ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ
Մեր մոլորակին գոյութեան ետին նպատակ մը կա՞յ։
Երկրագունդը ստեղծուեցաւ, որպէսզի մարդկութեան ուրախալի տունը ըլլայ
Մեր մոլորակը կեանքի գոյատեւման համար իտէալ պայմաններ ունի։ Անիկա ունի առատ ջուր, որ ապրելու համար կենսական է։ Անոր թեքութիւնը, թաւալումը եւ ուղեծիրը այնքան ճիշդ կերպով գոյացած են, որ արգելք կը հանդիսանան ովկիանոսներուն սառելուն կամ շոգիանալուն։ Իսկ երկրագունդին մթնոլորտը եւ մագնիսական դաշտը զայն կը պաշտպանեն մահաբեր ճառագայթներէն։ Բոյսերուն եւ անասուններուն իրարմէ կախեալ ըլլալը իսկապէս ապշեցուցիչ է։ Հետեւաբար, շատեր եզրակացուցած են թէ մեր մոլորակը նպատակի մը համար ծրագրուած է (կարդա՛ Եսայի 45։18)։
Բայց թերեւս հարց տաս. ‘Տառապանքն ու անարդարութիւնը այդ նպատակին մէկ մա՞սն են’ (կարդա՛ Բ. Օրինաց 32։4, 5)։
Երկրագունդին վերաբերեալ նպատակը պիտի իրագործուի՞։
Երկրագունդը ծրագրուած է ուրախալի տուն մը ըլլալու անոնց, որոնք զիրար կը յարգեն եւ իրենց Ստեղծիչը կը սիրեն։ Ուստի, մարդկային կեանքը բուսական ու անասնական կեանքէն աւելի բարձր նպատակ ունի։ Մենք կրնա՛նք ըմբռնել թէ մեր Ստեղծիչը ո՛վ է եւ իր սէրն ու արդարութիւնը գնահատել եւ ընդօրինակել (կարդա՛ Ժողովող 12։13. Միքիա 6։8)։
Մեր Արարիչը կրնա՛յ իրագործել ամէն ինչ որ նպատակադրած է։ Ուստի, կրնանք վստահ ըլլալ թէ ան տառապանքն ու անարդարութիւնը պիտի վերցնէ, եւ մեր մոլորակը պիտի վերածէ կատարեալ բնակարանի մը, ուր մարդիկ երջանիկ պիտի ըլլան (կարդա՛ Սաղմոս 37։11, 29. Եսայի 55։11)։