«Դուք՝ Եհովայի վկաներու վրայ իմ տպաւորութիւնս փոխեցիք»
ԼԵՀ բանտային պաշտօնեայ մը այսպէս հակազդեց, Եհովայի Վկաներու աշխատանքին մասին յօդուած մը կարդալէ ետք, ինչպէս տեղեկագրուած էր մեր 15 Հոկտեմբեր 1998 համարին մէջ (Անգլերէն)։ «Երբ՝ Քարէ Սրտեր Ընդառաջող կը Դառնան» յօդուածը, Լեհաստանի Վոուֆի բանտակիցներուն հետ Եհովայի Վկաներու աշխատանքին յաջողութեան մասին տեղեկութիւն կու տար։
Վերոյիշեալ Դիտարան–ը հանրութեան բաշխելու համար տպուելէն առաջ, այս պարբերաթերթը բանտակիցներուն ապահովելու համար, Վոուֆ բանտին մէջ մասնաւոր ժողով մը գումարուեցաւ 13 Սեպտեմբեր 1998–ին։ Այդ ժողովի հրաւիրուածներուն մէջ կային տեղական Վկաներ, մկրտուած եւ ուրիշ հետաքրքրուած բանտարկեալներ եւ մեծ թիւով բանտի պաշտօնեաներ։ Ստորեւ կու տանք հոն ներկայ գտնուողներուն կարգ մը դիտողութիւնները։
Աւելի քան հինգ տարի առաջ բանտին մէջ մկրտուած Եհովայի Վկաներէն մէկը՝ Եէրզի, ըսաւ. «Շատ ուրախ եմ, քանի որ հիմա կը կարդամ որ մօտակայ ժողովքի եղբայրները որքան ջանք թափած են մեզի օգնելու համար»։ Ան աւելցուց. «Կը շարունակեմ ճիգ թափել որ ինքզինքս բարելաւեմ, եւ կը տեսնեմ թէ Եհովա ի՛նչպէս զիս կը կաղապարէ»։
Ուրիշ բանտարկեալ մը, որու անունն է Զտիշուաֆ, բանտին մէջ վկայութեան գործին մասին ըսաւ. «Ներկայիս չորս դատապարտեալներ մկրտութեան կը պատրաստուին, եւ նոր հետաքրքրուողներ մեր սրահին մէջ ժողովներու կը յաճախեն։ Այս յօդուածը զօրաւոր շարժառիթ կու տայ մեզի որ այս դաշտին մէջ մեր գործունէութիւնը աւելցնենք»։ Ի՜նչ դրական կեցուածք մը, նկատի ունենալով որ Զտիշուաֆ տակաւին 19 տարի պէտք է մնայ բանտին մէջ։
Վոուֆ բանտին մէջ այս յօդուածը կարդալէ ետք, բանտի պաշտօնեաներէն մէկը ըսաւ. «Մասնայատուկ պատիւի արժանացած ենք։ Բնաւ չէի խորհած որ այս բանտը ա՛յսքան դրական ծանուցումի պիտի արժանանար 130 լեզուներով։ Ես ձեզ կը սիրեմ եւ դատապարտեալներուն հանդէպ ձեր թափած ջանքերը կը գնահատեմ»։ Ուրիշ պաշտօնեայ մը աւելցուց. «Դուք՝ Եհովայի Վկաներու վրայ իմ տպաւորութիւնս փոխեցիք։ Նախապէս, ձեզ կը նկատէի որպէս կրօնական մոլեռանդներ։ Հիմա կը տեսնեմ որ դուք սկզբունքի տէր մարդիկ էք»։
Վոուֆ բանտին տնօրէնը, Մարէգ Կայոս, ժպտեցաւ ու ըսաւ. «Սկիզբը խորհեցանք որ շատ քիչ բան պիտի կարենաք իրագործել։ Խորհեցանք որ դուք ալ ուրիշ կրօնք մըն էք, որ դատապարտեալները սուրբ գրայինօրէն դարձի բերելով հետաքրքրուած էք։ Բայց ձեր սկզբնական աշխատանքին արդիւնքը տեսանք, որոշեցինք սերտօրէն համագործակցիլ ձեր հետ։ Հիմա ինը տարի է որ առանց յոգնելու կը շարունակէք գալ եւ իրապէս շատ կը գնահատեմ մինչեւ հիմա ձեր ըրածը»։
Արդ, Վոուֆ բանտին ընդհանուր բնակիչները ի՞նչպէս ընդունեցին յօդուածը։ Բանտարկեալներուն մէջ հետաքրքրութիւնը այնքան մեծ էր որ բանտին մէջի Վկաները իրենց ունեցած պաշարը վերջացուցին։ Բանտի պաշտօնեաներն ալ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին, 40 յաւելեալ թիւեր խնդրելով։ Յաւելեալ պահանջին գոհացում տալու համար, տեղական ժողովքներէն 100 օրինակներ հաւաքուեցան, բանտի եղբայրներուն համար։ Միեւնոյն ժամանակ, բանտին մէջ ժողովներու ներկաներուն թիւը աւելցաւ։
Փիոթ Հէօտէն՝ Եհովայի Վկաներուն հետ սերտօրէն համագործակցած բանտի պաշտօնեայ մը, ըսաւ. «Որոշեցինք այս յօդուածը ցուցադրել մեր բանտին բոլոր ցուցատախտակներուն վրայ։ Կը յուսանք որ այն բոլոր բանտարկեալները, որոնք տակաւին ձեզի հետ Աստուածաշունչ չեն ուսումնասիրեր, այս պարբերաթերթը պիտի կարդան»։
Վկաներուն լաւ օրինակը եւ անոնց քարոզելու վճռակամ ջանքերը տակաւին լաւ արդիւնքներ ունենալու կը նպաստեն։ Մինչեւ մկրտութիւն յառաջացած 15 բանտարկեալներէն զատ, բանտային երկու պաշտօնեաներ իրենց կեանքը նուիրած են եւ ուրիշ պաշտօնեայ մը, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը խնդրած է։ Անշուշտ Վոուֆի բանտին մէջ քարոզող եղբայրները իրենց յաջողութեան ամէն վարկը Եհովայի կու տան։—Համեմատել՝ Ա. Կորնթացիս 3։6, 7
[Նկար՝ էջ 28]
Երեք Վկաներ եւ բանտակից մը, երբ պարբերաթերթ կը ներկայացնեն բանտին դասախօսութեան սրահին մէջ