Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ10 6/1 էջ 8
  • Ի՞նչ է Թագաւորութեան սրահը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՞նչ է Թագաւորութեան սրահը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ասիկա մեր պաշտամունքի վայրն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Թագաւորութեան սրահները ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կը կառուցանուին
    Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
  • Եհովան փառաբանող շինարարութիւն
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Թագաւորութեան Սրահներու Կառուցման Յայտագիրը կը Յառաջանայ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
դ10 6/1 էջ 8

Ընթերցողները կը հարցնեն

Ի՞նչ է Թագաւորութեան սրահը

▪ Թագաւորութեան սրահը պաշտամունքի վայր մըն է, որ Եհովայի վկաներուն կողմէ կը գործածուի՝ իրենց կրօնական ծառայութիւններուն համար։ Աշխարհի տարածքին տասնեակ հազարաւոր Թագաւորութեան սրահներ կը գործածուին։ Ամէն շաբաթ անոնց մէջ կը հաւաքուին Եհովայի վկաներու աւելի քան 105,000 ժողովքներ։

Իւրաքանչիւր Թագաւորութեան սրահ ունի լսարան մը, ուր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան յայտագիրներ ու դասախօսութիւններ կը ներկայացուին։ Ընդհանուր առմամբ լսարանը օժտուած է ամպիոնով, ժողովները վարելու համար, եւ 100-300 աթոռով։ Թագաւորութեան սրահը կրնայ նաեւ ունենալ մէկ կամ աւելի դասարաններ, գրասենեակ ու փոքր գրադարան, որ կը պարունակէ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ եւ աշխատասիրութիւններ, որոնք կրնան պրպտումի համար գործածուիլ՝ ժողովքին անդամներուն կողմէ։

Սակայն Թագաւորութեան սրահին մէջ պիտի չգտնես կրօնական խորհրդանիշներ եւ իրեր, որոնք յատկապէս առնչուած են քրիստոնեայ աշխարհի եկեղեցիներուն։ Խորան, սրբանկար կամ խաչ չէ ցուցադրուած։ Ինչո՞ւ։ Եհովայի վկաները կը հաւատան, թէ այսպիսի իրերու գործածութիւնը, «կռապաշտութենէ փախէք» Աստուածաշունչի պատուէրին հետ ներդաշնակ չէ (Ա. Կորնթացիս 10։14. Յովհաննէս 4։24)։ Շատ մը եկեղեցիներ ու տաճարներ գեղազարդ ու շքեղակերտ են։ Միւս կողմէ, Թագաւորութեան սրահը գործնական ու համեստ է։ Շեշտը դրուած է վայրին մէջ ներկայացուած աստուածաշնչական կրթութեան վրայ եւ ոչ թէ կառոյցին վրայ։

Ինչո՞ւ Թագաւորութեան սրահ կոչուած է։ Թագաւորութեան սրահին մէջ տեղի ունեցող հանրային հանդիպումները, գլխաւորաբար կը կեդրոնանան Աստուածաշունչի ուսուցումներուն եւ «Աստուծոյ թագաւորութեան» մասին անոր հիմնական պատգամին վրայ, որ Յիսուսի ծառայութեան բնաբանն էր (Ղուկաս 4։44)։ Ուստի Թագաւորութեան սրահ անունը, որ 1930–ական թուականներուն յօրինուեցաւ, պատշաճօրէն կը նկարագրէ այս կառոյցներուն նպատակը,– ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ տանիլ եւ «թագաւորութեան բարի լուրի» քարոզչութեան որպէս կեդրոն ծառայել (Մատթէոս 24։14, ՆԱ)։ Հետեւաբար Թագաւորութեան սրահները չեն գործածուիր ընկերային կամ առեւտրական գործունէութիւններու համար։ Շինարարութեան, նորոգութեան ու գործածութեան ծախսերը, յօժարակամ նուիրատուութիւններով ամբողջովին կը ֆինանսաւորուին։ Ժողովներու ընթացքին, հանգանակութեան ափսէ բնաւ չի փոխանցուիր։ Փոխարէն, որոշ տեղ մը տուփ դրուած է անոնց համար, որոնք կը փափաքին նուիրատուութիւն ընել։

Թագաւորութեան սրահները աշխարհի բոլոր շրջաններուն մէջ նոյն նպատակին կը ծառայեն, բայց այլազան չափերով եւ ոճերով շինուած են։ Կառուցուածքը կը տարբերի՝ մատչելի շինանիւթերուն, կլիմային եւ շրջանին մէջ ապրող Եհովայի վկաներուն ֆինանսական պարագային համաձայն։ Ոմանք աղիւսով, փայտով ու քարով կը շինուին։ Ուրիշներ բաց կողմերով, հնդկեղէգէ պատերով ու յարդէ երդիքներով կ’ըլլան։

Այցելուներ միշտ կրնան որեւէ Թագաւորութեան սրահի մէջ ժողովներուն ներկայ գտնուիլ (Եբրայեցիս 10։25)։ Իրականութեան մէջ, իւրաքանչիւր շաբաթ հանրային ժողով մը տեղի կ’ունենայ, կեդրոնանալով Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած բնաբանի մը վրայ, որ կը հետաքրքրէ թէ՛ ժողովքին անդամները եւ թէ այցելուները։ Ինչո՞ւ շրջանիդ մէջ գտնուող Թագաւորութեան սրահը չայցելես։

[Նկար՝ էջ 8]

Մալաուի, Ափրիկէ

[Նկար՝ էջ 8]

Անգլիա, Մեծն Բրիտանիա

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել