Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ04 3/1 էջ 19
  • Հարցումներ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովա իմ բաժինս է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
դ04 3/1 էջ 19

Հարցումներ ընթերցողներէն

Որովհետեւ Ղեւտացիները վաղեմի Իսրայէլի մէջ ժառանգութիւն չունէին, ի՞նչպէս Ղեւտացի Անամայէլը կրնար ագարակ մը ծախել իր Ղեւտացի զարմիկին՝ Երեմիայի, ինչպէս կը նշէ Երեմեայ 32։7–ն։

Ղեւտացիներուն նկատմամբ Եհովա Ահարոնի ըսաւ. «Անոնց [Իսրայելացիներուն] երկրին մէջ դուն ժառանգութիւն պիտի չունենաս ու անոնց մէջ բաժին պիտի չունենաս»։ (Թուոց 18։20) Այսուհանդերձ, Խոստացեալ Երկրին մէջ Ղեւտացիներուն նշանակուեցան 48 քաղաքներ, անոնց արուարձաններուն հետ մէկտեղ։ Երեմիայի ծննդավայրը Անաթովթն էր, «Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն» նշանակուած քաղաքներէն մէկը։—Յեսուայ 21։13-19. Թուոց 35։1-8. Ա. Մնացորդաց 6։54, 60

Ղեւտացւոց 25։32-34–ի մէջ, կը նկատենք որ Եհովա մասնայատուկ հրահանգներ տուաւ, Ղեւտացիներու կալուածները ‘վերագնելու’ նկատմամբ։ Բացայայտ է թէ Ղեւտացի ընտանիքը ժառանգական իրաւունքներ պիտի ունենար որոշ բաժիններ սեփականացնելու, գործածելու եւ ծախելու։ Տրամաբանական է որ ասիկա պիտի պարփակէր կալուած մը ծախելն ու վերագնելը։a Շատ մը կերպերով, Ղեւտացիները միւս Իսրայելացիներուն նման կը գործածէին սեփական կալուածներ։

Ղեւտացիներուն սեփական կալուածները հաւանաբար կը փոխանցուէին որպէս ընտանեկան ժառանգ։ Սակայն ‘վերագնելու’ պարագային, առուծախը արտօնուած էր միայն Ղեւտացիներուն միջեւ։ Ասկէ զատ, այնպէս կը թուի թէ միայն քաղաքներուն մէջ գտնուող կալուածները կարելի էր ծախել ու վերագնել, քանի որ Ղեւտացիներու «քաղաքներու արուարձաններուն արտերը» պէտք չէր ծախուէին. «Անոնք իրենց յաւիտենական կալուածն» էին։—Ղեւտացւոց 25։32, 34, ԱՎ

Ուստի ագարակը որ Երեմիա Անամայէլէ վերագնեց, ակներեւաբար այն տեսակէն էր որ կրնար մէկէն միւսին փոխանցուիլ։ Թերեւս անիկա քաղաքին սահմաններէն ներս կը գտնուէր։ Եհովա ինք հաստատեց թէ այդ «ագարակ»ը Անամայէլի կը պատկանէր եւ թէ Երեմիա կրնար զայն ‘ծախու առնել’։ (Երեմեայ 32։6, 7) Եհովա այս առուծախը այլաբանօրէն գործածեց, որպէսզի ամրապնդէ իր խոստումը, թէ Իսրայելացիները պիտի վերադառնային ու իրենց ժառանգութիւնը եղող երկիրը վերստին ձեռք պիտի ձգէին, ժամանակ մը Բաբելոն աքսորուելէ ետք։—Երեմեայ 32։13-15

Ո՛չ մէկ բան ցոյց կու տայ թէ Անամայէլ Անաթովթի մէջ այդ կալուածը անպարկեշտօրէն ձեռք ձգած էր։ Ոչինչ կը թելադրէ թէ ան Եհովայի օրէնքը բեկանեց, Երեմիայէ խնդրելով որ Անաթովթի մէջ այս ագարակը ծախու առնէ, կամ թէ Երեմիա ագարակը ծախու առնելով իր վերագնելու իրաւունքը անպատշաճօրէն գործածեց։—Երեմեայ 32։8-15

[Ստորանիշ]

a Հ.Դ. առաջին դարուն, Ղեւտացի Բառնաբաս իր ագարակը ծախեց եւ ստակը տրամադրեց Երուսաղէմի մէջ գտնուող Քրիստոսի կարօտեալ հետեւորդներուն օգնութեան։ Այս ագարակը կա՛մ Պաղեստինի մէջ էր եւ կամ՝ Կիպրոսի մէջ։ Կամ՝ թերեւս անիկա գերեզմանատեղ մըն էր, որ Բառնաբաս ձեռք ձգած էր Երուսաղէմի շրջանին մէջ։—Գործք 4։34-37

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել