Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ01 5/15 էջ 27
  • Հարցումներ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Եհովայի հոգեւոր տաճարին մէջ պաշտելու առանձնաշնորհումդ գնահատէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • ‘Աղօթքի տուն՝ բոլոր ազգերուն համար’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Սուրբ հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
դ01 5/15 էջ 27

Հարցումներ ընթերցողներէն

Ինչպէս Դանիէլ 9։24–ի մէջ նախագուշակուած էր, «սուրբերուն Սուրբը» [«Սրբութիւն Սրբոցը», Էջմիածին] ե՞րբ օծուեցաւ։

Դանիէլ 9։24-27–ն «Օծեալ իշխան»ին՝ Քրիստոսին՝ յայտնուելուն առնչութեամբ մարգարէութիւն մըն է։ Ուստի, «Սրբութիւն Սրբոց»ին նախագուշակուած օծումը չ’ակնարկեր Երուսաղէմի տաճարին Սրբութիւն Սրբութեանց բաժինին օծման։ Այլ, «Սրբութիւն Սրբոց» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ Աստուծոյ երկնային սրբարանին՝ երկնային Սրբութիւն Սրբութեանցին, Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարին մէջ։a—Եբրայեցիս 8։1-5. 9։2-10, 23

Աստուծոյ հոգեւոր տաճարը ե՞րբ ի զօրու եղաւ։ Նկատի առէք թէ ինչ տեղի ունեցաւ, երբ Հ.Դ. 29–ին Յիսուս ներկայացաւ մկրտուելու համար։ Իր կեանքի այդ պահէն սկսեալ, Յիսուս Սաղմոս 40։6-8–ի խօսքերը կատարեց։ Հետագային Պօղոս առաքեալ ցոյց տուաւ թէ Յիսուս հետեւեալ կերպով աղօթած էր Աստուծոյ. «Զոհ ու ընծայ չուզեցիր դուն, հապա ինծի մարմին մը պատրաստեցիր»։ (Եբրայեցիս 10։5) Յիսուս գիտէր թէ Աստուած ‘չէր ուզեր’ որ Երուսաղէմի տաճարին մէջ անասնական զոհերու մատուցումը շարունակուէր։ Փոխարէն, Եհովա Յիսուսի համար կատարեալ մարդկային մարմին մը պատրաստած էր, զայն որպէս զոհ մատուցանելու համար։ Իր սրտագին փափաքը արտայայտելով, Յիսուս շարունակեց. «Ահա կու գամ ես (գրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է,) քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած»։ (Եբրայեցիս 10։7) Իսկ ի՞նչ էր Եհովայի պատասխանը։ Մատթէոսի Աւետարանը կ’ըսէ. «Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, շուտ մը ջուրէն դուրս ելաւ եւ ահա երկինքը բացուեցաւ ու տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ’իջնէր ու կու գար իր վրայ։ Եւ ահա երկնքէն ձայն մը եկաւ որ կ’ըսէր. ‘Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ’»։—Մատթէոս 3։16, 17

Երբ Եհովա Աստուած ընդունեց Յիսուսի մարմնին որպէս զոհ ներկայացուիլը, ասիկա նշանակեց թէ Երուսաղէմի տաճարին բառացի զոհասեղանէն աւելի մեծ զոհասեղան մը մէջտեղ եկած էր։ Անիկա Աստուծոյ «կամք»ին զոհասեղանն էր, կամ Յիսուսի մարդկային կեանքը որպէս զոհ ընդունելու կարգադրութիւն մը։ (Եբրայեցիս 10։10) Յիսուսի սուրբ հոգիով օծուիլը նշանակեց թէ այժմ Աստուած իր ամբողջ հոգեւոր տաճարի կարգադրութիւնը կատարած էր։b Հետեւաբար, Յիսուսի մկրտութեան ատեն, Աստուծոյ երկնային բնակարանը օծուեցաւ, կամ ջոկուեցաւ որպէս հոգեւոր մեծ տաճարի կարգադրութեան «Սրբութիւն Սրբոցը»։

[Ստորանիշներ]

a Աստուծոյ հոգեւոր տաճարին զանազան երեսակներուն մասին աւելի լայն տեղեկութիւն ստանալու համար, տես՝ Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 1996, էջ 11-16։

b Ասոր ակնարկուեցաւ Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան գրքին էջ 195–ին մէջ։

[Նկար՝ էջ 27]

«Սրբութիւն Սրբոցը» օծուեցաւ, երբ Յիսուս մկրտուեցաւ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել