստեղծիչին հնազանդ ըլլալ, նոյնիսկ ամենախիստ փորձութեանց ներքեւ։ (Ա. Պետրոս 2։22) Իր մարդկային կատարեալ կեանքին զոհագործումը, փրկանքին գինը հայթայթեց, մարդկութիւնը մեղքէն ու մահէն փրկելու կարողութիւնը ունենալով։ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ»։ (Յովհաննու 15։13) Իր մահուան երրորդ օրը, Յիսուս հոգեղէն կեանքի յարուցուեցաւ եւ քանի մը շաբաթ ետք երկինք համբարձաւ, փրկանքին գինը Եհովա Աստուծոյ ներկայացնելու համար։ (Ա. Կորնթացիս 15։3, 4. Եբրայեցիս 9։11-14) Այսպէս ընելով, Յիսուս կրցաւ իր փրկանքի զոհին օգուտները կիրարկել իր հետեւորդներուն վրայ։
Հոգեւոր, զգացական եւ ֆիզիքական հիւանդութիւններէն բուժուելու այս կերպէն կ’ուզէ՞ք օգտուիլ։ Օգտուելու համար Յիսուս Քրիստոսի պէտք է հաւատաք։ Ինչո՞ւ անձամբ բժիշկին չերթաք։ Ասիկա կրնաք ընել, Յիսուս Քրիստոսի եւ հաւատարիմ մարդկութիւնը փրկելու մէջ իր դերին մասին սորվելով։ Եհովայի վկաները ուրախութեամբ պիտի օգնեն ձեզի։
[Նկար՝ էջ 5]
Յիսուս ցաւագարները բուժելու կամեցողութիւնը եւ զօրութիւնը ունէր
[Նկար՝ էջ 7]
Յիսուսի մահը ի՞նչ ազդեցութիւն ունի ձեր վրայ