Երկար կեանքի որոնումը ի՞նչպէս կրնայ յաջողիլ
ՈՄԱՆՔ այն յոյսը կը սնուցանեն թէ նոր հազարամեան, կեանքը երկարելու մարդուն ջանքերը յաջողութեամբ պիտի պսակէ։ Տոքթ. Ռոնալտ Գլաց անոնցմէ մէկն է։ Ան Ծերութեան Դէմ Բժշկութիւն կոչուած Ամերիկեան Ակադեմիայի նախագահն է, որ մարդուն կեանքը երկարելու նպատակին նուիրուած բժիշկներէ ու գիտնականներէ բաղկացած կազմակերպութիւն մըն է։ Ինք ու իր պաշտօնակիցները ծրագրած են շատ երկար կեանք մը ապրիլ։ Տոքթ. Գլաց կ’ըսէ. «Կ’ակնկալեմ առնուազն 130 տարի ապրիլ։ Կը հաւատանք թէ ծերանալը անխուսափելի բան մը չէ։ Ներկայիս արուեստագիտութիւն մը գոյութիւն ունի որ կրնայ դանդաղեցնել, կասեցնել եւ թերեւս նոյնիսկ յատկանշականօրէն յեղաշրջել, այժմ բնական ծերութիւն կոչուող ֆիզիքական քայքայումը եւ հիւանդութիւնը»։ Կեանքը երկարելու իր որոնումին մէջ, Տոքթ. Գլաց անձամբ օրական շուրջ 60 դեղահատ կ’առնէ։
Հորմոնով Դարմանում եւ Ծագումնաբանութիւն. Յոյսի Պատճառնե՞ր
Հորմոնով դարմանումը յոյս ներշնչող մարզ մըն է։ DHEA հորմոնի հետ եղած գիտափորձերը, երեւութապէս տարրալուծարանի անասուններուն ծերանալու յառաջխաղացքը կը դանդաղեցնէ։
Բուսական հորմոն գինեթինի նկատմամբ, Աֆթոնպլայտ շուէտական օրաթերթը, Տանըմարքայի Արհուս Համալսարանի ուսուցչապետ Տոքթ. Սուրէշ Ռաթանի խօսքերը կը մէջբերէ, ըսելով. «Մեր տարրալուծարանին մէջ եղած փորձերը ցոյց կու տան թէ գինեթինի մէջ մշակուած մարդկային մորթին բջիջները փոփոխութեան չեն ենթարկուիր, տարիքի հետ կապ ունեցող բնական կերպով։ Անոնք երիտասարդ կը մնան իրենց կեանքի ամբողջ տեւողութեան»։ Կ’ըսուի թէ այս հորմոնով դարմանուած միջատները սովորականէն 30-45 տոկոս աւելի երկար կ’ապրին։
Կ’ըսուի թէ մելաթոնինով եղած դարմանումները մուկերու կեանքի տեւողութիւնը մինչեւ 25 առ հարիւր երկարած են։ Ասկէ զատ, մուկերը աւելի երիտասարդ, աւելի առողջ եւ աւելի կենսունակ երեւոյթ մը ունեցած են։
Մարդկային աճումի հորմոնին (hGH) ջատագովները կը դաւանին թէ անիկա կը նպաստէ մորթի փայլքին, մկաններու զանգուածի յաւելումին, սեռային տենչի զօրացումին, աւելի ուրախ տրամադրութեան, մտային աւելի սուր ըմբռնողութեան եւ պատանիի մը մարմնին փոխարկումին։
Շատեր ալ իրենց յոյսը ծագումնաբանութեան վրայ դրած են։ Գիտնականներ եզրակացուցած են թէ ծիներուն վրայ ճարտարօրէն աշխատելով կրնան թելորդի, կամ կլոր որդի մը, կեանքի տեւողութիւնը հակակշռի տակ առնել։ Արդարեւ, անոնք յաջողած են կարգ մը որդեր ողջ պահել իրենց կեանքի բնական տեւողութենէն վեց անգամ աւելի երկար։ Ասիկա՝ մարդուն մէջ ալ նոյնանման ծիներ գտնելու եւ անոնց վրայ հմտօրէն աշխատելու յոյսեր արթնցուցած է։ Թայմզ պարբերաթերթը (Անգլերէն), Մոնթրէալի ՄքԿիլ Համալսարանի Տոքթ. Սիկֆրիտ Հեքիմիի խօսքերը մէջբերեց, որ ըսած է. «Եթէ մարդուն կեանքի տեւողութիւնը որոշող բոլոր ծիները գտնենք, թերեւս կարենանք զանոնք քիչ մը դանդաղեցնել եւ հետեւաբար՝ կեանքը երկարել»։
Կենսաբաններ վաղուց գիտեն, թէ մասնատարրերու [chromosomes] ծայրի մասը, այդպէս կոչուած թելոմէրը, կը կարճնայ, ամէն անգամ որ բջիջ մը կը վերարտադրէ։ Երբ թելոմէրը իր երկարութեան 20 առ հարիւրը կորսնցնէ, բջիջին վերարտադրելու կարողութիւնը վերջ կը գտնէ եւ անիկա կը մեռնի։ Թելոմերազ կոչուած յատուկ մէկ ներխմոր [enzyme] կրնայ թելոմէրը իր նախկին երկարութեան վերադարձնել, թոյլ տալով որ բջիջը շարունակէ բաժնուիլ։ Բջիջներուն մեծամասնութեան մէջ այս ներխմորը զսպուած եւ անգործունեայ է, սակայն բջիջներէն ոմանց մէջ գործունեայ թելոմերազներ յաջողութեամբ ներմուծուած են, կարող դարձնելով որ անոնք աճին ու բաժնուին բնականէն շա՛տ աւելի անգամներ։
Հետախոյզներու համաձայն, ասիկա տարիքի հետ առնչուած հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու գծով սքանչելի հաւանականութիւններու դուռ կը բանայ։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել մարմնին արմատ բջիջները (մարմնի հիւսկէններուն վերարտադրութեան պատասխանատու բջիջներ) գործօն թելոմերազներով «անմահացուած» արմատ բջիջներով փոխարինելու մասին։ Տոքթ. Ուիլիըմ Ա. Հասելթին կ’ըսէ. «Ասիկա մարդկային անմահութեան որոշ ու պարզ մտապատկերն է, որ կամաց կամաց պիտի ներկայացուի յառաջիկայ 50 տարիներու ընթացքին»։—Տը Նիւ Եորք Թայմզ (Անգլերէն)։
Նանօ–արուեստագիտութիւնը եւ Սառեցումը Լուծում կը Հայթայթե՞ն
Նանօ–արուեստագիտութիւնը՝ նանօմեթրի (մեթրի մը մէկ միլիառերորդ մասը) աստիճանի ճարտարագիտութիւնն ալ յոյս կը ներշնչէ։ Այս մարզին մէջ աշխատող տեսլականներ կը դաւանին թէ բջիջներէն շա՜տ աւելի փոքր, համակարգիչային մեքենաներ ապագային կրնան գործածուիլ մասնիկային մակարդակի վրայ գործելու համար, ծերացող բջիջները, հիւսկէնները եւ անդամները նորոգելու եւ երիտասարդացնելու նպատակաւ։ Ծերութեան դէմ գումարուած համագումարի մը մէջ, հետազօտող մը թելադրեց թէ 21–րդ դարու բժիշկները կրնան նանօ–արուեստագիտութիւնը գործածել, մարդիկը ֆիզիքապէս անմահ դարձնելու համար։
Սառեցումը՝ մարդկային մարմինները սառեցնելու գործողութիւնն է, այն յոյսով որ գիտութիւնը կարող պիտի ըլլայ մեռած բջիջները վերակենդանացնելով զանոնք ետ կեանքի բերել։ Կարելի է ամբողջ մարմինը կամ՝ միայն ուղեղը սառեցնել։ Մարդ մը նոյնիսկ անկողինին ծածկոցը սառեցնել տուաւ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անիկա կորսուած ընկերի մը կը պատկանէր եւ անոր վրայ կային քիչ մը մորթի բջիջ ու քանի մը մազ։ Ան կ’ուզէր զանոնք սառեցնել տալ, որպէսզի իր ընկերոջ վերապրելու պատեհութիւն տար, եթէ գիտութիւնը հասնէր այն աստիճանին որ կարենար քանի մը կամ նոյնիսկ մէկ բջիջէ մարդ վերակազմել։
Մեր Վստահութիւնը Ո՞ւր Պէտք Է Դնենք
Մարդուն բնական փափաքն է ապրիլ ու ո՛չ թէ մեռնիլ։ Հետեւաբար, այս մարզին մէջ գիտական յառաջդիմութիւնը շուտով կ’ողջունուի եւ անոր հանդէպ մեծ յոյսեր կը տածուին։ Սակայն, մինչեւ հիմա իսկական ապացոյցներ չկան թէ DHEA–ը, գինեթինը, մելաթոնինը, hGH–ը, կամ որեւէ ուրիշ նիւթ կրնայ իրապէս մարդոց մէջ ծերութեան յառաջխաղացքը դանդաղեցնել։ Սկեպտիկներ կը վախնան որ բջիջներուն մէջի թելոմերազին հետ խաղալը պարզապէս խլիրդի հաւանական բջիջներ պիտի ստեղծէ։ Իսկ Նանօ–արուեստագիտութեան եւ սառեցման գործածութիւնը տակաւին աւելի պատրանք մըն է քան՝ իրականութիւն մը։
Թէեւ գիտութիւնը ոմանց աւելի երկար ու առողջ կեանք ապահովելու նպաստած է եւ տակաւին կրնայ նպաստել, բայց անիկա ոեւէ մէկու երբեք յաւիտենական կեանք պիտի չտայ։ Ինչո՞ւ։ Պարզ անոր համար որ ծերութեան ու մահուան բուն պատճառը մարդկային գիտութեան ծիրէն դուրս կը գտնուի։
Ծերութեան ու Մահուան Բուն Պատճառը
Գիտնականներէն շատեր կը համաձայնին որ ծերութիւնը ու մահը կարծես ձեւով մը մեր ծիներուն մէջ յայտագրուած են։ Հարցումը հետեւեալն է. Անոնք ե՞րբ, ի՞նչպէս եւ ինչո՞ւ մեր ծագումնաբանական կանոնէն ներս մուտք գործեցին։
Աստուածաշունչը պարզ պատասխան մը կու տայ՝ թէեւ առանց ծինային կամ DNA–ի լեզուով արտայայտուելու։ Հռովմայեցիս 5։12–ին մէջ կը կարդանք. «Ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։
Առաջին մարդը՝ Ադամ, յաւիտեան ապրելու հեռանկարը ունէր։ Անոր մարմինը յաւիտեան ապրելու եւ զայն վայելելու անհրաժեշտ եղող կարողութիւններով ծրագրուած էր։ Սակայն յաւիտեան ապրելու համար պայման մը կար։ Ադամ, կեանքի Աղբիւրին՝ իր Ստեղծիչին՝ հետ պէտք էր համագործակցէր եւ անոր հնազանդէր, որպէսզի իր կեանքը շարունակուէր։—Ծննդոց 1։31. 2։15-17
Ադամ ընտրեց իր Ստեղծիչին անհնազանդ գտնուիլ։ Ուրիշ խօսքով, Ադամ դաւանեցաւ թէ մարդը աւելի ուրախ պիտի ըլլայ, եթէ Աստուծմէ անկախ՝ ինքզինք կառավարէ։ Այսպէս ան մեղանչեց։ Անկէ ի վեր, կարծես թէ իր ծագումնաբանական ծածկագիրը խանգարուեցաւ։ Փոխանակ իր սերունդին յաւիտենական կեանքի ժառանգը փոխանցելու, Ադամ մեղք ու մահ փոխանցեց անոնց։—Ծննդոց 3։6, 19. Հռովմայեցիս 6։23
Իսկական Յոյսը
Այսուհանդերձ, այդ վիճակը մնայուն պիտի չըլլար։ Հռովմայեցիս 8։20, 21ա կ’ըսէ. «Ունայնութեան հնազանդեցան ստեղծուածները, ոչ թէ իրենց կամքովը՝ հապա անոր համար որ Աստուած հնազանդեցուց, . . . յոյսով»։ Մարդուն Ստեղծիչը, Եհովա Աստուած, մարդիկը մահուան հնազանդեցուց քանի որ անոնք իր դէմ մեղք գործեցին, բայց միեւնոյն ատեն ան յոյսի հիմ մըն ալ հաստատեց։
Այս հիմը բացայայտօրէն բնորոշուեցաւ երբ Յիսուս Քրիստոս երկիր եկաւ։ Յովհաննու 3։16 կ’ըսէ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ Բայց, Յիսուս Քրիստոսի հաւատք ընծայելը ի՞նչպէս կրնայ մեզ մահուընէ ազատել։
Եթէ մահուան պատճառը մեղքն է, մեղքը պէտք է վերցուի՝ մահը ոչնչացուելէն առաջ։ Երբ Յովհաննէս Մկրտիչ ծառայութեան նոր սկսող Մեսիան՝ Յիսուսը՝ տեսաւ, ըսաւ. «Ահա Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ»։ (Յովհաննու 1։29) Յիսուս Քրիստոս բոլորովին անմեղ էր։ Հետեւաբար, ան մեղքին պատիժը եղող մահուան ենթակայ չէր։ Այսուհանդերձ, ան յօժարեցաւ մեռնիլ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այսպէս ընելով ան մեր մեղքերուն գինը վճարեց։—Մատթէոս 20։28. Ա. Պետրոս 3։18
Այդ գինը վճարուելով, առանց մահ ճաշակելու կեանքի պատեհութեան դուռը բացուեցաւ Յիսուսի հաւատք ընծայող բոլոր անհատներուն առջեւ։ Գիտութիւնը, մեր կեանքը շատ սահմանափակ տարողութեամբ երկարելու կրնայ նպաստել, բայց Յիսուսի հաւատք ընծայելը յաւիտենական կեանքի իսկական միջոցն է։ Յիսուս այսպիսի կեանք մը ստացաւ երկնքի մէջ. իր հաւատարիմ առաքեալները եւ ուրիշներ ալ զայն պիտի ստանան։ Սակայն, Յիսուսի հաւատք ընծայող հսկայ մեծամասնութեան պարագային, յաւիտենական կեանքը երկրի վրայ պիտի ըլլայ, երբ Եհովա Աստուած երկրային Դրախտը վերահաստատէ։—Եսայեայ 25։8. Ա. Կորնթացիս 15։48, 49. Բ. Կորնթացիս 5։1
Երկրային Դրախտի մը Վրայ Յաւիտենական Կեանք
Անհատ մը հարց տուաւ. «Քանի՞ հոգիներ պիտի ուզեն ապրիլ, անգամ մը որ մեռնելու հարկ պիտի չունենան»։ Կեանքը առանց մահուան ձանձրացուցիչ պիտի ըլլա՞յ։ Աստուածաշունչը կը հաւաստիացնէ մեզ թէ պարագան այդ պիտի չըլլայ։ «Անիկա ամէն բան իր ժամանակին վայելուչ ըրաւ եւ մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ. բայց Աստուծոյ ըրած գործը մարդ չի կրնար սկիզբէն մինչեւ վերջը հասկնալ»։ (Ժողովողի 3։11) Եհովա Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը այնքան ճոխ ու բարդ է որ անիկա պիտի շարունակէ մեր հետաքրքրութիւնը շարժել, մեզ ոգեւորել եւ ուրախացնել, ա՛յնքան ատեն որ կ’ապրինք՝ նոյնիսկ յաւիտեան։
Սիպերիական անծեղ անունով ճանչցուած թռչունը ուսումնասիրող մարդ մը զայն կոչեց «արտակարգ, հաճելի ծանօթ մը» եւ ըսաւ թէ այս թռչունը դիտելը իր կեանքին ամենէն հաճելի փորձառութիւններէն մէկը եղած էր։ Որքան աւելի թռչունը ուսումնասիրեց, այնքան աւելի հետաքրքրական գտաւ զայն։ Ան ըսաւ թէ նոյնիսկ 18 տարիներ ետք, իր ուսումնասիրութիւնը վերջանալէն շատ հեռու էր։ Եթէ մէկ տեսակ թռչուն կրնայ հետաքրքրութիւն արթնցնել, ոգեւորել եւ խելամուտ մարդ մը ուրախ պահել 18 տարի տեւող լարուած ուսումնասիրութեան մը ընթացքին, միայն երեւակայեցէք թէ երկրի ամբողջ ստեղծագործութեան ուսումնասիրութիւնը որքան մեծ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կրնայ տալ։
Պատկերացուցէք գիտութեան այն բոլոր մարզերը, որոնք պիտի բացուին անհատի մը դիմաց, որ ժամանակով սահմանափակուած չէ։ Երեւակայեցէք՝ հետախուզելի բոլոր գրաւիչ վայրերը ու հանդիպիլ բազմաթիւ հետաքրքրական անհատներու։ Փորձեցէք մտապատկերացնել բաներ յղանալու, ստեղծելու եւ շինելու անվերջ կարելիութիւնները։ Մեր ստեղծագործական կարողութիւնները զարգացնելու ու զանոնք գործածելու պատեհութիւնները անսահման պիտի ըլլան։ Երբ ստեղծագործութեան այլազանութեան մասին խորհրդածենք, բացայայտ է թէ յաւիտենականութիւնը միակ ժամանակամիջոցն է, կեանքի մատուցած բոլոր կարելիութիւնները իրագործելու համար։
Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ յարութեան միջոցաւ, մեռելներն ալ յաւիտեան ապրելու պատեհութիւնը պիտի ունենան։ (Յովհաննու 5։28, 29) Պատմութեան մէջ բազմաթիւ խորհուրդ մնացած բաներն ալ կրնան աւելի յստականալ, երբ անոնց դերակատարները կարենան մանրամասնութիւններ հայթայթել ու մեր հարցումներուն պատասխանել։ Խորհեցէք թէ յարուցեալները որքան տեղեկութիւն պիտի հայթայթեն, պատմութեան զանազան ժամանակաշրջաններուն մասին։—Գործք 24։15
Երբ այդ ժամանակին մասին խորհրդածէք, կրնաք երեւակայել թէ յարուցուած Յոբ թերեւս ուզէ Յոբայ 14։1–ի խօսքերը վերաքննութեան ենթարկել։ Թերեւս անոնց փոխարէն ըսէ՝ ‘Կնոջմէ ծնած մարդը այժմ յաւիտեան կ’ապրի եւ գոհունակութեամբ լեցուն է’։
Իրենց վստահութիւնը Եհովայի վրայ դնողներուն եւ Յիսուսի հաւատք ընծայողներուն համար, անվերջ կեանք մը խաբուսիկ երազ մը չէ։ Անիկա շուտով իրականութիւն մը պիտի ըլլայ։ Ծերութիւնը ու մահը վերջ պիտի գտնեն։ Ասիկա Սաղմոս 68։20–ին հետ համաձայն է, որ կ’ըսէ. «Մեզ մահուանէն ազատողը Տէր Եհովան է»։—Յայտնութիւն 21։3, 4
[Նկար՝ էջ 5]
Գիտական յառաջդիմութիւնը շատ աւելի երկար ապրելու կարելիութեան շուրջ յոյսեր տածած է
[Նկար՝ էջ 7]
Յաւիտենականութիւնը միակ ժամանակամիջոցն է, կեանքի մատուցած բոլոր կարելիութիւնները իրագործելու համար