Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ01 8/1 էջ 31
  • Հարցումներ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովա հոյակապ վարձատրութիւն մը կը խոստանայ Դանիէլի
    Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
  • Դանիէլի գիրքէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Դանիէլ գիրքը եւ դո՛ւք
    Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
  • Փորձուած՝ բայց Եհովայի հաւատարի՛մ
    Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
դ01 8/1 էջ 31

Հարցումներ ընթերցողներէն

Դանիէլ ո՞ւր կը գտնուէր, երբ երեք Եբրայեցիները փորձի ենթարկուեցան այն հսկայ արձանին առջեւ, որ Նաբուգոդոնոսոր կանգնեցուցած էր Դուրա դաշտին մէջ։

Աստուածաշունչը բան մը չ’ըսեր այս մասին, հետեւաբար, ներկայիս ոեւէ անհատ չի կրնար հետեւցնել թէ Դանիէլ ո՛ւր կը գտնուէր այդ փորձի ընթացքին։

Ոմանք ենթադրած են թէ Դանիէլի բարձր պաշտօնին, կամ Նաբուգոդոնոսորի կողմէ իր վայելած առանձնաշնորհումներուն համար Սեդրաքէն, Միսաքէն եւ Աբեդնագովէն բարձր դիրք մը ունենալուն պատճառաւ, Դանիէլ ստիպուած չէր Դուրա դաշտը երթալու։ Դանիէլ 2։49–ն ցոյց կու տայ թէ ատեն մը Դանիէլ իր երեք ընկերակիցներէն աւելի բարձր պաշտօն մը կը վարէր։ Սակայն, չենք կրնար փաստել թէ ասիկա զինք զերծ պահեց արձանին առջեւ միւսներուն հետ հաւաքուելէ։

Դանիէլի բացակայութիւնը մեկնելու փորձ ընելով, ուրիշներ ըսած են որ, թերեւս ան պաշտօնական նշանակումով մը երկրէն դուրս կը գտնուէր, կամ՝ հիւանդ ըլլալով չէր կրցած ներկայ ըլլալ։ Սակայն, Աստուածաշունչը այդպիսի բան մը չ’ըսեր։ Ամենայնդէպս, Դանիէլի ընթացքը քննադատութեան տեղի չտուաւ, քանի որ եթէ տար, Բաբելոնացի նախանձ պաշտօնատարներ անկասկած այս դէպքը պիտի օգտագործէին իրեն դէմ ամբաստանութիւններ ուղղելու համար։ (Դանիէլ 3։8) Այս միջադէպէն առաջ եւ վերջ, Դանիէլ փաստեց թէ ինք ուղղամիտ անհատ մըն էր, Աստուծոյ հաւատարիմ՝ ի՛նչ փորձութեան դիմաց ալ գտնուէր։ (Դանիէլ 1։8. 5։17. 6։4, 10, 11) Հետեւաբար, թէեւ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Դանիէլ ինչո՛ւ ներկայ չէր Դուրա դաշտին մէջ, սակայն կրնանք վստահ ըլլալ որ ան Եհովա Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատարմութեան մէջ զիջում չէր ըներ։—Եզեկիէլ 14։14. Եբրայեցիս 11։33

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել