Ան օգնեց որ լոյս սփռուի «մինչեւ երկրին ծայրերը»
ՊՕՂՈՍ առաքեալ գործածուեցաւ հոգեւոր լոյս սփռելու «մինչեւ երկրին ծայրերը»։ Որպէս արդիւնք, անոնք որոնք «յաւիտենական կեանքի սահմանուած էին, հաւատացին»։—Գործք 13։47, 48. Եսայեայ 49։6
Հոգեւոր լոյս սփռելու սուր փափաք մը բացայայտ էր նաեւ Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինի անդամ՝ Ուիլիըմ Լոյտ Պէրիի նուիրեալ կեանքին եւ քրիստոնէական անխոնջ ջանքերուն մէջ։ Եղբայր Պէրի մահացաւ 2 Յուլիս 1999–ին, մինչ Հաուայիի մէջ նահանգային համաժողովի մը յայտագրին կը մասնակցէր։
Լոյտ Պէրի ծնած էր Նոր Զելանտայի մէջ՝ 20 Դեկտեմբեր 1916–ին։ Իր մայրն ու հայրը արդէն խորապէս հետաքրքրուած էին Չ. Թ. Ռասըլի գրականութիւններուն մէջ ներկայացուած Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններով, որոնք Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ հրատարակուած էին։ Ուստի, Եղբայր Պէրի մեծցած էր նուիրեալ քրիստոնէական տան մը մէջ։
Թէեւ հետաքրքրուած էր մարմնամարզանքով եւ ուսումով, նոյնիսկ գիտութեան ճիւղին մէջ համալսարանական վկայական մը ձեռք ձգեց, սակայն Եղբայր Պէրի իր աչքերը սեւեռած պահեց հոգեւոր հարցերու վրայ։ Ուստի, 1 Յունուար 1939–ին, ան լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեց, Ընկերութեան Աւստրալիոյ Մասնաճիւղի մէջ Պէթէլի ընտանիքի մէկ անդամը ըլլալով։ 1941–ին կառավարութիւնը Ընկերութիւնը բանադրանքի տակ դնելէ ետք, Եղբայր Պէրի շարունակեց գրասենեակի գործով զբաղիլ, երբեմն նշանակում ստանալով որ քաջալերական յօդուածներ գրէ հաւատակիցներուն ի նպաստ։ Ան նաեւ օրինակելի առաջնորդութիւն ստանձնեց հանրային ծառայութեան մէջ։
1942–ի Փետրուարին, Եղբայր Պէրի ամուսնացաւ լիաժամ ծառայող քրոջ մը հետ։ Իր սիրալիր կինը՝ Մելպան, իր կողքին հաւատարմօրէն ծառայեց աշխարհի շատ մը կողմերը։ Անոնք օտար դաշտերու մէջ ծառայելու համար մեծ քայլ մը առին, յաճախելով Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցի 11–րդ դասարանը, Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Իրենց նշանակումը Ճափոն էր. ըստ շատերու՝ ‘երկրի ծայրը’։ 1949–ի Նոյեմբերին հոն հասնելէ ետք, անոնք սկսան որպէս միսիոնարներ ծառայել նաւահանգիստ եղող Գոպէ քաղաքին մէջ։ Այդ ժամանակ, միայն 12 անհատներ բարի լուրը կը քարոզէին Ճափոնի մէջ։ Եղբայր Պէրի իր նոր բնակավայրին լեզուն եւ կենցաղը սորվեցաւ եւ խոր խանդաղատանք մշակեց Ճափոնցի ժողովուրդին հանդէպ, որոնց մէջ ծառայեց 25 տարի։ «Յաւիտենական կեանքի սահմանուած»ներուն հանդէպ իր ունեցած սէրը շատ յստակ էր Ճափոնի մէջ ուռճացող քրիստոնէական եղբայրակցութեան, իրեն օգնելով որ պիտանի ըլլայ որպէս մասնաճիւղի տեսուչ՝ տասնեակ տարիներ։
1975–ի կիսուն, երբ շուրջ 30,000 Վկաներ կային Ճափոնի մէջ, Եղբայր Պէրի եւ իր կինը Պրուքլին, Նիւ Եորք, փոխադրուեցան։ Հոգիէն–ծնած Քրիստոնեայ մը ըլլալով, Եղբայր Պէրի հրաւիրուեցաւ ծառայելու որպէս Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինի մէկ անդամը։ (Հռովմայեցիս 8։16, 17) Իր գրելու փորձառութիւնը շատ պիտանի եղաւ Գրական Բաժինին մէջ իր ունեցած դերին համար։ Իսկ մասնաճիւղի վերաբերեալ եւ միջազգային իր լայն փորձառութիւնը զինք օժտեց որ արժէքաւոր նպաստ բերէ որպէս Կառավարիչ Մարմինի Հրատարակչական Յանձնախումբի մէկ անդամը։
Տարիներու ընթացքին, Եղբայր Պէրի իր սէրը վառ պահեց Ծայրագոյն Արեւելքին եւ անոր ժողովուրդին հանդէպ։ Գաղաադու Դպրոց յաճախողները ինչպէս նաեւ Պէթէլի ընտանիքը կրնային վստահ ըլլալ որ իր դասախօսութիւններն ու մեկնաբանութիւնները միսիոնարական գործին մէջ ծառայողներուն մասին սիրտ տոգորող պատմութիւններ պիտի ընդգծէին։ «Մինչեւ երկրին ծայրերը» հասնող Թագաւորութեան քարոզչութեան գործունէութիւնները իրապէս կեանք կ’առնէին, մինչ Եղբայր Պէրի խանդավառութեամբ կը պատմէր իր անձնական փորձառութիւնները։ Անոնցմէ ոմանք յիշուած են 15 Սեպտեմբեր 1960–ի Դիտարան–ին մէջ (Անգլերէն)։
Վստահ ենք որ «յաւիտենական կեանքի սահմանուած»ներուն հանդէպ Եղբայր Պէրիին հետաքրքրութիւնը պիտի շարունակուի որպէս ‘Քրիստոսի ժառանգակից մը’։ Անշուշտ, բոլոր անոնք որոնք զինք կը ճանչնային եւ կը սիրէին որպէս հոգեւոր անձ մը, ամբողջովին Եհովայի նուիրուած եւ Աստուծոյ ժողովուրդին հանդէպ ջերմ խանդաղատանք ունեցող, իրեն շատ պիտի կարօտնան։ Սակայն, կը հրճուինք որ Եղբայր Պէրի հաւատարմօրէն տոկաց մինչեւ իր երկրային ընթացքին վախճանը։
[Նկար՝ էջ 16]
Լոյտ Պէրի եւ Ճոն Պառ, երբ «Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ» գիրքը հրատարակուեցաւ՝ 1988–ին
[Նկար՝ էջ 16]
Գաղաադու 11–րդ դասարանի շրջանաւարտները, Ճափոնի մէջ հանդիպած՝ 40 տարի ետք