Տիմոթէոս. ‘Հաւատքի հարազատ որդի մը’
ՏԻՄՈԹԷՈՍ բաղդատաբար երիտասարդ մըն էր, երբ Պօղոս առաքեալ զինք ընտրեց որպէս իր ուղեկիցը։ Ասով ընկերակցութիւն մը սկսաւ որ շուրջ 15 տարի տեւեց։ Այս երկու տղամարդոց միջեւ զարգացած յարաբերութիւնը այնպէս մըն էր որ Պօղոս Տիմոթէոսը կոչեց «Տիրոջմով իմ սիրելի եւ հաւատարիմ որդիս» եւ՝ «հաւատքի հարազատ որդիս»։—Ա. Կորնթացիս 4։17. Ա. Տիմոթէոս 1։2, Անթիլիաս։
Տիմոթէոս ի՞նչպիսի անձնաւորութիւն մը ունէր որ Պօղոս այդքան սիրեց զինք։ Տիմոթէոս ի՞նչպէս այսքան արժէքաւոր ընկերակից մը եղաւ։ Իսկ ի՞նչ օգտակար դասեր կրնանք սորվիլ Տիմոթէոսի գործունէութեան ներշնչեալ արձանագրութենէն։
Պօղոս կ’Ընտրէ Տիմոթէոսը
Պօղոս երիտասարդ Տիմոթէոսին հանդիպեցաւ, երբ իր միսիոնարական երկրորդ ճամբորդութեան ընթացքին Լիւստրա (արդի Թուրքիոյ մէջ) այցելեց շուրջ Հ.Դ. 50–ին։ Հաւանաբար իր պատանեկութեան վերջաւորութեան կամ իր 20–ական տարիքի մէջ եղող Տիմոթէոսի մասին, Լիւստրայի եւ Իկոնիայի Քրիստոնեաները գովասանքով խօսեցան։ (Գործք 16։1-3) Ան իր անուան իմաստին համաձայն ապրեցաւ, որ կը նշանակէ՝ «Մէկը որ Աստուած կը Պատուէ»։ Տիմոթէոսի մեծ–մայրը Լաւոդիա եւ իր մայրը՝ Եւնիկէ, իր մանկութենէն Սուրբ Գրութիւնները սորվեցուցած էին իրեն։ (Բ. Տիմոթէոս 1։5. 3։14, 15) Անոնք հաւանաբար Քրիստոնէութիւնը ողջունած էին քանի մը տարիներ առաջ, երբ Պօղոս իրենց քաղաքը այցելած էր։ Արդ, սուրբ հոգիին ներգործութեամբ, որոշ գուշակութիւն մը կը նշէր թէ Տիմոթէոսի ապագան ի՛նչ պիտի ըլլար։ (Ա. Տիմոթէոս 1։18) Այդ առաջնորդութեան հետ ներդաշնակ ըլլալով, Պօղոս եւ ժողովքէն ուրիշ երէցներ իրենց ձեռքերը դրին այս երիտասարդին վրայ, զինք մասնայատուկ ծառայութեան համար զատելով, իսկ Պօղոս առաքեալ զինք ընտրեց որպէս իր միսիոնար ուղեկիցը։—Ա. Տիմոթէոս 4։14. Բ. Տիմոթէոս 1։6
Քանի որ իր հայրը անհաւատ Յոյն մըն էր, Տիմոթէոս թլփատուած չէր։ Անշուշտ, ասիկա քրիստոնէական պահանջ մը չէր։ Իրենց այցելելիք Հրեաներուն գայթակղութեան պատճառ մը չտալու համար, սակայն, Տիմոթէոս այս ցաւագին վարքագծին ենթարկուեցաւ։—Գործք 16։3
Տիմոթէոս անկէ առաջ Հրեայ նկատուա՞ծ էր։ Կարգ մը ուսումնականներ կը պատճառաբանեն որ րաբունական կարգ մը հեղինակութիւններու համաձայն, «խառն ամուսնութենէն սերած զաւկին պատկանելիութիւնը ոչ թէ իր հօրը, այլ մօրը կողմէ կ’որոշուէր»։ Ուրիշ խօսքով, «Հրեայ կին մը՝ Հրեայ զաւակ կը բերէր»։ Սակայն, գրագէտ Շայ Գոհէն «Հ.Դ. առաջին դարուն րաբունական այսպիսի օրէնքի մը արդէն գոյութիւն ունենալը», եւ Փոքր Ասիոյ Հրեաներուն կողմէ անոր գործադրումը հարցի տակ կը դնէ։ Պատմական իրողութիւնները նկատի առնելէ ետք, ան կ’եզրակացնէ որ երբ հեթանոս մարդ մը Հրեայ կնոջ մը հետ ամուսնանար, «այդ ամուսնութեան զաւակները Իսրայելացիներ կը նկատուէին միայն՝ երբ ընտանիքը Իսրայելացիներու մէջ ապրէր։ Շառաւիղը մօրը կողմէն կը հաշուըւէր երբ մօրը երկրին մէջ կը գտնուէին։ Երբ Իսրայելացի կին մը արտասահման երթար իր հեթանոս ամուսնոյն միանալու համար, իր զաւակները հեթանոս կը նկատուէին»։ Ամենայնդէպս, Տիմոթէոսի ծնողներուն խառնուրդ ըլլալը քարոզչութեան համար առաւելութիւն մըն էր։ Ան խնդիր չէր ունենար ո՛չ Հրեաներուն եւ ոչ ալ՝ հեթանոսներուն հետ, թերեւս նոյնիսկ այդ բացը գոցելու կը նպաստէր։
Պօղոսի Լիւստրա այցելութիւնը դարձակէտ մը եղաւ Տիմոթէոսի կեանքին մէջ։ Սուրբ հոգիին ուղղութեան հետեւելու այս երիտասարդին յօժարակամութիւնը եւ Քրիստոնեայ երէցներուն հետ խոնարհաբար համագործակցիլը, մեծ օրհնութիւններու եւ ծառայութեան առանձնաշնորհումներու դուռ բացին։ Ինք տեղւոյն վրայ գիտակցեցաւ կամ ոչ, Պօղոսի առաջնորդութեան ներքեւ, Տիմոթէոս հետագային աստուածպետական կարեւոր նշանակումներու համար պիտի գործածուէր, զինք իր տունէն մինչեւ կայսրութեան մայրաքաղաքը եղող հեռաւոր Հռովմ տանելով։
Տիմոթէոս Թագաւորութեան Շահերուն Նպաստեց
Մենք Տիմոթէոսի գործունէութեան մասին սահմանափակ տեղեկութիւն ունինք, բայց ան շատ ճամբորդեց, Թագաւորութեան շահերուն նպաստելով։ Հ.Դ. 50–ին, Պօղոսի եւ Շիղայի հետ Տիմոթէոսի առաջին ուղեւորութիւնը զինք տարաւ Փոքր Ասիա եւ Եւրոպա։ Հոն ան քարոզչութեան արշաւներու մասնակցեցաւ Փիլիպպէի, Թեսաղոնիկէի եւ Բերիայի մէջ։ Հակառակութիւն մը Պօղոսի Աթէնք մեկնիլը պարտադրելէ ետք, Տիմոթէոս եւ Շիղա Բերիա մնացին, հոն կազմուած աշակերտներու խումբի մը հոգ տանելու համար։ (Գործք 16։6–17։14) Հետագային, Պօղոս Թեսաղոնիկէ ղրկեց Տիմոթէոսը, հոն գտնուող նոր ժողովքը զօրացնելու համար։ Տիմոթէոս լաւ լուրեր բերաւ Պօղոսի, երբ Կորնթոս եկաւ զինք տեսնելու համար։—Գործք 18։5. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 3։1-7
Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Տիմոթէոս ո՛րքան ժամանակ մնաց Կորնթացիներուն հետ։ (Բ. Կորնթացիս 1։19) Բայց, Հ.Դ. 55–ի ատենները, Պօղոս մտածեց զինք ետ ղրկել Կորնթացիներուն, քանի որ անոնց կացութեան մասին խռովեցուցիչ լուրեր ստացած էր։ (Ա. Կորնթացիս 4։17. 16։10) Հետագային, Երաստոսի հետ, Տիմոթէոս Եփեսոսէն Մակեդոնիա ղրկուեցաւ։ Իսկ երբ Պօղոս Կորնթոսէն Հռովմէացիներուն գրեց, Տիմոթէոս դարձեալ իր քով էր։—Գործք 19։22. Հռովմայեցիս 16։21
Տիմոթէոս եւ ուրիշներ Կորնթոսէն մեկնեցան Պօղոսի հետ, երբ ան ճամբայ ելաւ Երուսաղէմ երթալու համար, եւ անոնք առաքեալին ընկերակցեցան առնուազն մինչեւ Տրովադա։ Չենք գիտեր թէ Տիմոթէոս մինչեւ Երուսաղէմ իր ճամբան շարունակեց թէ ոչ։ Բայց Հ.Դ. 60-61–ի ատենները Հռովմէն Պօղոսի գրած երեք նամակներուն ներածականին մէջ Տիմոթէոսի անուան կը հանդիպինք։a (Գործք 20։4. Փիլիպպեցիս 1։1. Կողոսացիս 1։1. Փիլիմոն 1) Պօղոս կը ծրագրէր Տիմոթէոսը Հռովմէն Փիլիպպէ ղրկել։ (Փիլիպպեցիս 2։19) Իսկ Պօղոս բանտէն արձակուելէն ետք, Տիմոթէոս Եփեսոս մնաց առաքեալին ցուցմունքին համաձայն։—Ա. Տիմոթէոս 1։3
Քանի որ առաջին դարուն ուղեւորութիւնը ո՛չ դիւրին էր եւ ոչ ալ հանգստաւէտ, իրապէս գովելի է ժողովքները այցելելու համար Տիմոթէոսի երկար ճամբորդութիւններ ընելու յօժարակամութիւնը։ (Տեսնել՝ Դիտարան 15 Օգոստոս 1996 (Անգլերէն), էջ 29, շրջագիծ) Հիմա Տիմոթէոսի համար յայտագրուած շրջապտոյտներէն միայն մէկը նկատի առնենք եւ տեսնենք թէ ասիկա ի՛նչ կը յայտնէ իր մասին։
Տիմոթէոսի Անձնաւորութեան Վրայ Լուսարձակում
Տիմոթէոս Հռովմի մէջ Պօղոսի հետ էր, երբ բանտարկուած առաքեալը Փիլիպպէի հալածուած Քրիստոնեաներուն նամակ գրեց ու ըսաւ. «Կը յուսամ Տէր Յիսուսով թէ Տիմոթէոսը ձեզի պիտի ղրկեմ, որպէս զի սիրտս ալ հանգչի, երբ ձեր վիճակը գիտնամ։ Վասն զի անոր նման սրտակից մէկը չունիմ, որ մտերմաբար ձեր վրայ հոգ տանի։ Քանզի ամէնքը իրենցը կը փնտռեն՝ ո՛չ թէ Յիսուս Քրիստոսինը։ Բայց դուք փորձով գիտէք թէ ինչպէս որդի մը՝ հօրը, այնպէս ինծի հետ աւետարանին ծառայեց»։—Փիլիպպեցիս 1։1, 13, 28-30. 2։19-22
Այս խօսքերը կ’ընդգծեն Տիմոթէոսի ունեցած հոգածութիւնը իր հաւատակիցներուն հանդէպ։ Այսպիսի շրջապտոյտ մը 40 օր հետիոտն ճամբորդել կը նշանակէր Հռովմէն մինչեւ Փիլիպպէ՝ ի բացառեալ եթէ նաւով ճամբորդէր՝ պզտիկ տեղ մը Ադրիական Ծովը կտրելով, ապա դարձեալ 40 օր՝ Հռովմ վերադառնալու համար։ Տիմոթէոս իր եղբայրներուն ու քոյրերուն ծառայելու համար այս բոլորը ընելու պատրաստ էր։
Թէեւ Տիմոթէոս շատ ճամբորդեց, բայց միշտ ալ լաւ առողջութիւն մը չունէր։ Այնպէս կ’երեւի թէ ան ստամոքսի խնդիր ունէր եւ «յաճախակի հիւանդութիւններ»է կը տառապէր։ (Ա. Տիմոթէոս 5։23) Սակայն, ան բարի լուրի սիրոյն տքնաջան աշխատեցաւ։ Չենք զարմանար որ Պօղոս ա՛յդքան մօտ կը զգար իրեն։
Առաքեալին խնամակալութեան ներքեւ եւ միասնաբար իրենց ձեռք ձգած փորձառութիւններով, երեւութապէս Տիմոթէոս Պօղոսի անձնաւորութեան գծերը արտացոլացուց։ Անոր համար Պօղոս կրնար անոր ըսել. «Դուն ծանօթացար իմ վարդապետութեանս, վարմունքիս, դիտաւորութեանս, հաւատքիս, երկայնմտութեանս, սիրոյս, համբերութեանս, հալածանքներուս, չարչարանքներուս, որոնք ինծի պատահեցան Անտիոքի եւ Իկոնիոնի ու Լիւստրայի մէջ»։ Տիմոթէոս Պօղոսի հետ արցունք թափեց, անոր աղօթքներուն մէջ տեղ գրաւեց եւ անոր կողքին ծառայեց, Թագաւորութեան շահերուն նպաստելու համար։—Բ. Տիմոթէոս 1։3, 4. 3։10, 11
Պօղոս քաջալերեց Տիմոթէոսը որ ‘մէկը իր մանկութիւնը չանարգէր’։ Ասիկա կրնայ նշել որ Տիմոթէոս քիչ մը ամչկոտ էր եւ իր հեղինակութիւնը գործադրելու մէջ կը վարանէր։ (Ա. Տիմոթէոս 4։12. Ա. Կորնթացիս 16։10, 11) Սակայն, կրնար առանձին ծառայել, իսկ Պօղոս վստահութեամբ կրնար պատասխանատու առաքելութիւններու համար զինք ուղարկել։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 3։1, 2) Երբ Պօղոս աստուածպետական զօրաւոր վերատեսչութեան կարիքը տեսաւ Եփեսոսի ժողովքին մէջ, ան քաջալերեց Տիմոթէոսը որ հոն մնար, ‘մէկ քանիներուն պատուիրելու համար որ օտար ուսմունք չսորվեցնեն’։ (Ա. Տիմոթէոս 1։3) Թէեւ բազմաթիւ պատասխանատուութիւններ վստահուած էին իրեն, բայց Տիմոթէոս համեստ էր։ Իսկ հակառակ իր ամչկոտութեան, ան խիզախ էր։ Օրինակ, ան Հռովմ գնաց Պօղոսի օգնելու համար, որ իր հաւատքին համար դատի քաշուած էր։ Արդարեւ, Տիմոթէոս ինք ալ որոշ ժամանակ մը բանտարկուեցաւ, հաւանաբար նոյն պատճառով։—Եբրայեցիս 13։23
Անկասկած, Տիմոթէոս շատ բան սորվեցաւ Պօղոսէն։ Իր աշխատակիցին հանդէպ առաքեալին ունեցած համարումը բացայայտ է, այն իրողութեամբ որ անոր երկու ներշնչեալ նամակներ գրեց, որոնք կը գտնուին քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ։ Հ.Դ. 65–ի ատենները, երբ Պօղոս գիտցաւ որ իր նահատակութիւնը մօտ էր, անգամ մը եւս Տիմոթէոսը իր քով կանչեց։ (Բ. Տիմոթէոս 4։6, 9) Սուրբ Գիրքը չի յայտներ թէ Տիմոթէոս կրցա՞ւ տեսնել Պօղոսը, առաքեալին նահատակուելէն առաջ։
Դուք Ձեզ Մատչելի Դարձուցէք
Տիմոթէոսի լաւ օրինակէն շատ բան կրնանք սորվիլ։ Պօղոսի հետ ընկերակցելով ան շատ օգտուեցաւ. ամչկոտ պատանին՝ տեսուչ մը դարձաւ։ Ներկայիս ալ, երիտասարդ տղամարդիկ եւ կիներ շատ բան կրնան ձեռք ձգել նոյնանման ընկերակցութեամբ։ Իսկ եթէ Եհովայի ծառայութիւնը իրենց կեանքին ասպարէզը դարձնեն, անոնք արժէքաւոր շա՛տ գործ պիտի ունենան ընելիք։ (Ա. Կորնթացիս 15։58) Անոնք կրնան ռահվիրաներ, կամ լման ժամանակով քարոզիչներ, ըլլալ իրենց պատկան ժողովքին մէջ, կամ ծառայել հո՛ն ուր Թագաւորութեան հրատարակիչներու աւելի մեծ կարիքը կայ։ Կարելիութիւնները շատ են. ուրիշ երկրի մը մէջ միսիոնարական գործ, կամ Դիտարանի Ընկերութեան համաշխարհային կեդրոնատեղիին կամ անոր մասնաճիւղերէն մէկուն մէջ՝ ծառայութիւն։ Իսկ անշուշտ, բոլոր Քրիստոնեաներն ալ Տիմոթէոսի նման հոգի մը կրնան ցուցաբերել, Եհովայի սրտանց ծառայութիւն մատուցանելով։
Կը փափաքի՞ք հոգեւորապէս աճիլ, Եհովայի կազմակերպութեան մէջ պիտանի ըլլալով, աշխատելով որեւէ մարզի մէջ որ ան յարմար կը նկատէ։ Ուրեմն, Տիմոթէոսի նման ըրէք։ Որչափ որ կարելի է, դուք ձեզ մատչելի դարձուցէք։ Ո՞վ գիտէ թէ ապագային ծառայութեան ի՛նչ առանձնաշնորհումներ կրնան բացուիլ ձեր դիմաց։
[Ստորանիշ]
a Պօղոսի միւս չորս նամակներուն մէջ ալ Տիմոթէոսի մասին յիշուած է. Հռովմայեցիս 16։21. Բ. Կորնթացիս 1։1. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։1. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։1
[Նկար՝ էջ 31]
«Անոր նման սրտակից մէկը չունիմ»