Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ16 Սեպտեմբեր էջ 22
  • Այսօր օգտուէ Եհովայի առաջնորդութենէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Այսօր օգտուէ Եհովայի առաջնորդութենէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ենթավերնագիրներ
  • ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ՈՐՈՇՈՒՄ ՄԸ
  • ՖԻՃԻԻ ՄԷՋ ՈՒՐԱԽ ԱՐԴԻՒՆՔ ՄԸ
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
դ16 Սեպտեմբեր էջ 22

Այսօր օգտուէ Եհովայի առաջնորդութենէն

ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ՈՐՈՇՈՒՄ ՄԸ

«15 ՏԱՐԵԿԱՆ էի երբ մկրտուած քոյր դարձայ եւ վեց ամիս ետք սկսայ օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել։ Մէկ տարի ետք, դիմեցի կանոնաւոր ռահվիրայութեան։ Երբ երկրորդական վարժարանը աւարտեցի, ուզեցի ծառայել ուր որ հրատարակիչներու աւելի կարիք կայ։ Ուզեցի փոխադրուիլ ծննդավայրէս եւ այլեւս չապրիլ մեծ մօրս հետ, որ Եհովայի վկայ մը չէր։ Շատ տխրեցայ երբ շրջանային տեսուչը ըսաւ որ պիտի ծառայէի ծննդավայրիս մէջ։ Փորձեցի իրեն յայտնի չընել զգացածս։ Գլուխս կախ գացի որ անոր ըսածին վրայ մտածեմ։ Ծառայակիցիս ըսի. ‘Կարծեմ Յովնանին պէս կը վարուիմ։ Բայց ի վերջոյ, Յովնան գնաց Նինուէ, ուրեմն ես ալ պիտի ծառայեմ ուր որ նշանակուած եմ’։

«Ահա չորս տարի է որ ծննդավայրիս մէջ ռահվիրայութիւն կ’ընեմ, եւ կրնամ տեսնել թէ որքա՜ն իմաստուն քայլ մըն էր որ տրուած առաջնորդութեան հետեւեցայ։ Բուն խնդիրը՝ դրական կեցուածք չունենալս էր։ Հիմա շատ ուրախ եմ։ Պատահեցաւ ամիս մը, երբ 24 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարեցի։ Փառք Եհովային՝ նոյնիսկ սկսայ սերտել մեծ մօրս հետ, որ առաջ կը հակառակէր»։

ՖԻՃԻԻ ՄԷՋ ՈՒՐԱԽ ԱՐԴԻՒՆՔ ՄԸ

Ֆիճիի մէջ Աստուածաշունչի աշակերտուհի մը որոշումի մը առջեւ էր. կա՛մ համաժողովի երթալ, կամ ալ իր ամուսինին հետ ազգականի մը ծննդեան տարեդարձին երթալ։ Ամուսինը ընդունեց որ կինը համաժողովի երթայ, եւ կինը իրեն ըսաւ որ համաժողովէն ետք պիտի գար հաւաքոյթին։ Բայց երբ ան համաժողովէն վերադարձաւ տուն, զգաց թէ իր պարագային աւելի լաւ է որ չերթայ, որպէսզի ինքզինք չդնէ կացութեան մը մէջ, որ կրնայ հոգեւորապէս վտանգաւոր ըլլալ։ Այսպիսով ան չգնաց։

Մինչ այդ, երբ ամուսինը իր ազգականներուն ըսաւ, որ իր կինէն խնդրեր է որ «Վկաներուն ժողով»էն ետք գայ, անոնք ըսին. «Պիտի չգայ. Եհովայի վկաները ծննդեան տարեդարձ չեն տօներ»a։

Ամուսինը շատ հպարտացաւ, որ կինը դիրք բռնած էր իր հաւատալիքներուն եւ խիղճին կողքին։ Կինը իր կեցուածքին շնորհիւ յետագային առիթ ունեցաւ որ ամուսինին եւ ուրիշներուն վկայէ։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ամուսինը ընդունեց ուսումնասիրել եւ սկսաւ իր կնոջ հետ ժողովներու երթալ։

a Տե՛ս «Հարցումներ՝ ընթերցողներէն» յօդուածը, Դիտարան–ի 15 դեկտեմբեր 2001 թիւին մէջ (անգլերէն)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել