Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ09 5/1 էջ 11-12
  • Քիչեր կ’իշխեն, բայց շատեր կ’օգտուին

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Քիչեր կ’իշխեն, բայց շատեր կ’օգտուին
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Վերստին ծնիլ. ի՞նչ է անոր նպատակը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Աստուածաշունչի ընդհանուր ներդաշնակութիւնը
    Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
  • Յաւիտենական կեանքի տանող միակ ճամբան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Բոլո՞ր հաւատարիմ քրիստոնեաները երկինք կ’երթան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
դ09 5/1 էջ 11-12

Քիչեր կ’իշխեն, բայց շատեր կ’օգտուին

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ օրերէն ի վեր, Աստուած մարդկութեան մէջէն կ’ընտրէ սահմանափակ թիւով հաւատարիմ քրիստոնեաներ, զանոնք որդեգրելով։ Այս որդեգիրները կ’ենթարկուին այնպիսի ամբողջական փոփոխութեան մը, որ Աստուծոյ Խօսքը զայն կը նկարագրէ որպէս վերստին ծնիլ։ Վերստին ծնելուն նպատակն է՝ զանոնք պատրաստել երկնային իշխանութեան համար (Բ. Տիմոթէոս 2։12)։ Իշխաններ ըլլալու համար, անոնք երկնային կեանքի կը յարուցանուին (Հռովմայեցիս 6։3-5)։ Երկինքի մէջ, անոնք Քրիստոսի հետ «երկրի վրայ [պիտի] թագաւորեն» (Յայտնութիւն 5։10. 11։15)։

Սակայն Աստուծոյ Խօսքը նաեւ կը նշէ, թէ վերստին ծնած անհատներու կողքին, ուրիշներ ալ յաւիտենական փրկութիւն պիտի ստանան։ Աստուածաշունչին մէջ (թէ՛ Եբրայերէն Գրութիւններուն եւ թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ), կը նշուի այն իրողութիւնը թէ Աստուած նպատակադրած է երկու խումբ փրկել,– երկինքի մէջ ապրող իշխաններու փոքր խումբ մը եւ երկրի վրայ ապրող հպատակներու մեծ խումբ մը։ Նկատի առ, զոր օրինակ, ի՛նչ որ Յովհաննէս առաքեալ գրեց հաւատակիցներու, որոնք վերստին ծնած էին։ Ան Յիսուսի նկատմամբ ըսաւ. «Անիկա մեր մեղքերուն քաւութիւն է եւ ո՛չ միայն մերիններուն [փոքր խումբը], հապա բոլոր աշխարհին ալ [մեծ խումբը]» (Ա. Յովհաննէս 2։2)։

Նմանապէս, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Զի ստեղծուածները [մեծ խումբը] մեծ ակնկալութեամբ Աստուծոյ որդիներուն [փոքր խումբը] յայտնուելուն կը սպասեն» (Հռովմայեցիս 8։19-21)։ Յովհաննէս եւ Պօղոս առաքեալներուն այդ խօսքերը ի՞նչպէս պէտք է հասկնանք։ Հետեւեալ կերպով. անոնք որոնք վերստին կը ծնին, երկնային կառավարութեան մը մաս պիտի կազմեն։ Ի՞նչ նպատակով։ Յաւիտենական օգուտներ բերելու համար անհամար միլիոնաւորներու, որոնք որպէս Աստուծոյ կառավարութեան հպատակներ երկրի վրայ պիտի ապրին։ Հետեւաբար, Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։10)։

Երկու խումբերու փրկութեան իրողութիւնը նաեւ նշուած է Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ։ Նկատէ, զոր օրինակ, թէ Եհովա Յիսուսի նախահօր՝ Աբրահամի ի՛նչ ըսաւ. «Երկրի բոլոր ազգերը [մեծ խումբը] քու սերունդովդ [փոքր խումբը] պիտի օրհնուին» (Ծննդոց 22։18)։ Արդարեւ, Աբրահամի «սերունդ»ով օրհնութիւններ մատչելի պիտի ըլլային բոլոր ազգերուն։

Ո՞վ է այդ «սերունդ»ը։ Յիսուս Քրիստոս եւ անոնք որոնք վերստին կը ծնին, Աստուծոյ որդեգիրները։ Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ. «Եթէ դուք Քրիստոսինն էք, ուրեմն Աբրահամին սերունդն էք» (Գաղատացիս 3։16, 29)։ Իսկ «սերունդ»ին միջոցաւ բոլոր ազգերը ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի վայելեն։ Աստուծոյ ընդունելի ըլլալ եւ դրախտային երկրին վրայ անվերջ ապրիլ։ Սաղմոսերգու Դաւիթ մարգարէացաւ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29. Եսայի 45։18. Յայտնութիւն 21։1-5)։

Արդարեւ, երկինքի մէջ քիչեր պիտի իշխեն, բայց շատեր պիտի վայելեն երկնային իշխանութեան օգուտները,– երկրի վրայ յաւիտենական կեանք ու յարակից օրհնութիւններ։ Կը մաղթենք որ դուն եւ ընտանիքդ ըլլաք անոնց մէջ, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան բերելիք յաւիտենական օգուտները պիտի քաղեն։

[Նկար՝ էջ 12]

Անհամար միլիոնաւորներ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքով պիտի օրհնուին։ Դուն անոնց մէջ պիտի ըլլա՞ս

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել