Անոնք համարձակութիւն ունեցան
ՔԱՐՈԶԵԼՈՒ համարձակութիւն ունենալը միշտ ալ դիւրին չէ։ Արդարեւ, Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ առիթով մը «մեծ հակառակութեան մէջ» ասիկա ըրաւ։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։2) Քարոզելու համար ‘հակառակութեան’ ընդդիմանալու ջանք թափելը կ’արժէ՞։ Մեզի երաշխաւորութիւն չէ տրուած որ արտակարգ փորձառութիւններ պիտի ունենանք, բայց Աստուծոյ ծառաները յաճախ կ’ուրախանան որ համարձակութիւն ունեցած են։ Կարգ մը օրինակներ նկատի առէք։
Թարա անունով ութ տարեկան աղջնակ մը, ուշադիր կերպով մտիկ կ’ընէր, մինչ ուսուցչուհին դասարանին կ’ըսէր որ Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, կեդրոնացման ճամբարներու մէջ Հրեայ բանտարկեալները բնորոշուելու համար անոնք Դաւիթի դեղին Աստղը պէտք էր կրէին։ Թարան ինքզինքին հարց տուաւ որ արդեօք խօսէ՞ր թէ ոչ։ «Աչքերս բաց աղօթեցի», կը մտաբերէ ան։ Ապա իր ձեռքը բարձրացուց եւ ըսաւ որ Եհովայի Վկանե՛րն ալ այդ ճամբարներուն մէջ էին, եւ մանիշակագոյն եռանկիւն մը պէտք էր կրէին։ Ուսուցչուհին հետաքրքրուեցաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն։ Թարայի բացատրութիւնը ճամբան բացաւ որ ուսուցչուհիին հետ յաւելեալ զրոյց ունենայ, որ հետագային ամբողջ դասարանին ցոյց տուաւ՝ Եհովայի Վկաները Հաստատ կը Մնան Նացի Յարձակման Դիմաց, պատկերիզը։
Արեւմտեան Ափրիկէի, Կուինիայի մէջ, Իրէն անունով չմկրտուած երիտասարդ հրատարակիչ մը ուզեց իր ծառայութեան մէջ յառաջդիմել։ Իրեն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրող միսիոնարուհին զինք քաջալերեց որ Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթեր տեղաւորէ իր դասընկերներուն։ Իրէն վարանեցաւ, քանի որ իր դասընկերները նախապէս չէին ընդունած պատգամը։ Սակայն միսիոնարուհիէն քաջալերուած, Իրէն որոշեց նախ մօտենալ այն աշակերտուհիին որ ամենէն շատ հակառակող կը թուէր։ Ի զարմանք Իրէնին, աղջիկը մտիկ ըրաւ եւ սիրով ընդունեց պարբերաթերթը։ Ուրիշ աշակերտներ ալ անոր հետեւեցան։ Այդ ամիս Իրէն շատ աւելի պարբերաթերթեր տեղաւորեց քան նախորդ հինգ ամիսները միասնաբար։
Թրինիտատի մէջ, երէց մը դպրոցի տնօրէնուհիին մօտենալու կը վարանէր, անոր ցոյց տալու համար Զարթի՛ր պարբերաթերթին ունեցած կրթական արժէքը։ Այսուհանդերձ, ան քաջութիւն ունեցաւ ասիկա ընելու։ Ան կ’ըսէ. «Երբ հաստատութենէն ներս կը մտնէի՝ աղօթեցի։ Աչքերուս չհաւատացի, երբ տնօրէնուհին արտակարգ հաճութիւն ցոյց տուաւ»։ Ան՝ «Ներկայ Պատանիներուն Համար Ի՞նչ Յոյս»՝ նիւթը պարունակող Զարթի՛ր պարբերաթերթը ընդունեց եւ համաձայնեցաւ զայն գործածել դասարանի ուսուցման մէջ։ Անկէ ի վեր, ան տարբեր նիւթեր շօշափող աւելի քան 40 պարբերաթերթեր ընդունած է։
Պատանի Վոն քարոզչութիւնը միշտ դժուար կը գտնէր։ «Ջղային կ’ըլլայի, ափերս կը քրտնէին եւ կը սկսէի արագ խօսիլ. չէի կրնար դանդաղ խօսիլ»։ Այսուհանդերձ, ան լիաժամ քարոզիչ մը եղաւ։ Տակաւին, յաճախ համարձակօրէն խօսելու դժուարութիւն կ’ունենար։ Օր մը, ամբողջ օրը զուր տեղը գործ փնտռելէ ետք, ան ուզեց գնացքին մէջ մէկու մը վկայել, «գոնէ անյաջող օր մը դրական բանով մը վերջացնելու» մտքով։ Բայց փապուղիի գնացքին մէջ գտնուող պատկառելի երեւոյթ ունեցող առեւտրականէ մը քաշուեցաւ։ Վերջապէս, ան համարձակութիւն ունեցաւ անոր քով եղող տարեց մարդուն խօսելու։ Երկար խօսակցութիւն մը ծայր տուաւ։ «Դեռատի մը ըլլալով հանդերձ՝ շատ լաւ հարցումներ ունիս», ըսաւ առեւտրականը, «Աստուածաբա՞ն ես»։ «Ոչ, Եհովայի Վկայ մըն եմ», պատասխանեց Վոն։ Մարդը ժպտալով ըսաւ. «Ա՜հ, հիմա կը հասկնամ»։
Այս բոլոր Վկաները, ու անհամար ուրիշներ, ուրախ են որ քարոզելու համարձակութիւն ունեցան։ Դուք ալ նոյնը պիտի ընէ՞ք։
[Նկար՝ էջ 25]
Թարա
[Նկար՝ էջ 25]
Վոն