Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ16 թիւ 4 էջ 9
  • Գիտէի՞ր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտէի՞ր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յիսուս կը սորվեցնէ ամուսնալուծումի եւ երեխաները սիրելու մասին
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Դասեր՝ ամուսնալուծման եւ մանուկներու հանդէպ սիրոյ մասին
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
  • «Զայն որ Աստուած միաւորեց. . . »
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
  • Պատուէ «զայն որ Աստուած միաւորեց»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
դհ16 թիւ 4 էջ 9

Գիտէի՞ր

Յիսուս ի՞նչ յատուկ կերպով վարուեցաւ բորոտներուն հետ։

Յիսուս բորոտի մը կը դպնայ

Սուրբ Գիրքի ժամանակներուն, հրեաները կը վախնային բորոտութենէն։ Այս փոխանցիկ հիւանդութիւնը անհատին ջիղերուն ծայրերուն վրայ կը յարձակէր եւ մնայուն վնաս հասցնելով այլանդակում կը պատճառէր։ Բորոտութիւնը բուժում մը չունէր։ Անոնք որոնք այս հիւանդութիւնը ունէին, մարդոցմէ հեռու կը մնային եւ ստիպուած էին ուրիշները զգուշացնել իրենց վիճակէն (Ղեւտացւոց 13։45, 46)։

Սուրբ Գրութիւններուն մէջ բորոտութեան շուրջ օրէնքներ կային, բայց հրեայ կրօնական առաջնորդները ուրիշ շատ մը կանոններ աւելցուցին։ Այսպիսով, անոնք բորոտներուն կեանքը անտեղիօրէն դժուարացուցին։ Օրինակ՝ րաբունական կանոնները պահանջեցին որ մէկը բորոտէն առնուազն շուրջ 2 մեթր հեռու մնայ, իսկ եթէ հով ըլլար՝ շուրջ 45 մեթր։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ գրուած էր թէ բորոտները պէտք է «բանակէն դուրս» ապրին, բայց կարգ մը թալմուտագէտներ բացատրեցին որ ասիկա կը նշանակէ, թէ բորոտները պէտք է պարսպապատ քաղաքներէն դուրս ապրին։ Այս պատճառով, ռաբբի մը կար որ երբ քաղաքին մէջ բորոտ մը տեսնէր, անոր վրայ քարեր կը նետէր ու կ’ըսէր. «Քու տեղդ գնա՛, եւ ուրիշները մի՛ պղծեր»։

Յիսուսին մօտեցումը որքա՜ն տարբեր էր։ Ան փոխանակ բորոտները վռնտելու, անոնց կը դպչէր եւ կը բժշկէր (Մատթէոս 8։3)։

Հրեայ կրօնական առաջնորդները ի՞նչ պատճառներու հիման վրայ թոյլ կու տային որ մէկը ամուսնալուծուի։

Ամուսնալուծման վկայագիր, Ք.Ե. 71/72 թուականէն մնացած

Ամուսնալուծման վկայագիր, Ք.Ե. 71/72 թուականէն մնացած

Ք.Ե. առաջին դարուն, կրօնական առաջնորդները ամուսնալուծման շուրջ տարբեր կարծիքներ ունէին։ Այս պատճառով, օր մը կարգ մը փարիսեցիներ Յիսուսը փորձեցին այս հարցումով. «Արժա՞ն է, որ մարդ մը իր կինը արձակէ ամէն պատճառի համար» (Մատթէոս 19։3)։

Մովսիսական օրէնքը կ’ըսէր որ մէկը կրնար իր կինը արձակել, եթէ «անոր վրայ անարգութեան բան մը» գտնէր (Բ. Օրինաց 24։1)։ Յիսուսի օրերուն, այս օրէնքին բացատրութեան շուրջ րաբունական երկու տարբեր կարծիքներ կային։ Ըստ Շամմայի, որ աւելի խիստ կարծիք ունեցող խումբն էր, այս օրէնքը կը նշանակէր որ ամուսնալուծման միակ պատճառը «անարատ չըլլալ»ն է, այսինքն՝ շնութիւնը։ Անդին, ըստ Հիլելի խումբին, մարդ մը կրնար ամուսնալուծուիլ որեւէ ամուսնական անհամաձայնութեան պատճառով, ատիկա որքան ալ չնչին ըլլար. օրինակ՝ եթէ կինը անհամ ճաշ ընէր, կամ եթէ մարդը իր աչքին աւելի գեղեցիկ կին մը գտնէր։

Լաւ, Յիսուս ի՞նչ պատասխան տուաւ փարիսեցիներուն։ Ան յստակօրէն ըսաւ. «Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ» (Մատթէոս 19։6, 9)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել