Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 7/15 էջ 26
  • Կառավարիչ մարմինի նոր անդամ մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կառավարիչ մարմինի նոր անդամ մը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կառավարիչ մարմինին նոր անդամները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Կառավարիչ մարմինի նոր անդամ մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Ան ‘ճամբան գիտցաւ’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Ի՞նչ է Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինը
    Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 7/15 էջ 26
[Նկար՝ էջ 26]

Կառավարիչ մարմինի նոր անդամ մը

Չորեքշաբթի առաւօտուն՝ 5 սեպտեմբեր 2012–ին, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Բեթէլի ընտանիքներուն յայտարարուեցաւ, թէ Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինը նոր անդամ մը ունեցաւ։ 1 սեպտեմբեր 2012–էն սկսեալ, Մարք Սէնտերսըն սկսաւ այդ հանգամանքով ծառայել։

Եղբայր Սէնտերսըն ԱՄՆ–ի Քալիֆորնիա նահանգին Սան Տիէկօ քաղաքին մէջ մեծցած է իր քրիստոնեայ ծնողքին կողմէ եւ մկրտուած՝ 9 փետրուար 1975–ին։ 1 սեպտեմբեր 1983–ին, ան սկսաւ ծառայել որպէս ռահվիրայ Սասքաչուանի մէջ, Քանատա։ Դեկտեմբեր 1990–ին, Միացեալ Նահանգներուն մէջ, ան Ծառաներու մարզումի դպրոցին եօթներորդ դասարանը աւարտեց (այժմ կը կոչուի՝ Ամուրի եղբայրներու աստուածաշնչական դպրոց)։ Ապրիլ 1991–ին, Եղբայր Սէնտերսըն մասնաւոր ռահվիրայ նշանակուեցաւ Քանատայի Նիուֆաունտլանտ կղզիին մէջ։ Որպէս շրջանային տեսուչը փոխարինող ծառայելէ ետք, փետրուար 1997–ին ան հրաւիրուեցաւ Քանատայի Բեթէլի ընտանիքին մէկ անդամը ըլլալու։ Նոյեմբեր 2000–ին, ան փոխադրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղը, ուր ծառայեց Հիւանդանոցներու տեղեկատու սպասարկութեան մէջ եւ յետագային Ծառայութեան բաժանմունքին մէջ։

Սեպտեմբեր 2008–ին, Եղբայր Սէնտերսըն յաճախեց Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամներու դպրոցը, եւ անկէ ետք նշանակուեցաւ Ֆիլիփիններու Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամ։ Սեպտեմբեր 2010–ին, անոր հրաւէր եկաւ որ վերադառնայ Միացեալ Նահանգներ, ուր ծառայեց որպէս օգնական՝ Կառավարիչ մարմինի Ծառայութեան յանձնախումբին։

Կառավարիչ մարմինին այժմու անդամները

[Նկար]

Ետեւի շարքը, ձախէն աջ՝ Տ. Հ. Սբլէյն, Է. Մորիս Գ., Տ. Մ. Սէնտերսըն, Ճ. Ու. Ճէգսըն, Մ. Ս. Լէթ։ Առջեւի շարքը, ձախէն աջ՝ Ս. Ֆ. Հըրտ, Կ. Լօշ, Կ. Հ. Փիրս։ Կառավարիչ մարմինի բոլոր անդամները օծեալ քրիստոնեաներ են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել